Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օտարամոլութիւնը Մեր Մէջ

Փետրուար 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք օտար բարքեր ընկալելու երեւոյթին: Այդ բարքերը շատ անգամ հրապուրիչ թուելով` կը գերեն մեր կարգ մը զգայարանքները, բայց միեւնոյն ատեն կրնան տհաճ ըլլալ այն առումով, որ ընդօրինակուած են, հարազատութիւն չեն ներշնչեր եւ կը բնորոշեն անձի մը կապուածութեան տարողութիւնը իր ինքնութեան եւ արմատներուն:

Անցեալները հին բարեկամուհիի մը հետ պայմանաւորուած էի հանդիպիլ առեւտրական կեդրոնի  մը մէջ եւ սուրճի մը շուրջ զրուցել: Երկար ժամանակէ չէինք տեսնուած եւ խօսեցանք «քիչ մը ամէն բանէ»` վերակենդանացնելով մեր կարգ մը յուշերը: Ուրախ էինք ու խանդավառ` մեր հանդիպումով, մինչեւ այն ատեն, երբ հարկադրուած եղանք մտիկ ընել մեր կողքի սեղանին շուրջ գտնուող քանի մը հայ կիներու բարձրաձայն խօսակցութիւնը: Մեծ ոգեւորութեամբ կը խօսէին` մերթ ընդ մերթ նկարներ ցոյց տալով իրենց բջիջային հեռախօսներուն մէջէն: Ըստ երեւոյթին, զրոյցին հիմնական նիւթը կը կազմէին օտար հասարակութիւններու մէջ ընդունուած բարքերն ու սովորութիւնները, որոնք նախապէս տեղ չունէին մեր հայկական կեանքին մէջ, իսկ ներկայիս անոնց ներառումը  դարձած է հրամայական:   Մեկնաբանութիւններու շարան մը սկսաւ կիներուն միջեւ, որոնք գոհունակ եւ համոզուած էին իրենց տեսակէտներով:

Ներկայիս շատ մը տօներ կամ աւանդութիւններ փոխարինուած են իրենց «արդի» տարբերակով` համաշխարհայնացումի՞ հետեւանք, թէ՞ քմահաճոյքի…

Բարեկենդանը կամ Լիբանանի պարագային` Պըրպարան, փոխարինուած են Հելոուինով: Երեխայի մը ծնունդը շնորհաւորելը փոխարինուած է պէյպի շաուրով:  Հայկական նախահարսանեկան խնճոյքները փոխարինուած են պեչըլըր փարթիով: Եւ տակաւին շարքը երկար է…

Պահ մը մտածեցի, թէ օտար բարքերը որքա՜ն լայն ծաւալ ստացած են մեր ընտանեկան յարկերուն տակ: Շատեր «ժամանակակից» երեւելու եւ իրենց միջավայրին մէջ մեծ «համբաւ» վայելելու մարմաջէն մղուած` կառչած կը մնան այս սովորութիւններուն, մինչ մեր հայկական գեղեցիկ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները նահանջի ճամբան կը բռնեն: Եթէ Շահնուրի «նահանջը» ակամայ էր, այսօր  «նահանջը» կամովին է:

Ապա յետադարձ ակնարկով մը յիշողութիւնս սլացաւ դէպի ութսունական թուականները, երբ համալսարանական ուսանող էի եւ միեւնոյն ատեն անդամ` ՀԵՀՈՄ-ի (Հայ եկեղեցական համալսարանական ուսանողական միութիւն): Այդ շրջանին ՀԵՀՈՄ-ը կը գտնուէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շրջափակին մէջ: Շաբաթօրեայ դրութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը կազմակերպէինք` դասախօսութիւններ, զարգացման մրցումներ, պտոյտներ, ընկերային հաւաքներ եւ այլ տարբեր նախաձեռնութիւններ: Շաբաթ յետմիջօրէ մըն ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. վեհափառը հրաւիրուած էր, որպէսզի դասախօսութեամբ մը իր պատգամը յղէր ուսանողներուն: Կարգ մը խօսքեր արժէքաւոր եւ ընդգծուած բաժիններ կը հանդիսանան անձի մը կեանքի գիրքին մէջ: Միտքիս մէջ դրոշմուած եւ արմատացած է կաթողիկոսին հետեւեալ խօսքը. «Մեր հայկական բարքերուն ու աւանդութիւններուն դիմագիծը մի՛ այլափոխէք»:

Այսօր փոփոխութեան տարողութիւնը որքա՜ն հսկայ է: Եթէ մեր նախնիները պահ մը թափանցեն մեր կեանքին մէջ, ապշահար պիտի մնան այս խորթ երեւոյթներուն դիմաց: Հակառակ անոր որ Յակոբ Պարոնեան հարիւր քառասուն տարիներ առաջ գրած է օտարամոլութեան մասին, սակայն ներկայիս այս իրողութիւնը առաւել եւս ակներեւ  եւ քմահաճոյքները յագեցնող իրականութեան վերածուած է:

Օտար բարքերը հմայիչ բնոյթ ունենալով` արագօրէն կ՛ընկալուին շատերու կողմէ, որոնք կոյր հետեւողականութեամբ կը սուզուին համատարած այդ հոսանքին մէջ: Մենք` հայերս, սփռուած ենք աշխարհի չորս կողմը եւ բնականաբար պիտի հետեւինք մեր ապրած երկրի  սովորութիւններուն` առանց մոռնալու սակայն մեր հայու իւրայատուկ դիմագիծը: Երբ փոքր էինք, իբրեւ լիբանանահայեր` մեծ խանդավառութեամբ կը ծպտուէինք նշելու համար Պըրպարան: Թաղի շատ մը տուներուն դռները կը թակէինք` յաճախ փախչելով, երբեմն սպասելով փոքր «հատուցումի» մը, որ ընդհանրապէս տուրմ կամ քաղցրաւենիք կ՛ըլլար: Մեր Բարեկենդանն ալ կը տօնուէր հաճելի խաղերով, պէսպէս դիմակներով եւ ուտեստեղէններով: Մեր տօները կրնանք յատկանշական դարձնել` տարորոշելով հայկական եւ օտար տօներու էութիւնը:  Վերջապէս, մեր բարքերը մեր էութեան արտացոլացումն են: Անոնք կու գան մեր պատկանելիութեան զգացումը ամրապնդելու եւ աւելի անուշաբոյր դարձնելու մեր հայկական ինքնութիւնը:

Յանկարծ զգաստացայ, սուրճս պաղած էր…

Բարեկամուհիիս ըսի.

– Արդեօք մենք «ժամանակավրէ՞պ» կը նկատուինք մեր գաղափարներով եւ համոզումներով:

– Բնա՛ւ,- հաստատեց ան:

Օտար բարքեր ընկալողը եւ անոր ստրուկ եղողները նման են դիմակ կրող մարդու մը, որ հաւանաբար ինքնախաբէութեան մը զոհն է: Ինչո՞ւ չքողազերծել եւ հարազատ դէմքը երեւան չհանել:

Հաստա՛տ, մեր հայաբոյր դիմագիծը կը մնայ անզուգական եւ անփոխարինելի:

Հոս տեղին է նշել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2025 տարին հռչակեց «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Լիբանանի Նորակազմ Կառավարութեան Անդամ Նախարար Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան

Յաջորդը

Զինուորներու Զրոյց

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?