Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերադարձ Նախկին Լիբանանին

February 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ժողովրդավարական վարչակարգ ունեցող երկիրներու մէջ կառավարական դահլիճներու կազմութիւնը ընթացիկ ու սովորական երեւոյթ է: Անիկա սովորաբար կը յաջորդէ խորհրդարանական ընտրութեան եւ իր կազմը կը ցոլացնէ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմած կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքի մը գոյութիւնը: Բացառութիւն կը կազմէ միայն կառավարական տագնապի մը յաջորդող դահլիճի կազմութիւնը, երբ մեծամասնական դաշինքի անդամներուն միջեւ տարակարծութիւններ կը ծագին, ու դաշինքը կը փլուզուի: Կը յաջորդէ կառավարութեան հրաժարականը եւ նոր դաշինքի մը փնտռտուքը, որուն ձախողման պարագային խորհրդարանը կը լուծուի եւ կը սկսի նոր մեծամասնութեան մը ստեղծման գործընթացը:

Լիբանան եւս ժողովրդավարական կարգեր ունեցող երկիր է: Սակայն լիբանանեան ժողովրդավարութեան առանձնայատկութիւնը հիմնուած է տասնութ համայնքներու համակեցութեան վրայ: Համայնքային համակեցութիւնը իբրեւ խարիսխ ունի Ազգային ուխտը, որ բանաւոր համաձայնութիւն մըն է Լիբանանի ժողովուրդի բաղկացուցիչ գլխաւոր համայնքներուն միջեւ: Գլխաւոր համայնքները պարտադիր կերպով պէտք է մաս կազմեն թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ՛ կառավարութեան: Մեծամասնութեան յառաջացումը թուային պարզ հաշուարկով չի գոյանար, որովհետեւ գործող կուսակցութիւնները ընդհանրապէս համայնքային անդամակցութիւն ունին, եւ յաճախ այս կամ այն համայնքին շահերը հակասութեան մէջ կ՛ըլլան կառավարական ծրագիրին հետ:

Միջհամայնքային հակասութիւններու, վէճերու ու նոյնիսկ բախումներու առկայութեան կառավարական մեծամասնութիւն կազմելը դժուար գործառոյթ է: Այս դժուարութիւնը կը յանգեցնէ խախուտ համաձայնութիւններու վրայ հիմնուած կառավարութիւններու, որոնք չեն յաջողիր պետութեան բնականոն գործունէութեան համար անհրաժեշտ բարենորոգումները կատարել, նոյնիսկ երբեմն ընթացիկ կառավարման համար որոշումներ կայացնել: Դեռ կը պատահի, որ դժուարութեամբ կայացած որոշումները չեն գործադրուիր, պոյքոթի կ՛ենթարկուին:

Լիբանանի մէջ գործող կառավարութիւնը կազմուած էր 2022-էն առաջ, 2022-ի մայիսի խորհրդարանական ընտրութենէն ետք, երբ կարելի չէր եղած նոր կառավարութիւն մը կազմել, դահլիճը վերածուած էր ընթացիկ գործեր վարող առժամեայ իշխանութեան: Նոյն դահլիճը կրկնակիօրէն ընթացիկ գործերու կառավարութիւն դարձաւ, երբ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարման ժամանակը լրացաւ ու խորհրդարանը անկարող եղաւ նոր նախագահ ընտրել: Ընթացիկ գործերու կառավարութիւնը չի կրնար անհրաժեշտօրէն կարեւոր որոշումներ կայացնել: Միւս կողմէ, պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտող, հանգստեան կոչուած առաջին կարգի պաշտօնեաներուն նշանակումները անհրաժեշտաբար կարիքը ունին հանրապետութեան նախագահի ստորագրութեան: Նախագահի բացակայութեան կառավարութիւնն է, որ լրիւ կազմով կը ստանձնէ այդ պաշտօնը: Նախարարներէն ոմանց մերժումը մասնակցելու կառավարութեան ժողովներուն նախագահութիւնը դարձուց ամբողջականօրէն թափուր:

Ստեղծուած կացութիւնը բնականօրէն առաջնորդեց լիբանանեան իշխանութեան աստիճանական քայքայման, տնտեսութեան նահանջին, դրամի արժեզրկումին, պետական ծառայութիւններու անկանոնութեան, աղքատութեան ծաւալման եւ բազում այլ ժխտական երեւոյթներու: Մէկ խօսքով` կատարեալ աղէտ:

9 յունուար 2025-ին զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահ ընտրութիւնը հրաշքի համազօր դարձաւ մեծաթիւ քաղաքացիներու համար: Իր երդման առիթով խօսած ճառը երկիրն ու պետութիւնը փլուզումէ փրկելու, վերակառուցելու խոստում էր: Շատեր չէին հաւատար, որ Լիբանանի մէջ նման բան կրնայ պատահիլ: Իրենց սեփական ու նեղ շահերուն համար պայքարողները յոգներ էին ու պատուաւոր ելք մը կը փնտռէին: Ելքը ստեղծուեցաւ ակամայ, թերեւս շնորհիւ պատերազմին, ու յամառօրէն հակամարտող հերոսները պարտասած` կառչեցան մատուցուած լուծման:

Յաջորդեց վարչապետի նշանակումը եւ երեք շաբաթներու վրայ երկարող ճիգերէ ետք` կառավարութեան կազմութիւնը: Վարչապետը կը վստահեցնէ, որ այս կառավարութիւնը պիտի ըլլայ միասնական գործադիր կազմ մը, որ անխոնջ աշխատանքով պիտի իրականացնէ հանրապետութեան նախագահին երդմնակալութեան ճառին առաջադրանքները:

Լիբանան լաւատեսօրէն մուտք կը գործէ նոր շրջան մը` վերակառուցման ու վերաշինման շրջան: Կառավարութիւնը պիտի համալրէ թափուր պաշտօնները, ապահովութիւն հաստատէ, տնտեսութիւնը աշխուժացնէ, լիբանանեան դրամը արժեւորէ, ներդրում կատարողները գոհացնէ, արդարութիւնը վերահաստատէ, անգործութիւնը նուազեցնէ, խաղաղութիւն բերէ: Այսինքն` նախկին Լիբանանը բերէ:

 

 

Նախորդը

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Ազգային Միացեալ Վարժարան

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Թանտըր Եւ Քեվելիրզ Իրենց 43-րդ Յաղթանակը Արձանագրեցին

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.