Կան տիպարներ, որոնք պատմութեան ընդմէջէն արեւածագը կը նկարագրեն, նաեւ կան տիպարներ, որոնք իրենց քրտինքով արշալոյսի երանգները կը գեղազարդեն…
Իրավիճակներ, որոնք կեանքէ քաղուած խօսուն պատկերներ են, առիթ կ՛ընծայեն մարդ արարածին կատարելու կեանքի կարեւո՛ր ընտրութիւն` ձեռնածալ սպասողի մը դերով, կամ սրընթաց արշաւող…
Բնութիւնը նոյնպէս մարդու հոգեկերտուածքին մէջ իր գերազանց դերը կը կատարէ, մանաւանդ` հայրենի բնութիւնը, որ ծնունդ կու տայ` անխոնջ մշակին, ժողովրդասէր ծառայութեան, գիտութեան լոյսին, յառաջդիմութեան ու ջանասիրութեան:
Այս բոլորը կրնան յատկանիշներ ըլլալ այն պարկեշտ հայուն, որ իբրեւ հայրենիքի պաշտպան` կը գործէ իր արթնամտութեամբ ու հաւատարմութեամբ:
Պատմութեան բազկերակին բաբախուն դէմքերէն մին, որ տառապանքին մէջ արհամարհած է պարտուողականութիւնն ու տկարութիւնը, իբրեւ յառաջատար մարտիկ` պայքար մղած է իր դիւցազուն կամքով, իբրեւ «աշխարհիկ սուրբ», իբրեւ յեղափոխական գործիչ, մաքրամաքուր իտէալներու, անկաշառ ազնուութեան մկրտումով` ՍԻՄՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆ…
Սիմոն Զաւարեան անունը նշել եւ խօսիլ իր մասին, կը նշանակէ նշել Ռոստոմն ու Քրիստափորը, որոնք երեքով ստեղծեցին հայկական շարժման համբաւաւոր երրորդութիւնը:
Այս լոյսին տակ կը մէջբերեմ տոքթոր Զաւրեանի խօսքը. «Սիմոնին հետ էր Ռոստոմը, նմանապէս ուժեղ, ըմբոստ նկարագիր մը, որ սակայն փոքր-ինչ աւելի ծանրաշարժ էր, նուազ վառվռուն ու կրակոտ, քան Սիմոնը: Երկուքը միացան գաղափարական ամենաջերմ եղբայրութեան կապերով, որոնք անխախտ շարունակուեցան մինչեւ վերջ: Շուտով երկուքը պիտի միանան միւս հոյակապ երիտասարդին (ակնարկը անշուշտ Քրիստափոր Միքայէլեանի մասին է):
«Ծանրակշիռ գործը միանգամից չի ծնւում». եւ անյապաղ, անդուլ աշխատանքը մեծ թափով կը սկսի ու կը գործէ ՀՅԴ հիմնադիր անդամներու կողմէ: Սիմոն Զաւարեանն ու իր ընկերները շարժման ջերմ ճառագայթներու լոյսին տակ սերտելէ ետք գործի կարելիութիւնները, կը վճռեն առաջին հերթին «Դրօշակ»-ը իր տպարանով ազատ Եւրոպա փոխադրել` «Քանի որ երկրին մէջ առաջին թիւը հրատարակելէ ետք, Դաշնակցութեան օրկանը բախում ունեցած էր ոստիկանութեան արգելքներուն»:
Մէկ կողմէ հայութեան ապրած իրավիճակը թրքական լուծի տակ, յեղափոխական գործիչներու ձերբակալութիւնները, բանտն ու աքսորը, միւս կողմէ` գաւառներու մէջ արիւնահեղութիւնը, հայ ժողովուրդին ապրած օրհասական կեանքի պայքարը կը մղեն, որ բազմապատկուին Դաշնակցութեան ճիգերը` զօրաշարժի ենթարկելով հայատրոփ գաղութներ:
Անաղարտ հայրենասիրութեամբ ու անշահախնդիր նուիրուածութեամբ գործող Զաւարեան («անշահախնդիր նուիրուածութիւն» բառակապակցութիւնը իր իսկ գործածած բառերն են) հետեւեալը կը բարձրաձայնէր. «Առանց յեղափոխութեան` սուրբ գործը չէր կարող քալել, նաեւ` գաղափարական կազմակերպութիւնը չէր կարող ապրիլ»:
Այսպէս, Սիմոն Զաւարեան նամակագրութեան ճամբով հետամուտ կը դառնար զանազան շրջաններու մէջ կուսակցութեան համատարած գործունէութեան. կը խրախուսէր, կը թելադրէր, կը յորդորէր, կը պահանջէր դաշնակցական ընկերներէն` մի՛շտ կառչելու ծրագրաւորուած ու կազմակերպուած աշխատանքին, իր նամակներուն մէջ յաճախ ընդգծելով, թէ` «Միջոցները պիտի ծառայեն գործին»:
Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները` այս շարքին մէջ ամփոփուած 111 հատը, ստորագրուած կամ ոչ, մեծ մասամբ գրուած են գաղտնի թանաքով, ծածկանուններով, տեղ-տեղ գաղտնագրութիւններ կիրարկելով, եւ առաքուած են հասցէներուն մի՛շտ զգուշութեամբ:
Ընթերցողին համար այս նամակները սովորական բովանդակութենէն շատ աւելին փոխանցող տեղեկութիւններ են 1900-ական թուականներու առնչութեամբ, մանաւանդ` հայաշխարհը յուզող համապարփակ իրավիճակին եւ այդ լոյսին տակ առնուելիք քայլերուն մասին: Կ՛արժէ այստեղ քաղուած մը կատարել. Զաւարեանի ձեռագիրով եւ Արեւմտեան Բիւրոյի պաշտօնական թուղթին վրայ գրուած 11 սեպտեմբեր 1902 թուակիր, Ժընեւէն Ատրպատականի Կեդրոնական կոմիտէին յղուած նամակին մէջ, ենթահող ունենալով այն իրողութիւնը, որ հակառակ Ժան Ժորեսի ու ընկերվարական մեծ անձնաւորութիւններու ու բարեկամներու թելադրանքին եւ կուսակցութեան որդեգրած պաշտօնական վարքագիծին, Զաւարեան անընդհատ թելադրած է հետեւեալը.
«Գործը աւելի հաստատ հողի վրայ տանիլ, քիւրտերու եւ երիտ. թուրքերու վրայ մեծ յոյսեր չդնել, այլ` ուժերը կազմակերպել ու զանոնք շատցնել»:
Զաւարեանի համար գործը յառաջ տանիլ` կը նշանակէ` որոշ նպատակի համար միանալ ու համերաշխ գործել, նաեւ` հանգանակութիւն կատարել ու հաւաքուած գումարը ծառայեցնել ընդհանուր դատին: Կը մէջբերեմ Լեռնավայր-Կիլիկիոյ ուղղուած նամակներէն հետեւեալ տողերը. «Դրամ ծախսելը դեռ եւս գործ անելու նշան չէ: Տեղացի, այս-այն պատահական անհատների խոստումները այս-այն անել եթէ դրամ լինի, դեռ եւս ապացոյց չէ, որ իրականապէս այդ անհատները մեզ հետ կը գնան, որ եթէ գնան էլ, կարող են մեծ եւ ցանկալի շարժում առաջ բերել: Գործի յաջողութիւնը պահանջւում է, որ եղած անհատներն ու մարմինները կանգնած լինեն իրենց եւ գործի բարձրութեան աստիճանի վրայ, որ նրանք մի հոգի կազմեն մեզ հետ, որ նրանք կատարեալ հաւատ ներշնչեն եւ կազմակերպութեան մարդկանց, որ ծախսերը վերցնում են իրենց վրայ…»: Եւ յաջորդող նամակներուն մէջ հանգանակութեան գործը կը ղեկավարէ Սիմոն Զաւարեան…
Ան զգաստութեան կը հրաւիրէ ընկերներուն ուշադրութիւնը` դրամը խնայողաբար ծախսելու, իսկ միւս կողմէ` միջոցներ գտնելու զինավարժական գործը զարգացնելու համար. կ՛առաջարկէ հմուտ ընկերներ մաս կազմեն զօրքին եւ ուսումնասիրեն զինուորական գործը, մէկ այլ խմբակ ուսումնասիրէ վառօդ պատրաստել, պայթուցիկ նիւթեր գործածել ու զինագործութիւն կատարել. «… Ամէն միջոց ձեռք է առնելու, որպէսզի ե՛ւ նուիրուող ե՛ւ առնուող ապրանքն ու փամփուշտները անպայման լաւը լինեն: Չէ՞ որ փոխադրութիւնը 2-5-10 անգամ աւելի է նստելու արժէքից, եւ այդ պայմաններում մեր կողմից անմտութիւն կը լինէր կասկածելի ապրանք ունենալ»:
Դաշնակցութեան խիղճը իր մէջ կեդրոնացուցած ըլլալով, ինչպէս յուշագրութեան մէջ նշած է «Դրօշակ»-ի խմբագիր Միքայէլ Վարանդեան, չէր բռնանար ոեւէ մէկուն կարծիքին վրայ, ընդհակառակն, նկատի առնելով «մենք անելիք գործ ունենք»-ը` լիակատար ազատութիւն կու տար բոլոր կարծիքներուն արտայայտուելու, եւ ինք ամենայն ուշադրութեամբ կ՛ունկնդրէր զանոնք:
Ապա իր նամակներուն մէջ այդ «կարծիք»-ները, հարցադրումները, մտահոգութիւնները բանաձեւուած, հարցեր կանխող լուծումներով կ՛ուղղէր հասցէատէրերուն, նաեւ բազմիցս կը յորդորէր մարմինները, որ իւրաքանչիւր դէպք եւ հարց առանձին քննուին ու լուծուին, որպէսզի անոնք չհասնին մինչեւ Ընդհանուր ժողով:
Նաեւ մէկ այլ մէջբերում` 1904-ի Սասնոյ ապստամբութեան առաջին օրերուն գրուած նամակէն. «Մենք չգիտենք` ի՛նչ է լինելու վաղը-միւս օրը եւ պարտաւոր ենք պատրաստ լինել ամէն տեսակ ակնկալութիւնների: Ի նկատի ունենալով անցեալի փորձերը եւ ապագայում սպասուող դէպքերը` մեզ թւում է, որ աշխատելու է զատել այն նուիրուած տարրը, որ իրա վրայ է վերցնում ժողովրդի ինքնապաշտպանութեան գործը: Հասարակական հորիզոնի վրայ մութ ամպեր են կուտակւում»: Ժամանակ ետք Սիմոն Զաւարեանի Թիֆլիսէն հեռագրուած նամակէն կ՛իմանանք, որ որոշուած 25 հազար ֆրանքի օգնութիւն կը յատկացուի Տարօնի ու Սասնոյ ազգաբնակչութեան:
Թղթակցութեան բնոյթով յաճախ կը ներկայանայ բովանդակութիւնը նամակներուն, որոնց մէջ նշուած են նաեւ յեղափոխական գործիչներու ծածկանուններ, որոնց կողքին դրուած թուանշանը ընթերցողներուս կ՛օգնէ յետգրութեան ճանչնալու, թէ անոնք մեզի ծանօթ Ռուբէն Զարդարեան, Մալխաս, Աշոտ Երկաթ, Վանայ Իշխան, Կոմս, Սերոբ Աղբիւր, Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան, զօրավար Անդրանիկ, Յովհաննէս Թումանեանն են, զորս կոչած է «քաջ լեռնականներ»:
Զաւարեան Պէյրութ գտնուած միջոցին հանդիպումներ ունեցած է երիտասարդ ուսանողներու հետ, նաեւ ֆրանսերէնով բացիկ մը ղրկած է Յարութիւն Յակոբեանին` բացայայտելով իր հիացումը Միջերկրական ծովուն նկատմամբ: Ի դէպ, Սիմոն Զաւարեան Պէյրութ էր, երբ Քրիստափորի մահուան բօթը հեռագիրով ստացաւ:
Ինչպէս Քրիստափոր Միքայէլեանի պահանջն էր «Դրօշակ»-ի մէջ հրատարակել Սիամանթոյի, Աւետիս Ահարոնեանի եւ այլ մտաւորականներու հայրենասիրական գրութիւնները, Զաւարեան միեւնոյն բծախնդրութեամբ հսկեր է «Դրօշակ»-ի թիւերուն ապահով տեղ հասնելուն ու ցրւումի աշխատանքին:
Ան Թիֆլիսէն Միքայէլ Վարանդեանին յղած նամակին մէջ կը խնդրէ ուղարկել իր անձնական ձեռագիրները, գիրքերն ու նկարները:
Թիֆլիսէն ուղարկուած նամակներուն մէջ Զաւարեան անհրաժեշտ կը նկատէ նաեւ զանազան վայրերու մէջ տեղադրել գրադարաններ` ի նպաստ հայ ուսանողին, խնդրելով, որ ըստ պահանջի կազմուին տասնեակ գիրքերու ցանկեր, ապա գիրքերը մաս առ մաս տեղ հասնին: Հետեւեալը կը գրէ Միքայէլ Վարանդեանին. «Պէյրութում հայերէն գրքերի բաւարար գրադարան հիմնած եմ դեռ երեք տարի առաջ եւ միշտ էլ ուղարկում եմ: Կազմեցէք մի քանի տասնեակ ազատամիտ, յեղափոխական, սոցիալիստական, անիշխանական գրքերի ցանկ ֆրանսերէն եւ անգլերէն (Պէյրութի համար), եւ կամաց-կամաց ուղարկէք: Թող տղաների միտքն ու սիրտը մի քիչ լայնանայ ու մեծանայ: Հայերէնը այստեղից կը հասցնեմ: Նոյն բանը անելու է Պոլիս, Երուսաղէմ, Իզմիր, Կեսարիա եւ այլ տեղերում»: Զաւարեան 67-րդ նամակը կ՛աւարտէ` խորհուրդ տալով, որ երիտասարդներ հետեւին մանկավարժական կրթութեան:
Օսմանեան կայսրութեան 1908-ի սահմանադրական իշխանութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք, Թիֆլիսէն Զաւարեան կը յղէ նամակ մը Արեւմտեան Բիւրոյին` հայ ժողովուրդին համար առնուելիք քայլերուն մասին գործնական յստակ քայլերու դիմումով: Իսկ 1909-ի Ատանայի կոտորածէն ետք Սիմոն Զաւարեան կը հասնի Կիլիկիա` աղէտալի վայրը, մանրամասնօրէն կը քննէ ջարդի հետեւանքները, թուային ցուցակով կը ներկայացնէ Կոստանդնուպոլսոյ ՀՅԴ Պատասխանատու մարմինին` բացատրելով օգնութեան կարիքներն ու տեղական ծանր իրավիճակը:
111 նամակներու շարքը կը փակուի Սիմոն Զաւարեանի ձօնուած բանաստեղծութիւններով, սակայն թոյլ տուէք, որ իմ ներկայացումս փակեմ ի՛ր իսկ գրիչէն քաղուած պատգամով.
«Ուր որ էլ լինէք դուք,
Կռուի դաշտի մէջ,
Թէ շղթայակապ կալանաւոր,
Բահը ձեռքերնիդ մշակ,
Թէ թափառական առաքեալ,
Միշտ էլ ձեզ ներշնչողը թող լինի տառապողի ազատագրութեան վե՛հ գաղափարը,
Ձեր առաջնորդը`
Դիրքերու վրայ մնալու պարտաճանաչութեան սուրբ սկզբունքը:
Հոգ չէ թէ մի օր վահանով կը դառնաք,
Միւս օր վահանի վրայ,
Արդիւնքը նոյնն է` ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆԸ...»:
* Բանախօսութիւն` «Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները» հատորի շնորհահանդէսին, 30 յունուար 2025: