ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հազիւ տան սեմին մօտեցած` Մանուշ տան դուռը բացած կ՛ըլլար Մանուկին համար: Ան ուրախ դէմքով ու լայն ժպիտով կը դիմաւորէր ամուսինը: Անոր ձեռքէն դոյլը առնելով` առողջութիւն կը մաղթէր, երբեմն Աստուծոյ կը դիմէր, որպէսզի ամուսինին ուժը աւելցնէ եւ տան մէջ անոր շուքը անպակաս ընէ: Այս պատկերը կը կրկնուէր ամէն օր:
Քանի մը օր առաջ Մանուկ` ձեռքին պարտէզին դոյլը, որ ամէն եղանակի անպայման հողին տուած բարիքներով լեցուցած կ՛ըլլար, տուն վերադարձաւ սովորական ժամուն: Մանուշ անոր ձայնին չարձագանգեց այս անգամ: Սուլեց, դոյլը գետին դրաւ, Մանուշին ուշադրութիւնը կը փորձէր գրաւել, բայց` ապարդիւն: Երկու սիրուն վարդ քաղած ու դոյլին վրայ զետեղած էր: Զանոնք տուաւ Մանուշին, բայց կրկին ուշադրութեան չարժանացաւ: Մանուշ վերցուց վարդերը եւ շարունակեց ճաշի սեղանը պատրաստել. կարծէք չէր ուզեր ամուսինին կողմը նայիլ:
Մանուկ շատ լաւ կը ճանչնար իր կողակիցը, իսկոյն զգաց, որ ան սաստիկ նեղացած էր ու չէր ուզեր խօսիլ. «Երբ ջղայնացած ըլլամ, աւելի լաւ է լուռ մնամ, որպէսզի չվիճաբանինք», կ՛ըսէր կինը յաճախ:
– Ի՞նչ պատահած է, Մանո՛ւշ,- հարցուց:
Մանուշ կրկին լուռ էր: Մանուկ շատ լաւ գիտեր կնոջ պապանձումին պատճառը: Այսօր, երբ պարտէզի գործերով զբաղած էր, հեռուէն թնդանօթի ձայներ լսեց, սրտնեղած մտածեց Մանուշին մասին` քաջ գիտնալով, որ ան այդ ձայներէն շատ կ՛անհանգստանար ու կը ցնցուէր, որովհետեւ 2014-ի տեղահանութեան օրերէն ի վեր հրթիռներու հանդէպ վախը առյաւէտ խախտած էր իր հոգեկան անդորրութիւնը. քանի՜ քանի՛ անգամներ իրենց տան մօտիկ հրթիռներ ինկած էին… Նկատի ունենալով, որ Քեսապի մէջ բարձրայարկ շէնքերը քիչ էին, իսկ իրենց տան տարածութիւնը ընդարձակ է ու հորիզոնը` բաց, հրթիռներուն պայթիւնը կ՛արձագանգէ լեռնէ լեռ` իրերայաջորդ պայթումներու տպաւորութիւնը ձգելով:
Միւս կողմէ` իրենց գաղթած զաւակները ամէն անգամ որ մտահոգիչ լուր մը լսէին` «Դեռ հոն նստած` ի՞նչ կը սպասէ՛ք» նախադասութիւնը կը կրկնէին ու կը համոզէին, որ Քեսապը լքեն:
Սակայն Մանուշին ու Մանուկին համար Քեսապէն գաղթելու գաղափարը երբեք ընդունելի չէր: Կեանքը կրկին զերոյէն ինչպէ՞ս պիտի սկսէին եւ ի՞նչ պիտի աշխատէին: Իրենց զաւակներուն բե՞ռ պիտի դառնային եւ խայտառակուէի՞ն: Երկուքը համոզուած` իրենց կեանքը կը շարունակէին Քեսապի մէջ եւ կը փորձէին իրենց զաւակները համոզել` որ շատ հանգիստ ու խաղաղ վիճակի մէջ են… եւ մինչեւ յաջորդ դժուարութիւնը կամ հրթիռը յանկերգը կը շարունակուէր:
Մանուշ տասը-տասնմէկ տարի ետք ակամայ համոզուած էր, որ պէտք է Քեսապէն գաղթէր եւ զաւակներուն միանար: Մէկ կողմէ վախն ու ցնցումները կեանքը կը կրծէին ու կը հիւծէին զինք, միւս կողմէ` զաւակներուն կարօտը հրթիռի մը վնասներուն առթած ցաւին չափ սիրտը կը տանջէր:
– Մանո՛ւկ, ես այլեւս չեմ դիմանար: Եթէ դուն կ՛ուզես հոս մնալ, տեղէդ չշարժիլ, ես չեմ ուզեր: Ճիշդ է, որ Քեսապը շատ կը սիրեմ, հոգիս ու սիրտս այստեղ են, եթէ գաղթեմ, կը մեռնիմ ջուրէն դուրս հանուած ձուկի մը նման, սակայն որքա՞ն կարելի է դիմանալ…
Մանուշ այս գաղափարները ետեւ-ետեւի կը կրկնէր ճնշուած հրաբուխի մը ժայթքումին նման ու կրկին կը լռէր:
– Ես ալ յոգնեցա՜յ, կը կարծես` ես շա՞տ ուրախ եմ այս պայմաններուն հետ համակերպելով,- մտքէն կ՛ըսէր Մանուկ, որովհետեւ բաւարար համարձակութիւն չունէր բարձրաձայն արտայայտուելու` լաւ գիտնալով, որ Մանուշին ըսածները արդար պահանջներ էին:
Երբ Մանուկ պատասխան չտուաւ ու լուռ մնաց, ինքն ալ լուռ մնաց, համբերեց-համբերեց ու կրկին պայթեցաւ.
– Մանո՛ւկ, կ՛ըսեն «ըտը դրուշոյիդ բարա դըննու» (կեանքիդ վերջալոյսը բարի թող ըլլայ): Ես այդ բարին չեմ տեսներ: Ես ալ կ՛ուզեմ մարդկային նուազագոյն եւ անմիջական իրաւունքներ ունենալ, խաղաղութեան եւ ապահովութեան կողքին, լոյս եւ ջուր ունենալ, մարդ արարածի նման ապրիլ:
– Կը կարծե՞ս, թէ ես շատ գոհ եմ, Մանո՛ւշ, ես ալ կ՛ուզեմ կեանքս խաղաղ ու ապահով ապրիլ, քեզի ալ այդ կեանքը ապահովել եւ մեր կեանքի վերջալոյսը բարի օրերով լիացնել,- գլուխը աջ ու ձախ տարուբերելով ըսաւ Մանուկ:
– Բառ մըն ալ դուն չըսե՞ս: Անցեալ անգամ, երբ տղադ խօսեցաւ, ըսաւ, որ մտածեցէ՛ք տեղափոխուելու մասին, դուք ծառ չէք: Այո՛, Մանո՛ւկ, պէտք է մտածենք տեղափոխուելու մասին: Մենք ծառ չենք:
– Ո՛չ, Մանո՛ւշ, ո՛չ, ո՞վ ըսաւ քեզի, որ ես ծառ չեմ: Ես ծառ եմ, իմ պարտէզի ծառերէս աւելի խորունկ արմատներով ծառ եմ: Ես այդ արմատներով կը սնանիմ ու կը շնչեմ: Ես ծառ մըն եմ Քեսապի իմ պարտէզին մէջ, կը հասկնա՞ս, Մանո՛ւշ…
5 դեկտեմբեր 2024
Պրավօօօօօօօօօօօօօ: Շատ աղվոր գրվածք է ասի: