1960-ական թուականներու կէսերէն սկսեալ սփիւռքի մէջ քաղաքական զօրաշարժն ու Հայ դատի պայքարը, որ առաջ տարուեցաւ առանց որեւէ պետական զօրակցութեան անհրաժեշտութեան, առանց որեւէ «հզօր պետականութեան» կամ «պետականամէտութեան» հոգեմտաւոր բարդոյթի կաշկանդումի, յաջողեցաւ լռութեան դատապարտուած եւ «մոռցուած» Հայոց ցեղասպանութիւնը բերել միջազգային օրակարգ եւ արձանագրել անոր ճանաչումի առաջին, թէկուզ եւ` անխուսափելիօրէն սահմանափակ յաջողութիւնները:
Անկախութենէն ետք հայկական դիւանագիտութիւնը, թէեւ` ուշացումով եւ «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմանի յարաբերութիւններու» լպրծուն, անյստակ եւ թակարդային սկզբունքի պահպանման զուգահեռ, հասկցաւ, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը զոհի կարգավիճակի մէջ մշտնջենականանալու փաթեթիզմ կամ հոգեկան կաշկանդում չէ, այլ` համաշխարհային բեմահարթակի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան գրաւած տեղի, արտաքին քաղաքականութեան «ինքնութեան» եւ, առ այդ, երկրի հեղինակութեան հաստատագրման գործօն: Հայ-թրքական արձանագրութիւններու փորձութեան ձախողութենէն ետք, Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի նախօրեակին Հայաստան-սփիւռք բացառիկ համագործակցութիւնը, որ յանգեցաւ իր տեսակին մէջ պատմականօրէն միակ համահայկական փաստաթուղթին` Հռչակագրին, ունեցաւ իր անդրադարձը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ. հայկական դիւանագիտութիւնը վերածուեցաւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման գործօն դերակատարի:
Միջազգային կազմակերպութիւններու ոլորտին մէջ այդ դերակատարութեան հետեւողականութիւնը, որուն փաստը տուին ե՛ւ դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները ե՛ւ Հայաստանի պետական ղեկավարներու հանրային խօսոյթի մէջ եզրոյթի ամրագրումը` առանց բառախաղային աճպարարութիւններու, ո՛չ Թուրքիոյ կողմէ ոճիրին պատասխանատուութեան ստանձնումը անմիջականօրէն նպատակադրած էր, ո՛չ ալ գործնականօրէն Հայաստանի ապահովութեան թէ բարգաւաճման համար որեւէ նպաստ պիտի բերէր, ինչպէս յաճախ հեգնականօրէն հարց կու տան ցեղասպանասկեպտիկները եւ/կամ Թուրքիոյ պարտադրած նախապայմանաւորումը յամառօրէն անտեսողները: Այս, սակայն, ոչինչով կը նսեմացնէ դիւանագիտական գործունէութեան մէջ երկրի մը գրաւած հեղինակային դիրքին կարեւորութիւնը: Ինչ որ, անշո՛ւշտ, սփիւռքին համար ալ ունի իր կարեւորութիւնը` հաւաքական ինքնութեան արժանապատուութեան թէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու արդարահատոյցի մէջ իր կենսական ներդրումի արժեւորման ու շարունակման իմաստով:
Այս բոլորին մէջ անարդար պիտի ըլլայ անտեսել այն սկզբնական առանցքային դերակատարութիւնը, որ ունեցան նախ սփիւռքի, ապա նաեւ` Հայաստանի ակադեմականները, պատմաբաններէն մինչեւ իրաւագէտներ, քաղաքագէտներ եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտներ, որոնց տասնամեակներու աշխատանքն ու համագործակցութիւնը ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ հայկական ներկայութիւնը դրած է առաջնային գիծի վրայ: Հայաստանը` որպէս պետութիւն եւ հայութիւնը որպէս հայրենի թէ սփիւռքեան քաղաքացիական հասարակութիւն, դիրքաւորուեցան որպէս ցեղասպանութեան կանխարգիլման համամարդկային յանձնառութեան բնորդներէն մէկը:
Հայոց ցեղասպանութեան հարցի կենսական կարեւորութեան նսեմացումը նորութիւն մը չէ Հայաստանի մէջ 2018-էն ի վեր իշխող քաղաքական ուժի եւ իր ղեկավարի խաղաղութեան օրակարգին վրայ: Ատոր նորագոյն փաստն է Ցիւրիխի մէջ խումբ մը զուիցերիահայերու հետ իր հանդիպման ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին նախաձեռնութիւնը` հարցը կրկին սեղանի վրայ բերելու: Ցաւալի է, որ Հայաստանի ղեկավարին համար քաղաքական անհրաժեշտութիւն ըլլայ Ցեղասպանութեան հարցը, կամայ թէ ակամայ, պատմական վերատեսութեան տանող իր արշաւը: Եւ հակառակ իր եւ իր հետեւորդներուն հետագայ ճիգերուն` բացատրելու, ի հարկին` վերաբանաձեւելու, աղմուկ բարձրացուցած իր ըսածները, նիւթի մը մասին, որ, ինչպէս ներկաներէն մէկը դիտարկեց, այնպէս ալ չհասկցուեցաւ, թէ ինչո՛ւ յանկարծ որոշեց արծարծել, թուրք-ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը արդէն արձանագրած է Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան ջաղացքին ջուր լեցնող եւս մէկ փաստ:
Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան թրքական քաղաքականութիւնը կրնայ եւ այնպէս ալ չհետաքրքրել վարչապետին եւ իշխող քաղաքական ուժին: Բայց իր այս, գիտակից թէ անգիտակից, սակայն ամէն պարագայի հետեւողական, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին սատարող իր վարքագիծը աննկատ չ՛անցնիր ցեղասպանութեան հարցով զգայուն եւ աշխուժ միջազգային հանրութեան կողմէ: Վկայ` Լեմքինի անուան հիմնարկին բուռն հակազդեցութիւնը. Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը ցեղասպանութեան կանխարգիլման ջանքերուն ալ հասցուած հարուած է: Այս իմաստով ալ կը վարկազրկէ հայկական դիւանագիտութիւնը, որ, ինչպէս նշուեցաւ, յաջողած էր միջազգային բեմահարթակին վրայ Հայաստանը դիրքաւորել` որպէս ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման յառաջապահ եւ յանձնառու երկիր:
Ինչ կը վերաբերի վարչապետին հետ ցիւրիխեան հանդիպումին մասնակից խումբ մը զուիցերիահայերու հակազդեցութեան բացակայութեան, պէ՞տք է մեկնաբանել զայն իբրեւ լուռ համամտութիւն` Ցեղասպանութեան թէ սփիւռքի մասին իրենց փոխանցուած պաշտօնական պատգամին: Ընդունելի՞ էր իրենց համար փաշինեանեան անհեթեթ բանաձեւումները, որոնք այլապէս կ՛ընկալուէին որպէս սփիւռքահայերու ուղղուած զգուշացում. Հայաստանի իշխանաւորներու հետ հանդիպման «բախտին» արժանացածներուն կը մնայ միայն իշխանաւորը լսել, չհակաճառել եւ կուլ տալ անոր բոլոր ըսածները:
Մասնակիցներէն միայն մէկ հոգի` Վիգէն Չըթըրեան, նախաձեռնեց Սիվիլնեթ-ի կայքին վրայ 29 յունուարին տեղադրուած յօդուածով մը («Դժգոհանք վարչապետի ցիւրիխեան հանդիպումից») հանդէս գալու պատահածին մասին: Թէ այդ մէկը հանդիպման ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ սփիւռքի մէջ բարձրացած ընդվզման ալիքի հետեւա՞նք էր, թէ՞ սեփական նախանձախնդրութիւն` մեկնած վարչապետի բանաձեւումներուն առթած մտահոգութենէն, այնքան ալ կարեւոր չէ: Իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի` իր ձեւով մեկնաբանելու յօդուածին մէջ տեղ գտած յստակացումները, քննադատական ակնարկները, վերլուծական մատնանշումները թէ առաջարկները, որոնք նաեւ բանավէճի հրաւէրներ են: Վարչապետի խօսքերուն քննադատականօրէն հակազդեց նաեւ Սարգիս Շահինեան` Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութեան պատուոյ նախագահը, ինչ որ նաեւ արդար է արձանագրել, որպէսզի համայնքի բոլոր անհատները չնոյնացուին այն բուռ մը անձանց հետ, որոնք, ըստ երեւոյթին, գերադաս համարեցին վարչապետին հետ յաջորդ հանդիպման հրաւէրը ռիսկի տակ չդնել, լուռ մնացին եւ կը մնան: Այդ մէկը, անշուշտ, իրենցմէ իւրաքանչիւրին անհատական իրաւունքն է: Այնպէս` ինչպէս իրաւունքն է խմբագրի մը անոնց տալու իրենց այդ վարքագծի արդար ընդվզումին յառաջացուցած թէկուզ եւ ոչ շատ քաղաքավարի որակում մը («Որո՞նք են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի այն սրիկայ ժառանգները, որոնք լսել են Փաշինեանի խօսքը ու ձայն չեն հանել», «Օրագիր», 26 յունուար): Կարեւորը, սակայն, գիտակցիլն է, որ ցիւրիխեան հանդիպման ձեւաչափն ինքնին հայելին է վարչապետին կողմէ սփիւռքի ուղղուած ազդարարութեան. միայն պետութիւնն է, որ կ՛որոշէ հայկական հաւաքական ինքնութիւնը: Հանդիպումը չէր կազմակերպուած համայնքին հետ, այլ` համայնքէն ընտրուած խումբ մը անհատներու, որոնց «քոնֆորմիզմ»-ը ի սկզբանէ, առաւել թէ նուազ չափով, ապահովուած էր: Համակերպիլ, նոյնիսկ երբ հարցը այդ ինքնութեան այնքան առնչակից Ցեղասպանութեան պատմական վերատեսութեան դուռ բացող եւ թրքական ժխտողականութեան նոր «հիմնաւորումներ»-ու առիթ տուող յայտարարութիւններ ըլլան…
Ինչ որ պատահեցաւ Ցիւրիխի մէջ, համահունչ է իշխանութիւններու կողմէ համայնքային հաստատութիւններով կայացած սփիւռքի մերժումին եւ Հայաստանէն դուրս ապրող հայերու այլ հաւաքականութիւն կերտելու ձգտող յարացոյցին. Հայաստանի եւ համայն հայութեան ճակատագիրը ճշդող պետական ամէն որոշումի լուռ համակերպող անհատներու գումարով կազմուած անուանացանկեր, եւ ոչ թէ` կազմակերպուած համայնքներու համաշխարհային ցանց, որ զգաստ է իր ինքնութեան սպառնալիքներուն, ատակ է զօրաշարժի, եւ կարող` քաղաքական կացութիւն ստեղծելու կամ կացութիւններու աշխուժօրէն հակազդելու: Այն, ինչ եղած էր սփիւռքը 1965-1985/87 թուականներուն, կամ, ժամանակի մէջ աւելի մօտ` 2008-9 թուականներուն, երբ «Ո՛չ» ըսաւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն:
Եւ հարցումը` համասփիւռքեան/համահայկական կառոյց եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւնները վերջապէս պիտի գիտակցի՞ն սփիւռքեան ինքնուրոյն օրակարգի մը անհրաժեշտութեան: Որպէսզի իր պատմական փորձառութեամբ կերտուած գոյավիճակային ինքնութեան մը համակարգն ու անոր լինելութեան ու զարգացումի ամբողջ կարողականութիւնը հարցականի տակ չդրուի, չնսեմացուի եւ չարհամարհուի Հայաստանի մէջ իշխանութեան հասած կամ իշխանութեան ձգտող եւ, յանուն պետականութեան, ինքզինքին սփիւռքի հետ գերակայութեան դիրքերէ խօսելու իրաւունք տուող որեւէ քաղաքական ուժի, ոեւէ անձնաւորութեան թէ յաւակնոտ որեւէ բախտախնդրի մը կողմէ: