Բոլոր անոնք, որոնք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Ընծայարանի դասարաններէն անցած են, Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան դասապահը կը ճանչնան` Վոքըրի (Walker) պահ անունով: Այս անունը կու գար մեծ համբաւ ստացած այն անգլերէն աշխատութենէն` «A History of the Christian Church» (Պատմութիւն մը քրիստոնէական եկեղեցւոյ) գիրքէն, որուն հեղինակն է Ուիլիսթըն Վոքըր (1860-1922) անունով ամերիկացի աստուածաբան-պատմաբան մը: Դպրեվանքին մէջ վերոյիշեալ գիրքը աւելի քան 50 տարիներ ընծայարանի իրերայաջորդ սերունդներու Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան մասին գիտելիքներ ջամբելու եւ եկեղեցականագիտութեան հորիզոնը ընդլայնելու կարեւոր աղբիւր եղած է:
Երկար տարիներ դպրեվանքին մէջ տուեալ գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը կամ անոր համարժէք եկեղեցւոյ պատմութիւնը ներկայացնող հայերէն աշխատութիւն մը չունենալու պատճառով Վոքըրի գիրքը, իր անգլերէն բնագիրով, սակայն հայերէնով դասաւանդուած է միաբան հայրերու կողմէ: Դասաւանդող միաբանները ուսանողներուն նիւթերու թարգմանութեան եւ ամփոփումի աշխատանքներ տալով` փորձած են փոխանցել գիրքին մէջ տեղ գտած հարուստ գիտելիքները եւ պատմական տուեալները: Բնականաբար ընթերցողը կրնայ պատկերացնել, թէ նման աշխատանք, թէեւ` օգտակար, սակայն բուն նպատակէն` Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւնը փոխանցելէն շեղող աշխատանք մըն է: Այդ մտահոգութենէն մղուած` դպրեվանքի հսկիչ, ուսուցիչ եւ տեսուչ եղած, միաժամանակ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու լայն փորձառութիւն շահած Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը կը նուիրուի սոյն հատորը հայերէնի թարգմանելու կարեւոր գործին: Երախտապարտ աշխատանք մը, որուն իբրեւ արդիւնք` այս մեծածաւալ գործը անցեալ տարի` 2024-ին, երկու հատորով լոյս տեսաւ Թեհրանի մէջ:
Վոքըրի «Պատմութիւն մը քրիստոնէական եկեղեցւոյ» գիրքը առաջին անգամ տպուած է 1918-ին եւ արդէն իսկ մեծաթիւ համալսարաններու եւ դպրեվանքներու մէջ իբրեւ դասագիրք գործածուելու համբաւը ստացած է: Աւելի ուշ` 1959-ին, գիրքը կ՛ունենայ երկրորդ հրատարակութիւն մը, Նիւ Եորքի Եունյըն աստուածաբանական դպրոցի (Union Theological Seminary) դասախօսներու` Ռիչըրտ Նորիսի (Richard A. Norris), Տէյվիտ Լոցի (David W. Lotz) եւ Ռոպըրթ Հենտիի (Robert T. Handy) կողմէ, որոնք ոչ միայն կը փորձեն նոր ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ կարգ մը փոփոխութիւններ կատարել, այլ նաեւ` նոր յաւելումներով ժամանակակից դարձնել գիրքին մէջ ներկայացուած քրիստոնէական եկեղեցւոյ պատմութիւնը: Այլ խօսքով, անոնք աշխատութիւնը թարմացուցած են քսաներորդ դարու Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ տեղ գտած իրադարձութիւններով եւ նորութիւններով: Այսպէս, յաջորդաբար, նոյն խումբին կողմէ նոյն աշխատանքը տարուեցաւ եւս երկու անգամ` երրորդ եւ չորրորդ հրատարակութիւններ լոյսի բերելով: Սոյն հայերէն թարգմանութեան համար հեղինակը` Նարեկ արքեպիսկոպոսը, օգտագործած է վերջինը` չորրորդ հրատարակութիւնը:
Գիրքին բովանդակութեան որդեգրած շարքին հետեւողութեամբ, Վոքըրը եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը սկսի մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի ծնունդէն առաջ գոյութիւն ունեցող պատմական ենթահողէն, անցնելով Քրիստոսի եւ ապա առաքեալներուն պատմութենէն, հասնելով մինչեւ Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան քսաներորդ դարու սկիզբի կարեւոր իրադարձութիւններուն` Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Ամերիկայի եւ Քանատայի մէջ յառաջ եկած նոր աւետարանական շարժումներուն: Անկէ ետք, հետագայ հրատարակութիւններուն ընդմէջէն, ընդհանուր պատմութեան ժամանակաշրջանը կը շարունակուի մինչեւ 1970-ական թուականներ, ուր յատուկ տեղ կը գրաւեն Համաշխարհային եկեղեցիներու խորհուրդի (World Council of Churches) շարժումը եւ Վատիկանի երկրորդ եկեղեցական ժողովը (The Second Vatican):
Վոքըրի եւ ապա միւս պատմաբաններուն այս աշխատանքը կարեւորութիւն կը ստանայ ակադեմական աստուածաբանութեան եւ պատմաբանութեան ոլորտներէն ներս, մանաւանդ այն պատճառով, որ մասնագէտները քրիստոնէական եկեղեցւոյ պատմութիւնը ներկայացուցած են զուտ պատմական դիտանկիւնէ` առանց կողմնակալ մօտեցումներէ: Անոնք ոչ միայն պատմութիւնը ներկայացնելուն մէջ հաւասարակշռութիւն ցուցաբերած են, այլեւ` նիւթերուն ներկայացումի համեմատութիւններուն եւ շեշտադրումներուն մէջ: Այլ խօսքով, բուն հեղինակը աւելորդ մանրամասնութիւններու եւ քննարկումներու մէջ չէ մտած. նոյնը ըրած են նաեւ իր աշխատութեան վրայ յաւելումներ բերած մասնագէտները: Կը հաւատամ, որ ասոնք են այն պատճառները, որոնց պատճառով գիրքը յարմար նկատուած է` իբրեւ համալսարաններու եւ յատկապէս դպրեվանքներու մէջ օգտագործելի դասագիրք:
Ներկայ հայերէն թարգմանութիւնը, իր երկու հատորներով, 1221 էջեր կը պարունակէ: 704 էջնոց Ա. հատորը, հինգ մասերու բաժնուած, կը ներկայացնէ պատմութիւնը` սկսելով նախաքրիստոնէական ենթահողէն մինչեւ միջին դարու ժամանակաշրջան, իսկ 517 էջերու մէջ խտացած Բ. hատորը կ՛ընդգրկէ Մարթին Լուտերի (Martin Luther) ժամանակաշրջանի պատմութենէն (ԺԶ. դարու սկիզբը) Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան քսաներորդ դար երկարող շրջանը: Երկու հատորները իրենց աւարտին ունին անձնանուններու, տեղանուններու եւ աստուածաբանական մէջբերումներու ցանկ մը: Հոն կայ նաեւ օգտագործուած եւ օգտագործելի երկերու հարուստ ցանկ մը:
Կարելի է համարձակօրէն ըսել, որ այս երկհատորեայ աշխատութիւնը, յատկապէս` անոր դիւրամատչելի հայերէնով հրատարակութիւնը, եզակի է մեր եկեղեցական եւ արեւմտահայ պատմական աշխատութիւններու շարքին մէջ: Ի վերջոյ, եկեղեցաբանական, աստուածաբանական եւ պատմական ոլորտներու ուսանողները, ուսումնասէրները, ընթերցասէրներն ու հետաքրքրուողները կրնան առանց մտահոգութեան Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան աղբիւրը գտնել հայերէնով: Նկատի ունենալով, որ սոյն պատմաբանական գիրքը յատուկ կամ մասնատող կողմնորոշումներով չէ ներկայացուած, աստուածաբանական եւ եկեղեցական գիտելիքներ դասաւանդող դպրոցները, ի՛նչ յարանուանութեան ալ պատկանին անոնք, առանց դժուարութեան կրնան զայն օգտագործել իրենց կրթական հիմնարկներուն մէջ: Իսկ յաւելեալ եւ մասնագիտական ուսումնասիրութեան համար կարելի է օգտագործել հատորներու աւարտին նշուած երկերը, որոնք աւելի քան բաւարար են խորանալու համար նիւթին մէջ:
Աւելի քան հազար էջեր պարունակող այս թարգմանութիւնը իսկապէս արժանի է մեծ գնահատանքի: Աղօթող եմ, որ այս հրատարակութիւնը արդիւնաբեր սերմեր ցանէ կրթական, գիտական եւ ուսումնասիրական աշխարհին մէջ: Մեզի կը մնայ վարձքը կատար ըսել Նարեկ սրբազանին, որ այս հսկայ աշխատանքը մատչելի դարձուց: Վստահաբար այս աշխատանքը երկար տարիներու վրայ իբրեւ աղբիւր պիտի ծառայէ բազմաթիւ դպրեվանքներու, կրթական հիմնարկներու եւ հետազօտական աշխատանքներու համար: