Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արդարութիւն Ռուբէն Վարդանեանին – Հարաւային Կովկասի Մէջ Հաշտութեան Եւ Խաղաղութեան Կոչ»

February 7, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Վերոնշեալը ռուսական կիսապաշտօնական «Ռուսիա Այսօր»-ի լրագրող Թիմուր Թարխանովի 29 յունուար 2025-ի յօդուածին խորագիրն է (1), զոր կայքէջէն ամբողջութեամբ կը թարգմանեմ.

Ենթախորագիրն է՛ «Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարին վիճայարոյց դատը միայն իրաւական խնդիր չէ, այլ այն, որ տարածաշրջանը ինքնիրեն համար ինչպիսի՞ ապագայ կը պատկերացնէ:

«Պաքուի դատարանի մը մէջ ծաւալող դատավարութիւնը կրնայ ձեւաւորել Հարաւային Կովկասի գալիք տարիներու ուղղութիւնը: Աշխարհի մէջ յարգուած բարերար, գործարար եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին առաջադրուած է մեղադրանք, զոր շատեր կը համարեն քաղաքական դրդապատճառներով եւ իրաւաբանօրէն անհիմն: Շատ աւելին, քան՛ անձնական ողբերգութիւնը, այս դատավարութիւնը փորձաքար է արդարութեան, հաշտեցման եւ խաղաղութեան, տարածաշրջանի մը մէջ, որ երկար ժամանակ սպիացած է բախումներով:

Ռուբէն Վարդանեան իր համահիմնած «Աւրորա» մրցանակի 2016-ի դափնեկիր Մարկարիթա Պարանքիցէի հիմնած դպրոցին մէջ, Պուրունտի:

«Ռուբէն Վարդանեանի կեանքի աշխատանքը եղած է նուիրում` կեանքեր բարելաւելու, երկխօսութիւն խթանելու եւ բաժանումներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու: Անոր մարդասիրական վաստակը կը ներառէ Ռուսիոյ մէջ Սքոլքովոյի կառավարման դպրոցի համահիմնադրումը եւ կրթութեան, առողջապահութեան ու մշակութային պահպանման բնագաւառներու փոխակերպող ծրագիրներու ղեկավարումը: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՛ իբրեւ պետական նախարար, յատկանշուեցաւ քաղաքացիական բնակչութեան բարեկեցութեան վրայ կեդրոնացումով` ճգնաժամի ժամանակ խոցելի բնակչութեան բժշկական օգնութեան, ջեռուցում եւ սնունդ ապահովելով»:

Այստեղ հեղինակը զարմանալիօրէն մոռցած է նշելու «Աւրորա մարդասիրական նախաձեռնութեան» իր համահիմնադիր ըլլալը (2), (3):

«Հակառակ մարդասիրական գործունէութեան իր վաստակին` Վարդանեանը այժմ կը մեղադրուի ահաբեկչութիւն ֆինանսաւորելու, ապօրինի զինեալ կազմակերպութիւններ ստեղծելու եւ ապօրինի կերպով Ազրպէյճան մուտք գործելու մէջ: Այս մեղադրանքներէն քանի մը հատը կրնան ցմահ բանտարկութիւն պատճառել: Կը թուի, թէ այս բոլորը կը հակասեն անոր աշխատանքին եւ համբաւին իրականութեան: Վարդանեանին հետ նմանատիպ մեղադրանքներ առաջադրուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը նախկին պաշտօնեաներու դէմ:

«Յայտարարութեան մը մէջ, զոր ձեւով մը յաջողած է հրապարակել իր ընտանիքին միջոցով, Վարդանեանը կը նկարագրէ պայմաններ, որոնք գրեթէ անկարելի կը դարձնեն ինքնապաշտպանութիւնը: Ան կ՛ըսէ, որ երբե՛ք որեւէ ցուցմունք տուած չէ, սակայն իր եւ իր փաստաբաններուն վրայ ճնշում բանեցուած է` ստորագրելու «կեղծուած» հարցաքննութեան արձանագրութիւններ: Անոնց չեն արտօնած նաեւ տեսնել պաշտօնական ամբաստանագիրը: Բացի ատկէ` անոնց մի՛այն մէկ ամիս ժամանակ տրուած է կարդալու դատին 422 հատոր նիւթերը, որոնք ազրպէյճաներէնով են, զոր Վարդանեան չի գիտեր:

«Ես կը վերահաստատեմ իմ կատարեալ անմեղութիւնս, ինչպէս նաեւ` իմ հայրենակիցներուս անմեղութիւնը, եւ կը պահանջեմ անյապաղ դադրեցնել մեր դէմ ուղղուած այս քաղաքականացուած գործը», Վարդանեան կ՛ըսէ յայտարարութեան մէջ:

«Դատավարութիւնը, որ պարուրուած է արդարութեան եւ թափանցիկութեան հարցերով, լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ քաղաքականապէս զգայուն խորանկարին մէջ` իրաւական համակարգերը իբրեւ զէնք գործածելու վերաբերեալ:

«Մարդասէր անձին սխալ բնութագրումը:

«Ազրպէյճան փորձած է Վարդանեանը ներկայացնել իբրեւ պատերազմական յանցագործ, սակայն անոր դէմ ներկայացուած մեղադրանքները չեն յարմարիր անոր` իբրեւ քաղաքացիական առաջնորդի եւ մարդասիրութեան փաստագրուած դերին հետ: Դատավարութիւնը, որ նախ սկսաւ երեք մեղադրանքով, այժմ հասած է 45-ի` Ազրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 20 յօդուածներով, որոնցմէ քանի մը հատը` 1987-ին, երբ Վարդանեանը Մոսկուայի համալսարանի ուսանող էր` հեռու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն:

«Այս նկարագրութիւնը կ՛անտեսէ անոր ներդրումներուն իրականութիւնը: Վարդանեանի աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կեդրոնացած էր քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերականգնումին եւ կարիքաւորներուն անհրաժեշտ ծառայութիւններ մատուցելու վրայ: Անոր ջանքերը արժանացան միջազգային ճանաչման, ներառեալ` Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածութեան, որ անոր խաղաղութեան եւ հաշտեցման նուիրումը ընդգծեց:

«Դատավարութիւնը, ըստ երեւոյթին, քիչ կը վերաբերի արդարադատութեան եւ, սակայն, աւելի շատ` քաղաքականութեան: Վստահելի փաստերու բացակայութիւնը, նաեւ, մեղադրանքներու արագ յաւելումը, կը ներկայացնէ դատական գործընթացին պատկերը, որ հիմնուած է աւելի լայն քաղաքական օրակարգով, քան` ճշմարտութեան հետապնդումով:

«Դատավարութիւն մը` մանրակրկիտ քննութեան տակ:

«Դատավարութեան հանգամանքները ա՛լ աւելի կը նուազեցնեն վստահութիւնը անոր օրինականութեան վրայ: Վարդանեանին տրուած է միա՛յն մէկ փաստաբան, որ կը գործէ ահռելի ճնշումի տակ, միջավայրի մը մէջ, ուր դատական գործընթացը թափանցիկութիւն չունի: Անկախ լրատուամիջոցներուն արգիլուած է ներկայ ըլլալ դատավարութեան` հասարակութիւնը իմացնելով մի՛այն պետութեան կողմէ վերահսկուող լրատուամիջոցներու պատմութիւններէն:

«Այս միայն Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը չէ, այլ նաեւ Ազրպէյճանի արդարութեան եւ իրաւունքի պահպանման յանձնառութեան քննութիւն է: Միջազգային համայնքը պէտք է գործընթացը հսկէ ամենաբարձր չափանիշներով` երաշխաւորելով, որ ան չվերածուի քաղաքական մղումով ներկայացումի մը:

«Հայաստանի դերակատարութիւնը` կորսուած առիթ մը:

«Նոյնքան մտահոգիչ է Հայաստանի լռութիւնը` Վարդանեանի այս ծանր վիճակին: Հակառակ հայկական հարցերուն անոր անսասան հաւատարմութեան` Երեւանի կառավարութիւնը հիմնականին մէջ լուռ մնաց: Այս լռութիւնը կը հակասէ Վարդանեանի` Հայաստանին բացարձակ սեփական նուիրումին, որուն ապացոյցը տասնամեակներու իր մարդասիրական աշխատանքն է, կրթական հաստատութիւններուն աջակցութիւնը եւ համաշխարհային բեմին` հայկական շահերու պաշտպանութիւնը:

«Օգնութեան այս բացակայութիւնը կը վտանգէ` հեռացնել գործիչ մը, որ ունի տարածաշրջանային քաղաքականութեան մէջ փոխակերպող դեր խաղալու ներուժ: Հրաժարելով պաշտպանել իր ամենայայտնի քաղաքացիներէն մէկը` Հայաստանը կը փախցնէ արդարութեան հանդէպ իր հաւատարմութիւնը հաստատելու եւ միջազգային բեմին վրայ իր ձայնը ամրապնդելու հնարաւորութիւնը:

«Տարածաշրջանային հաշտեցման համար եզակի դերակատարութիւն:

«Ռուբէն Վարդանեանը միա՛յն անարդարութեան զոհը չէ. ան նաեւ գործիչ մըն է, որ եզակի դիրք ունի Հարաւային Կովկասի մէջ հաշտեցումը խթանելու համար: Անոր գործնապաշտ մօտեցումը, առաւել` տարածաշրջանի բարդութիւններու խոր ըմբռնումը, զինք կը դարձնեն կողմերուն միջեւ անգնահատելի կամուրջ կառուցող:

«Ի տարբերութիւն շատ մը քաղաքական գործիչներու` Վարդանեանը ունի վստահելիութիւն եւ տեսլական` նպաստելու Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկխօսութեան: Իր կարողութիւնը` հիմնական շահագրգիռ կողմերու հետ զրուցելու եւ վստահութիւն ստեղծելու, շատ կարեւոր է, մանաւանդ երբ տարածաշրջանը կը փնտռէ կայուն խաղաղութեան ուղիներ: Վարդանեանի ղեկավարութիւնը կրնայ օգնել կողմնորոշուելու այս ազգերու շահերուն նուրբ հաւասարակշռութեան մէջ` խթանելով համագործակցութիւնն ու կայունութիւնը:

«Արդարութեան համար կոչ մը:

«Ռուբէն Վարդանեանի դէմ յարուցուած դատը խոր անարդարութիւն է, սակայն նաեւ Հարաւային Կովկասի համար հնարաւորութիւն` ցոյց տալու անոր հաշտեցման եւ արդարութեան յանձնառութիւնը: Միջազգային համայնքը, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները եւ համաշխարհային առաջնորդները պէտք է իրենց ձայնը բարձրացնեն` պահանջելու թափանցիկ եւ արդար դատավարութիւն: Ազրպէյճանը առիթ ունի ցոյց տալու, որ կ՛արժեւորէ արդարութիւնը եւ հաւատարիմ է ապագայի կերտումին, որ հիմնուած է ոչ թէ բաժանման, այլ փոխ ըմբռնումի վրայ:

«Միաժամանակ Հայաստանը պէտք է առջեւ գայ եւ պաշտպանէ իր քաղաքացիները: Խօսքը միայն Ռուբէն Վարդանեանի մասին չէ: Խօսքը արդարութեան սկզբունքներու վերահաստատման եւ ա՛յն մարդոց իրաւունքներուն պաշտպանութեան մասին է, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրաբերեն մարդասիրական աշխատանքին:

«Դէպի առջեւ ուղի մը:

«Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկութիւնը մի՛այն իրաւական խնդիր չէ, այլ, հարց է, թէ Հարաւային Կովկասը ինքզինքին համար ինչպիսի՞ ապագայ կը պատկերացնէ: Անոր ազատ արձակումը ոչ միայն կը սրբագրէ ծանր անարդարութիւնը, այլեւ կը ծառայէ իբրեւ քայլ մը` դէպի առողջ երկխօսութիւն: Այդ ցոյց պիտի տայ, որ տարածաշրջանը կարողութիւնը ունի առաջնահերթութիւն տալու մարդկութեան, քան` բաժանումին, եւ կառուցել ապագայ, ուր համագործակցութիւնը կը յաղթէ հակամարտութիւններուն:

«Հարաւային Կովկասը կանգնած է քառուղիի մը առջեւ: Այժմու կատարուելիք ընտրութիւնները կը ձեւաւորեն տարածաշրջանին ուղղութիւնը գալիք սերունդներուն համար: Ռուբէն Վարդանեանին ազատ արձակելը աւելին պիտի ըլլար, քան`  արդարադատութեան գործողութիւն մը: Այդ պիտի ըլլար յոյսի խորհրդանիշ, քայլ մը` դէպի հաշտեցում, եւ ուղերձ, որ խաղաղութիւնը կարելի է: Թող այս ըլլայ այն պահը, երբ արդարութիւնը կը յաղթէ, եւ կը դրուին աւելի պայծառ ապագայի մը հիմերը»:

Ռուբէն Վարդանեանի 2013-ին համահիմնած «Աւրորա մարդասիրական կազմակերպութիւնը» տարեկան մրցոյթով մը մէկ միլիոն տոլար կը յատկացնէ շահող անձին մարդասիրական հաստատութեան: Մարդասիրական 463 ծրագիրներ իրականացուցած են 60 երկիրներու մէջ եւ ցարդ 3 միլիոն 402 հազար մարդ ուղղակի եւ անուղղակի օգտուած են Ռուբէն Վարդանեանի համահիմնած այս կազմակերպութենէն (4):

2 փետրուար 2025

* Ընդգծումները, լուսաբանութիւններն ու լուսանկարը հեղինակին:

  1. https://www.rt.com/news/611802-ruben-vardanyan-armenia-azerbaijan/
  2. https://auroraprize.com/en
  3. https://auroraprize.com/en/global-humanitarian-leaders-stand-in-solidarity-with-ruben-vardanyan
  4. https://auroraprize.com/en/impact/2022
Նախորդը

Դատարկաբանութիւններու Նոր Արար. (Փաշինեան «Կը Դասախօսէ» Ամերիկահայերու)

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի Առաջին Թիւը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.