Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Շուրջ Ուժի Պայքարը` Իսրայէլ, Թուրքիա Եւ Ռուսիա

Ապրիլ 16, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Սուրիա կը շարունակէ մնալ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան կեդրոն, ուր Իսրայէլ, Թուրքիա եւ Ռուսիա պայքար կը մղեն ազդեցութեան համար: Իւրաքանչիւր երկիր ունի յատուկ ռազմավարական նպատակներ, որոնք կը ձեւաւորեն` զինուորական գործողութիւնները, դիւանագիտական քայլերը եւ տարածքային նկրտումները:

Սուրիոյ մէջ քաղաքական անցումները` Ասատի վարչակարգի անկումէն ետք, աւելի սրեցին այս պայքարը, յատկապէս` երկրի հարաւային եւ հիւսիսային շրջաններուն մէջ: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վերջերս Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը աւելի յստակացուց այս իրավիճակը, երբ Իսրայէլ խնդրեց ամերիկեան աջակցութիւնը` դէմ դնելու Թուրքիոյ եւ Իրանի ազդեցութիւններուն:

Իսրայէլի ռազմավարական հետաքրքրութիւնները Սուրիոյ մէջ

Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի գլխաւոր մտահոգութիւնը կ՛առնչուի իր անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքներուն, որոնք ստեղծուած են Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներու կողմէ: Սուրիոյ անկայունութիւնը հնարաւորութիւններ տուած է, որ Իսրայէլի սահմանները վտանգի ենթարկուին, եւ ասոր իբրեւ պատասխան` իսրայէլեան ուժերը բազմաթիւ օդային հարուածներ գործադրած են Սուրիոյ ռազմակայաններու վրայ: Վերջերս Իսրայէլ օդային հարուածներ հասցուց T-4 Հոմսի  եւ Փալմիրի զինուորական կառոյցներուն դէմ` նպատակ ունենալով խանգարել Թուրքիոյ եւ Իրանի ռազմական գործողութիւնները:

Իսրայէլի պաշտօնատարները մտահոգուած են, որ Թուրքիոյ աճող ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ կրնայ յանգեցնել ստեղծման թրքական պաշտպանութիւնը վայելող տարածքի մը, որ կրնայ քաջալերել Իսրայէլի դէմ գործող խմբաւորումներու աշխուժացումը: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը զգուշացուցած էր, որ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը ծանր հետեւանքներու դէմ յանդիման պիտի կանգնի, եթէ թշնամական ուժեր իրենց գործողութիւնները շարունակեն Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն մօտ: Բացի ատկէ, Իսրայէլ  յայտարարած է Սուրիոյ տիւրզի փոքրամասնութեան պաշտպանութեան իրաւունքը իր վրայ առնելու պարտականութեան մասին եւ ապազինելու Սուրիոյ հարաւային շրջանները` կանխելու համար ծայրայեղ խմբաւորումներու կողմէ որեւէ արարք:

Աւելի՛ն. Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներ տուած այցելութեան ընթացքին  առաջարկած է Սուրիան բաժնել ազդեցութեան հետեւեալ գօտիներուն.

– Արեւելեան Սուրիան` Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ, Իսրայէլի ներկայութեամբ:
– Արեւմտեան Սուրիան` Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ:
– Հիւսիսային Սուրիան` Թուրքիոյ ազդեցութեան տակ:
– Հարաւային Սուրիան` Իսրայէլի հսկողութեան տակ:

Թուրքիոյ աճող դերը Սուրիոյ մէջ

Թուրքիան աստիճանաբար ընդլայնած է իր զինուորական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ, յատկապէս` հիւսիսի մէջ, ուր ան կը ձգտի կանխել քրտական անջատողական շարժումները եւ ազդեցութիւն ունենալ Սուրիոյ նոր իշխանութեան վրայ` Ասատի վարչակարգի անկումէն ետք:  Տեղեկութիւններու համաձայն, թրքական ուժերը բարելաւած են իրենց զինուորական դիրքերը T-4 եւ Մենաղ օդային ռազմակայաններուն մէջ` հոն տեղադրելով հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ հետախուզական ստորաբաժիններ: Անգարան կը ձգտի ապահովելու երկարաժամկէտ ռազմական դիրքեր եւ աջակցելու Սուրիոյ նոր կառավարութեան` զէնքեր եւ ռազմակայաններ հաստատելով:

Բայց եւ այնպէս, Իսրայէլը Թուրքիոյ գործողութիւնները կ՛ընդունի իբրեւ ուղիղ մարտահրաւէր իր անվտանգութեան շահերուն: Վերջերս իսրայէլեան օդային հարուածները, որոնք ուղղուած էին թրքական աջակցութիւն վայելող դիրքերու դէմ, սրեցին լարուածութիւնը, իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնները: Թուրքիան մտահոգուած է, որ Իսրայէլ կը փորձէ Սուրիան աւելի անկայուն դարձնել, ինչ որ կրնայ երկիրը բաժնել տարբեր ազդեցութեանց գօտիներու:

Ռուսիոյ դիրքը ուժի պայքարին մէջ

Ռուսիան, որ 2015 թուականէն ի վեր Սուրիոյ մէջ ռազմավարական ներկայութիւն կը պահէ, աջակցած էր Ասատի վարչակարգին եւ ապահոված` իր զինուորական կէտերը: Ասատի վարչակարգի անկումէն ետք Ռուսիան ձգտած է վերահսկողութիւնը պահել արեւմտեան Սուրիոյ վրայ` միաժամանակ բանակցելով Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ տարածքային բաժանումներուն շուրջ: Մոսկուայի շահերուն մաս կը կազմէ Թարթուսի մէջ նաւահանգիստներու հասանելիութիւնը պահպանելն ու Սուրիոյ ապագայ կառավարման վրայ ազդեցութիւն ունենալը:

Թէեւ Ռուսիան հիմնականօրէն խուսափած է ուղիղ բախումներէն` Իսրայէլի կամ Թուրքիոյ հետ, սակայն ան ներգրաւուած է դիւանագիտական քայլերու մէջ` լարուածութեան մեղմացման նպատակով: Տեղեկութիւններու համաձայն, Ռուսիան կը ձգտի հաստատել հակամարտութեան գիծ` իսրայէլեան եւ թրքական ուժերու միջեւ` կանխելով պատահական բախումները: Սակայն Մոսկուան զգուշաւոր դիրք կը պահէ Թուրքիոյ աճող ռազմական ներկայութեան նկատմամբ, որովհետեւ անիկա կրնայ թուլացնել Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ:

 

 

Նախորդը

Դպրեվանքի Գարունը

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս Առողջապահական Դասախօսութիւն

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?