Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի Գարունը

April 16, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՆԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Դարձեալ գարուն է: Գարնան առաջին զեփիւռին հետ քաղաքի բնակիչները լայն կը բանան իրենց տան պատուհաններն ու պատշգամներուն դռները եւ խորունկ օ՜ֆ մը քաշելով` կ՛ըսեն. «Վերջապէս գարունը հասաւ, Աստուծոյ լոյսը մտաւ մեր տունը ու ջերմացուց մեր տան պատերը»: Անոնք պտոյտներ կազմակերպելով` կ՛ուղղուին քաղաքին ամենամօտ բացատները, ինչպէս բանտարկեալ մը կը վազէ դէպի ազատութիւն: Անոնցմէ շատեր իրենց երեխաներուն ընկերակցութեամբ կ՛ուղղուին դէպի ծաղկած մարգագետինները` ծաղիկներ քաղելու կամ ըմբոշխնելու ճապուկ պարը խայտաբղէտ թիթեռնիկներու:

Իսկ գիւղացիները կը շտապեն իրենց պարտէզները, ուր անոնց բարի գալուստ կ՛աւետեն նշենիի նորաբաց ծաղիկները: Հոն անոնք մեծ ցնծութեամբ կը պատրաստուին համրելու բնութեան ու հողին բերած նուէրները, ապա կ՛աղաղակեն. «Գարո՛ւն հրաշալի, բերքերդ բարի»` աւելցնելով. «Սթափէ քունէդ ձմեռնային եւ թող ըլլայ գալուստդ բարի»: Կեանքով լեցուն բնութիւնը կ՛երգէ գարունը ու իր կանաչ տերեւները լայն բացած` կը դիմաւորէ տուն վերադարձող առաջին թռչունները, որոնք կը շտապեն հիւսելու իրենց տաքուկ բոյները:

Բայց տարբեր է դպրեվանքի գարունը:

Ինչպէս Աստուծոյ աչքին շատ մօտ, այնպէս ալ բնութեան սիրտը գրաւած դպրեվանքը ի՛նքն է, որ կ՛աւետէ գարնան ժամանումը: Գարնան առաջին ճառագայթները մտերմօրէն կը հանգչին դպրեվանեցիներուն ուսումնատենչ աչքերուն վրայ: Հոն, երբ ամբողջ աշխարհը կը քնանայ, անոնք իրենց մանր ու անմեղ ոտքերով կը շտապեն դէպի Ս. Աստուածամօր մատուռը` ժամագիրքը բռնած ամուր եւ Շնորհալիի բառերով փառք ու շնորհակալութիւն կը յայտնեն ի բարձրեալն Աստուծոյ. «Յարեւելից մինչ ի մուտս հիւսիսոյ եւ ի հարաւոյ. ամենայն ազգ եւ ազինք, յօրհնութիւն նոր օրհնեցէք զարարիչն արարածոց, որ ծագեայ զլոյս արեգակնն այսօր յաշխարհս». «Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ, դուք` բոլոր ազգեր ու ժողովուրդներ, նոր օրհներգութեամբ օրհնաբանեցէ՛ք արարածներու Արարիչը, որ արեւուն լոյսը ծագեցուց այսօր աշխարհի վրայ»:

Դպրեվանեցին, երբ իր լուսամուտէն դուրսը դիտէ, նոր կեանքի սկիզբը կը տեսնէ բոլորտիքը. վերածնունդի առաջին սերմերը պատած են շուրջը: Այսպէս ան կը վերյիշէ, որ ամէն իրիկուն ինչպէս ինք կը վստահի Աստուծոյ` հանդիպելու յաջորդ օրուան արեգակին, այնպէս ալ բնութիւնը ամէն ձմրան յաջորդող գարնան հետ կու գայ իր հոգիին մէջ ամրապնդելու Աստուծոյ խոստումը: Ինչպէս Քրիստոսի յարութիւնը կ՛ամրապնդէ ու կ՛առինքնէ մեր հաւատքը, նոյնպէս ալ դպրեվանքի գարունը յարութիւն կը պարգեւէ քնացող բնութեան` կրկին կեանքի բերելով յոյսը վաղուան, յոյսը ապրելու եւ գոյատեւելու որպէս հայ քրիստոնեաներ:

Այսպէս, օրուան ընթացքին ժամերգութիւններու շարքը կը շարունակուի, ինչպէս` ճաշու, երեկոյեան, խաղաղական ու հանգստեան: Խաղաղական ժամերգութեան ընթացքին դպրեվանեցին կ՛երգէ ու կ՛աղօթէ բոլորիս համար. «Շնորհէ՛ մեզի, Տէ՜ր, այս գիշեր` զերկնային խաղաղութիւն քո՜. եւ պահեա՜ զմեզ ի պատրանց թշնամւոյն` ամենայաղթ զօրութեամբ սուրբ խաչի քո՜ (խաղաղութիւն երկնային, եւ սուրբ խաչիդ ամենայաղթ զօրութեամբ` մեզ հեռու պահէ թշնամիին պատրանքներէն: Ո՜վ Տէր, զիս փրկող Աստուածը, օր ու գիշեր քեզի կ՛աղաղակեմ: Ընդունէ՛ իմ աղօթքս, Տէ՜ր, ականջ տուր հեծեծանքիս: Պահապան մը ղրկէ մեզի, Տէ՜ր, որ պահպանէ մեզ ամէն ժամ):

Այս շրջանին դպրեվանեցիներուն սրտի ցնծութիւնը կը բազմապատկուի, որովհետեւ գարնան աւետումը կը զուգադիպի Մեծ պահքի շրջանին, որ աւելիով կը մղէ բոլոր դպրեվանեցիները` ամենափոքրէն ամենամեծը, աղօթքով ու ծոմապահութեամբ ամփոփուելու ու խոկալու, մինչ անոնք կը պատրաստուին Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան` առաջին լոյսը աւետելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին: Անոնք խունկի բոյրը խառնելով գեղեցիկ ծաղիկներու բուրմունքին, իրենց աղօթքներն ու մաղթանքները գրկած, ինչպէս նաեւ` ժամագիրքը ձեռքերնին, Մեծ պահքի շրջանին կը միանան մեր ժողովուրդին: Ամէն ուրբաթ մեր թեմի եկեղեցիները այցելելով` այս աւետումը կը փոխանցեն իւրաքանչիւր հաւատացեալ քրիստոնեայի, որ անոնց կ՛ընկերանայ հսկումի արարողութիւններուն:

Դպրեվանքին սիրտը կը բաբախէ ոչ միայն դպրեվանեցիներով, այլ` բոլոր անոնցմով, որոնք կը հաւատան Քրիստոսի յարութեան, ինչպէս կը հաւատան բնութեան վերածնունդին, վերածնունդ Քրիստոսի սէրով լեցուն` ծառայելու եկեղեցիին ու ազգին:

Բարի՛ գարուն դպրեվանքէն:

 

 

Նախորդը

Գաղափարէ Մինչեւ Գործադրութիւն` Նոր Նախագիծներու Զօրակցութիւն

Յաջորդը

Սուրիոյ Շուրջ Ուժի Պայքարը` Իսրայէլ, Թուրքիա Եւ Ռուսիա

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.