Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Անցեալի Ոգիով Կառուցենք Նոր Ժամանակաշրջան

Ապրիլ 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՐԵՀ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Լիբանանի թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները կանխող ապրիլ 13-ին բոլորս յիշատակեցինք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակը, մանաւանդ` այն սերունդի տղոց, որոնք իրենց երիտասարդութիւնը անցուցին ճակատագրական եւ մղձաւանջային այդ տարիներուն: Անոնք շատ բան ունին յիշելու եւ հպարտութեամբ պատմելու, թէ ինչպէ՛ս ճակատագիրին հակառակ, մղձաւանջի մէջ, քաջաբար գործելով` կարողացան լիբանանահայ գաղութը պահել իբրեւ սփիւռքեան ամրոց:

Տասնհինգ տարիներ շարունակ իրերայաջորդ սերունդներ ամբողջ չեն կրնար մոռնալ եւ զիրար չկապել այդ ժամանակաշրջանի լիբանանահայ գաղութի պաշտպանութեան աշխատանքը եւ անոր զուգահեռ սկիզբ առած Հայ դատի զինեալ պայքարի անսակարկ նուիրուածութիւնը:

Այդ սերունդը ինքզինք դէմ յանդիման գտաւ այս զոյգ մարտահրաւէրներուն եւ շնորհիւ այն օրերուն գործող դաշնակցական հմուտ ղեկավարութեան, որ կարողացաւ միեւնոյն ժամանակ թիավարել տագնապին մէջէն եւ շարունակել պայքարը, մարտահրաւէրները լաւապէս օգտագործեց եւ սկիզբ դրաւ ազգային զարթօնքի մը, որուն սահմանները Լիբանանէն շատ հեռու` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանն էին:

Կարելի՞ է մոռնալ օր մը այո, օր մը ոչ, ժամը 12:00-3:00 եւ կամ 3:00-6:00-ի պահակութեան դրութիւնը եւ գիշերներու ուշ ժամերուն արծարծուող ազգային ազատագրական պայքարի նիւթերը: Շաբաթական դրութեամբ թաղային միջադէպերուն դէմ մեր տղոց դրսեւորած քաջութիւնը անմոռանալի էր, միայն թէ հայու արժանապատուութիւնը գետին չգար: Անմոռանալի էին ռումբերու որոտին եւ կամ արձակազէններու հրացանաձգութեան տակ թաղէ թաղ վազելու արկածախնդրութիւնները, որպէսզի հայ պատանին, տեսնելով հայ զինեալը, իր վախը փարատէ եւ իր պատկանելիութիւնը ամրագրէ:

Զէնքը կողքիդ կրելը սովորութիւն էր այդ օրերուն, ի վերջոյ, ի՞նչ գիտնաս, հայատեաց թշնամին ե՛րբ եւ ո՛ւր կը հարուածէ: Ու դեռ` շրջանէն դուրս ելլելու պարագային, խմբապետը տեղեակ պահելու պարտաւորութիւնը: Օրական դրութեամբ ակումբէն ներս ներկայ ըլլալու գիտակցութիւնը եւ ի հարկին` Նոր տարին հոն գիշերելը: Կը յիշէ՞ք, որ մեր ակումբները մայր դուռ չունէին. անոնց պէտքն անգամ չէր զգացուեր:

Ինչպէ՞ս մոռնալ ԼԵՄ-ի մասնաճիւղերու բազմանդամ ժողովները եւ հոն մատուցուող բարձր մակարդակի դասախօսութիւնները: Պատանեկան միութեան խեղճուկ սրահներու մէջ գումարուող տոհմիկ ժողովները: Թաղային դատական յանձնախումբերու հեւքոտ աշխատանքը: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անդամներուն եռանդը: Եւ այս բոլորին մէջ` Համազգայինի ծաւալած մշակութային աշխատանքը:

Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական վատ կացութեան մէջ հակառակ ուղղութեամբ կը գործէր լիբանանահայ գաղութը` միաժամանակ չներքաշուելով կռուին մէջ եւ զայն անուանելով եղբայրասպան պատերազմ: Կարողացանք յարգանք պարտադրել ներքին եւ արտաքին բոլոր կողմերուն, որոնք կռուի թէ քաղաքական մասնակցութիւն կը բերէին յիշեալ փուլին: Եւ կարողացանք պահել` իւրայատկութիւն, հայեցի դիմագիծ, մշակոյթ, դպրոց, եկեղեցի, կուռ շարքեր, ազատագրական պայքարին նուիրել երիտասարդութիւն եւ Պուրճ Համուտ: Սակայն ձախողեցանք գլուխները պահել դաշնակցական այն ղեկավարութեան, որոնք կերտիչը, շունչն ու ոգին էին այս բոլորին:

Տակաւին շատ բան ունինք յիշելու եւ սորվելու անցեալ դարու պատկանող այս ժամանակաշրջանէն: Շատ բան ունի սորվելու մանաւանդ նորահաս սերունդը, ոչ որովհետեւ պէտք է վերադառնայ այդ ժամանակաշրջանին, այլ պէտք է ոգին քաղէ ու այդ ոգին հիմք ծառայեցնէ` կառուցելու նոր ժամանակաշրջան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի այսօրուան` մայիսին կայանալիք թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն, այս ընտրութիւնները իրենց տեսքով բարեզարդման եւ բարենորոգման բնոյթ ունին, սակայն իրենց խորքով իւրաքանչիւր համայնք եւ կամ քաղաքական ուժ ինքզինք աւելիով հաստատելու միջոց է` ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Մեզի մօտ ու հեռու անցեալի փորձառութիւնը նաեւ այսպէս կը վկայէ: Ի՛նչ ալ ըլլան մեր բացթողումները, կամայ թէ ակամայ սխալները, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները, անոնք կը սրբագրուին: Չի սրբագրուիր այն, որ մենք հեռանանք մեր էութենէն ու անձնական նախասիրութիւններով պառակտենք գաղութի միասնականութիւնը եւ կորսնցնենք համայնքը վերահաստատելու առիթը: Չի սրբագրուիր հաւաքականութեան մէջ եսակեդրոն մտածողութեան գործած աւերը:

Վերոյիշեալ անցեալի յուշերը տակաւին շատ փոքր մասնիկն են այն հսկայական ու անվերջ զոհողութիւններուն, որոնք նուիրեցին այդ օրերու սերունդի տղաքը, երբեմն ալ` կեանքի գնով, յանուն արժանապատիւ ապագայի: Այդ ապագայի ժառանգորդներս իրաւունք չունինք մեր եսասիրութեան եւ կամ միամտութեան զոհը դարձնելու սփիւռքի սիրտ Լիբանանի մեր համայնքի հաւաքական շահերը:

Այս բոլորը պահելու ու պաշտպանելու դերակատարութիւնը վիճակուած է երիտասարդութեան: Եթէ դուք չխլէք ձեր իրաւունքները եւ չստանձնէք ձեր պարտաւորութիւնները, ապա պայքարը երէցներու հետ կը ծերանայ ու կը մահանայ: Ձեր հորիզոնները մի՛ սահմանափակէք ձեր «ես»-ով: Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք եւ ամբողջ աշխարհը այսօր կը խօսի մարդու ազատութեան մասին` առանց անդրադառնալու, թէ ո՞ւր են անոր սահմանները. կը խօսին երջանիկ ապրելու առաջնահերթութեան մասին` առանց մեկնաբանելու երջանկութիւնը:

Սիրելինե՛րս, ազատութիւն չի նշանակեր մարդկային բարոյական սկզբունքներու խախտում. երջանկութիւն չի նշանակեր անպատասխանատուութիւն: Դուք պարտաւոր էք ամուր կառչելու ձեր էութեան ու պատկանելիութեան եւ անոր վրայ կառուցելու հայ ընտանիքը, թէ սրբութիւն սրբոց է, երջանկութեան գագաթնակէտ, իսկ ազատութիւնը կանգ կ՛առնէ հոն, ուր կը սկսի այլոց ազատութիւնը: Մեր բոլորին արդար սպասումն է, որ դուք մայիսի ընտրութիւններուն ո՛չ թէ ըլլաք քուէարկող, այլ` քուէարկութեան առաջնորդող եւ թեկնածու: Եւ այս` ոչ միայն մայիսի ընտրութիւններուն, այլ առ հասարակ` բոլոր ժամանակներուն ու բոլոր աշխատանքներուն եւ ընտրութիւններուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Քրիստոս Յարեաւ

Յաջորդը

Նշմար. Ուղտին Ո՞ր Տեղը Շիտակ Է Որ…

RelatedPosts

Հաւատքի Մարդը  (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Հաւատքի Մարդը (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Շարունակուող Տերեւաթափ  (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)
Անդրադարձ

Շարունակուող Տերեւաթափ (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ
Անդրադարձ

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?