Երբ ՔՊ-ական իշխանութիւններու աղէտալի «նուաճումներուն» մասին խօսք ըլլայ, ընդհանրապէս լուսարձակի տակ կը բերուին` քաղաքական-դիւանագիտական, պաշտպանական, տնտեսական, արցախեան թղթածրարի եւ նման հրատապ հարցեր: Վերջերս այս «թղթածրար»-ին մէջ տեղի ունեցած է ուշագրաւ յաւելում մը` ազգային խումբին տրտմեցնող արդիւնքները: Անոնք, որոնք կը հետեւին մարզական կեանքին, կրնան վկայել, որ խորհրդային օրերու խումբին շուքն իսկ չէ մնացած, իսկ վերանկախացած Հայաստանի մէջ եթէ ատեն-ատեն որոշ փայլատակումներ կ՛արձանագրուին, անոնց կը հետեւին անկումներ եւ նահանջներ: Այս մարզախաղը հիմա կը նկատուի ՔՊ-ականներու ձախաւերութիւններուն մէկ հարազատ հայելին (բարեբախտաբար անհատական մարզաձեւեր չեն վարակուած այս ախտով, հայ ծանրաբարձներ, ըմբիշներ բարձր կը պահեն անցեալի համբաւաւոր մետալակիրներու բարձրացուցած դրօշը):
Ցաւցնող քննարկումներ տեղի կ՛ունենան այս տագնապին շուրջ, մարզասէրները գլխաւոր պատասխանատուն կը նկատեն ո՛չ թէ մարզիչն ու մարզիկները, այլ «ձուկին գլուխը»` ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանը (հաւանաբար անոր կողքին կան ՔՊ-անմաններ): Վերջինը, իրեն ուղղուած քննադատութիւններուն պատասխանելու համար, չորեքշաբթի, 9 ապրիլին մամլոյ ասուլիս մը հրաւիրեր է եւ, ըստ երեւանեան լրատուամիջոցներու, յանցանքին բեռները բաժնած է բոլորին ուսերուն` բացի իրմէ, եւ` աւետած. «Պիտի չհրաժարի՛մ»: Ճի՛շդ ու ճիշդ… փաշինեանական մանրանկար մը:
Մելիքբէկեան քանի մը տարի առաջ արձագանգած էր ՔՊ-ապետին այն յոխորտանքներուն, թէ Հայաստանի հաւաքականը շուտով մասնակից պիտի ըլլայ աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականներուն: Հիմա անոր խօսքերէն կարելի է հետեւցնել, որ ֆութպոլի նշաձո՛ղն ալ բաւական իջած է (արդեօք հո՞ն ալ թուրք-ազերիական պահանջներ կան…):
***
Ընթերցողս հաւանաբար կրնայ հարց տալ. «Հիմա Հայաստանի բոլոր տագնապները լուծման ճամբաներ գտած են, մնացինք ֆութպոլի՞ն»: Պատասխանը «պահուըտած» է առածի կարգ անցած ասացուածքի մը մէջ. «Ուղտին հարցուցեր են. վիզդ ինչո՞ւ ծուռ է, պատասխաներ է` ո՞ր տեղս շիտակ է որ…»:
Ճի՛շդ է, Հայաստանի գլխուն կախուած են ահաւոր վտանգներ, նորագոյնը` սահմանամերձ դարձած գիւղերու վրայ ազերիական կրակոցներուն` Սիւնիքէն դէպի Գեղարքունիք եւ այլուր «զբօսաշրջութիւնն» է (այս դերը ցարդ առաւելաբար վերապահուած էր եւրոպացի դէտերուն): Պաշտօնական Երեւանը դրօշի վերածած է «Մենք չենք կրակեր, ազերիական կողմը կը ստէ» յանկերգը, ժողովուրդը կը մխիթարէ, որ կրակոցները (ցարդ) մարդասպանական բնոյթ չունին, ինք վճռած է որեւէ ձեւով չպաշտպանել հայկական հողերը (չցանկագրենք սնամէջ պատճառաբանութիւններն ու ինքնարդարացման փորձերը): Իսկ եթէ հարց տաք, կրնան պատասխանել` «Ասկէ աւելի ի՞նչ կ՛ուզէք», առանց անդրադառնալու, որ ամէն օր իրենց անկարողութեան եւ անատակութեան փաստերու թղթածրարը կը հարստացնեն:
Սակայն կայ այլ խորք մը. Հայաստանի ֆութպոլը, ճատրակը, ուժային մարզանքները, ո՛չ միայն ըմբշամարտ եւ ծանրաբարձութիւն, այլեւ երկար ոստում, օղակներ, մինչեւ իսկ «համեստ» փինկ-փոնկը երկար ատեն եղած են հայ երիտասարդը ուրախացնող, Հայաստանի դրօշը ծածանող, մետալներու հասցնող հպարտանք: Ինչո՞ւ մոռնալ արուեստներու եւ գիտութեանց աշխարհները…
Եւ ինչպէս որ մարզախաղերն ու հոն ձեռք բերուած լաւ արդիւնքները չեն մնացած զուտ մարզական հայեցակէտի դաշտին մէջ (սա հայկական իւրայատկութիւն չէ, ամէն երկիր ու ժողովուրդ ազգային հպարտանքով կը դիմաւորեն ու կը տօնեն իրենց մարզիկներուն յաղթանակները, նուաճումները), հայն ալ մարզախաղերուն հետեւած է ճակատը բարձր պահելու կամքով ու ԱԶԳԱՅԻ՛Ն ՆՈՒԱՃՈՒՄի խանդավառութեամբ:
Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ ֆութպոլի հաւաքականի երկնակամարին վրայ, հարազատ մէկ տարբերակն է քաղաքական-ապահովութեան վիճակին: ՔՊ-ականներու հոգն իսկ չէ, թէ Արցախը կորսնցուցած ենք, Հայաստանէն մասնիկներ իրենց ձեռքով «նուէր» տուած են ազերիներուն (ՔՊ-ական մը նոյն օրը կը յոխորտար, որ եթէ Սիւնիք-Կապան ճամբէն չի կրնար երթեւեկել, կրնայ այդ ընել Տաթեւի ձորերը իջնել-ելլելով…): Եւ սա` «նոր Հայաստանիկ»-ը շուկայի մէջ իբրեւ աժան ապրանք ծախելու մտայնութեամբ, հոգեբանութեամբ: Պատմութենէն եկած ի՜նչ հպարտանք, իրաւունքներու պաշտպանութեան ճամբուն ձեռք բերուած ի՜նչ յաղթանակներ ու նուաճումներ, Ի՜ՆՉ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, Ի՜ՆՉ ԴԱՏ, Ի՜ՆՉ ԱՆՎԻՃԵԼԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ` ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: Հիմա տիրապետող յանկերգը հետեւեալն է. «Թուրքիա՛, Ազրպէյճա՛ն, դո՛ւք ըսէք` մենք ընենք…»: Իսկ եթէ հոն ազգային հպարտանք, իրաւունք եւ արժէքներ-ժառանգութիւն մատաղ կ՛երթան, որո՞ւ հոգը, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս կը պատահի ֆութպոլի մարզին մէջ:
… Եթէ ուղտին ի ծնէ ծուռ վիզը կարելի չէ շտկել, Հայաստանի մէջ շատ բան կարելի է շտկել ու վերականգնել: Ու պէտք ունի՞նք կրկնելու, որ ատիկա կ՛ըլլայ` հայրենապաշտպաններու ձեռքերուն միացումով, «շիտակցնող» ամբողջական ծրագիրի մը շուրջ բոլորուելով, վիզ ծռողներուն իշխանութենէ հեռացումով եւ Հայաստան-Արցախի ու ամբողջ հայութեան բոլոր իրաւունքներու ճամբուն վերաբացումով:
9 ապրիլ 2025