ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ
Մեր առաջնահերթութիւններու հիմնաքարը կը հանդիսանայ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ճիշդ ընկալումը, որ ինքնին կիսատ ու անբովանդակ կը դառնայ, եթէ սփիւռքը չդիտուի իբրեւ ռազմավարական լծակ ու գործակից: Ուստի անհրաժեշտ է ամրապնդել սփիւռքի ոչ ինքնանպատակ ռազմավարական նշանակութիւնն ու ներուժը եւ հրաժարիլ սփիւռքը իբրեւ կցորդ դիտարկելու ցարդ վնասակար ու անարդիւնաւէտ մօտեցումներէն:
Աշխարհի մէջ սփիւռքներու կազմութեան պատմութիւնը կարելի է բաժնել երկու մասի. հայրենազրկումի պատճառով յառաջացած սփիւռք եւ հայրենալքումի պատճառով յառաջացած սփիւռք: Հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստանի անկախացումէն ետք աւելցած է հայրենալքումի պատճառով գոյացած շերտ մը, բայց մեծ հաշուով, հայկական սփիւռքը յառաջացած է հայրենազրկումի, Ցեղասպանութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւման պատճառով: Այս փաստը անտեսելու հետեւանք է այն թիւր պնդումը, թէ չկայ համասփիւռքեան օրակարգ: Իր կազմաւորման օրերէն ի վեր սփիւռքը կրցած է ոչ միայն ձեւաւորել իր օրակարգը, այլ, անկախ հայրենիք չունենալու պայմաններու մէջ գտնուելուն, համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող կառոյցներով, նոյնիսկ ազդու եւ արդիւնաւէտ ձեւով հետապնդած է զայն: Ուրեմն սփիւռքը ե՛ւ օրակարգ ե՛ւ զինք ներկայացնող կառոյցներ ունի: Համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող բոլոր քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական, երիտասարդական, եկեղեցական եւ այլ կազմակերպութիւններն ու կառոյցները հայրենազրկումի պատճառով կազմաւորուած սփիւռքի ներկայացուցիչներն են: Այդ կառոյցները ժամանակի պահանջին համաձայն եւ յատուկ առաքելութիւն ստանձնելով հիմնուեցան, բարեփոխուեցան, ընդարձակուեցան ու գործեցին եւ դեռ կը շարունակեն գործել: Այս կամ այն գաղութին մէջ ծնունդ առած տեղական խմբաւորումները կրնան իրենց համայնքին մէջ որեւէ դեր ունենալ, բայց չեն կրնար դիտուիլ հայրենազրկումի պատճառով յառաջացած ամբողջական սփիւռքի մը օրակարգ թելադրող մասնիկ, կամ անկախ Հայաստանին մեծ նշանակութիւն ունեցող ներդրում կատարող միաւոր, եթէ սփիւռքը կ՛ընկալենք իբրեւ ռազմավարական լծակ:
Բնականաբար վերանկախացած պետութեան առկայութիւնը չէր կրնար ազդեցութիւն չունենալ սփիւռքեան օրակարգին վրայ: Բայց այդ ազդեցութիւնը միայն խթանիչ դերակատարութիւն կրնար ըլլալ, եթէ տարիներ շարունակ սփիւռքը չդիտուէր իբրեւ կցորդ, այլ դիտուէր իբրեւ փոխլրացնող ռազմավարական լծակ:
Ներկայ կացութեան մէջ, աւելի կամ նուազ չափով, դեր ունեցած են Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները, բայց նաեւ` սփիւռքը: Ռազմավարական իր նշանակութիւնը ընդգծելու համար սփիւռքը պէտք էր կարենար իր համասփիւռքեան օրակարգին վրայ աւելցնել Արցախի ազատագրումը եւ անկախ Հայաստանի հզօրացումը, իբրեւ մեկնակէտ եւ անցումային հանգրուան` դէպի հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման ու ամբողջական Հայաստանի ստեղծման գերնպատակին տանող ճանապարհ: Սփիւռքը նաեւ պէտք էր շարունակէր, ստեղծուած նոր կացութեան համահունչ ընթացքով մը, արդիականացնել իր կազմակերպական դրուածքը, գործելակերպը եւ տեսլականի այժմէական ձեւակերպումն ու Հայաստանի անկախացումը չդիտէր իբրեւ մեր պահանջատիրութեան վերջնարդիւնք:
Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար անհրաժեշտ նշանակութիւն ունի սփիւռքի ոչ ինքնանպատակ ռազմավարական նշանակութեան եւ ներուժի ամրապնդման խնդիրը: Ռազմավարական այս գերխնդիրը մարտավարական ու գործնական ծրագրի վերածելու հարցը ծաւալուն քննարկումի ու վերլուծումի կը կարօտի, որովհետեւ անցած տարիներու կարճատես մօտեցումները բազմազան կարծիքներու ու մօտեցումներու առիթ տուած են: Պէտք չէ խուսափիլ կամ զգուշանալ այս հարցին շուրջ համարձակ ու ոչ աւանդական տեսակէտներ արտայայտելէ, եթէ կ՛ուզենք ի վերջոյ հասնիլ Հայաստանին լծակից ռազմավարական ներուժ ունեցող, վերաքաղաքականացած ու վերաձեւաւորուած սփիւռքի մը կազմութեան: Միաժամանակ առողջ ու արդիւնաւէտ քննարկման համար հեռու պէտք է մնալ սեփական տեսակէտը իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւն ընդունելու յաւակնութենէն: Իրենց կարգին, եւ եթէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները այս գծով անյոյս են, ապա Հայաստանի յառաջիկայ իշխանութիւնները պարտաւոր են սփիւռքը ընկալել ոչ թէ իրենց իշխանական նեղ քաղաքական հաշուարկներու կցորդ, այլ` Հայաստան-Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութեան ռազմավարական լծակ, իբրեւ համազգային գերխնդիրներու ճամբուն վրայ զիրար լրացնող ռազմավարական գործակից: