Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրապետական Պատգամ. Սրբոյ Յարութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Ապրիլ 18, 2025
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

Ողջոյն եւ աստուածաւանդ օրհնութիւն`
Պատուական Եղբարց Մերոց`
Արհի. արհի. արքեպիսկոպոսաց, եպիսկոպոսաց,
գերպծ., գերյ. ու գերպտ. վարդապետաց եւ արժնպտ. քահանայից,
Բարեշնորհ սարկաւագաց, Առաքինազարդ մայրապետաց  եւ հաւատացեալ ժողովրդեանս

Պատուական եղբարք եւ սիրեցեալ որդեակք ի Քրիստոս,
«Ինչո՞ւ համար կը փնտռէք Կենդանին մեռեալներուն մէջ:
Հոս չէ, Ան յարեաւ» (Ղկ. 24,5-6):

Մարդկային մտքին համար անհասանելի, ժամանակէն ու միջոցէն դուրս, բայց քրիստոնէական հաւատքին գագաթնակէտը եւ կեդրոնական ճշմարտութիւնն է, որ Յիսուս Քրիստոս յարեաւ մեռելներէն, իր մահով յաղթեց մահուան եւ իր յարութեամբ կեանք տուաւ մեռելներուն:

Ահաւասիկ անցան Մեծ պահքի քառասուն օրերը, երբ բոլորս մեր կամքի ուժի չափով կատարեցինք դարձի ճամբուն վրայ մեր քայլերը դէպի Աստուած: Անմիջապէս յաջորդող միաշաբաթեայ պահքի օրերը, որոնք հայոց մէջ Աւագ շաբաթ կը կոչուին, ապրեցանք ու վկայեցինք Քրիստոսի տնօրինական արարքներուն, զորս Ան կատարեց ամբողջացնելու համար մեր թերացած քայլերը` ի սէր եւ ի գին մեր փրկութեան:

Արդարեւ, Տէրը` Ի՛նքը նախապէս յայտնեց, իր Մարդու Որդին` Յիսուս Քրիստոս պարտի չարչարուիլ, մեռնիլ եւ ապա յառնել: Զատկական իրադարձութիւններուն շրջագիծէն ներս, պատմութենէն գերիվեր կը մնայ, մեր հաւատքին խորախորհուրդ կեդրոնի իր հանգամանքով, աստուածային «ի սպառ սէրը» (Յվհ. 13,1), որ մղեց ի յաւիտենից Տէր Աստուածը խոնարհիլ ու մարդեղանալ: Եւ առնելով ծառայի կերպարանքը` Օծեալն ենթարկուեցաւ հարուածներուն, բայց գիտցաւ համբերել ցաւերուն, եւ Ան դատապարտուեցաւ մեր մեղքերուն համար, ու մենք բուժուեցանք անոր վէրքերով (Ես. 53,3-6):

Յարութեան զատկական առաւօտը սկիզբն եղաւ համայն մարդկութեան համար նոր ժամանակաշրջանի կառուցումին, քանի անոր մէջ կրկնակի երեւոյթ մը առկայ է: Իր մահով Յիսուս կ՛ազատագրէ մեզ մեղքի գերութենէն, իսկ իր յարութեամբ մեր առջեւ կը բանայ մուտքը նոր կեանքին` աստուածտեսութեան:

Այսօր  մեր հաւատքը փորձութեան կ՛ենթարկուի` մեր աշխարհն ալեկոծող բարձրագոչ անարդարութենէն, հեշտասէր կեանքին մեծաշուք, բայց սին խոստումներէն եւ մեր հոգին ու միտքը խռովեցնող իրարու հանդէպ սիրոյ պակասէն:

Աստուածային Վարդապետին չարչարանքին ու խաչին վրայ Անոր մահուան դիմաց` առաքեալներուն հաւատքն ալ արմատական փորձութեան ենթարկուեցաւ եւ նոյնիսկ անմիջապէս չհաւատացին Տիրոջ Յարութեան լուրին ու գերեզմանէն վերադարձած սուրբ կիներուն  «խօսքերը զառանցանք թուեցան աշակերտներուն» (Ղկ. 24,11): Իր եղբայրներուն հաւատքն ամրապնդելու կոչուած Պետրոս առաքելապետը հաւատաց Յարուցեալին, եւ անոր վկայութեան վրայ հիմնուելով է, որ առաջին քրիստոսական  խմբակն աղաղակեց. «Արդարեւ, Տէրը յարութիւն առաւ եւ երեւեցաւ Սիմոնին» (Ղկ. 24,34):

Այս տարի, Ս. Պետրոսի յաջորդը` Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը մեզ կը գօտեպնդէ ու կը հրաւիրէ ապրելու «Յոյսի» յոբելենական տարին, որպէսզի աստուածային շնորհքին ներգործութեամբ մեր հաւատքը վերստին ծնունդ առնէ Տիրոջ հրաշափառ յարութեան հանդէպ եւ զօրանայ գործունեայ արարքներով:

Մեր յատուկ վերյիշեցումն է ձեզի, թէ յարուցեալ Քրիստոս Սկիզբը եւ Աղբիւրն է մեր ապագայ յարութեան. «Քրիստոս յարեաւ մեռելներէն, Անդրանիկը ննջեցեալներուն: Ինչպէս բոլորը կը մեռնին Ադամով,  նոյնպէս բոլորը պիտի վերակենդանան Քրիստոսով» (1Կոր. 15,20-22):  Յաւիտենականութեան համար պայքարի մեր ճամբուն վրայ յիշե՛նք, որ այսօր աշխարհին վրայ յարուցեալ Քրիստոս կ՛ապրի իր հաւատացեալներու սրտին մէջ:

«Յիսուս Քրիստոս, որ մեռաւ եւ յարեաւ, Աստուծոյ աջ կողմն է, Միջնորդն է մեզի համար» (Հռմ. 8,34), բազմապատիկ կերպով ներկայ է իր Եկեղեցիին մէջ, իր Եկեղեցիին աղօթքին մէջ (Մտթ. 18,20), աղքատներու, մերկերու, հիւանդներու, գաղթականներու եւ բանտարկեալներու մէջ (Մտթ. 25,31-46), իր կողմէն հաստատուած ս. խորհուրդներուն մէջ, բայց ամէն բանէ առաջ ու վեր` Ան ներկայ է ամենասուրբ հաղորդութեան մէջ:

Մեր Տիրոջ ու Փրկչին հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով կը շնորհաւորենք բոլորդ. եւ մինչ ձեզի կը մաղթենք Յարուցեալին օրհնութիւնն ու խաղաղութիւնը, հայրաբար կը յորդորենք ձեզ, որ զատկական ժամանակաշրջանին ընթացքին մասնակցիք ս. պատարագին, ճաշակէք զօրութիւնն Անոր  եւ մնաք հաւատարիմ քրիստոնէական արժէքներուն:

Մեր հայրապետական մաղթանքէն եւ օրհնութենէն անմասն չենք կրնար թողուլ մեր յոյժ սիրելի Լիբանանը, Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը` վստահեցնելով Մեր օրնիբուն աղօթքը` իբրեւ գրաւականն անդորր ներկային եւ պայծառ ապագային:

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:

Տուեալ ի Պատրիարքական յԱթոռոյն, որ ի Զմմառ, Լիբանան, յամի Տեառն 2025, ի քսաներորդ աւուր ամսեանն ապրիլի,  ի տօնի «Յարութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի», եւ ի չորրորդ ամի հայրապետութեան Մերոյ:

 

 

 

Նախորդը

Յարութեան Ընձեռած Յեղաշրջումը

Յաջորդը

«Մի՛ Վախնար, Միայն Հաւատա՛» (Մարկոս 5:36)

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?