Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ես Աշխարհին Յաղթեցի»

Ապրիլ 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Իւրաքանչիւր ճամբորդութեան ընթացքին, երբ կը հանդիպիմ նոր պատահարներու եւ դրուագներու, անոնք անպայման մտածել կու տան ապրած թէ ապրող իրավիճակներու մասին: Այդ պատահարները տուեալ  երկրին դրուածքին մէջ ըսելիք կ՛ունենան: Այդ իրավիճակները կրնան ըլլալ պատմութեան մէջ պատահարներ, դէմքեր կամ դէպքեր: Իւրաքանչիւրը մտածել կու տայ ինծի այդ պատահարներուն առնչուածութիւնը կեանքի հետ` անձնական թէ հաւաքական, որոնք կը խթանեն զիս մտածելու եւ սորվելու:

Մարտ 2025, Սքոփիէ, Հիւսիսային Մակեդոնիա:

Ասիկա իմ առաջին այցելութիւնս է: Հիւսիսային Մակեդոնիան մաս կը կազմէր նախկին Եուկոսլաւիոյ վարչակարգին, երբ 1991 թուականին Խորհրդային Միութեան փլուզումով արեւելաեւրոպական երկիրներն ալ նոյնպէս անջատուեցան համայնավար կարգ ու սարքէն, ներառեալ` Եուկոսլաւիան: Հիւսիսային Մակեդոնիան ալ դարձաւ անկախ միաւոր, երբ Եուկոսլաւիոյ վարչակարգը տարանջատուեցաւ:

Հիւսիսային Մակեդոնիոյ անկախացումը դիւրին չեղաւ: 1991-էն ետք ան պէտք ունէր իր «մեծ եղբօր»` Յունաստանին հետ համաձայնելու այն մասին, թէ ի՞նչ անուան տակ պէտք էր ըլլար իր անկախ պետականութիւնը, որպէսզի խոչընդոտ չստեղծուէր երկու մակեդոնական երկիրներու քաղաքակրթութիւններու ու քաղաքական ինքնութիւններու հաշուարկներուն հետ: Հիւսիսային Մակեդոնիա անուանումը եղաւ բարւոք լուծումը:

Մայրաքաղաք Սքոփիէի կեդրոնական հրապարակին վրայ կանգնած` սկսայ դիտել Մեծն Աղեքսանդրի արձանը` հզօր զինուորականը իր հզօր նժոյգով եւ սուրով: Մտածումներս զիս տարին իմ նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարանի պատմութեան դասապահերն, թէ ինչպէ՛ս սորվեցանք անոր զինուորական արկածախնդրութիւններուն ու ռազմական հմտութիւններուն մասին, երբ ան դարձաւ աշխարհակալ: Հազիւ 20 տարեկան` ան ստանձնեց Մակեդոնիոյ թագաւորութիւնը: Ան իր փառասէր ու ռազմատենչ մտասեւեռումով տիրապետեց շատ մը երկիրներու եւ դարձաւ անպարտելի: Աղեքսանդրի բանակները հասան մինչեւ կեդրոնական, արեւմտեան եւ հիւսիսային Ասիա եւ հիւսիսարեւմտեան Հնդկաստան ու տակաւին Եգիպտոս: Անոր զինուորական տիրապետութիւնը պիտի հասնէր մինչեւ Արաբիա, եթէ չըլլար իր կանխահաս մահը 33 տարեկանին: Անկախ իր զինուորական եւ ռազմական հմտութիւններէն եւ կարողութենէն` ան ճանչցուեցաւ իբրեւ անգութ, միահեծան եւ փառասէր թագաւոր մը, որ ինքզինք կը նկատէր «աստուած»:

Աղեքսանդր յաղթեց աշխարհին: Բայց արդեօք յաղթե՞ց: Աղեքսանդր, որ ինքզինք գերազանցեց իբրեւ աստուած` մահացաւ: Մահացաւ, քանի որ մարդ էր: Աղեքսանդր պահանջած էր, որ երբ իր դագաղը տանին դէպի գերեզման, ճամբուն երկայնքին զետեղէին այն բոլոր հարստութիւնները, որոնց ան ձգտած ու ձեռք բերած էր իր կեանքին ընթացքին: Ու տակաւին ան ուզած էր, որ իր ձեռքերը դագաղէն դուրս մնային: Աղեքսանդրի դիզած բոլոր հարստութիւնը մնացին ճամբու երկայնքին եւ իր ձեռքերը` թէկուզ դագաղէն դուրս, այլեւս անզօր էին ու անկարող:

Պատմութեան հոլովոյթները եւ անոնց արձանագրութիւնները նաեւ դիպուկ են: Աղեքսանդրի մահէն ետք ներքին քաղաքացիական պատերազմներ սկսան Մակեդոնիոյ կայսրութեան մէջ` առաջնորդելով անոր կործանման:

Մեծն Աղեքսանդր յաղթե՞ց աշխարհին: Յաղթե՞ց, թէ՞ չկերտեց աշխարհը: Իր թագաւորական, զինուորական ու մարդկային ուժը հիմք չէին ու չեղան, որ իր «յաղթած աշխարհը» վերածէր նորի` Նոր աշխարհի: Իր մահէն ետք կործանեցան այն բոլորը, որ ինք յաղթած կը նկատէր:

Բայց Քրիստոս յաղթեց աշխարհին, քանի որ կերտեց եւ շինեց նոր աշխարհը` իր մահէն ետք: Քրիստոս աշխարհ չեկաւ իբրեւ զինուորական, ոչ ալ` իբրեւ կայսր:  Ան աշխարհ եկաւ մարդանալով, որպէսզի աշխարհի մարդը փնտռէ, գտնէ եւ փրկէ: Այս գործընթացը` ոչ թէ ռազմական ուժի մարտավարութեան ճամբով, այլ` իր սիրոյն շնորհին միջոցով: Ան այս բոլորը իրականացուց` ապրելով աշխարհին մէջ եւ անոր զրկանքներուն, դժուարութիւններուն, փորձառութիւններուն եւ մեղքերուն հետ: Ան աշխարհի տուեալներէն վեր էր ու մնաց այդպէս: Վեր մնալու համար ան քննադատեց աշխարհի կարգն ու սարքը: Քրիստոսի քննադատութիւնը աննպատակ չէր, այլ` նպատակասլաց: Քրիստոս ձգտեցաւ  բարին ներկայացնել եւ ստեղծել: Այս բարին ստեղծելը զինք առաջնորդեց մինչեւ անարգանք, խաչելութիւն եւ մահ: Քրիստոսի մահը ֆիզիքական մահուան հասկացողութենէ անդին էր: Ան յաղթեց մահուան եւ ապրեցաւ ու ապրեցուց: Այս իմաստով Քրիստոսի յարութիւնը` երեք օրեր իր խաչելութիւն-մահէն ետք, զօրեղ վկայութիւնն է անոր ապրող ըլլալու իրականութեան:

Քրիստոս իր յարութեամբ յեղաշրջեց աշխարհի կարգն ու սարքը: Այս ընելով` Քրիստոս խափանեց սատանային, իմա` մեղքին, հնարքները: Ան իր յարութեամբ հաշտեցուց մարդը Աստուծոյ հետ, որ հեռացած էր իրմէ Ադամի առաջին մեղքէն ետք: Այս հաշտեցնելու գործընթացը, իմա` ստեղծել-վերստեղծել նոր մարդը, Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքի իրականութեան արգասիքն է:

Քրիստոս իր մահէն ետք շինեց ու կերտեց նոր կեանքը, որ մարդուն տուաւ` հանգստութիւն, քաջութիւն եւ զգաստութիւն: Զգաստութիւնը, որպէսզի մարդն ալ այս նոր կեանքի միջոցով դէմ կենայ աշխարհի մեղքին եւ նորը շինէ: Նորը շինելով է, որ կը յաղթես աշխարհին, իմա` մեղքին:

Քրիստոս յաղթեց աշխարհին, որովհետեւ ան շինեց նորը:

Մեծն Աղեքսանդր յաղթե՞ց աշխարհին, թերեւս, բայց նորը չկրցաւ շինել: Իր յաղթանակը Իր մահէն ետք վերջացաւ: Քրիստոս յաղթեց աշխարհին եւ նորը շինեց: Իր յաղթանակը Իր մահէն ետք կերտեց, շինեց ու տակաւին կը շարունակէ կերտել նորը:

Աղեքսանդրի յաղթանակը ուժ էր, որ մարդուն կողմէ ստեղծուած էր: Այս ուժը չդիմացաւ: Քրիստոսի յաղթանակը շնորհ է` Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած, որ կը շարունակուի տակաւին:

Մեծն Աղեքսանդրի արձանին նայելով` շարունակեցի դիտել աշխարհը իր ներկայ վիճակին մէջէն: Պատմութիւնը որքա՜ն ինքզինք կը կրկնէ: Աշխարհ տակաւին կը շարունակէ յենիլ իր մարդկային ուժին վրայ: Աշխարհը այսօր կը շարունակէ իր խօլ արշաւը` յաղթելու եւ կլանելու աշխարհը, իմա` ինքզինքը, իր ստեղծած մարդկային ուժովը:

Արդի՞ւնքը:

Մեր մարդկային կեանքերը կը շարունակեն գլորիլ պատերազմներու, նախճիրներու, տեղահանութիւններու, անիրաւութիւններու ու շատ աւելիին մէջ: Բայց այդ ե՞րբ է, որ աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը պիտի ըլլայ ապրելու: Բայց պիտի ըլլա՞յ արդեօք:

Այո՛, կրնայ ըլլալ: Եթէ իւրաքանչիւրս եւ բոլորս յենինք Աստուծոյ ստեղծած շնորհի ուժին վրայ, երբ ան նորը շինեց իր մահովը եւ յարութեամբ: Նորը, որ բարին է, եւ որ` կը ստեղծէ նոր բարիները:

Քրիստոս աշխարհին յաղթեց:

Ան յաղթեց, որովհետեւ ՆՈՐ կեանքը շինեց:

Այս ՆՈՐը բոլորին համար է:

Այս ՆՈՐ կեանքը ամուր է, քանի Քրիստոս ստեղծեց զայն` խաչին վրայ իր մահուամբ եւ յարութեամբ:

Այս այն յարութիւնն է, որ օրհնեալ է:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:

Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի:

 

 

Նախորդը

Զատիկի Գաթան

Յաջորդը

Մեր Առաջնահերթութիւնները. Սփիւռքը Պէտք Է Ընկալել Իբրեւ Ռազմավարական Լծակ

RelatedPosts

Հաւատքի Մարդը  (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Հաւատքի Մարդը (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Շարունակուող Տերեւաթափ  (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)
Անդրադարձ

Շարունակուող Տերեւաթափ (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ
Անդրադարձ

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?