Հարցազրոյցը վարեց
ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կաթողիկէ հայոց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ.ծ.վ. Զահթէրեանի, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի խումբերուն, երեքշաբթի, 22 ապրիլին երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Նեմեսիս» գեղարուեստական ներկայացումը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին:
Այս նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի Գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Մակինեանի եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական պատասխանատու Սամիկ Կարապետեանի հետ:
Անդրադառնալով նախորդ տարուան Համազգայինի կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած միացեալ նախաձեռնութեան` Կարէն Մակինեան դիտել տուաւ, որ այդ ելոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին գեղարուեստի բոլոր դպրոցները եւ բաւական դրական արդիւնք ձեռք բերած էր: Անկէ մեկնելով` այս տարի եւս մտայղացումը յառաջացաւ նման ձեռնարկի մը կազմակերպման եւ որոշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով ներկայացման մը ձեռնարկել եւ «Նեմեսիս»-ը բեմականացնել, անոր միտքը փոխանցել ժողովուրդին, սակայն` պարի լեզուով: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի բեմականացուի պարային ներկայացում մը, աւելցնելով, որ կարգ մը տեսարաններ պիտի արտայայտուին երգով ու թատրոնով:
Սամիկ Կարապետեան ըսաւ, որ սոյն նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Գեղարուեստի դպրոցներէն աւելի քան 160 աշակերտներ, աւելցնելով, որ ելոյթ պիտի ունենան` Համազգայինի «Քնար» եւ «Գայեանէ» պարախումբերը, պալէի դպրոցը, «Գուսան» երգչախումբը, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը: Խօսք պիտի առնէ նաեւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան:
Կարէն Մակինեան յայտնեց, որ ներկայացման թեման «Նեմեսիս»-ն է, եւ ցաւ յայտնեց, որ ամէն մարդ չի գիտեր անոր նշանակութիւնը, եւ, առ այդ, որոշած են զայն ներկայացնել հանրութեան, որպէսզի չմոռցուի: Ան ըսաւ, որ ներկայիս այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ կ՛ապրինք, որ ժողովուրդը կը քաջալերէ թրքական արտադրութիւնները, հետեւաբար այս ներկայացումով թերեւս կը հասկնան, որ սխալի մէջ են: Մակինեան ըսաւ, որ իւրաքանչիւրը իր ձեւով պիտի փորձէ դէմ դնել անմոռացութեան, վաճառականը` առեւտուրով, մենք` մշակոյթով, կը փորձենք չմոռնալ, յիշել եւ պահանջատէր ըլլալ, աւելցնելով, որ մենք մեր արուեստի միջոցով կը փորձենք մեր կարելին ընել, եւ իւրաքանչիւր անձ իր բնագաւառին մէջ եթէ ներդրում ունենայ այս հարցին մէջ, բոլորս կը հասնինք մեր նպատակին: Ան ըսաւ, որ նոր սերունդը պէտք է գիտնայ անցեալը, թէ ինչո՛ւ ինք Լիբանանի մէջ կ՛ապրի եւ ոչ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ շատեր չեն գիտեր իրականութիւնը եւ դէպքերը:
Անդրադառնալով ձեռնարկի խորագիրին` «Նեմեսիս»-ին, Սամիկ Կարապետեան ըսաւ, որ «Նեմեսիս»-ը, ինչպէս ծանօթ է, յոյներու վրիժառու չաստուածուհիին անունն է, շեշտելով, որ «Նեմեսիս»-ը մեր վերջին ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն գործողութիւններէն մէկն է: Ան ըսաւ, որ իրենց հիմնական նպատակը յիշեցնելու կոչն է մանաւանդ երիտասարդ սերունդին, թէ մենք ինչո՛ւ հոս ենք, ի՛նչ կը պահանջենք, եւ պէտք է անցնինք գործի:
Ակնարկելով հանդիսատեսի տարիքային բաժանումներուն` Կարէն Մակինեան ըսաւ, որ տարիքի սահմանափակում չկայ, որովհետեւ ելոյթին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հինգ տարեկանէն մինչեւ ութսուն տարեկան անձեր, աւելցնելով, որ ներկայացման մէջ բաժին մը կայ, ուր երկխօսութիւն կայ հինգ տարեկան մանուկի մը եւ տարեցի մը միջեւ: Ներկայացումը հասանելի է բոլորին: Մակինեան նկատել տուաւ, որ սոյն ներկայացումը պատրաստուած է յատուկ լիբանանահայութեան համար, այլապէս տարբեր ձեւով կը ներկայացուէր, եթէ այլ երկրի մէջ ըլլար: Այդ պատճառով միայն պարային չէ, այլ` երգով ու թատրոնով, որպէսզի հասկնալի ըլլայ բոլորին: Այս առումով, Սամիկ Կարապետեան ըսաւ, որ շուրջ հազար հոգինոց սրահին մէջ գտնուող հանդիսատեսները վստահաբար փշաքաղուած պիտի մեկնին սրահէն, որովհետեւ պարը, թատրոնը եւ երգը միախառն այնպիսի ազդեցութիւն պիտի ունենան հանդիսատեսին վրայ, որ ամբողջովին փոխուած դուրս պիտի գայ սրահէն:
Անդրադառնալով կազմակերպչական աշխատանքներուն` Մակինեան եւ Կարապետեան ըսին, որ որոշումը կայացաւ յունուար ամսուն, որ բաւական ուշ էր նման մեծ նախաձեռնութեան մը համար, սակայն իրենք փորձեցին իրենց կարելին ընել: Մակինեան դիտել տուաւ, որ «Քնար» պարախումբի փորձերը կը կայանան շաբաթական դրութեամբ երկու անգամ, իսկ յունուարէն ի վեր անոնք անխտիր շաբաթը հինգ անգամ փորձի կու գան` զոհելով իրենց աշխատանքը, ընտանիքը: Այս առումով, Կարապետեան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր խմբակի հետ աշխատած են առանձին առանձին եւ փորձերու վերջին հանգրուանը արդէն անցած են եւ պիտի սկսին ամբողջական փորձերուն` 160 հոգի միասին մեծ բեմին վրայ:
Եզրափակելով իր խօսքը` Կարէն Մակինեան կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակներն ալ բերելու ելոյթին, նոյնիսկ` պարտադիր բերելու, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին հասկնան, թէ մենք ուրկէ՛ եկած ենք, ինչո՛ւ համար հոս ենք: Ան ըսաւ, որ ամէնէն կարեւորը այն է, որ պէտք չէ մոռնանք, եւ իւրաքանչիւրս պէտք է ներդրում ունենանք եւ օգտակար դառնանք այս հարցին մէջ:
Սամիկ Կարապետեան ըսաւ, որ ձեռնարկը կը վայելէ երեք համայնքապետներուն հովանաւորութիւնը, եւ ասիկա կոչ մըն է միութիւններուն եւ համայնքներուն, որպէսզի իբրեւ մէկ մարմին աշխատինք մեր նպատակին համար:
Յայտնենք, որ սոյն գեղարուեստական ներկայացման մտայղացումը եւ բեմականացումը կը պատկանի Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններուն, «Գուսան»-ի խմբավարն է մայեսթրօ Գրիգոր Ալլոզեան, իսկ բեմավարը` Սուրէն Խտըշեան: