«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը հովանաւորէ տարեկան մօտաւորապէս 100 զանազան չափի նախագիծներ շուրջ քսան երկիրներէ: Առաւել` հարիւրաւոր կրթանպաստներ կը շնորհէ համալսարաններու ուսանողներու եւ հետազօտողներու:
Նախագիծներ կ՛ընդունուին իրերայաջորդ փուլերով եւ կը գնահատուին տարին երեք անգամ: Յունուարին գնահատուեցան 125 նախագիծներ, որոնցմէ 32-ը ընտրուեցան նպաստատուութեան համար:
Վաւերացուած նախագիծներէն ոմանք շարունակութիւնն էին առկայ նախաձեռնութիւններու, ինչպէս` Զարմանազան, Երդիք, Ուս Հարթակ, եւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի ՔարՏես հեռախօսային յաւելուածը: Այլ նախագիծներ նոր նախաձեռնութիւններ էին առկայ գործընկերներու հետ, օրինակ` Vlume-ի ընդարձակումը մանուկ-պատանի ընթերցողներու համար նախատեսուած հայալեզու 84 նոր հրատարակութիւններով, որոնք աւելցան չափահաս ընթերցողներու համար պատրաստուած լսողական եւ ելեկտրոնային գիրքերուն կողքին: Ասիկա նոր ուղղութիւն մը կը բերէ մանկական դաստիարակչական նիւթերու պատրաստութեան մէջ բաժանմունքին ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ` գիրքերու թարգմանութեան իր սեփական Զարդիս մատենաշարին:
Խրախուսիչ որոշ նոր նախաձեռնութիւններ, որոնց բաժանմունքը համաձայնած է զօրակցիլ, կը ներառեն կրտսեր գիտաշխատողներու հետազօտական խումբի մը ստեղծումը Լայփցիկ համալսարանին Արեւելեան Եւրոպայի պատմութեան եւ մշակոյթի լայպնից հիմնարկին (GWZO) մէջ: Հիմնարկութիւնը դոկտորականի երկու կրթանպաստ պիտի շնորհէ GWZO-ի մէջ հայկական ժամանակակից նիւթերու հետազօտութեան: Երկու այլ կրթանպաստներ պիտի շնորհուին նոյնինքն հիմնարկին կամ արտաքին աղբիւրներու կողմէ: Կը նախատեսուի, որ այս հիմնարկը դառնայ հայագիտական հետազօտութեան առաջատար կեդրոնը Գերմանիոյ մէջ: Նաեւ եռամեայ ժամկէտով կը հովանաւորենք ԻՆԱԼՔՕ-ի հայագիտական մագիստրոսի աստիճանի միջազգային ծրագիրը` հետազօտութեան եւ դասաւանդումի իր կարողութիւնները լրացնելով միամսեայ այցելու աւագ գիտաշխատողի հետ:
Հայաստանի մէջ ԹՈՒՄՕ-ի հետ գործակցութիւնը պիտի երաշխաւորէ Վենետիկի ճարտարապետական 19-րդ միջազգային պիեննալէին հայկական տաղաւարին կազմակերպումը: «Մանրաճարտարապետութիւն` արհեստական բանականութեան միջոցով ստեղծելով նոր յիշողութիւններ հնադարեան կոթողներով» վերնագիրը կրող նախագիծը պիտի պեղէ արհեստական բանականութեան զարգացող դերը մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մէջ եւ իբրեւ նոր արտայայտչաձեւերու ուղի: Դարձեալ Հայաստանի մէջ Հանրային քաղաքականութեան ինստիտուտի տրամադրուած նպաստ մը պիտի զօրակցի «Գիրք եւ միտք» ծրագիրին` պատրաստելու 36 փոտքասթ-տեսանիւթերու շարք մը` վերջին քանի մը տարիներուն հայերէնի թարգմանուած նշանակալից գիրքերու վերաբերեալ: Շարքին նպատակն է քննական մտածողութիւնը խթանել այս գիրքերուն եւ ընկերաքաղաքական ու մշակութային միտքին վրայ անոնց ներգործութեան առնչուող քննարկումներով: Վերջապէս, զօրակցութիւնը` «Հայ Հալէպ» նախաձեռնութեան, Հալէպի հայ համայնքին վերաբերող բանաւոր պատմութեան այս ծրագիրը պիտի ստեղծէ համապարփակ կայքէջ մը, ուր պիտի տեղադրուին տեսագրուած հարցազրոյցներ, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր` ներկայիս լուրջ վտանգի ենթակայ համայնքին մասին:
Թէեւ բաժանմունքը մեծ մասամբ կը գործէ Փորթուգալէն դուրս, սակայն պատեհ առիթներով կը զօրակցի Փորթուգալի մէջ հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող նախաձեռնութիւններու: Անիկա հովանաւորեց Սերգէյ Փարաջանովի ժապաւէններու շարքը Cinemateca Portuguesa-ի մէջ, ուր Փարաջանովի բոլոր ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին փորթուգալցի հանրութեան: Հիմնարկութիւնը նաեւ կը զօրակցի «Սասունցի Դաւիթ» հայկական ժողովրդական դիւցազնավէպին փորթուգալերէնի թարգմանութեան` տեղացի երիտասարդ ակադեմականի մը կողմէ որ հայ լեզուի խոր գիտութիւն ձեռք բերած է Լիզպոնի Նովա համալսարանին Լեզուներու հիմնարկին (IL-Nova) մէջ` «Կիւլպէնկեան»-ի հովանաւորած դասընթացներուն միջոցով:
Ինչպէս հիմնարկութեան տրամադրած բոլոր նպաստներուն պարագային, այս նախագիծները վաւերացուած են իր նախագահին` փրոֆեսէօր Անթոնիօ Ֆէյժոյի եւ Հոգաբարձու մարմինին կողմէ: Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը զեկուցէ նախագահին, որ ստանձնած է բաժանմունքին անմիջական պատասխանատուութիւնը 2024-ի վերջերուն պրն. Մարթին Եսայեանի հանգստեան կոչուելէն ետք: Վերոնշեալ նախագիծները վաւերացնելու առիթով նախագահը ըսաւ.
«Հայկական համայնքներու բաժանմունքը, որուն խոր արմատները կ՛երթան մինչեւ հիմնարկութեան հաստատումին թուականը` 1956-ին, հիմքը կը կազմէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան: Բաժանմունքը մեզ կ՛աղերսէ մեր հիմնադիրին եւ իր մշակոյթին, իր մարդասիրութեան եւ միջազգային աշխարհահայեացքին հետ: Մենք կը փափաքինք ընդլայնել մեր յանձնառութիւնը աշխարհատարած հայկական սփիւռքին եւ Հայաստանի նկատմամբ: Այս նախագիծները դրսեւորումն են այդ երկարաժամկէտ յանձնառութեան»:
Յառաջիկայ շաբաթներուն հիմնարկութիւնը վաւերացման դիտանկիւնով պիտի քննարկէ ժամանակակից հայ մշակոյթի նպաստատուութեան առնուազն 10 դիմումներ, որոնք ներկայացուած են իր «արդ եւս» նորարարական ծրագիրին: Հիմնարկութիւնը այլ նոր նախագիծներու շարքին կը մշակէ Հայկական սփիւռքի հետազօտական կեդրոն անունով հետազօտական նոր նախաձեռնութիւն մը, որ պիտի ստանձնէ սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուող քաղաքականութեան հետաքննութիւններ: Նախագահը նշեց. «Կարեւոր է ոչ միայն պահպանել մշակոյթը, այլեւ` վերաշխուժացնել զայն եւ խրախուսել նոր մշակոյթի ստեղծումը: Նմանապէս, ուրոյն հետազօտութեան զօրակցելու զուգահեռ, հիմնարկութիւնը կը ձգտի զարգացնել քննական մտածողութիւնը եւ անոր տարածումը»:
Նախապէս հովանաւորուած նախագիծներու ցանկերը կրնաք գտնել հոս` https://gulbenkian.pt/armenian-communities/hy/հովանաւորուած-նախագիծեր-եւ-տրամադրո/հովանաւորուած-նախագիծեր/



