Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիլիջանի Միջազգային Քոլեճը Դռները Բացած Է 94 Նոր Ուսանողի Առջեւ

September 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

15481769276_0fe6b52bed_b

«Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ»-ի (աշխարհի միացեալ քոլեճներ) ցանցին մաս կազմող Դիլիջանի միջազգային քոլեճը նոր ուսումնական տարին սկսած է իր դռները բանալով 94 նոր ուսանողի առջեւ, որոնք կը սկսին ուսումնառութիւն միջազգային պսակաւոր գիտութեանց (IB Diploma) երկամեայ ծրագիրով:

2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին քոլեճը պիտի ունենայ արդէն երկու հոսք` ապահովելով զարգացման առաջին հանգրուանի համար նախատեսուած կրթական ծրագիրի ամբողջականութիւնը:

Նոր ուսումնական տարեշրջանին քոլեճին մէջ պիտի ուսանի ընդհանուր 190 ուսանող` աշխարհի 64 երկիրներէ: Անոնցմէ 21-ը Հայաստանէն ու Արցախէն են, 11-ը ընդունուած են այս տարի:

Դասախօսական կազմը համալրուած է 17 մասնագէտներով` նոր նիւթերու դասաւանդման համար:

«Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» շարժումը, Միջազգային պսակաւոր գիտութեանց ու արուեստի հիմնարկը եւ մեր քոլեճի հիմնադիրները կը միաւորէ այն ընդհանուր համոզումը, որ բարձրորակ կրթութեան մէջ այսօր ներդրում կատարելով` ապագային խաղաղութեան, արդարութեան եւ բարեկեցութեան հասնելու յոյս կը տածենք: Այդ իսկ պատճառով ջանքեր, ժամանակ ու միջոցներ կը ներդրենք դասարանային եւ արտադասարանային ուսուցման մէջ, եւ կ՛ակնկալենք, որ Դիլիջան քոլեճին հետ ձեռք բերուած փորձը կը վերափոխէ բոլորս ու կ՛ոգեշնչէ, որ իրենց կեանքը նուիրեն հանրութեան, սեփական երկրին եւ ողջ աշխարհին ծառայութեան», ըսած է քոլեճի տնօրէն Ճոն Փատըֆուտ:

«Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» Դիլիջանի միջազգային քոլեճի հիմնադիրներու խորհուրդի նախագահ Վերոնիքա Զոնապենտ նշած է, որ կրթութիւնն ու դպրոցը միայն շէնք չեն:

«Գլխաւորը դասախօսներն ու ուսանողներն են, որոնք հոս կու գան: Քոլեճի տնօրէն Ճոն Փատըֆուտ յաջողած է կազմել դասախօսական հետաքրքրական կազմ մը, եւ «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ»-ի ընդունելութեան բացառիկ համակարգին շնորհիւ` մեր մօտ ուսանելու կու գան տաղանդաւոր, վառ, իւրայատուկ ուսանողներ: Ձեզի կը սպասեն շատ հետաքրքրական, թէեւ ոչ դիւրին աշխատանք` ստանալու ո՛չ միայն ակադեմական գիտելիքներ, այլ նաեւ բազմամշակութային միջավայրին մէջ ապրելու փորձ ձեռք բերելու, որ անշուշտ պիտի վերափոխէ ձեր անհատականութիւնը: Ուրախ եմ, որ այդ աշխատանքը կը տարուի ո՛չ միայն քոլեճին մէջ, այլ նաեւ` անոր սահմաններէն դուրս, քանի որ «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» Դիլիջան քոլեճը Դիլիջան քաղաքի անբաժանելի մէկ մասնիկն է: Քաղաքի կեանքին մէջ արդէն տեսանելի են փոփոխութիւնները, որոնք կ՛արձանագրուին ուսանողներուն եւ տեղւոյն երիտասարդներուն միջեւ համագործակցութեան շնորհիւ եւ, յոյսով եմ, այդ արդիւնքները կայուն ու երկարատեւ կ՛ըլլան», յայտնած է Վերոնիքա Զոնապենտ:

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի (IDEA) հանրային կապերու բաժինէն տեղեկացուցած են, որ այս տարի ամբողջութեամբ աւարտած են շինարարական եւ ներքին յարդարման աշխատանքները ուսումնական եւ բնակելի մասնաշէնքերուն մէջ, եւ ստեղծուած են միջազգային մակարդակի կրթական հաստատութեան բնորոշ բոլոր պայմանները:

«Քոլեճի նոր շէնքերն ու հնարաւորութիւնները իսկապէս հրաշալի են: Մեր այցելուներէն շատեր կը նշեն, որ կ՛ուզէին երիտասարդ ըլլալ եւ ուսանիլ հոս: Անիկա կը գտնուի չքնաղ բնութիւն ունեցող, հիւրընկալ երկրի մը մէջ եւ ոչինչով կը զիջի աշխարհի լաւագոյն նմանատիպ կրթական հաստատութիւններուն: Համոզուած եմ, որ մեր ուսանողները ոչ միայն հրաշալի փորձ ձեռք կը բերեն, այլ նաեւ գոհունակութիւն կը ստանան ուսումնառութենէն եւ հոս բնակելէն», նշած է Ճոն Փատըֆուտ:

 

 

Նախորդը

Ամուլ, Ստերջ, Չբեր…. Ջորի… «Տիւտիւկ»

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Օգոստոս Դ. Զուգակշիռ Սպանդներ

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայ Դաստիարակին Կոչումը Երէկ Եւ Այսօր (Ուսուցչաց Տօն)

March 9, 2026
Նամականի
Անդրադարձ

Մեր Խարիսխը Արդէն Ձեր Ծովուն Յատակին Է. Ֆրանսայի Հակահետախուզական Գործակալութիւնը Խիստ Զեկոյց Մը Հրապարակած Է Երկրին Մէջ «Իսլամ Եղբայրներ»-ու Գործունէութեան Մասին

March 9, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պուրճ Համուտ (4)
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (4)

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.