Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Օգոստոս Դ. Զուգակշիռ Սպանդներ

September 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ կրօնական ծայրայեղական շարժումները չբաւարարուեցան պատմամշակութային կոթողներն ու սրբավայրերը օրը ցերեկով քանդելու պատերազմական ոճիրներով, այլեւ սկսան սպաննել մշակութային գործիչներ, գիտնականներ:

Գլխատելով գիտնականը ահաբեկչական խմբաւորումները, դարարմատ կոթողները քանդելու կողքին, ի մտի ունէին սպաննել մշակութապահապան միտքը: Սպաննել պատմութիւնը յառաջիկայ սերունդներուն ու ողջ աշխարհին փոխանցող մարդկային տարրը: Յար եւ նման 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ի գործ դրուած ոճիրներուն, երբ օրը ցերեկով հայ մտաւորականներ եւ գիտնականներ կը գլխատուէին, մշակութային կոթողներ կը քանդուէին` անհետացնելու ազգի մը հազարամեայ քաղաքակրթութեան հետքերն ու խափանելու անոր շարունակականութիւնը:

Սուրիոյ Փալմիրի յուշակոթողներու նախկին տնօրէն, 82-ամեայ Խալետ Ասաատի գլխատումը մի՞թէ 100 տարի առաջ Գրիգոր Զօհրապի գլխատման միեւնոյն վարքագիծին դրսեւորումը չէր: Երկու պարագաներուն ալ, մի՞թէ ոճրագործը նոյնանման մտածելակերպով առաջնորդուող պատուիրատուներու յանձնակատարը չէր, թէեւ ոճիրներու տարողութիւնն ու զոհերու թիւը անհամեմատելի են, իսկ ծրագիրները` տարբեր: Եթէ առաջինին պարագային հայոց ցեղի ու մշակոյթի անհետացումն էր, երկրորդի պարագային` Սուրիոյ պատմութեան լուսաւոր էջերու ոչնչացումը, ընկերային հիւսուածքի քայքայումն ու երկրի քաղաքակրթութեան քանդումը:

Բարբարոսական ոճի նոյնութիւնը ինքնին կը

խօսի ցեղասպանական արարքներն ու ահաբեկչական շարժումները սնուցանող միեւնոյն պետութիւններուն ու անոնց ժառանգորդներուն մասին: Տարիները կրնան թաւալիլ, դարերը գլորիլ, սակայն բարբարոս ցեղերուն վարքագիծը կը շարունակէ սնանիլ խաւարամտութեան եւ այլամերժութեան միեւնոյն աղբիւրէն, այնքան ատեն որ բարբարոսները կը մնան անպատիժ:

Սուրիոյ Հոմս նահանգի Քարիաթէյն գիւղին մէջ կրօնական ծայրայեղականները քարշակներով կը քանդեն 5-րդ դարէն մնացած Մար Իլիան վանքը, յար եւ նման` ազերի հորդաներուն կողմէ ի գործ դրուած Հին Ջուղայի հայկական գերեզմաններու եւ խաչքարերու քանդումի գործողութեան:

Փալմիրի մէջ ականահարելով` կը պայթեցնեն պատմական արժէք ներկայացնող տաճար մը, այնպէս` ինչպէս տարի մը առաջ պայթեցուցին Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր վկայարաններէն Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց համահայկական ուխտավայրը:

Միջազգային ընտանիքը ազգերու,

ժողովուրդներու եւ ողջ մարդկութեան պատմամշակութային ժառանգութեան սպառնացող մշակութային ցեղասպանութեան ի տես` կը մնայ անզօր ու կը բաւարարուի լոկ դատապարտման կոչերով:

Մարդկային իրաւունքներու անունով հանդէս եկող միջազգային կազմակերպութիւնները պատմութեան ընթացքին նման սպանդներ գործած պետութիւններ անպատիժ ձգելով ու անոնց ժխտողական քաղաքականութեան դէմ անտարբեր մնալով` փաստօրէն մեղսակից կը դառնան մարդկային կեանքին ու հազարամեայ քաղաքակրթութեան ուղղուած սպառնալիքներուն:

Միջազգային կառոյցներ նման շարժումները հովանաւորող եւ գործուղող երկիրներուն նկատմամբ վճռական պատժամիջոցներու որդեգրումով, խաղաղութիւն հաստատելու բազմապատկուած ճիգերով միայն գործնապէս պիտի կարենան կասեցնել օսմանեան բարբարոսութեանց օրինակով սնանած անսանձելի արարքներն ու ոճիրները:

Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն մշակութային ահաւոր կորուստներ կրեցին ու կը շարունակեն կրել: Ուստի հայ ժողովուրդը, ցեղասպանութիւնն ու մշակութային ջարդը ի՛ր իսկ մորթին վրայ կրած ըլլալով, ժողովուրդներու քաղաքակրթութեան հետքերը վերացնելու կոչուած այսօրինակ սպանդներուն առաւել ուժեղ հակազդելու բարոյական պարտաւորութիւն ունի, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան

100-ամեակի օրերուն:

Զ. Պ.

Նախորդը

Դիլիջանի Միջազգային Քոլեճը Դռները Բացած Է 94 Նոր Ուսանողի Առջեւ

Յաջորդը

Մերձեցումի Կարելին Ու Անկարելին. Լեզուաբանական- Արեւելահայերէն Եւ Արեւմտահայերէն Լեզուաճիւղեր

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Երախտագիտութեան Խօսք` Պաշտօնակիցներուս
Անդրադարձ

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Երախտագիտութեան Խօսք` Պաշտօնակիցներուս

March 12, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Կար Ժամանակ Մը…

March 12, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ուսուցչի Օրը Եւ Հայ Դպրոցը

March 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.