Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճգնաժամերը Դիմակայելու Համար Անհրաժեշտ Է Համահայկական Համադրում

Սեպտեմբեր 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Միջազգային կարեւորագոյն հարցերու առնչութեամբ առկայ է համակարգման լուրջ թերութիւն: Աշխարհասփիւռ հայերը բազմիցս վտանգի ենթարկուած են, սակայն Հայաստանը կամ սփիւռքը հազիւ թէ օգնութեան հասած են անոնց:

2003 թուականին Միացեալ Նահանգներու կողմէն Իրաքի գրաւումէն ետք հայերը, միլիոնաւոր այլ իրաքցիներու հետ միասին, մեծ կորուստներ կրեցին: Թէեւ շատ բան կարելի չէր ընել անոնց ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու համար, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը եւ սփիւռքահայերը պէտք է կազմակերպուած ջանքեր գործադրէին օգնելու անոնց, որոնք ձգեցին իրենց ողջ ունեցուածքը եւ փախան երկրէն: Ցաւօք, ոչինչ կատարուեցաւ իրաքահայ գաղթականներուն օգնելու, որ վերաբնակին հայրենիքի մէջ կամ երթան այլ տեղեր:

Բարեբախտաբար հայերու արձագանգը աւելի զօրաւոր եղաւ տակաւին շարունակուող սուրիական հակամարտութեան ժամանակ: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը աջակցեցաւ 15 հազար սուրիահայերէն շատերու, որոնք տեղափոխուեցան հայրենիք, իսկ սփիւռքահայ գաղութները աշխուժօրէն դրամահաւաքներ կազմակերպեցին Սուրիոյ մէջ մնացած սուրիահայերուն օգնելու համար: Սակայն, ցաւօք, աջակցութիւնը անբաւարար էր Սուրիոյ մէջ մնացած եւ Լիբանան կամ Հայաստան փախած հայերու հսկայական կարիքները հոգալու համար:

Կրնան պատահիլ նաեւ այլ անսպասելի մարդածին կամ բնական աղէտներ, ինչպէս` 1988 թուականին Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժը, որուն հետեւանքները վերացնելու եւ աղէտի գօտին վերականգնելու աշխատանքները դեռ կը շարունակուին 25 տարի անց…

Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք Արցախին սպառնացող շարունակական վտանգին մասին: Տարիներով այդ մասին բարբաջելէ ետք, եթէ օր մը Ազրպէյճանի մտախտ ունեցող նախագահը որոշէ լայնածաւալ յարձակումի ձեռնարկել Արցախի դէմ, արդեօք աշխարհասփիւռ հայերը պատրա՞ստ են օգնութեան փութալու իրենց հայրենակիցներուն: Հակառակ անոր որ սահմաններու պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը երկու հայկական հանրապետութիւններու զինուած ուժերուն ուսերուն է, սակայն սփիւռքահայերը արդեօք պէտք չէ՞ համադրուած գործողութիւններու ծրագիր ունենան, որպէսզի կարենան դիմակայել նման գոյապայքար մը: Անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պէտք է նախօրօք կազմակերպել, որպէսզի յարձակման պարագային կարելի ըլլայ անմիջապէս հակազդել:

Կարեւորագոյն այլ խնդիր մըն է նաեւ, որուն հայերու անյապաղ ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն, Թուրքիոյ մէջ տիրող քաոսային իրավիճակն ու հայ համայնքին առջեւ ծառացած հաւանական վտանգները, մասնաւորապէս`

1) Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ ընդհանուր խառնաշփոթը` կապուած վերջերս իշխող կուսակցութեան կողմէն խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կորսնցնելու եւ նոյեմբեր 1-ին նախատեսուող նոր ընտրութիւններ իրականացնելու հետ,

2) Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն կողմէ հերթական յարձակումները հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջաններու մէջ, եւ` բախումները թրքական զինուորականներու ու քիւրտերու միջեւ Թուրքիոյ մէջ,

3) Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բռնակալական իշխանութեան միջազգային քննադատութիւնը, անոր աջակցութիւնը «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն եւ ձեռնարկած անողոք քայլերը` ընդդէմ քաղաքական ընդդիմախօսներու:

Թուրքիայէն դուրս գտնուող հայերու համար հիանալի առիթ է միանալու հակաէրտողանեան թափօրին: Միաժամանակ յարմար պահ է համագործակցելու միլիոնաւոր քիւրտերու հետ, որոնք դէմ են Էրտողանի վարչակարգին: Սակայն ճիշդ ժամը չէ լուռ մնալու, երբ թրքական վարչակարգը կը ձերբակալէ Տիարպեքիրի Սուրի շրջանի համաքաղաքապետ Ֆաթմա Պարութը: Ո՞ւր է ցասման ալիքը` ընդդէմ խիզախ հայուհիի կամայական ձերբակալութեան: Ցաւօք, ոեւէ մէկը չբողոքեց  Հայաստանի մէջ կամ սփիւռքի… Անցեալ ամիս քաղաքապետ Պարութը եւ անոր ընտանիքը Երեւան էին` մասնակցելու Համահայկական խաղերուն: Այս առիթով անոնք այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 1.5 միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին:

Աշխարհասփիւռ հայերը պէտք է նաեւ աջակցին Պոլսոյ մէջ «Նոր զարթօնք» երիտասարդական շարժման, որ կը պայքարի հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ միւս ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշտպանելու համար: Այդ խումբի պայքարողներէն մէկը բողոքած է, որ անոնք նոյնիսկ բարոյական աջակցութիւն չեն ստանար սփիւռքէն, չխօսած` Հայաստանի մասին: «Նոր զարթօնք»-ի անդամները, որոնք ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած են թրքական ծայրահեղականներու կողմէ, վերջին երկու ամիսներու ընթացքին բողոքի հաւաքներ իրականացուցած են «Արմէն ճամբար»-ի մօտ` թրքական կառավարութենէն պահանջելով բռնագրաւուած որբանոցը վերադարձնել հայկական համայնքին:

Քանի որ հայերը սփռուած են աշխարհով մէկ, ուստի անոնք կրնան դժբախտ միջադէպերու զոհ դառնալ ապագային: Խիստ անհրաժեշտ է, որ համաշխարհային հայկական յանձնախումբ մը, կազմուած` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ, ծրագիրներ մշակէ` աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ հայերուն սպառնացող արտակարգ իրավիճակներու պարագային: Դրամահաւաքներու իրականացման եւ գործողութիւններու ծրագիրներ կազմելու ժողովները պէտք է իրականացնել ողբերգական իրադարձութիւններէն առաջ, այլ` ոչ թէ յետոյ:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովը իր յառաջիկայ երեւանեան համաժողովին կրնայ վերանուանուիլ եւ վերածուիլ մշտապէս գործող համահայկական մարմինի, որ պիտի զբաղի Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու բոլոր հարցերով, յատկապէս` արտակարգ իրավիճակներու մէջ:

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Հեռուստամարաթոն 2015-ը` Հալէպի Եւ Տաւուշի Համար

Յաջորդը

Անթիլիասի Անլռելի Ձայնը Պատմական Կիլիկիոյ Մէջ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?