Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պօղոս Սնապեան Մեծերուն Մէջ Մեծ Էր*

Սեպտեմբեր 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

snabiN3_9-05-15

Արտօնեցէք ինծի սիրելինե՛ր, որ մեր ընկերուհիին նշած տիտղոսներուն իրաւունքով չխօսիմ ձեզի, այլ խօսիմ իբրեւ պարզ անհատ, որ ճանչցաւ Պօղոս Սնապեանը, որ հպարտ եղաւ Պօղոս Սնապեանը ճանչցած ըլլալուն համար, եւ որ սորվեցաւ Պօղոս Սնապեանէն, առանց բախտը ունենալու անոր աշակերտը ըլլալու, բայց Պօղոս Սնապեան եղաւ մեր ուսուցիչը:

Տակաւին 1972-1973 թուականին, երբ ընկեր Երուանդ Փամպուքեան «Ազդակ»-ի տնօրէն էր, մղեց զիս, որ «Ազդակ»-ի մէջ կարենամ երբեմն էջեր մրոտել: Ընկեր Պօղոսին հետ առաջին հանդիպումս հոն եղաւ, 16-17 տարեկան տղու առաջին տպաւորութիւնս քիչ մը մտահոգիչ էր, որովհետեւ խոժոռ էր ընկեր Պօղոսին դէմքը, սակայն 24 ժամ չանցած ընկեր Պօղոսը` մարդու ամբողջական պարզութեամբ ու անկեղծութեամբ իմ եւ իմ նմաններուս աչքին առջեւ էր արդէն:

Ապա բախտը ունեցանք իրեն հետ ըլլալու «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ, պատերազմի օրերուն «Բագին»-ի շէնքին մէջ, «Բագին»-ի ննջարաններուն մէջ, Համրայի իր տան մէջ, ապա Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկին մէջ` իբրեւ պաշտօնակից, եւ յաճախ կ՛ըսէի, որ իր դասապահէն ետք երբ դասարան կը մտնէի, ուսանողները դժգոհ կ՛ըլլային, որովհետեւ պարոն Պօղոս Սնապեանի հաճելի դասէն, գրականութենէն ետք անհամ քաղաքականութեան մասին պէտք է խօսէի, եւ պէտք է լսէին: Ապա, երբ պայմաններու բերումով ընկեր Պօղոս բաւականացաւ «Ազդակ»-ի մէջ ունենալ գրասեղան մը եւ աթոռ մը միայն, եւ այդ գրասեղանին վրայ խուրձերով թուղթեր, թերթեր եւ գիրքեր, հոն էր, որ ընկեր Պօղոս իսկապէս իր մեծութեամբ իմ աչքերուս առջեւ իր բոլոր գաղտնիքները բացաւ` գիտնալու համար հետեւեալները:

Ընկեր Պօղոս այն մարդն էր, որ մեծ էր ո՛չ թէ փոքրերուն հետ բաղդատած, ընկեր Պօղոս մեծ էր մեծերուն մէջ: Կարելի չէ բաղդատել Պօղոս Սնապեանը գրչակներու, փոքր գրիչներու, գրիչ գործածել ձեւացնողներու եւ ծանուցողական այս դարուն մեր մամուլի էջերուն մէջ ապսպրանքով գրողներու հետ: Պօղոս Սնապեան մեծերուն մէջ մեծ էր: Փառքէ հեռու, աթոռէ հեռու, առօրեայ հեղինակութիւն փնտռող միջավայրէն հեռու, մերժեց դափնիները, մերժեց հաճոյակատար դառնալ եւ իր գիրի ու գրականութեան ճամբով ինք կերտեց մեր փառքը:

Սիրեց կեանքը, կը սիրէր կեանքը եւ կ՛ուզէր ապրիլ երկար, շատ երկար, կ՛ուզէր ապրիլ եւ կը սիրէր կեանքը ո՛չ թէ կեանքին ուրախութեան համար լոկ, այլ այդ ուրախութիւնը իր սրտին մէջ, իր հոգիին մէջ ունենալով կը ձգտէր առաւելագոյն ներդրումը կատարել եւ այդ ուրախութեամբ աշխատիլ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի ճամբով փոխանցելու համար այն, ինչ որ կրցաւ տալ մեզի: Իր ամբողջ ճիգը մեզի առաւելագոյն ժառանգը ձգելն էր, գրական ժառանգը, քաջութեան ժառանգը, խիզախութեան ժառանգը:

Պօղոս Սնապեան գիւղացի մարդ էր, չեմ գիտեր, եթէ բոյսի, բուսականութեան եւ հողագործութեան հետ կապ ունէր կամ ոչ, բայց վստահաբար մեր գրականութեան անդաստանին մէջ ակօսներ բացող մեծագոյն հողագործն էր: Իր յորդառատ գրիչը, իր նախադասութիւններու արագ թաւալքը կը յիշեցնէ մեզի բարձրագոյն աղբիւրէն առատօրէն հոսող ջրհեղեղը ամբողջ: Պօղոս Սնապեան յեղափոխական գրիչ էր, ոչ թէ որովհետեւ դաշնակցական մարդ էր, դաշնակցական ըլլալը, վստահաբար, իր գրիչին քիչ մը աւելի կարմիր կու տար, սակայն Պօղոս Սնապեան յեղափոխական այն գրիչն էր, որ Նազովրեցիի մտրակը իր ձեռքին խարազանեց ամէն ինչ որ սխալ է, անզիջող եղաւ, անհաշտ գրիչ եղաւ, չխնայեց համբաւի համար, ոչ ոքի խնայեց, որպէսզի իր հատորները աւելի մեծ տպաքանակով լոյս տեսնեն: Առաջարկներ ալ եղան իրեն` «գրիչդ մեղմացուր, անկիւնները կլորցուր», սակայն Սնապեան մերժեց ու մերժեց եւ մնաց յեղափոխական մարդու բարձր պատուանդանին վրայ:

Պօղոս Սնապեանին համար պաշտամունքի առարկայ էր Հայաստանը, պաշտամունքի առարկայ էր գրականութիւնը, ու չներեց Հայաստանին որեւէ սխալ, ոչ թէ որովհետեւ մեծամտութիւնը ունեցաւ չներելու, այլ որովհետեւ այնքան մտահոգ էր Հայաստանով, այնքան նախանձախնդիր էր հայրենիքին նկատմամբ, որ չխնայեց ու չներեց այն բոլոր գրագէտներուն, որոնք վարչակարգերու իբրեւ սպասարկու եւ ծառայ իրենց գրիչին ջուր խառնեցին ու փառաբանեցին նենգութիւնը, փառաբանեցին ապազգայինը, փառաբանեցին անհատը` մոռնալով միջուկը, բովանդակութիւնն ու արժէքը: Եւ Սնապեան զանոնք զգուշացուց` ըսելով, որ վարչակարգերը կու գան ու կ՛երթան, սակայն ձեր գրականութիւնը պիտի մնայ, եւ ընենք այնպէս, որ գալիք սերունդները ձեր գրականութեան մէջ ամօթ չտեսնեն, սխալ չնշմարեն:

Մարդ էր, իրաւ մարդ էր, հայ մարդ էր, եւ իր մարդկայնութիւնը ազգին ու ազգութեան համար էր:

Պօղոս Սնապեան իր մահուամբ լաւագոյն տպաւորութիւնը, որ ինծի կու տայ` չխոնարհող եղէգի պատկերն է: Հիւանդանոցի իր անկողինին մէջ անգամ մերժեց յանձնուիլ. գիտէր, որ իր կեանքը երկար չէր, եւ գիտէր, որ ժամանակը պիտի դաւաճանէ իրեն, սակայն իրեն համար գիրի ու գրականութեան դրօշը, գիրի ու գրականութեան զէնքը վար դնելը շատ դժուար էր: Իր մահէն քանի մը օր առաջ, երբ վերջին անգամ այցելեցի հիւանդանոց, ըսաւ. «Յակո՛բ, գիտես, յաճախ գիշերները կամ ցերեկները միտքս բան մը կու գայ եւ անմիջապէս տիկնոջս կ՛ըսեմ, որ արձանագրէ, եւ երբ հիւանդանոցէն ելլեմ գրեմ ու ամբողջացնեմ միտքս»: Ընկեր Պօղոս չելաւ հիւանդանոցէն, ընկեր Պօղոս յանձնուեցաւ ցուրտ հողին, սակայն մինչեւ օրս իր մահը տակաւին իրականութիւն չէ, որովհետեւ ընկեր Պօղոս եղաւ այն մարդը, որ այնքան հերկեց, այնքան ակօս բացաւ, այնքան մեծ ու արժէքաւոր սերունդ հասցուց, որ ամէն օր, ամէն ժամ անոնց մտքին մէջն է:

Պօղոս Սնապեան մերժեց շքանշանները, Պօղոս Սնապեան շքանշանի պէտք չունէր, ի՛նք շքանշան էր մեզի համար: Պօղոս Սնապեան յուշարձանի ալ պէտք չունի, անոր ուզածը ճիշդ այս տուն-թանգարանն էր, հոն, ուր պիտի ամփոփուին իր գործերը, ուր պիտի այցելեն բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան, որ Պօղոս Սնապեանը չէ մահացած ու չի մահանար: Եւ Պօղոս Սնապեանը չի մահանար եւ յիշատակի ալ չի վերածուիր, այնքան ատեն որ այս տուն թանգարանին մէջ պիտի գան երիտասարդներ, պիտի կարդան, պիտի պրպտեն, իր անտիպ էջերը պիտի վերծանեն, պիտի հրատարակեն, մամուլին մէջ տեղ գտած հարիւրաւոր յօդուածները պիտի վերահրատարակեն, բայց մանաւանդ պիտի վերակենդանացնեն այն բոլոր արժէքները, զորս ունէր եւ կը փոխանցէր իր գրականութեան ճամբով, իր բանաստեղծութեամբ, իր յօդուածներով, իր քննադատութիւններով, իր ուժով, իր կեանքով, իր ուրախութեամբ:

Դժուար է Պօղոս Սնապեանը կոչենք մահացած, դժուար է, որ կոչենք գրագէտ, քննադատ, Պօղոս Սնապեանը պարզապէս ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ է:

 

* Խօսք` արտասանուած Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի բացման առիթով, 5 սեպտեմբեր 2015-ին:

 

 

Նախորդը

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Մուսա Լերան Հերոսամարտի Կեդրոնական Վարչութեան Նախագահ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի

Յաջորդը

Պօղոս Սնապեանի Տուն-Թանգարանի Բացում

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով

Մայիս 19, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոր Փուլ, Նոր Մարտահրաւէրներ

Մայիս 19, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Տիրական Ուժը ԱՄՆ-Իրան Բանակցութիւններուն

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?