Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՞վ Է Հայը»

September 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

p10-d

Միացեալ Նահանգներ Արեւելեան շրջանէն Թամար Սամուէլեան, որ իր մասնակցութիւնը բերած է Համազգայինի Ֆորումին, տպաւորուած «Ո՞վ է հայը» զրոյցէն` գրած է իր տպաւորութիւնը, որ հրատարակուած է այդ հաւաքին առթիւ պատրաստուած «Լրատու»-ին մէջ: Նիւ Ճըրզիի շաբաթօրեայ Սրբոց Վարդանանց «Նարեկ» դպրոցի շրջանաւարտ` Թամար ուսանած է անգլերէնի եւ մանկավարժութեան բնագաւառներէն ներս եւ այժմ կը դասաւանդէ շրջանի պետական դպրոցներէն մէկուն մէջ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Ո՞վ է հայը: Ո՞վ կրնայ նշել այն յատկանիշները, որոնք անձ մը իբրեւ «հայ» կը բնորոշեն:

Ինչպէ՞ս կարելի է բացայայտել, որ անձ մը հայ է: Այսօր, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, դժուար է հայ մնալ. բայց հայեր ներկայիս կ՛ապրին 108 տարբեր երկիրներու մէջ, ուր ջանք կը թափեն հայ մնալու նաեւ հայկական դպրոցներով` թէ՛ շաբաթօրեայ եւ թէ՛ ամէնօրեայ, մշակութային միութիւններով եւ երիտասարդաց միութիւններով:

Երեքշաբթի, յուլիս 14-ին, ընկ. Կարօ Յովհաննէսեանի առաջնորդութեամբ, Համազգայինի Ֆորումի մասնակցողները քննարկեցին այս նիւթը: Սկսանք մեր քննարկումը հայու մասին որոշ յայտնի յատկանիշներով` լեզու, կրօն, ինքնութիւն, ապրած երկիր:

Սկսանք կրօնէն: Ինչպէս գիտենք, հայերը եղած են առաջին ազգը, որ քրիստոնէութիւն ընդունած են` իբրեւ պետական կրօն, 301 թուականին: Ճիշդ է, որ հայերը քրիստոնեայ են, բայց ներկայիս կան հայեր, որոնք իսլամացած են Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք կամ կը բնակին Համշէնի մէջ եւ հայերէն կը խօսին, բայց քրիստոնէութեան չեն հետեւիր: Սփիւռքի կամ անձնական պատճառներով կան անոնք, որոնք անձամբ կ՛որոշեն ուրիշ կրօնի հետեւիլ:

Կարեւո՞ր է անձ մը անպայման առաքելական քրիստոնեայ ըլլայ, որ հայ կոչուի: Հայաստանի պատմութեան մէջ հայերը կրկին կռուած են պաշտպանելու իրենց քրիստոնէութիւնը: Եթէ իբրեւ հիմք ընդունինք անոնք, որոնք քրիստոնեայ չեն, բայց հայ են, սխա՞լ գործած կ՛ըլլանք: Հաւատքը պէ՞տք է կապել ինքնութեան հետ:

p10-a

Երկրորդ` քննարկեցինք լեզուի եւ գրականութեան կարեւորութիւնը հայապահպանման համար: Հայերէնը հին լեզու է. այո՛, նախքան այբուբենի ստեղծումը` հայերը հայերէն կը խօսէին: Մեսրոպ Մաշտոց այբուբենը հնարելէ ետք, 405 թուականին, մեր գրականութիւնը զարգացաւ եւ այսօր կը շարունակուի: Սակայն սփիւռքի մէջ քանի որ հայերէնը ընդհանրացած լեզու չէ, շատ սփիւռքահայեր դժուարութիւն կ՛ունենան հայերէն սորվելու, կարդալու եւ գրելու: Հետեւաբար կարեւոր է մեր եզակի լեզուն պահել եւ պահպանել, որ հայոց պատմութիւնը փոխանցենք եկող սերունդներուն: Այո՛, շատ լաւ է հայերէն գիտնալ, բայց ան, որ առիթը չէ ունեցած սորվելու եւ դեռ ինքզինք հայ կը զգայ, հայ չէ՞: Պէ՞տք է հայերէն գիտնալ, որ հայ ըլլայ անձ մը:

Քանի որ Ֆորումի մասնակցողներուն մեծ մասը սփիւռքէն են, պրպտեցինք այն ձեւերը, որոնց միջոցով հայ կը մնան տրուած դժուարութիւններով իսկ ու կ՛օգնեն հայրենիքին:

Աշխարհի շուրջ կան հայ երիտասարդական միութիւններ, որոնք կ՛աշխատին հայ երիտասարդներ ներգրաւել հայկական հարցերով, երգեր սորվեցնելով եւ հայկական շրջանակ ստեղծելով: Անշուշտ կան շաբաթօրեայ դպրոցներ, ամէնօրեայ դպրոցներ եւ բազմաթիւ դասի գիրքեր: Նոյն հերթին կան կազմակերպութիւններ, Համազգայինի նման, որոնք ջանք կը թափեն հայապահպանման շուրջ հաւաքներ, պարախումբեր, երգչախումբեր, դասախօսութիւններ կազմակերպել, որ հայերը հետաքրքրուած պահեն: Վերջաւորութեան, անձեր բաժնեցին իրենց կարծիքները` նշելով, թէ իրենց համար հայը ով է: Որոշեցինք, որ «Ո՞վ է հայը» հարցումը մէկ պատասխան չունի:

Ըստ ինծի, այսօրուան միշտ փոխուող աշխարհին մէջ շատ դժուար է պայմաններ դնել հայ ըլլալու համար: Ան, որ հայ կը զգայ, կ՛աշխատի Հայաստանը հզօրացնել եւ հպարտ է հայ ըլլալով, հայ է: Պայման չէ, որ անձ մը հայերէն խօսի, գրէ, կարդայ, հայկական անուն ունենայ եւ քրիստոնեայ ըլլայ, որ հայ կոչուի: Զանազան ձեւի հայեր կան աշխարհի շուրջը: Ամէնէն կարեւորն է այս դարուս, որ հայերը պատրաստեն անձեր, որոնք յաջորդ սերունդին սորվեցնեն եւ շարունակեն հայապահպանման գործը:

ԹԱՄԱՐ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Սեպտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Ի՞Նչ Արժէ Ներողութիւն Խնդրելը… (Անհաւատալի, Բայց Իրական Դէպք)

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.