Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այրելու Արուեստը…

Սեպտեմբեր 7, 2015
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Page-129_9-07-15

Նոյն յաջողութեամբ այս ակնարկը կարելի է խորագրել «Այրելու փիլիսոփայութիւնը», «Այրելու ծէսը», «Այրելու կիրքը» եւ կամ թէկուզ «Այրելու հմայքը»:

Այո՛, իր աւերիչ բնոյթով հանդերձ, կրակը հմայիչ է, գեղեցիկ` իր խորհրդաւորութեամբ ու կենսունակութեամբ եւ վեհ` իր ներքին ուժականութեամբ եւ ահաւորութեամբ: Արդեօք պատահակա՞ն է, որ ողջ տիեզերքը պայմանաւորուած է մշտնջենական կրակով: Կրակով պայմանաւորուած է նաեւ կեանքը Երկիր մոլորակի վրայ: Անկախ իր խիստ կենսական բնոյթէն կրակը իր  տեսքով եւ կենսունակութեամբ առինքող բան մը ունի իր մէջ: Մարդը կրակ վառելու եւ զայն պաշտելու յատուկ եւ տարբեր ձեւեր եւ ծէսեր ունի, որոնք առիթներ են կրակը մեծարելու եւ միեւնոյն ատեն անոր հմայքը ըմբոշխնելու: Անշո՛ւշտ կրակի գեղեցկութիւնը չէր կրնար վրիպիլ գեղանկարիչներու աչքերէն, որոնցմէ Ուիլիըմ Թռնըրն  ու Յովհաննէս Այվազովսկին գեղեցկօրէն պատկերած են կրակի արտացոլման գեղեցկութիւնն ու վեհութիւնը ջուրի վրայ: Բոլոր պարագաներուն սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ կրակը թէ՛ մահացու է եւ թէ՛ կենսատու` միաժամանակ:

Կրակ եւ մահ,
Կրակ եւ կեանք,
Կրակ եւ գեղեցկութիւն,
Կրակ եւ առհասարակ արուեստ:

Page-107_9-07-15«Այրած»-էջ-մըԿրակը արուեստագէտներու համար  հանդիսացած է թէ՛ ներշնչման աղբիւր եւ թէ՛ արտայայտման միջոց: Անցնող դարու կէսերուն կրակը օգտագործեցին  նաեւ իբրեւ մտայղացքային արուեստի բաղկացուցիչ մաս: Մասնագիտութեամբ բժիշկ, իտալացի արուեստագէտ Ալպերթօ Պուրի իր իրագործած պատահարներու ընթացքին երբեմն կ՛այրէր փայտ եւ կամ կերպընկալ նիւթեր եւ այս գործընթացը կը մեկնաբանէր իբրեւ «բնազանցական տանջանք» ու կը վերլուծէր զանոնք գոյապաշտական սկզբունքներով: Եւ կամ Իվ Քլայնը երբ բոցահանով (flame-thrower) կտաւը այրելով արուեստի գործեր կը պատրաստէր, այս գործողութիւնը կ՛անուանէր տիեզերածնութիւն: Թէեւ բառը իր տարողութեամբ եւ խորքով չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի, սակայն եթէ նկատի ունենանք «Մեծ պայթիւն»-ի  վարկածը, ապա ինքնաբերաբար տիեզերածնութիւնը կը կապուի կրակի գերբնական ուժի հետ: Իվ Քլայն աւելի առաջ երթալով` Փարիզի Սեն գետի ափին միջոցին մէջ տեսարան մը կը նկարագրէր խօսքով, անոր վարձատրութիւնը կը ստանար ոսկի թերթիկներով, որոնք անմիջապէս գետը կը նետէր: Իսկ իր տուած ստացագիրը այրել կու տար արուեստասէր պատուիրատուին: Այս պարզունակ թուացող գործընթացը ան կ՛անուանէր «Բանաստեղծական ճշմարտութիւն»: Մէկ կողմէ ամէն ինչի սկիզբ «Տիեզերածնութիւն» անուան տակ, միւս կողմէ` ամէն ինչի վերջ` «Բանաստեղծական ճշմարտութիւն» անուան տակ:

Ծնունդ եւ կեանք,
Ծնունդ եւ գեղեցկութիւն,
Ծնունդ եւ առհասարակ արուեստ:

Յիշեալ երկու օրինակներու պարագային ալ ստեղծագործողը մարդու ենթագիտակիցի ոլորտներու մէջ անթեղուած անշօշափելի կեանքն է, որ կը դրսեւորուի, կը թելադրուի եւ սկիզբ կ՛առնէ ստեղծագործ միտքն ու անոր գործընթացը իբրեւ «բանաստեղծական ճշմարտութիւն», իբրեւ մտայղացքային արուեստի տեսակ, զոր կարելի է ընկալել ու ըմբռնել ենթագիտակից աշխարհին վստահելէ ու անոր յանձնուելէ ետք միայն:

Նոր տատայականներէն ետք կրակը իբրեւ բաղկացուցիչ մաս շարունակուեցաւ օգտագործուիլ արուեստագէտներու կողմէ, սակայն անոնցմէ ոեւէ մէկը զայն մնայուն արտայայտչամիջոցի չվերածեց, այնպէս` ինչպէս Ժան Պօղոսեանը:

Մասնագիտութեամբ գոհարեղէնի ձեւաւորող, սակայն ստեղծագործական ներքին կրակով վառուած` Ժան Պօղոսեան մէկ կողմէ ոսկերչական իբրեւ գործիք սահմանուած կապոյտ բոցահանը կ՛օգտագործէ իբրեւ վրձին ու գրիչ` պատրաստելու համար գեղանկարներ ու նկարազարդելու գիրքեր , եւ միւս կողմէ` գիրքեր կ՛այրէ ու ընթացքին կը սառեցնէ զանոնք իբրեւ քանդակ: Պօղոսեան իր հակակշռին տակ կը պահէ կրակը: Ան կ՛օգտագործէ զայն այնքան` որքան կը թելադրէ իր ենթագիտակիցը, որ շատ աւելի զօրաւոր կը թուի ըլլալ, քան` գիտակիցը:

Անոր կտաւներէն շատեր կը նմանին երկնաքարերով «ռմբակոծուած» մոլորակներու մակերեսներուն, իսկ ուրիշներ` ձեւազեղծուած աստղերով ծածկուած երկնակամարի:

Կտաւներու եւ կամ գիրքերու նկարազարդումներու պարագային, Պօղոսեանին հետաքրքրողը  առաւելաբար կրակի ձգած հետքերն են, որոնք խորհրդաւոր են եւ վերացական: Իսկ երբ գիրքեր կ՛այրէ, ամբողջութեամբ մոխիրի չի վերածեր զանոնք Իվ Քլայնի նման, այլ կը սառեցնէ զանոնք հոն, ուր ենթագիտակիցը կը թելադրէ: Այս կիսաայրած հատորները կը յիշեցնեն մեզի Երեւանի Ս. Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ պահ դրուած այն մատեանները, որոնք ժամանակի ընթացքին քարացած են եւ մեր ժամանակի արհեստագիտութիւնը տակաւին չի կրնար անոր թերթերը բաժնել ու գրուածքները կարդալ: Նմանօրինակ մատեաններ յայտնաբերուած են նաեւ Մեռեալ ծովու ափերուն գտնուող Քումրանի քարայրներէն, որոնք խորհրդաւոր գաղտնիքներ կը պահեն իրենց մէջ: Պօղոսեանի «գիրքերը» եւս նմանօրինակ  խորհուրդներ կը պարունակեն իրենց մէջ , որոնցմէ շատերու վրայէն թէեւ որոշ բառեր կամ նախադասութիւններ կը կարդացուին, սակայն հիմնական էջերը խորհուրդներով անթեղուած կը մնան ակնդիրին համար:

Եթէ Երեւանի Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի մէջ պահուող եւ կամ Քումրան քարայրներէն յայտնաբերուած ու քարացած մատեանները ողբերգութեան մը հետեւանք են, ապա Պօղոսեանի գործերը  ողբերգականութեան եւ  տառապանքի ցուցանիշներ չեն, այլ ենթագիտակիցէն բխած` «բանաստեղծական ճշմարտութիւններ», որոնք  խորհուրդներ կը պարունակեն իրենց մէջ, որոնք կարելի է ընկալել ենթագիտակիցին միջոցով առանց որեւէ շօշափելի իմաստ կամ պատգամ փնտռելու անոնց մէջ: Անոր գործերէն շատեր խորագրուած չեն, իսկ խորագրուածներու անուններն ալ պայմանական կը թուին ըլլալ:

Իրականութեան մէջ Պօղոսեանի ստեղծագործութիւնները ոչ գեղանկարչական են եւ ոչ ալ` քանդակային: Անոնք աւելի զետեղումներու  բնոյթ ունին, որոնց իրագործման գործընթացն ալ կարելի է պատահարներ համարել: Մտայղացքային  արուեստի իւրայատուկ տեսակ մըն են, որ կարելի է համարել պօղոսեանական եւ իբրեւ այդպիսին`  իրենց ուրոյն տեղն ու դերը ունին արուեստի պատմութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Է Նշանակում` Ես Գոյութիւն Ունեմ

Յաջորդը

Հալէպի Բեթէլ Վարժարանի 90-Ամեակի Յուշամատեանը Տպագրութեան Կը Յանձնուի Ի Մօտոյ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?