Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

3 Սեպտեմբեր 1895. Համիտեան Եաթաղանին Դէմ Զէյթունի Ապստամբութեան 120-Ամեակը

Սեպտեմբեր 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Տեսարան-Զեյթունից

3 սեպտեմբերին, 120 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը արձանագրեց իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն հերոսական դրուագներէն մէկը:

3 սեպտեմբեր 1895-ին արծուաբոյն, աւելի՛ն, անառիկ Զէյթունի հայութիւնը պարզեց ապստամբութեան դրօշ` Օսմանեան կայսրութեան արիւնարբու գահակալ Ապտիւլ Համիտի դէմ, ամիսներով հերոսական մարտեր մղեց համիտեան զօրքերուն դէմ, Զէյթունի անկախութիւնը հռչակեց եւ զէնքը վար դրաւ միայն այն ժամանակ, երբ Կարմիր սուլթանը տեղի տուաւ Զէյթունի հայութեան պահանջներուն առջեւ:

Ինչպէս օրին, նաեւ հետագայ տասնամեակներուն, հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդները իրենց ազգային ինքնավստահութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչող վարար աղբիւր մը գտան հերոսական Զէյթունի դիւցազնապատումին մէջ: Հայ բանաստեղծները անմահացուցին զէյթունցի քաջորդիներուն ծառացումն ու անպարտելիութիւնը: «Կեցցէ՛ Զէյթունը, խրոխտ Սասունը» յանկերգով` «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգեցին դաշնակցական ֆետայիները…

Առանձնայատուկ է տեղն ու պատգամը հայկական Զէյթունին, որ լեռնային Կիլիկիոյ անառիկ բարձունքներուն իր կազմութեան ժամանակէն իսկ, միջնադարէն սկսեալ, շարունակ զէն ի ձեռին պայքարեցաւ օտար ասպատակողներու դէմ, կրցաւ սեփական ուժերով պաշտպանել ազատ ապրելու իր տարրական իրաւունքը եւ, ծանրագոյն պայմաններու մէջ անգամ, դարեր շարունակ ի վիճակի եղաւ պահպանելու իր կիսանկախ գոյակերպը:

Այսօր, երբ յետադարձ հայեացքով կ՛արժեւորենք Զէյթունի 1895-ի ապստամբութեան բռնկման 120-րդ տարեդարձը, ամէն բանէ առաջ կը վերանորոգենք քաջ զէյթունցիներու օրինակով ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդին արժանաւորութեան խորհուրդը:

Հանրագիտական տուեալներով, ԶԷՅԹՈՒՆ-ը (այժմ` Սուլէյմանիէ, Թուրքիա) պատմականօրէն յաջորդած է բիւզանդական Ուլնիա շրջանին: Զէյթունը քաղաք էր Լեռնային Կիլիկիոյ մէջ, Մարաշէն 38 քմ. հիւսիս-արեւմուտք` դժուարամատչելի լեռնոտ դիրքով: Շրջապատուած է հիւսիսէն` Չըրըզ, Բերիտ, Սաղ, Տաղ, Աղաճ, Առ, Եօթնեղբայր, արեւելքէն` Պերզինկա, Մաւլա, Աւագ, հարաւէն` Կիւվրտին, արեւմուտքէն` Սոլախտերէ լեռներով: Շրջակայքին կան օգտակար հանածոններ (երկաթ, արծաթ), հանքային ջուրեր: Կ՛ենթադրուի, որ Զէյթուն անունը (առաջին անգամ յիշատակուած է ԺԵ. դարուն) յառաջացած է արաբերէն զէյթուն (ձիթենի) բառէն, իսկ Ուլնիա անունը Զէյթունը ժառանգած է նոյն տեղանքը գտնուած բիւզանդական համանուն բնակավայրէն:

1990-ին հրատարակուած «Հայկական համառօտ հանրագիտարան»-ի Ա. հատորին համաձայն, «Բագրատունիներու թագաւորութեան անկումէն (1045թ.) ետք Զէյթունի տարածքը հաստատուած են Անիէն գաղթած 7 հայ ընտանիքներ` բնակավայրը անուանելով «Անի-Ձոր»: 1080-1375 թուականներուն Զէյթունը մտած է Կիլիկիոյ հայկական պետութեան մէջ: Զէյթունի բնակչութիւնը բազմացած է Շիրակէն, ինչպէս նաեւ Կիլիկիայէն ու այլ բնակավայրերէ եկած հայերով: 15-16-րդ դարերու սկիզբը ինկած է թուրքմենական ցեղերու տիրապետութեան տակ:

1517 թուին ընդունած է թրքական հպատակութիւն: Թուրք սուլթան Մուրատ Չորրորդը 1626-1627-ին Զէյթունի հայերուն շնորհած է կիսանկախութեան հրովարտակ (ֆերման):

«Քաղաքը եւ գաւառը ղեկավարած են 4 իշխանական տուներ` Շովրոյեանները, Եաղուպեանները, Ենի-Տունեանները, եւ Սուրէնեանները, որոնց անունով են կոչուած Զէյթունի թաղերը (անոնց ժառանգական տիրոյթները): Գաւառին վերաբերող հարցերը լուծած է իշխանական խորհուրդը, ուր վճռական խօսքի իրաւունքը վերապահուած է աւագ իշխանին եւ Զէյթունի արքեպիսկոպոսին»:

Պատմականօրէն անկախ կամ կիսանկախ ապրած Զէյթունը միշտ ալ գրգռեց թուրք իշխանաւորներու ախորժակները, որոնք ամէն առիթ օգտագործեցին ազատ ու անկախ հայութեան այս արծուեբոյնը գրաւելու եւ իրենց բռնատիրութեան ենթարկելու համար: Բայց Զէյթունը միշտ ալ զէնքով դիմադրեց եւ ետ շպրտեց թրքական այդ նկրտումները` ամէն պարագայի իր ինքնիշխանութիւնը պահպանելով, իսկ յոռեգոյն պայմաններու տակ` զիջելով հարկ վճարել թուրք սուլթանին…

Զէյթունի ապստամբութեան ղեկավարները
Զէյթունի ապստամբութեան ղեկավարները
«Զէյթունի 1862-ի պաշտպանութիւնը» (1962, գործ` Զուլում Գրիգորեանի)
«Զէյթունի 1862-ի պաշտպանութիւնը» (1962, գործ` Զուլում Գրիգորեանի)

19-րդ դարուն Զէյթունը իր ազատութեան եւ անկախութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը դիմագրաւեց 1862-ին, երբ սուլթանական կառավարութիւնը փորձեց զինու զօրութեամբ խորտակել հայոց անառիկ այս ամրոցը:

Բայց Զէյթուն կրկին անգամ յաղթական դուրս եկաւ ինքնապաշտպանութեան թէժ կռիւներէն, վերահաստատեց ինքնավար ու կիսանկախ կեանքի իր իրաւունքը եւ այդպէս ապրեցաւ մինչեւ 1890-ականները: Նաեւ 1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ զէյթունցիք կրկին ծառացան` օսմանեան բռնակալ լուծը միանգամընդմիշտ թօթափելու յոյսերով, բայց յաղթական իրենց կռիւները քաղաքականօրէն անպտուղ մնացին, որովհետեւ ցարական Ռուսիան աշխարհաքաղաքական այլ հաշիւներ կը հետապնդէր…

Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի սուլթանական գահ բարձրանալով` թուրք պետական քաղաքականութեան առաջնահերթ խնդիրը դարձաւ Հայկական հարցէն ձերբազատումը: Յատկապէս Զէյթունն ու Սասունը կոկորդին կեցած փուշ էին մեծ մարդասպանին համար: Եւ Համիտ շարունակ կ՛որոճար յարմար պահուն մահացու հարուած տալու ծրագիրներ…

1890-ականներու սկզբնաւորութեան թափ առած հայ յեղափոխական շարժումը, յատկապէս` Հնչակեան կուսակցութեան սկզբնական մակընթացութեան շրջանին, լաւապէս կը գիտակցէր, որ հարկ էր պատրաստ ըլլալ սուլթանի մշակած ջարդի ծրագիրին ու դիմագրաւել զայն: 1895-ի ամառը հնչակեան գործիչներ կու գան շրջանը` Զէյթունի եւ Լեռնային Կիլիկիոյ միւս բնակավայրերու հայութիւնը ինքնապաշտպանութեան եւ զինեալ պայքարի նախապատրաստելու համար: Բայց սուլթանը արդէն սկսած էր զօրք կեդրոնացնել այդ շրջաններուն մէջ` Զէյթունը վերջնական հաշուեյարդարի ենթարկելու նպատակով: Հնչակեան գործիչները շտապ խորհրդակցութեան կը հրաւիրեն Զէյթունի իշխանները, շրջանի գիւղապետները եւ հոգեւորական գործիչները: Այդ խորհրդակցութիւններու միջոցաւ քաջարի Զէյթունը որոշեց կանխել վտանգը եւ ձեռնարկեց ապստամբութեան:

3 սեպտեմբերին Զէյթունը պարզեց ապստամբութեան դրօշը եւ շարժման ղեկավարը դարձաւ Նազարէթ Չաւուշ Նորաշխարհեան: Երեք օր ետք քաջարի հայ լեռնականները գրաւեցին Զէյթունի կառավարչատունը եւ գերի բռնեցին բոլոր պաշտօնեաները: Ապա յարձակեցան գիւղաքաղաքի թրքական զօրանոցին վրայ, գրաւեցին զայն եւ գերի ինկած 700 թուրք զինուորներուն ստիպեցին` իրենց գլուխները խոնարհած անցնիլ վանահօր սուրին տակէն: Հայերու ձեռքը անցան` երկու թնդանօթ, երեք հարիւրէ աւելի հրացան եւ մեծաքանակ ռազմամթերք: Ստեղծուեցաւ Զէյթունի ժամանակաւոր կառավարութիւն` Աղասիի գլխաւորութեամբ: Կազմուեցաւ նաեւ զինուորական խորհուրդ: Զօրանոցին վրայ բարձրացուեցաւ «Զէյթունի անկախ իշխանութեան» կարմիր դրօշը:

Ահա այսպիսի՛ յաղթական թռիչքի մը սկզբնաւորման 120-ամեակը կը տօնենք սեպտեմբեր 3-ին:

Սուլթանական կառավարութիւնը զէյթունցիներուն դէմ ուղարկեց 30 հազարնոց կանոնաւոր եւ քանի մը հազարի հասնող անկանոն զօրքեր: Զէյթունը զանոնք դիմաւորեց 6000 կռուող քաջերով եւ ամիսներու վրայ երկարած մարտերով շարունակ ետ մղեց թշնամիին գերակշիռ ուժերով յարձակումները:

Թէեւ ապստամբութեան շուրջ 4 ամիսներու ընթացքին զէյթունցիները ունեցան 3500 զոհ, բայց թշնամիէն խլեցին աւելի քան 20.000 սպանեալ:

Դեկտեմբեր 2-3 Զէյթունը նուաճեց իր մեծագոյն յաղթանակը, երբ կրցաւ անփառունակ պարտութեան մատնել թրքական ընդհանուր յարձակողականը: Սուլթան Համիտ ստիպուած տեղի տուաւ եւրոպական մեծ տէրութեանց միջնորդութեան առաջարկին եւ համաձայնութիւն յայտնեց սկսելու, եւրոպացի դիւանագէտներու հովանաւորութեամբ, Հալէպի մէջ, Զէյթունի հերոս ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւններ, որոնք 30 յունուար 1896-ին յանգեցան փոխադարձ զիջումներու պայմանագրի մը ստորագրութեան:

Յուշատետրի առանձին էջի արժանի է Զէյթունի 1895-ի ապստամբութեան յաղթական աւարտը պսակող այդ պայմանագրին ազգային-քաղաքական արժեւորումը: Բայց ապստամբութեան բռնկումին 120-ամեակին նուիրուած այս հակիրճ ակնարկը անպայման պէտք է փակել ա՛յն նշումով, որ սուլթանը ստիպուած ընդառաջեց շրջանին մէջ քրիստոնեայ կառավարիչ (ազգութեամբ` յոյն) մը նշանակելու եւ տեղական ինքնակառավարման սկզբունքը յարգելու յաղթական Զէյթունի պահանջներուն:

Զէյթունի ապստամբութեան յաղթական աւարտը, այսպէ՛ս, ներշնչման աղբիւր եւ ինքնավստահութեան կռուան դարձաւ Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը ամբողջական ազատագրութեան առաջնորդելու հայ յեղափոխականներու հետագայ պայքարին համար:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Սեպտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Ի՞նչ Է Նշանակում` Ես Գոյութիւն Ունեմ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?