ՀՅԴ ՔԵՄ-ի (Քանատայի երիտասարդական միութիւն) 43-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 29-30 օգոստոս 2015-ին, Թորոնթոյի մէջ: Ներկայ էին 35 պատգամաւորներ, Օնթարիոյի, Քեպեքի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի զանազան շրջաններէն: Ժողովին հիւրաբար նաեւ մասնակցեցան ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, Ազգային վարչութեան, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրիան» կոմիտէի , ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան, ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի եւ ՀԵԴ Միացեալ Նահանգների Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչները:
Պատգամաւորական ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին` ՔԵՄ-ի կազմակերպած Վանաձորի ամառնային Ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթը, ՔԵՄ-ի քաղաքական գործունէութիւնը եւ Քանատահայ երիտասարդութիւնը:
Ժողովը հաստատեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ ՔԵՄ-ը կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ, բայց եւ այնպէս վերջին տարիներուն միութիւնը արձանագրած է յառաջխաղացք` ընդլայնելով շարքերը եւ գործունէութեան դաշտի ծաւալը:
Հայրենիքի մէջ միութեան իրագործած գլխաւոր ծրագիրն է Վանաձորի Ճամբարը, որ կը համախմբէ եւ կը դաստիարակէ երկու հարիւրէ աւելի վանաձորցի պատանիներ, որոնք կը ստանան անգլերէնի, հայոց պատմութեան եւ համակարգիչի դասընթացքներ: Ժողովը առաջադրեց ընդլայնել Ճամբարի ծրագիրը, եւ գործակցելով շրջանի երիտասարդութեան հետ` յառաջացնել յաւելեալ ծրագիրներ Լոռիի մարզին մէջ:
Նախորդ տարեշրջանին հրատարակուեցան ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Արծիւ» պաշտօնաթերթի երեք թիւեր, որոնցմէ մէկը ամբողջովին նուիրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Պաշտօնաթերթի կայքէջը եւս շարունակեց գործել պարբերական թարմացումներով, որուն էջերուն մէջ արծարծուեցան ՔԵՄ-ականն ու ընդհանրապէս քանատահայ երիտասարդը յուզող հարցեր:
Քարոզչական գետնի վրայ պաշտօնաթերթը քանատահայ երիտասարդութեան աւելի հասանելի դարձնելու համար ժողովը թերթը տարածելու եւ սփռելու նոր միջոցներ որդեգրելու առաջարկներ կատարեց:
Միութեան քաղաքական գործունէութեան ծիրէն ներս ժողովը առաջարկներ կատարեց Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ ու առաջարկուեցան Արցախին անմիջականօրէն օժանդակելու համապարփակ ծրագիրներ: Նաեւ, նկատի ունենալով հայոց պահանջատիրական պայքարի նոր շրջանը, ժողովականները քննարկեցին Հայ դատի ուղղութեամբ ՔԵՄ-ի ի գործ դնելիք յառաջիկայ ծրագիրները եւ որոշեցին նոյն թափով ու մարտունակութեամբ շարունակել Հայ դատի ուղղութեամբ տարուող պայքարը:
Այլ գետնի վրայ ժողովը բարձրօրէն գնահատեց ՔԵՄ-ի ունեցած հսկայական ներդրումը Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման աշխատանքներուն մէջ:
Վերջապէս, պատգամաւորները արծարծեցին միութեան դիմագրաւած բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները եւ անդամները խրախուսելու եւ նոր անդամներ ներգրաւելու միջոցները: Ժողովականները մշակեցին յառաջիկայ տարեշրջանի ընդհանուր ծրագիրը:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 2015-2016 տարեշրջանի ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմը:
ՀՅԴ ՔԵՄ-Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
2015-2016, Թորոնթօ