Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայութեամբ Բաբախողներու Սփիւռքը Հայաստանի Կամրջած Վահագն Յովնանեան Ոչ Եւս Է

Սեպտեմբեր 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Vahagn-Hovnanyan01_9-05-15Vahagn-Hovnanyan3_9-05-15Երեւան: Իր անունը կրող կառուցուող թաղամասի տան մէջ կամ ճաշարանը յաճախ միասին եղած էինք Վահագն Յովնանեանի հետ: Արտակարգ անձնաւորութիւն մը, որուն համար հայրենիքը եւ անոր կառուցումը ո՛չ լուսանկար էին, ո՛չ ճառ, այլ` կեանքի արարում: Պարզ եւ համեստ այս հայը ամէն առիթով կ’ըսէր, որ հայրենիք պէտք է գալ, հաստատուիլ: Իր յաջողութեան բոլոր բարիքները կրնար վայելել Ատլանտեանի գեղածիծաղ ափի պերճ ու շքեղ տան մէջ, ուր հանգիստ կեանքի բոլոր պայմանները ունէր: Բայց եկած էր հայրենիք: Հայրենալքման հակառակ ուղղութեամբ:

Եկած էր Հայաստան` մնալու, արմատաւորուելու, ոչ միայն իր անձով, այլ` արմատաւորելու համար ուրիշներ ալ: Պատմեց, որ այս գեղեցիկ թաղամասը կառուցուած է Երեւանի աղբանոցին վրայ: Ինչպիսի սիրով եւ յանդգնութեամբ հոն կառուցած է գեղեցիկ եւ ապագային նայող թաղամաս մը: Օրինակելի Վահագն Յովնանեան, որ իր նախաձեռնութեամբ ասպարէզ կարդացած է բոլոր անոնց, որոնք կրնան իր ըրածը ընել եւ չեն ըներ:

Բարոյական յանդգնութիւն է չբաւարարուիլ խօսքով եւ տալ անձին օրինակը:

Վահագն Յովնանեանի իրապէս կը պատշաճի բարի մարդու համբաւը, բարերարի լուսապսակը, թէեւ վերջին տասնամեակներուն այդ բառին իմաստը նուազուրդի ենթարկուեցաւ:

Նիւ Եորքի հայերը կը պատմեն, որ Վահագն Յովնանեանի տան դռները միշտ բաց եղած էին մշակոյթի գործիչներու առջեւ, եւ ան սատար հանդիսացած էր մշակութային նախաձեռնութիւններու: Հայաստանի մէջ ալ շարունակած էր զօրավիգ կանգնիլ մշակոյթի:

Սուրիական տագնապին պատճառով Երեւան հասած ընտանիքներու համար բնակութեան պայմաններ ստեղծած էր` առանց ժողովներէ եւ յանձնախումբերէ անցնելու:

Իր յաջողութիւնը սնապարծութեան չէր վերածած Վահագն Յովնանեան: Հաճելի խօսակից էր: Կը սիրէր հայերէն երգը: Դեռ երկու շաբաթ առաջ իրեն այցելութեան գացինք, արդէն ծանր հիւանդ էր: Երբ աչքերը բացաւ, զանազան խօսքեր ըսաւ, բայց նաեւ հայերէն երգեց, երգեր, որոնք իրեն ընկերացած էին Իրաքէն Ամերիկա եւ Հայաստան:

Գործի մարդ էր Վահագն Յովնանեան: Նիւ Ճըրզիի մէջ իր անունը կրող արդիական հայկական վարժարան կայ` ժամանակակից սարքաւորումներով օժտուած: Այդ դպրոցի աշակերտներէն խումբ մը, ուսուցչուհիներու ընկերակցութեամբ,  եկած էր Հայաստան, ապրիլ 24-ին: Իր հիւրն էին: Խումբը իր թաղամասը հիւր եկած էր: Հրաւիրած էր նաեւ բարեկամներ: Իր սաները հայերէն կը խօսէին եւ հայերէն երգեցին, ամերիկածին տղաք եւ աղջիկներ, եւ իր աչքերուն մէջ կը կարդացուէր երջանկութեան ուրախութիւնը:

Երազներ ունեցող եւ երազները կեանքի վերածող իրաւ մեծ հայ էր Վահագն Յովնանեան, որուն հայրենասիրութիւնը հեռուն նստած յուզուողի սէր չէր, այլ անձի ներդրում էր:

Մեր զրոյցներէն մէկուն ընթացքին հարց տուի, թէ ինչպէս պիտի շարունակուէր իր մեծ գործը: Ըսաւ, թէ Նինան` իր աղջիկը, պիտի շարունակէ գործը, որ իր ամուսնին եւ երկու աղջիկներուն հետ կը բնակի իր տունէն քարընկէց մը հեռու: Ան ալ Ամերիկայի ճոխութիւններէն հրաժարած եւ եկած էր հայրենիք:

Յաճախ ըսած եմ, որ մահէն ետք առաքինութիւնները կ’ապրին: Բայց առաքինութիւններ պէտք է ունենալ, որպէսզի ապրին: Հռոմէացիները առաքինութիւնը կը սահմանէին որպէս հոգիի ուժ:

Վահագն Յովնանեան հռոմէացիի հոգեկան հզօրութիւն ունեցաւ: Իր թաղամասը մանրանկար քաղաք պիտի ըլլայ` իր դպրոցներով եւ կեանքով:

Ինք կեանք տուաւ այդ անբնակ վայրին: Այդ վայրը, իր կենդանի պատգամով, պիտի ըլլայ Վահագն Յովնանեանի շարունակուող կեանքը, որուն ծառուղիներէն դիտեց երազային Արարատը: Իր երազած քաղաքը իրականութիւն է այսօր, իր կարօտի աչքերուն մէջ եղած Արարատն ալ օր մը կ’ըլլայ հայու իրականութիւն:

Օրինակելի Վահագն Յովնանեան:

Անոնք, որոնք կը սգան իր կորուստը, պիտի ունենա՞ն, կ’ունենա՞ն իր իրաւ եւ անխարդախ հայրենասէրի հռոմէացիի առաքինութիւնը: Քանի որ յիշեցինք հռոմէացիները, յիշենք նաեւ անոնց զինուորի խօսքը` վահանի ետին կամ վահանի վրայ: Վահագն Յովնանեան հայու վահանին ետին մնաց եւ մեզմէ կը բաժնուի վահանին վրայ, մերժելէ ետք օտար եւ օտարացնող երկինքը, մերժում` որ առաքինութիւն կը պահանջէ:

Միշտ պէտք է կրկնել`օրինակելի:

Մեծ յեղափոխականի կտակ-խօսքը պէտք է յիշել` գործն է միայն կենդանի:

Եւ Վահագն Յովնանեան կ’ապրի:

 

2 սեպտեմբեր 2015, Փարիզ

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Ատենապետ Վիքի Մարաշլեան Ներկայ Գտնուեցաւ Աւստրալիոյ Միաւորի Յիսնամեակի Տօնակատարութեան

Յաջորդը

Չես Մեռնիր

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?