ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ճիշդ 50 տարի առաջ, 1965-ին, Հայ աւետարանական քրիստոնէական ջանից միութեան վարիչ-քարտուղար պատ. Պարգեւ Տարագճեան Հալէպ տուած իր մէկ այցելութեան վաղորդայնին, պատմելով իր տպաւորութիւնները մեր քաղաքէն, Բեթէլ եկեղեցւոյ մասին գրեր է.
– Եկեղեցիին առջեւէն անցնող ճամբան բաւական իջած ըլլալով` եկեղեցին կարծես կանգնած է բլուրի մը վրայ(«Ջանասէր», յունուար 1966):
Որքա՜ն ճշգրիտ բնորոշում` «Եկեղեցին կարծես կանգնած է բլուրի մը վրայ»…
Միեւնոյն տպաւորութիւնը ե՛ս ալ ունեցած եմ եւ կ՛ունենամ առ այսօր, ամէն անգամ որ կ՛անցնիմ «ԹելեՖոն Հաուայի»-ի մայր պողոտայէն ու հեռուէն կը դիտեմ Բեթէլ եկեղեցւոյ բերդանման զանգակատունն ու տպաւորիչ բարձրադիր սանդղակառոյց շքամուտքը:
Սա վերջին ամիսներուն, երբ Բեթէլ եկեղեցւոյ ու դպրոցին հանդիպակաց փողոցը վերանուանուեցաւ որբախնամ մեծանուն հայրիկին` վեր. Ահարոն Շիրաճեանին անունով, հայախիտ այդ թաղամասը կարծէք աւելի՛ հայացաւ: Ու Բեթէլ դարձաւ այդ շրջանին սիրտը` Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանին ու Եսայեան հանդիսասրահին քովն ի վեր:
Բեթէլ եկեղեցին առանձին չէ. իր կուշտին ունի նոյնանուն դպրոցն ալ: Զոյգ հաստատութիւններ, որոնք Հալէպի Հայ աւետ. համայնքին գլխաւոր «փեթակ»-ը կը նկատուին, եւ որոնք իրենց ետին ունին արդէն աւելի քան 90 տարուան անցեալ մը:
Հարուստ պատմութիւն մը թաքնուած է այդ 90 տարիներուն ետին:
Ի՞նչ գիտենք այդ պատմութենէն: Որո՞նք քարոզեր են այդ եկեղեցւոյ բեմէն, կամ որո՞նք իբրեւ տնօրէն եւ ուսուցիչ պաշտօնավարեր են դպրոցէն ներս: Քանի՞ հազար հայ ուսանողներ իրենց դասագիրքը բացեր են Բեթէլի գրասեղաններուն վրայ:
1923-ին հիւղաւաններուն մէջ ծնած խեղճուկ հաստատութիւն մըն էր Բեթէլը, կտաւէ հաստ վարագոյրներով անջատուած «դասարան»-ներով, ուր ուսանելու կու գային խափխափ հագած կամ ոտաբոպիկ հայ որբ աշակերտներ… Ծալապատիկ կը նստէին հողածածկ գետինը փռուած խսիրներու վրայ ու կարդալ-գրել կը սորվէին:
Տարիներու եւ տասնամեակներու երկայնքին հրաշալի վերելք մը իրագործուեցաւ:
Բեթէլ սեփականատէր դարձաւ գեղակերտ կառոյցի մը ու օր մըն ալ վերածուեցաւ երկրորդական վարժարանի:
Հալէպի հայկական հինգ երկրորդական վարժարաններէն մէկն է ան հիմա:
Բեթէլի ամբողջական պատմութիւնը սեփականութիւնը պիտի դառնայ հայ ընթերցողին, շատ շուտով, երբ տպարանէն դուրս գայ 90-ամեակի փառաւոր յուշամատեանը:
650 էջանի հոյակապ աշխատասիրութիւն մըն է այս, զոր պատրաստած է հալէպահայ (այժմ երեւանաբնակ) բանասէր եւ կրթական երկարամեայ մշակ Յակոբ Չոլաքեան:
Մենք առիթն ունեցանք ծայրէ ի ծայր կարդալու այս յուշամատեանը` անոր հրատարակութենէն առաջ իսկ:
Գիրքը կը կոչուի«Տարեգրութիւն Հայ աւետ. Բեթէլ վարժարանի»:
Խորագիրը ինքզինք կ՛արդարացնէ կատարելապէս, որովհետեւ, Բեթէլի պատմութիւնը մեզի փոխանցուած է տարուէ տարի` մէկ կրթական տարեշրջանէն միւսը, հերթաբար ու քայլ առ քայլ, եւ իւրաքանչիւր տարեշրջանի մասին տրուած է այնքան նիւթ, որքան որ պահած են արխիւներն ու տպագիր տեղեկագիրները:
Հատորը պատկերազարդ է անշուշտ, եւ հոն կը տողանցեն վարժարանէն շրջանաւարտ բոլոր աշակերտներու խմբանկարները, իրենց սիրելի ուսուցիչներուն եւ ուսուցչուհիներուն կողքին:
Հին յիշատակներ արթնցնող ու մեզ անցեալի երանաւէտ օրերը փոխադրող գեղեցիկ իրագործում մըն է այս յուշամատեանը: Զայն թղթատելը իսկական հաճոյք մը պիտի ըլլայ:
Բայց, եկէք, արագ ակնարկ մը նետենք հրատարակելի այս մատեանին բովանդակութեան վրայ ու տեսնենք, թէ ի՛նչ հիմնական հանգրուաններէ անցեր է Բեթէլը` իր ինիսնամեայ գոյութեան տեւողութեան:
* * *
Նախ նկատել տանք, որ Բեթէլի պատմութեան նուիրուած առաջին գիրքը չէ այս: Մեր գրադարաններուն մէջ կայ արդէն վեր. Մանասէ Շնորհօքեանի հեղինակած 24 էջանի մէկ գրքոյկը (Հալէպ, 1973) եւ վեր. Պարգեւ Օրջանեանի ծաւալուն մէկ պատմագրութիւնը (Ուոթըրթաուն, 2001, 392 էջ): Առաջինը վտիտ հրատարակութիւն մըն է, պարզապէս Բեթէլ եկեղեցւոյ եւ դպրոցին 50-ամեակին առթիւ գրի առնուած ուրուագիծ մը, իսկ երկրորդը, թէեւ ընդարձակ, սակայն առաւելաբար կը ծանրանայ Բեթէլ եկեղեցիի՛ն պատմութեան վրայ` դպրոցին վերապահելով նկուն եւ մասնակի բաժին մը միայն:
Հետեւաբար Յակոբ Չոլաքեանի ներկայ աշխատասիրութիւնը Բեթէլ դպրոցի պատմութեան ամբողջական ու կատարելատիպ գրառումը կարելի է նկատել:
Բեթէլի պատմութիւնը կը սկսի 1923-ին, տարրական նախակրթարանի առաջին չորս դասարաններով, որոնք կը համալրուին յաջորդող քանի մը տարիներուն: Զուգահեռաբար կը բացուի նաեւ մանկապարտէզը:
Քառանկիւն փայտաշէն սրահ մըն էր այդ օրերու Բեթէլը, որ կը ծառայէր թէ՛ իբրեւ եկեղեցի, թէ՛ իբրեւ դպրոց:
Այսօրուան Համիտիէ եւ Ճապրիէ թաղամասերուն միջեւ տարածուող ու Ռամ կոչուած հիւղաւանին (քեմփ) մէջ էր ատիկա:
Ամբողջ տասներկու տարի, մինչեւ1935, դպրոցը կը գոյատեւէ հայկական այդ հիւղաւանին մէջ, ընդհանրապէս` 250-350 աշակերտներով: Վարժուհիները հին սերունդէն են, իսկ տնօրէնը Յովհաննէս Հայտոսթեանն էր, որ պաշտօնի վրայ կը մնայ մինչեւ 1941:
30-ական թուականներու սկիզբը Հալէպի գաղթականաց հիւղաւանները կը սկսին կամաց-կամաց պարպուիլ: Հայեր բնակութեան նոր վայրեր կը փնտռեն քաղաքին հիւսիս-արեւելեան սահմաններուն վրայ` Մէյտան, Տաւուտիէ, Շէյխ Մագսուտ եւ այլն: Այդ շրջանին, ճշգրտօրէն` 1933-ին, Հայ աւետ. համայնքը կը գնէ Ճապրիէի իր ներկայ հողը` հոն նոր եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու նպատակով: Ամերիկեան պորտը հազար օսմ. ոսկի նուէր կու տայ այդ նպատակով: Շինարարական աշխատանքները կը սկսին յաջորդ տարի:
Եկեղեցին կը կառուցուի երկու տարիէն (1935-ին)` Մարաշի Հայ աւետ. եկեղեցւոյ ճարտարապետական նմանողութեամբ: Աղօթատեղիին կից` Բեթէլ դպրոցին շինութիւնն ալ կ՛աւարտի 1939-ին: Նոյն տարին դպրոցը մանկապարտէզի մասնաճիւղ մըն ալ կը բանայ Շէյխ Մագսուտի մէջ (գոյատեւած է երկու տասնամեակ): Եւ գիտէ՞ք, այդ շրջանին (Բ. Աշխարհամարտի նախօրէին) ուսուցիչներուն ամսականը 10-12 սո էր, իսկ տնօրէնին ամսականը` 23 սո, աշակերտներու տարեկան կրթաթոշակներն ալ` 3-5 սո…:
1940-ական թուականներու կէսերէն մինչեւ 1950-ական թուականներու կէսերը` Բեթէլ կարեւոր ոստում մը կ՛արձանագրէ իբրեւ դպրոց, նախ` կեանքի կոչելով միջնակարգի Ա. դասարան մը (Է. կարգ) ու յաջորդող տարիներուն հանգրուանային ձեւով համալրելով զայն Բ. եւ Գ. դասարաններով (Ը. եւ Թ. կարգեր): Այս յառաջխաղացումին իբրեւ բարերար արդիւնք, բնականաբար, կ՛աճի աշակերտութեան թիւն ալ: Օրինակ, 1948-49 տարեշրջանին դպրոցը կ՛ունենայ 440 աշակերտ, իսկ 1955-56 տարեշրջանին` 514 աշակերտ: Դժբախտաբար այս նոյն տարին Կրթական գերատեսչութիւնը (մաարեՖ) հրամանագրով մը կը փակէ միջնակարգը` պետական կրթական ծրագիրի թերի ու անկատար գործադրութիւն նշմարելով այնտեղ:
1946-49 Բեթէլի աշակերտութիւնը լոյս կ՛ընծայէ «Խաչբուռ» անունով աշակերտական պարբերաթերթ մը: Ասիկա մէկն էր հալէպահայ դպրոցներու այն պարբերականներէն (ինչպէս` Ալէփփօ քոլեճի «Գրասէր»-ը, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի «Հայ Պատանի»-ն, Կիլիկեան վարժարանի «Հայրենասէր Պատանի»-ն կամ Ճեմարանի «Բամբիռ»-ը), որոնց հրատարակութիւնը կարեւոր կը նկատուէր այդ օրերուն, եւ ուր տեղ կը գտնէին մեր պատանի տղոց գրական-ուսումնասիրական նախափորձերն ու յօդուածները:
Հետաքրքրական է իմանալ, որ 1960-ին տնօրէնի մը ամսականը 400 սո է եղեր, իսկ ուսուցիչներու ամսականները` 125-160 սո…
Բեթէլ վարժարանի այս «Տարեգրութիւն»-ը թղթատողները, անոր էջերուն երկայնքին, տեղ-տեղ, շահեկան տեղեկութիւններ պիտի գտնեն նաեւ սուրիահայ վարժարաններու դիմագրաւած հասարակաց տագնապներուն մասին` ինչ կը վերաբերի հայոց լեզուի ուսուցման եւ անոր դիմաց ատեն-ատեն յարուցուած դժուարութիւններուն:
Օրինակ, արձանագրուած է, որ հայերէնի նկատմամբ առաջին սեղմում մը ի գործ կը դրուի 1959-ին, երբ երկրին բոլոր դպրոցներէն կը պահանջուի կիրարկել պետական պաշտօնական կրթական ծրագիրը` բոլոր դասանիւթերը աւանդելով արաբերէնով: Այդ օրերուն, մեզի կ՛արտօնուի հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի աշխարհագրութեան դասերը շարունակել «Հայ մշակոյթի դասեր» անունին տակ: «1963-64 տարեշրջանին հայերէնի եւ հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցումը կրկին նոր դժուարութիւններու կը հանդիպի», կը գրէ Չոլաքեան`բացատրելով, որ պետական կրթական մարմիններէն հրահանգներ կու գան` դադրեցնելու հայոց լեզուի դասերը: Պետութիւնը կը միտէր «միօրինակութիւն հաստատել մասնաւոր եւ պետական դպրոցներու միջեւ` ուսումնական ծրագիրի, ժամանակացոյցի, պաշտօնէութեան որակի, մակարդակի, վարձատրութեան, դպրոցական ատենագրութեանց եւ այլ կրթական երեւոյթներու մէջ», ինչոր բնական էր անշուշտ, թէեւ մեր դպրոցները դժուարութիւններու կը բախէին` ծրագրեալ այս հիմնական փոփոխութիւններուն քայլ յարմարցնելու տեսակէտէ:
Բառնալու համար այսօրինակ դժուարութիւններ` հայ համայնքներու պատասխանատուները կը լծուին միասնական արտասովոր աշխատանքի: Անոնք կը յառաջացնեն համագաղութային ներկայացուցչական մարմին մը (հոգեւոր եւ աշխարհական դէմքերէ բաղկացեալ), որ Դամասկոսի մէջ տենդագին բանակցութիւններ կը վարէ կրթական եւ ներքին գործոց նախարարութեանց հետ ու անոնց կը փոխանցէ հայութեան ցանկութիւնները, պատկերացումներն ու մտահոգութիւնները: Համաձայնութիւն կը գոյանայ կողմերուն համար «ընդունելի» լուծման մը շուրջ:
1967-ին տագնապը ա՛լ աւելի կը բարդանայ, երբ դպրոցներուն վրայ կը նշանակուին պետական տնօրէններ, ուսումնական ծրագրին ամբողջ հսկողութիւնը կ՛անցնի կրթական նախարարութեան, իսկ հայերէնի պահերը կ՛իջեցուին շաբաթական երկու պահի: Դեռ աւելի՛ն, հայերէնը կարգափոխութեան մէջ (վիճակացոյց) այլեւս նկատի չ՛առնուիր: Նոր օրէնքի մը հիման վրայ համայնքապետը կը կոչուի «դպրոցի սեփականատէր», իսկ համայնքին կողմէ նշանակուած հայ տնօրէնը` «արտօնատիրոջ կամ սեփականատիրոջ ներկայացուցիչ»: Կը փոխուին նաեւ դպրոցներու պաշտօնական անունները (թէեւ կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծել, որ մեր վարժարանները իրենց ցուցանակներուն կամ շքամուտքերուն վրայ, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտից վկայականներուն մէջ մի՛շտ ալ պահեցին ու կը պահեն իրենց հայկական տոհմիկ անուանումները` առանց որեւէ կաշկանդումի): Բեթէլը կը կոչուի «Ալ-Հայաթ»: Այս կարգադրութիւնները ընդվզումի կ՛առաջնորդեն երկրին կաթողիկէ դպրոցները, որոնք եղածը «ամբողջական պետականացում» համարելով` զարմանալիօրէն կը մերժեն վերաբանալ իրենց դռները: Անոնք փակ կը մնան վեց տարի, մինչեւ1973: Մինչ այդ հայ համայնքին ու պետական վարչամեքենային միջեւ կը կատարուին նո՛ր բանակցութիւններ` շինիչ ու անկեղծ երկխօսութեամբ մը, որոնց մէջ էական դեր կը խաղայ իրաւաբան Գրիգոր Էպլիղաթեան: Կը գոյանայ փոխադարձ հասկացողութիւն, որ գործնական գետնի վրայ կը պահպանէ հայ դպրոցին ազգային դիմագիծը: Այդ թուականէն սկսեա՛լ է, որ կ՛որդեգրուի շաբաթը չորս պահ հայերէնի ծրագիրը, որ ի զօրու կը մնայ առ այսօր:
Յաջորդող տասնամեակին Բեթէլ տնտեսական ամուր յենակներ կը գտնէ իրեն համար: 1978-ին խանութներ կը շինուին եկեղեցւոյ շրջափակին երեք կողմերուն վրայ ու ատոնք վարձակալութեան տրուելով` հասութաբեր կալուած կը դառնան:
1981-ին դպրոցը կը վերանուանուի Հայ աւետ. միացեալ վարժարան, նկատի առած, որ Ալէփփօ քոլեճի հայերէնի դասապահերը շատո՜նց դադրեր էին (1962-ին), իսկ համայնքին ենթակայ միւս դպրոցը` Էմմանուէլն ալ այլեւս լրիւ արաբացած էր, ու հետեւաբար Բեթէլը զուտ համայնքային միակ վարժարանը կը մնար Հալէպի մէջ:
90-ական թուականներուն շատ սուր տագնապ մը խռովքի կը մատնէ Բեթէլի շրջանակն ու Հայ աւետ. համանքը: Դպրոցին աշակերտութեան թիւին մէջ հետզհետէ մտահոգիչ համեմատութիւններու կը հասնի ոչ հայ (արաբ քրիստոնեայ եւ իսլամ) աշակերտներու թիւը: Երեւակայեցէք, որ 2000-2001 տարեշրջանին դպրոցի աշակերտութեան ընդհանուր թիւն էր 218, որուն միայն 87-ն հայ էր, իսկ մնացեալ 131-ը` ոչ-հայ…
Տնօրէնուհին ահազանգ կը հնչեցնէ: Կը ձեռնարկուի արմատական լուծման` վերականգնելու համար վարժարանին հայկական դիմագիծը` սկսելով մանկապարտէզի Բողբոջ դասարանէն:
Երկարաշունչ ու համբերատար ծրագիր մըն էր ասիկա, որ ի գործ կը դրուի աչալրջօրէն, զգօնութեամբ ու նպատակասլաց կերպով, ինը տարուան ընթացքին (մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարանի աւարտը) տալու համար իր բարերար արդիւնքը:
Եւ Բեթէլ կրկին կը հայանայ:
2007-2008 տարեշրջանին մանկապարտէզի ու նախակրթարանի կարգերուն մէջ ոչ հայ աշակերտ գրեթէ չէր մնացած: Յաղթանակ մըն էր ասիկա: (Թէեւ վարժարանին միջնակարգի ու երկրորդականի բաժինները կը շարունակեն ընդունիլ ոչ հայ աշակերտներ, առ այսօր):
2003-ին, պետական հրամանագրով, Սուրիոյ մէջ նախակրթութիւնը կը վերածուի իննամեայ դրութեան: Բեթէլն ալ ինքնաբերաբար կ՛ունենայ ինը կարգ` փոխան վեցի: «Ասկէ մեծապէս պիտի շահէր հայ դպրոցի հայեցի դաստիարկութեան առաքելութիւնը», կը գրէ Չոլաքեան:
Ի հետեւումն նոր դրութեան, 2007-ին Բեթէլ կու տայ պըրըվէի Ա. հունձքը: Եւ որպէսզի շրջանաւարտ սաները շարունակեն մնալ Բեթէլի յարկին տակ, նոյն տարուան սեպտեմբերին կը բացուի Ժ. կարգի դասարանը: Փաստօրէն հաստատ քայլ մը կ՛առնուի դէպի լրիւ երկրորդական:
Ու… վե՜րջապէս, 2009-2010 տարեշրջանին Բեթէլ կը վերածուի լրիւ երկրորդականի, որ կու տայ իր Ա. հունձքը` 14 հոգի: Զուգահեռաբար բացումը կը կատարուի դպրոցին նորակառոյց երրորդ յարկին: Լոյս կ՛ընծայուի նաեւ վարժարանին «Տարեգիրք»-ին Ա. թիւը: Այս ձեռքբերումները կ՛իրականանան համայնքապետ (2003-էն) ու Բեթէլի հովիւ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի հետեւողական ճիգերով:
Դպրոցը, այսպիսով, կը նուաճէ իր պատմութեան գագաթնային հանգրուանը:
***
Մինչ կը կարդայինք տպագրութեան յանձնելի այս յուշամատեանը, անդրադարձանք, որ բազմաթիւ էին այն երեւելի դէմքերը, որոնք շրջանաւարտ եղեր էին Բեթէլէն ու յետոյ նուիրուեր` հոգեւոր, կրթական, մշակութային ու հանրանուէր ծառայութիւններու: Շրջանաւարտից անուններու այդ երկար ցուցակներուն մէջ մենք հանդիպեցանք վեր. Պարգեւ Օրջանեանին (1928), «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնեանին (1928), երբեմնի տնօրէն Եր. Ակիշեանին (1943), ծանօթ բժիշկներՊարգեւ Անտոնեանին (1943)ու Ժան Օհանեանին (1952միջ.), հայերէնաւանդ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ Ազնիւ Արապեանին (1945), Բիւզանդ Մինասեանին եւ Մանուշակ Փիլոյեանին (1947),վեր. Պարգեւ Աբարդեանին (1950), Նուպար Շորվօղլեանին (1952), խմբավար-երաժշտագէտ Պօղոս Ապաճեանին (1953), հայագէտ տոքթ. Երուանդ Քասունիին (1953 միջ.), դեղագործ Յակոբ Թախթապուրունեանին (1956) եւ այլն, եւ այլն:
Մեզի համար նո՛յնքան հետաքրքրական էր տնօրէններու ցանկը.
Յովհաննէս Հայտոսթեան (սկիզբէն մինչեւ 1941), Գեղամ Միսիսեան (1941-43), ԼութՖի Հայտոսթեան (1943-44), Էմմանուէլ Տարագճեան (1944-45),Նշան Յովհաննէսեան (1945-47), Սարգիս Կանիմեան (1947-48), կրկին ԼութՖի Հայտոսթեան (1948-59), Մովսէս Ապաճեան (1959-60), Տիգրան ՍարաՖեան (1960-66), Սուրէն Շորվօղլեան (1966-67, ապա շուրջ տասնամեակ մը դպրոցը հայ տնօրէն չ՛ունենար), այնուհետեւ` Ազնիւ Քիրիշեան-Եագուպեան (1978-81), Պէթի Գրաճեան-Եփրեմեան (1982-83), Անդրանիկ Ինճեճիքեան (1983-86), Մակի Ասլանեան (1986-87), Մարալ Նենեճեան (1988-89), եւ դա՛րձեալ Պէթի Գրաճեան-Եփրեմեան (1989-էն ցայսօր, աւելի քան քառորդ դարու երկարատեւ պաշտօնավարութեամբ եւ բեղուն վաստակով):
90 տարիներու երկայնքին` մնայուն հունձք եւ անմոռանալի հնձուորներ…
Հալէպ