Յօդուածներ

Վերամուտը Մեզ Հաւաքաբար Գիտակցութեան  Եւ Պատասխանատուութեան Հրաւիրող Առիթ Է

Վերամուտը Մեզ Հաւաքաբար Գիտակցութեան Եւ Պատասխանատուութեան Հրաւիրող Առիթ Է

ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ   Լիբանանահայ վարժարաններու երդիքին տակ դարձեալ հաւաքուող աշակերտութեան խանդավառ եռուզեռին կշռոյթով, սրտանց կ՛ողջունենք կրթական նոր տարեշրջանի այս վերամուտը եւ ի սրտէ կ՛աղօթենք, որ բարին Աստուած, Ազգային մեր վարժարաններուն պարգեւէ միջոցներ, որպէսզի մերօրեայ դժուարին պայմաններուն մէջ, մեր ազգի մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան աշխատանքները ըլլան արդիւնաւոր եւ աստուածահաճոյ: Վերամուտի այս հանգրուանին պէտք է խոստովանինք եւ բարձրաղաղակ նաեւ...

Վերամուտին Առիթով Կատարուած Զրոյցին Ընթացքին  Կրթական Գործիչներ Շեշտը Դրին Հայ Դպրոցին  Հարազատութեան Եւ Ազգակերտման Իմաստով  Ունեցած Կարեւորութեան Վրայ

Վերամուտին Առիթով Կատարուած Զրոյցին Ընթացքին Կրթական Գործիչներ Շեշտը Դրին Հայ Դպրոցին Հարազատութեան Եւ Ազգակերտման Իմաստով Ունեցած Կարեւորութեան Վրայ

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Սեպտեմբեր ամիսը սկիզբն է ուսումնական տարեշրջանի եւ կը յատկանշուի վերամուտի ընդհանուր իրադարձութիւններով եւ խանդավառ մթնոլորտով: Այս առիթով 14 սեպտեմբեր 2015-ին «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամ Թամար Հաշէօլեանին եւ հայ Աւետարանական միութեան Կրթական խորհուրդի գործավար Ռոզէթ Ալէմեան-Մահսէրէճեանին հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք վերամուտի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: ԹԱՄԱՐ ՀԱՇԷՕԼԵԱՆ.- Վերջին քանի մը տարիներուն Ուսումնական խորհուրդին համար վերամուտը...

Նշմար.  Եւրոպական Միութիւնը, Լիբանանն  Ու Գաղթականներու Հարցը

Նշմար. Եւրոպական Միութիւնը, Լիբանանն Ու Գաղթականներու Հարցը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Եւրոպական Միութեան ներքին գործոց նախարարները երկուշաբթի օր Պրիւքսէլի մէջ 6 ժամ տեւած իրենց ժողովի ընթացքին ձախողեցան 120 հազար գաղթականներն ու անոնց բեռը իրարու միջեւ բաժնուելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել եւ յոյս յայտնեցին համաձայնութիւն գոյացնել 8 հոկտեմբերին նախատեսուած մէկ այլ ժողովի մը ընթացքին: Իրապէս ամօթալի է այս երեւոյթը, մանաւանդ երբ մտաբերենք Լիբանանի պարագան: Մինչ 10.452 քառ. քմ տարածք ունեցող եւ...

Նամակ Երկրէն.  Իսկական Հերոսները (2)

Նամակ Երկրէն. Իսկական Հերոսները (2)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Խորհրդային տարիներուն հաշմանդամ կամ մտաւոր խնդիրներ ունեցող երեխաներու կրթութիւնը կը կազմակերպուէր յատուկ, գիշերօթիկ դպրոցներու մէջ: Ինչպէս որ ընթերցող մը դիտել կու տար ինծի իր ուղարկած նամակով, հաշմանդամներն ու այլ խնդիրներ ունեցող երեխաները այս ձեւով կը մեկուսացուէին հանրութենէն, անոնք փողոցներուն մէջ չէին երեւեր: Զրկուած էին տեղափոխուելու հնարաւորութենէն, փոխադրամիջոցները, ճամբաները, հանրային ու բնակելի շէնքերը, դպրոցներն ու մարզադաշտերը, հիւանդանոցներն ու դահլիճները...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակումը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակումը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ 16-23 օգոստոս 2015-ին, Այն Զհալթայի յառաջդիմական-ընկերվարներու բանակավայրէն ներս, մասնակցութեամբ 183 սկաուտներու: Տեղին է նշել, որ այս տարի բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի նորաստեղծ մասնաճիւղի քոյրերն ու եղբայրները: Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետութեան կողմէ կազմակերպուած բանակումը նուիրուած էր մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակին, իսկ ընդհանուր թեմա ընտրուած էր աշխարհի եօթը նոր հրաշալիքները: Սկաուտական...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում-2014-2015 Տարեշրջան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում-2014-2015 Տարեշրջան

Կիրակի, 30 օգոստոս 2015-ի յետմիջօրէին վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի 2014-2015 տարեշրջանի Քոռնայել գիւղի Տհուր Սալիմա շրջանին մէջ կայացած բանակումը, որուն  թեման էր`  «Կատարեալ աշխարհի մը տեսլականով»: 9-օրեայ այս բանակումը եղաւ շատ յատկանշական, իր թեմայով, իր նախապատրաստական աշխատանքներով, իր յատուկ կազմակերպութեամբ, իր աննախընթաց 207 մասնակցողներով, իր կշռոյթով եւ սքանչելի բարձր սկաուտական ոգիով: Մասնաճիւղային դրօշակի կայմ Այս յատուկ առիթով, մասնաճիւղը պատրաստած էր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ամառնային Ճամբար Դէպի Քեսապ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին ՍՕԽ-ի Ազգային պատսպարանէն 24 սաներ (մնայուն եւ այցելու) Քեսապ մեկնեցան` վերանորոգելու իրենց ուխտը Էսկիւրենի Ս. Աստուածածին մատուռին եւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ: Անոնք ներկայ գտնուեցան Քեսապի աւանդական Աստուածածնայ  տօնին նուիրուած արարողութիւններուն: Պատսպարանի սաներուն ճամբարը իրականութիւն դարձաւ` հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, աջակցութեամբ Դամասկոսէն...

ԱԿՆԱՐԿ         Տագնապ. Ձեւով՝ Լիբանանեան, Խորքով՝ Եւրոպական

ԱԿՆԱՐԿ Տագնապ. Ձեւով՝ Լիբանանեան, Խորքով՝ Եւրոպական

Բրիտանիոյ վարչապետին անակնկալ եւ կարճատեւ այցելութիւնը Լիբանան, երեւութապէս Լիբանանի քաղաքական ճգնաժամին կը վերաբերի, ըստ էութեան սակայն համաեւրոպական տագնապն է, որ մղած է անգլիացի պետական գործիչին քայլերը դէպի Պէյրութ: Բնականաբար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութեան շեշտումը, քաղաքական անորոշութենէն դուրս գալու անհրաժեշտութեան ընդգծումը, զինուորաքաղաքական մարզերուն մէջ Լիբանանին զօրակցելու պատրաստակամութեան վերընդգծումը եւ մանաւանդ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին ահազանգումը, աշխարհագրականօրէն անոր Լիբանանին մօտ ըլլալը յիշեցնելը եւ այս...

Յարգա՛նք Ձեզ (Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար)

Յարգա՛նք Ձեզ (Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար)

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ Ծնած եմ 1989-ին: Բնականաբար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ոչ մէկ դէպք կամ պատահար կը յիշեմ: Բոլոր տեղեկութիւններս եւ գիտելիքներս ստացած եմ կա՛մ ուրիշներէ լսելով, կա՛մ կարդալով, եւ անոնց վրայ հիմնուելով է, որ կը գրեմ այս յօդուածը: Հայու անբախտ ճակատագիրը անգամ մը եւս ի յայտ կու գար 1975-ին եւ կը հարուածէր սփիւռքի սիրտը համարուող լիբանանահայութիւը: Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներէ ձեւաւորուած այս գաղութը...

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Սեպտեմբեր Բ./2015. Արցախը` Մեր Անառիկ Ամրոցը

  Արցախի անկախ հանրապետութիւնը 24 տարեկան է: Երիտասարդ մեր հայրենիքը տարուէ տարի կը նուաճէ ռազմաքաղաքական, տնտեսական, մշակութային ձեռքբերումներ: Արցախի սահմանը ազերիական յաճախակի ոտնձգութիւններուն դիմաց ամրակուռ վահանի վերածած արցախեան բանակի հերոսներուն մարտունակութիւնը, ԵԱՀԿ Մինսքի կարգ մը համանախագահներուն մերթ ընդ մերթ Արցախին ի նպաստ յայտարարութիւնները, միջազգային գետնի վրայ Արցախի պետական ներկայացուցիչներուն քաղաքական հանդիպումները, երկրին դէպի ժողովրդավարական կայուն համակարգ սրընթաց յառաջացումն ու Արցախի...

Հարցազրոյց ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի Կապերու Պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանի Հետ

Հարցազրոյց ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի Կապերու Պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանի Հետ

Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման բանաձեւերու օտար երկիրներու կողմէ քննարկումը մեզ անտարբեր չեն թողուր: Ամէն բանաձեւին ներքին քննարկումներու անվերջ շարք մը կը սկսի` ի՞նչ նպաստ պիտի բերէ այս բանաձեւը, այս երկիրի խօսքը կարեւո՞ր է, յետոյ ի՞նչ եւ այլն: Յաճախ կը խանդավառուինք: Գիտենք, որ իւրաքանչիւր քայլ, որքան ալ փոքր ըլլայ, անպայման յառաջացում է դէպի Հայ դատի լուծման երկար ճամբուն վրայ: Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Անձնակազմին Առաջին Հանդիպումը` Վերամուտի Նախօրեակին

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Անձնակազմին Առաջին Հանդիպումը` Վերամուտի Նախօրեակին

Շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմին տարեկան հանդիպումը, որ ամէն տարի կը կատարուի ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը` վերամուտի նախօրեակին: Այս տարուան հանդիպումը կը զուգադիպէր վարժարանի անուանակոչութեան` Խաչվերացի տօնին, որուն նուիրուեցաւ նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագը, որուն համապատարագեցին գերապատիւ հայրեր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանն ու Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը: Իր փոխանցած քարոզին...

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ուսուցչական Կազմը Գումարեց Նոր Տարեշրջանի Անդրանիկ Ժողովը

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ուսուցչական Կազմը Գումարեց Նոր Տարեշրջանի Անդրանիկ Ժողովը

11 սեպտեմբեր 2015-ին կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու միացեալ ընդհանուր ժողովը, որ ազդանշանը տուաւ 2015-2016 տարեշրջանի վերամուտին: Ժողովը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ` աղօթքի արարողութեամբ, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէ շեշտեց, որ ուսուցիչներ եւ կրթական պատասխանատուներ հրաւիրուած են արժանի ուշադրութիւն շնորհելու յատկապէս այն մանուկներուն,...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Բակօ Սահակեան Բարերարին Հետ Ինքնաշարժներ Յանձնած Է Պետական Կառոյցներուն Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 սեպտեմբերին ընդունած է բարերար Արթուր Վարժապետեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հանրապետութեան մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր: Այնուհետեւ նախագահ Բ. Սահակեան եւ Արթուր Վարժապետեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը պետական կառոյցներու ինքնաշարժներ յանձնելու հանդիսաւոր արարողութեան: Երկրին ղեկավարը...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Իսրայէլեան Ուժերու Յառաջխաղացք Եւ Ծանր Բախումներ Հատէթ-Շուէյֆաթ Առանցքին Վրայ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Ուժերու Յառաջխաղացք Եւ Ծանր Բախումներ Հատէթ-Շուէյֆաթ Առանցքին Վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Իսրայէլեան ուժեր Հատիթէն դէպի Ժսըր Պաշա ճամբուն վրայ Իսրայէլեան ուժերու Լիբանան ներթափանցումէն եւ դէպի Պէյրութ տարածումէն քանի մը օր ետք, պատերազմական գործողութիւնները զգալի կերպով սահմանափակուեցան եւ տեղի տուին քաղաքական ճիգերու առջեւ: Արդարեւ, մինչ իսրայէլեան ուժերը նոր յառաջխաղացք կ՛արձանագրէին, լիբանանեան պետութեան կողմէ յայտարարուեցաւ կազմութիւնը հայրենիքի փրկութեան խորհուրդի մը, որ նախագահի կողքին, կոչուած էր լուծում մը գտնելու հրատապ հարցերուն եւ...

Անդրադարձ.  Սխալ Հարցադրումէ Մը Աւելին

Անդրադարձ. Սխալ Հարցադրումէ Մը Աւելին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրեց. «Ապրահամ Լինքըն մեզ պատերազմէն հաշտութեան բերաւ` վեր բարձրանալով քաղաքականութենէն եւ նոր էջ բանալով մեր պատմութեան մէջ: Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի մէջ կա՞յ արդեօք խիզախ Ապրահամ Լինքըն մը, որ պատրաստ է խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն բերելու»: Ղարաբաղեան հիմնախնդիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահի օրինակին օգտագործումը սխալ է, որովհետեւ Լինքընի...

Սլաք.  Օպամայի Մազերը Ճերմկեր Են…

Սլաք. Օպամայի Մազերը Ճերմկեր Են…

Ս. Մ. Պատկերասփիւռէն երեկոյեան լուրերը կը սփռէին. բարեկամի մը հետ «աչքի պոչով» կը հետեւէինք լուրերուն, առանց ընդհատելու մեր հաճելի զրոյցը:        Պաստառին վրայ երեւցաւ նախագահ Օպաման, լրագրողներու հետ զրոյցի պահուն: - Տե՛ս, մազերը որքա՜ն սպիտակեր են,- նշմարեց բարեկամս: - Նախագահութեան ծանր բեռն ու աշխարհի մտահոգութիւնները ասա՛նկ կ՛ընեն,- փիլիսոփայեցի ժպտելով: - Չէ՛, ասոր պարագային ուրիշ պատճառ կայ, - բացատրեց խորհրդաւոր ժպիտով...

Լայնածաւալ Պատերազմի Սադրանք

Լայնածաւալ Պատերազմի Սադրանք

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Տաւուշի մարզում արդէն երկու օր է` իրավիճակը նմանւում է պատերազմական գործողութիւնների: Երկու կողմերում էլ զոհեր ու վիրաւորներ են, նաեւ` քաղաքացիական անձանց շրջանում: Թէեւ սահմանի այդ հատուածում սրացումներ լինում են պարբերաբար, սակայն այս անգամ իրավիճակը առանձնայատուկ է երկու պատճառով: Նախ` հակառակորդի կողմից թիրախաւորուել են աննախադէպ մեծ թուով սահմանամերձ հայկական բնակավայրեր, երկրորդ` առաջին անգամ թիրախաւորուել են սահմանից բաւականաչափ հեռու գիւղեր,...

Ազրպէյճան Անուան Ծագումնաբանութեան Ու Քաղաքական Նշանակութեան Շուրջ

Ազրպէյճան Անուան Ծագումնաբանութեան Ու Քաղաքական Նշանակութեան Շուրջ

ՄՀԵՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ Նանճինկի համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւնների հիմնարկի ասպիրանտ,  ՉԻՆԱՍՏԱՆ Ռուսաստանում տեղի ունեցած 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը եւ Ռուսաստանի դուրս գալն Ա. Համաշխարհային պատերազմից, թուրքական զօրքերի առաջխաղացումը Կովկասեան ռազմաճակատում, պատճառ հանդիսացան Այսրկովկասի տարածքում 1918թ մայիսի 28-ին Առանի եւ Շիրվանի (Աղուանք) գաւառներում նոր հանրապետութեան կերտմանը, որն անուանուեց Պարսկաստանի համանուն նահանգի` Ազրպէյճան անուամբ: Պարսկաստանի կառավարութիւնը փորձեց դիւանագիտական ճանապարհով վիճարկել  հարցը, սակայն` ապարդիւն: Պարսկաստանի համանուն Ազրպէյճան...

Գանձ Որոնողները Վնասել Են Կտուց Կղզու Հայկական Եկեղեցիին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Ներկայիս Թուրքիայում հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան դէմ հերթական վանտալութիւնը գրանցուել է Կտուց կղզու Սուրբ Կարապետ եկեղեցում: Աղթամար թուր-ի մեր գործընկերները, ովքեր վերջերս Վանայ լճի այս կղզում էին, տեղեկացնում են, որ եկեղեցու ներսում գանձ որոնողները հսկայ փոսեր են փորել: Մի քանի շաբաթ առաջ, երբ անձամբ էի կղզում, եկեղեցում նման բան չկար, սակայն թարմ հետքերը յուշում են, որ հայկական եկեղեցին յայտնուել...

Page 1015 of 1110 1 … 1,014 1,015 1,016 … 1,110

Արխիւներ