ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
Լիբանանահայ վարժարաններու երդիքին տակ դարձեալ հաւաքուող աշակերտութեան խանդավառ եռուզեռին կշռոյթով, սրտանց կ՛ողջունենք կրթական նոր տարեշրջանի այս վերամուտը եւ ի սրտէ կ՛աղօթենք, որ բարին Աստուած, Ազգային մեր վարժարաններուն պարգեւէ միջոցներ, որպէսզի մերօրեայ դժուարին պայմաններուն մէջ, մեր ազգի մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան աշխատանքները ըլլան արդիւնաւոր եւ աստուածահաճոյ:
Վերամուտի այս հանգրուանին պէտք է խոստովանինք եւ բարձրաղաղակ նաեւ մեր հաւաքականութեան յիշեցնենք, որ լուրջ եւ իսկական տագնապի մը դիմաց կը գտնուի հայ դպրոցը: Այդ տագնապին կ՛ակնարկէր մեր Ազգային վարժարաններէն մէկուն տնօրէնին ստորագրութիւնը կրող «Ահազանգ» խորագրեալ իրապաշտ եւ սրտցաւ գրութիւնը, որ երկու օր առաջ լոյս տեսաւ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ:
Անկասկած, հայ դպրոցը, հերոսական ճիգերով ու ծանր փորձառութեանց կուրծք տալով, կը շարունակէ տանիլ իրեն վստահուած սերունդներ դաստիարակելու պատմական առաքելութիւնն ու պատասխանատու աշխատանքը: Սակայն, հայ դպրոցը չի կրնար յաւիտենապէս գոյատեւել միայն կրթական մշակներու զոհողութեամբ եւ նուիրումով, եւ ազգային մեր վարժարանները չեն կրնար ընդմիշտ միայն Ազգային առաջնորդարանին յատկացումներով տոկալ եւ դիմանալ:
Վերամուտի այս հանգրուանին պէտք է քաջաբար խոստովանինք, որ իր դիմագրաւած ծանր դժուարութիւններուն մէջ գրեթէ առանձին մնացած է հայ դպրոցը` զուրկ նիւթական միջոցներէ ու կարելիութիւններէ: Մեծաւ մասամբ գէթ այդպէս է պարագան լիբանանահայ մեր Ազգային վարժարաններուն, որոնք փաստօրէն երկար ժամանակէ ի վեր իրենց բախտին ձգուած են:
Ցաւօք, պայմաններու բերումով, մեր ընկերութեան մէջ ոչ միայն նուազած է հայ դպրոցին ու հայ աշակերտին նեցուկ ըլլալու պատրաստակամութեան ոգին, այլեւ, երբեմն ալ, հարազատ զաւկին հանդէպ անտարբերութեան զգացումը դարձած է տիրապետող երեւոյթ նոյնիսկ հայ ծնողներէն ոմանց մօտ, որոնք կարծէք այսուհետեւ բոլորովին հրաժարած են նաեւ իրենց զաւակներուն համար կրթական միջոցներ ապահովելու մտահոգութենէն:
Կարիք կա՞յ յիշեցնելու մեր հաւաքականութեան, որ հայ դպրոցը կրնայ տոկալ եւ դիմանալ միայն այն ատեն, երբ իր կողքին ունի հայ վարժարանի տագնապներուն եւ իրագործումներուն մասնակից բարեկամներ եւ բարերարներ, որոնք պատրաստ են պաշտպանելու սերունդներու վաստակով ու տեսիլքով կերտուած հայ կրթութեան սրբազան աւանդը:
Հետեւաբար, վերամուտը, մեզ հաւաքաբար գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան հրաւիրող առիթ է: Գէթ այս հանգրուանին, մեր հաւաքականութիւնը պէտք է առերես գայ իրականութեան հետ եւ անդրադառնայ, որ սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ, առանց մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջական սիրոյն, հաւաքական կամքին ու հաւատքին, առանց միահամուռ զօրակցութեան ու լիիրաւ մասնակցութեան, կարելի չէ հայ վարժարան պահել: Փոխադարձաբար, առանց հայ դպրոցի վաստակին, կարելի չէ վստահութեամբ նայիլ ապագային:
Այո՛, կրթական նոր տարեշրջանի այս հանգրուանին եւ ի խնդիր մեր ազգային ամրութեան, անհրաժեշտ է վերագնահատել հայ դպրոցին նկատմամբ մեր ունեցած ըմբռնումն ու վերաբերմունքը, որպէսզի կարենանք լուսաւոր ելք մը գտնել հայ վարժարանին ու հայ կրթական աշխատանքին դիմագրաւած տագնապին համար:
Ցարդ, հասկնալի պատճառներով, մեր վարժարաններուն օգնութեան հասնողները առաւելաբար դուրսէն էին: Բայց ժամանակն է, որ ընդհանուր զօրաշարժով, մեր միջոցներն ու կարելիութիւնները եւս արդիւնաւոր կերպով կազմակերպուին, որպէսզի կարենանք դուրս գալ մեր վարժարաններուն դիմագրաւած ծանր տագնապէն եւ գտնել այդ լուսաւոր ելքը: Եւ պէտք է յաջողինք այս աշխատանքին մէջ, որպէսզի ոչ միայն հաստատ մնայ հայ դպրոցը, այլեւ անով ամրանայ ու պահպանուի մեր ներկան ու անով կերտուի մեր ապագան:
Հաւաքական մասնակցութեամբ միայն կրնայ ամրանալ մեր ազգային տոկունութեան խարիսխը եղող հայ վարժարանը: Երբ այդ գիտակցութիւնն ու հոգին տիրապետեն մեր կեանքին մէջ, այն ատեն, ի խնդիր մեր ազգային գերագոյն շահերուն, ոչ միայն հայ վարժարանը կը դառնայ առաւել կենսունակ իր առաքելութեան մէջ, այլեւ հայ դպրոցով մենք դարձեալ կը գտնենք նոր ոգեւորութիւն մեր կեանքին համար:
Բարի երթ եւ արդիւնաւոր կրթական կեանք մաղթելով հայ դպրոցին, մնամ սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար`