Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Սեպտեմբեր ամիսը սկիզբն է ուսումնական տարեշրջանի եւ կը յատկանշուի վերամուտի ընդհանուր իրադարձութիւններով եւ խանդավառ մթնոլորտով: Այս առիթով 14 սեպտեմբեր 2015-ին «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամ Թամար Հաշէօլեանին եւ հայ Աւետարանական միութեան Կրթական խորհուրդի գործավար Ռոզէթ Ալէմեան-Մահսէրէճեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք վերամուտի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
ԹԱՄԱՐ ՀԱՇԷՕԼԵԱՆ.- Վերջին քանի մը տարիներուն Ուսումնական խորհուրդին համար վերամուտը կը սկսի յունիսին: Դպրոցներուն աշխատանքներն ու քննութիւնները հազիւ կ՛աւարտին, թափ կ՛առնեն վերամուտի աշխատանքները, որոնք ամրան արձակուրդին աւելի դանդաղ կ՛ընթանան, իսկ սեպտեմբերէն սկսեալ գործերը արագ ընթացք կ՛առնեն: Վերամուտը կը յատկանշուի դպրոցներուն ծնողներուն, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն եռուզեռով. սեպտեմբերի սկիզբէն ներկայ կ՛ըլլան նաեւ ուսուցիչները, դաստիարակները, որոնք կը պատրաստուին, կ՛ամբողջացնեն իրենց ծրագիրները` տնօրէններու եւ պատասխանատու մարմիններու հսկողութեան տակ: Ասոնց վրայ կ՛աւելնան միւս մտահոգութիւնները. ինչպէս` աշակերտութեան թիւը, կրթաթոշակները եւ այլն:
ՌՈԶԷԹ ԱԼԷՄԵԱՆ-ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ.- Ինչպէս նշեց Թամար Հաշէօլեանը, դպրոցի աւարտին վերամուտի նախնական պատրաստութիւնները կը կատարուին, նկատի կ՛առնուին ծրագիրին մէջ գիրքերու փոփոխութիւն կամ որեւէ նորութիւն, վարժանիստերու կը մասնակցին ուսուցիչները, ապա քիչ մը հանգիստ առնելէ ետք, աշխուժ կերպով ուսուցիչներն ու տնօրէնութիւնը, նախքան աշակերտներուն ժամանումը` սեպտեմբերին կը վերադառնան դպրոց արձանագրութեան վերաբերեալ աշխատանքները տանելու, ինչպէս նաեւ նորութիւնները ի գործ դնելու: Մենք մեծ կարեւորութիւն կու տանք խմբային վարժանիստերու, որոնք կը կայանան ամրան ընթացքին կամ սեպտեմբերի սկիզբը: Ունինք նաեւ ՔՋԱԿ-ը, ուր ուսուցիչներ կը հաւաքուին, եւ ուր կը կազմակերպուին սեմինարներ կրթութեան հարցերու վերաբերեալ:
«Ա.».- Կրթական մակարդակը բարձրացնելու նպատակով ի՞նչ ծրագիրներ նախատեսած էք այս տարի:
Թ. Հ.- Կրթական մարզին մէջ միշտ նորութիւններ կան: Կրթական հարցերով զբաղող հաստատութիւններու եւ կառոյցներու պարտականութիւնն է միշտ հետեւիլ նորութիւններուն: Դասարանի ուսուցիչէն սկսեալ մինչեւ տնօրէնութիւն, մինչեւ կրթական պատասխանատու մարմիններ նորութիւններուն հետեւելու պարտաւորութիւնը ունին: Ընդհանրապէս կրթական ծրագիրին, դասաւանդման ձեւերու նորութիւններուն մասին վարժանիստերուն ընթացքին կը փոխանցուին տարբեր մօտեցումներ, եւ ուսուցիչները ձեռք կը բերեն տարբեր հմտութիւններ, իրազեկ կը դառնան տարբեր մանկավարժական դպրոցներու մօտեցումներուն: Երկրի պետական ծրագիրին մէջ ալ կը կատարուին նորութիւններ, որոնք պէտք է կիրառել պարզապէս: Դպրոցի կարգավիճակին մէջ կը մտնէ այն, թէ կրթական ասպարէզի նորութիւնները ինչպէ՛ս պիտի փոխանցուին եւ ինչպէ՛ս պիտի հետեւին ուսուցիչին, որպէսզի նորութիւնները գործադրուին պէտք եղած ժամանակ լաւագոյն արդիւնքին հասնելու համար: Տեղին է նշել, որ տարուան ընթացքին ունինք օր մը, երբ բոլոր ազգային դպրոցներու ուսուցիչները կը հաւաքուին եւ կ՛ունենան իրենց վարժանիստերը` տարբեր մասնագէտներու ներկայութեամբ: Անցնող տարիներուն սկսած էինք գնահատման աշխատանքի մը` ուսուցիչներու եւ տնօրէններու. տարիէ-տարի պիտի զարգացնենք այս ծրագիրը: Ունինք նաեւ Միացեալ վարժարանի մը ծրագիրը. աշխատանք կը տանինք, որ 2016-2017 տարեշրջանին կարենանք ընդունիլ մեր աշակերտները այդ կառոյցին մէջ: Ասիկա մեզի համար մեծ նորութիւն է թէ՛ որպէս կրթական կառոյց, թէ՛ որպէս արդիական շէնք, որ իր արդի տուեալներով կարելիութիւն պիտի տայ մեզի աւելի դիւրին իրագործելու կրթական ծրագիրը:
Ռ. Ա. Մ.- Ամէն դպրոց տարեվերջին կը ձեռնարկէ կառոյցի նորոգութիւններու, որպէսզի աւելի գեղեցիկ տեսքով դիմաւորենք աշակերտները. որոշ դասարաններ աւելի գրաւիչ դարձնելու եւ արդիականացնելու ձգտումով արհեստագիտական միջոցներ կ՛որդեգրուին: Բայց ասոր կողքին ստիպուած ենք Լիբանանի պետական ծրագիրին հետեւելու, բայց այս պարագային այլ նորութիւններու հետեւելու համար քիչ մը դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուինք: Վերջերս ամերիկեան կրթական նորութեան մը առնչութեամբ աշխատանքներ կը տանինք, սակայն հիմնական խոչընդոտը 9-րդ եւ 12-րդ դասարաններու պետական ծրագիրներն են, որոնց պարտաւոր է հետեւիլ աշակերտը: Բայց եւ այնպէս մենք կը ձգտինք նորութիւններ կիրարկել եւ կրթութիւնը աշակերտին գրաւիչ դարձնել մանաւանդ երբ արհեստագիտութիւնը տիրական երեւոյթ է ամէնուրեք: Ամէն պարագային կը փորձենք կարելին ընել զուգընթաց արդիական նորութիւններ բերելու, պետական ծրագիրին կողքին:
«Ա.».- Այսօրուան սերունդին անհրաժեշտ գիտելիքը հասցնելու դժուարութիւնը ինչի՞ն մէջ կը կայանայ:
Թ. Հ.- Սերունդին համար իրապէս շփոթ ստեղծող մթնոլորտ է, ուր ամէն ինչէն քիչ մը կայ, եւ այս բոլորին մէջ պէտք է հետաքրքրութիւն ստեղծել. այսինքն` այնքան հետաքրքրական բաներ կան սերունդի առօրեային եւ միջավայրին մէջ, որ գիտելիքը հետաքրքրական թուացող բոլոր բաներուն հետ կը մրցի, եւ որպէսզի գիտելիքը, զոր կ՛ուզենք փոխանցել, սերունդին ուշադրութիւնը գրաւէ, պէտք է մրցանքի մէջ մտնէ միւս հետաքրքրական տուեալներուն հետ: Արդիական ձեւերով գիտելիքի փոխանցումը անհրաժեշտ կը դառնայ այլեւս, պէտք է ուսուցիչները այդ գծով աշխատանք տանինք, թէ ինչպէ՛ս կրնան արհեստագիտութիւնը դասարաններուն մէջ օգտագործել: Ասկէ անկախ ալ երբեմն որեւէ արհեստագիտութիւն չենք գործածեր, բայց նիւթը աշակերտներու առօրեային հետ այդքան կապակցութիւն կ՛ունենայ, որ իրենց ուշադրութիւնը կը գրաւէ: Այստեղ կու գայ նաեւ ծրագիրներու, դասագիրքերու այժմէականութեան հարցը, եւ ուսուցիչը որքան կրնայ այդ ծրագիրը պէտք է տայ այժմէական նիւթերուն ընդմէջէն, որ աշխատանքի եւ ծրագրաւորումի կը կարօտի. օրինակ` պետական ծրագիրներու դասագիրքերուն մէջ կան շատ մը ժամանակավրէպ նիւթեր, զորս ուսուցիչը պարտաւոր է փոխանցել աշակերտին, որովհետեւ վերջինս պետական ծրագիրը պիտի ամբողջացնէ պետական քննութիւններուն պատրաստուելով: Ասիկա կը ստեղծէ խոչընդոտ եւ քայլ մը ետ կը մղէ աշակերտը: Հետեւաբար մեր ծրագիրները միշտ քայլ պէտք է պահեն այժմէական նիւթերուն հետ եւ մանաւանդ իրենց առօրեային հետ առնչութիւն ունենան եւ այնքան հետաքրքիր ըլլան, որ միւս հետաքրքրական թուացող շրջապատին մէջ այդ ալ իրենց ուշադրութիւնը գրաւէ:
Ռ. Ա. Մ.- Ուսուցիչն ու դասագիրքը մեծ դեր ունին կատարելիք: Ուսուցիչը համոզուած պէտք է ըլլայ իր տուած նիւթով: Երբեմն դժբախտաբար պատահական ձեւով ուսուցիչներ տուեալ դասանիւթը կը դասաւանդեն պահ մը ամբողջացնելու նպատակով: Պէտք է խուսափինք նման ընթացքներէ եւ մասնագիտական տեսակէտէ մօտենանք: Եթէ տուեալ ուսուցիչը մասնագիտացած է բաւականաչափ եւ համոզուած է իր առաքելութեան, արդէն հարցին մեծ մասը լուծուած կ՛ըլլայ: Դասագիրքն ալ, արդիական միջոցներ ալ իրենց դերը ունին, բայց պէտք է արդար ըլլալ ըսելու համար, որ գիտելիք ամբարելու ձգտումը նոր սերունդին քով հետզհետէ կը տկարանայ, որովհետեւ սերունդը ունի այն համոզումը, որ կրնայ համացանցէն օգտուիլ, հետեւաբար ինչո՞ւ սորվի ու միտքը ծանրաբեռնէ, սակայն իրականութեան մէջ եթէ որոշ գիտելիքներ չէ ամբարած ու չէ հասկցած որոշ նիւթեր, համացանցը օգտակար չի կրնար ըլլալ: Մենք գիտելիք ամբարած պիտի ըլլանք, որ համացանցի օգտագործումը աւելիով օգտակար դառնայ մեզի: Այս նրբութիւնը պէտք է աշակերտներուն յստակացնել, որ այն համոզումը չունենան, որ ամէն ինչ համացանցին մէջ կրնան գտնել: Նոյնիսկ համացանցին մէջ կրնան սխալ տուեալներ ըլլալ, եւ այդ սխալները ինչպէ՞ս պիտի կարենայ ճշդել աշակերտը, եթէ գիտելիք չէ ամբարած:
«Ա.».- Նորարարական ձեւերը կամ արդիական սարքաւորումները ինչքանո՞վ կը նպաստեն կրթական ծրագիրի լիարժէք մատուցման:
Թ. Հ.- Արդիական սարքաւորումները միջոցներ են: Եթէ այդ միջոցները ճիշդ ձեւով եւ տեղին չկրցանք գործածել, արդիւնքը ճիշդ չ՛ըլլար: Արդիական միջոցը պէտք է համապատասխանէ այդ խմբակին, որ կրնայ ընկալել գիտելիքը այդ միջոցով, եթէ չհամապատասխանէ այդ միջոցը այդ խումբի կարիքներուն եւ կարելիութիւններուն, անտեղի է, անիմաստ ու կրնայ նոյնիսկ վնաս հասցնել. օրինակ` կան բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը խօսին, թէ մանուկները որքան պէտք է պաստառներուն հետ կապ ունենան` վնասները նկատի առնելով: Ուրեմն ճիշդ չէ ամբողջովին վստահիլ միայն արդիական մեթոտներու օգտագործումին: Արդիական ձեւերն ու սարքաւորումները պարզապէս միջոց են, ու մենք պիտի գիտնանք ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի օգտագործենք զանոնք, գիտելիք մը կամ մտածելակերպ մը փոխանցելու պարագային: Ճիշդ ալ չէ բոլորովին ժամանակավրէպ մթնոլորտի մը մէջ ապրին աշակերտները. դպրոցը պէտք է ներկայացնէ ընկերութիւնը, որովհետեւ ան պատկերն է ընկերութեան: Դպրոցը եթէ ժամանակավրէպ ըլլայ, պատանին հոն հանգիստ պիտի չզգայ, բայց դպրոցը նաեւ պէտք է ունենայ արդիական սարքաւորումներ գործածելու չափանիշները: Հիմա կը տեսնենք, թէ դպրոցները կամաց-կամաց կը հեռանան աւանդական կաւիճէն եւ կ՛անցնին «ճերմակ գրատախտակներու», կարգ մը դպրոցներ ունին ինթըրէքթիւ պատեր, բայց ոչ թէ օրուան բոլոր պահերուն, այլ ուր որ պէտք է կամ հաճելի: Ուսուցիչը գիտէ, թէ այդ ձեւը ե՞րբ գործածելով նիւթը աւելի մատչելի պիտի դառնայ աշակերտներուն: Համեմատութիւնը գտնելը շատ կարեւոր է:
Ռ. Ա. Մ.- Արդիական սարքաւորումները որպէս օժանդակող միջոց պէտք է օգտագործել եւ ոչ թէ անոնց վրայ յենելով թէ՛ ուսուցիչին, թէ՛ աշակերտին պարտականութիւնները նուազեցնել: Վստահինք այդ արդիական միջոցներուն ընձեռած բարիքներուն, բայց ոչ բոլորովին, որովհետեւ այդ պարագային աշակերտը կրաւորական դիրքի մէջ պահած կ՛ըլլանք: Աշակերտին մտածելու եւ աշխատելու ունակութիւնը կը նուազի. ան կը ծուլանայ` վստահելով արդիական միջոցներուն եւ իր կողմէն բան մը չ՛աւելցներ. միշտ ընդունողի դիրքին մէջ կ՛ըլլայ: Պէտք է լաւագոյնս օգտագործենք արդիական միջոցները` միշտ արժէք տալով գիտութեան եւ աւանդական որոշ էական մեթոտներուն:
«Ա.».- Հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան մասին խօսինք:
Թ. Հ.- Որեւէ հաւաքականութեան համար ինքնութիւն պահպանելը առաջնահերթութիւն է: Ասիկա ազգային ծայրայեղ մտածելակերպ չէ. եթէ մարդ ինքզինք պիտի կատարելագործէ, պէտք է իր ինքնութեան հետ հաշտուած, ընդունած եւ մանաւանդ հպարտ զգայ: Հաւաքականութիւնները այս մէկը սերունդէ-սերունդ կը փոխանցեն: Հայ դպրոցն ալ այն օճախն է, որ այս գաղափարը կը փոխանցէ սերունդէ-սերունդ: Սփիւռքի մէջ մեր մարտահրաւէրները շատ եղած են, բայց հայրենիքէն դուրս ապրող մանուկին համար անհրաժեշտ է, որ ինքնակերտման, իրեն օժանդակող, ինքնութիւնը ստեղծող եւ իրեն փոխանցող հաստատութիւն ունենայ, ուր այդ հայեցի կրթութիւնը իրեն կը փոխանցուի ո՛չ թէ իբրեւ յատուկ դաստիարակութիւն, այլ կենցաղ, որ առօրեային ընդմէջէն ինքզինք ճանչնայ, իր հաւաքականութիւնը ճանչնայ: Այս հարցը կարեւոր է ոչ թէ որպէս ազգային հարց, այլ մարդկային. ոչ ոք իրաւունք ունի մանուկին ինքնութիւնը իրմէ խլելու, իր շրջապատը պէտք է օգնէ իրեն, որ գտնէ իր ինքնութիւնը: Ուրեմն մանուկին եւ պատանիին իրաւունքն է, եւ մեր հաւաքականութեան պարտականութիւնն է այդ հաստատութիւնները պահել եւ ստեղծել հայեցի դաստիարակութիւն, որ կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ:
Ռ. Ա. Մ.- Ամբողջ էութեամբս կը հաւատամ, որ հայ մանուկին միջավայրը հայ դպրոցն է: Հայեցի դաստիարակութիւնը, քրիստոնէավայել ուսուցումը շատ կարեւոր են, որ հայ անձը ամէն ձեւով կազմաւորուի իր ընտանիքին մէջ, հայկական վարժարանին հայեցի դարբնոցին երդիքին տակ: Ներկայ պայմաններուն մէջ դպրոցը ինչքան ալ հայեցի դաստիարակութիւն տայ, դուրսէն տարբեր ազդակներ կրնան խանգարել կամ չօգնել, որ դաստիարակութիւնը հեզասահ ընթանայ, հետեւաբար կողմնակի աշխատանքներ ալ կարեւոր են հայեցի դաստիարակութիւնը ամբողջացնելու համար, որոնցմէ առաջինը ընտանիքն է, շրջապատը, եկեղեցին, ազգային կառոյցները, որոնք ձեռք-ձեռքի տուած պէտք է օգտակար ըլլան հայ դպրոցին, հայ աշակերտին, որպէսզի կարելի ըլլայ հայեցի դաստիարակութիւն ստացած սերունդներ պատրաստել ներկայի եւ ապագայի համար:
«Ա.».- Վերամուտին առիթով ծնողներուն ի՞նչ ունիք յայտնելիք:
Թ. Հ.- Երբ իբրեւ հայ ծնողք կը հաւատաս հայ դպրոցին, նաեւ կ՛օժանդակես անոր բարելաւման: Միայն չակնկալել հայ դպրոցէն, նաեւ իբրեւ հայ անհատ, հայ հասարակութեան անդամ ամէն մարդ իր ներդրումը պէտք է ունենան հայ դպրոցներու բարելաւման մէջ: Մեր ինքնութիւնը այդպէս է, որ կ՛երաշխաւորուի, այդպէս է, որ մենք բոլորս հայ դպրոցները ոտքի կը պահենք, բոլորս ալ այնտեղ ծնողք ենք, աշակերտ ենք, ուսուցիչ ենք, հայ դպրոցը տեղ մը հաւաքական աշխատանք է: Այն ծնողքը, որ իր զաւակը բերած եւ վստահած է հայ դպրոցին` նաեւ իր գանգատներուն եւ պահանջներուն կողքին պարտք ունի հայ դպրոցին բարելաւման:
Ռ. Ա. Մ.- Կ՛ուզեմ ծնողներուն ըսել. «Հաւատացէ՛ք հայ դպրոցին», որովհետեւ հայ դպրոցի առաքելութիւնը գործակցաբար կ՛իրականանայ: Թերեւս լումայ մը աւելցնելով եւ տալով մեծապէս օժանդակած կ՛ըլլան: Կ՛ապրինք այնպիսի պայմաններու մէջ, որ նիւթականը մեծ անհրաժեշտութիւն է, առանց նիւթականի դժբախտաբար կարելի չէ նորոգութիւններ կատարել, նոր մեթոտներուն մասին մտածել, նոր դասագիրք, արդիական սարքաւորում ունենալ, այս բոլորը նիւթականի վրայ հիմնուած են: Հետեւաբար, հայ ծնողներէն կ՛ակնկալուի տարբեր մօտեցում ցուցաբերել հայկական վարժարանին նկատմամբ: Անոնք ալ իրենց միջոցներով կարելին պէտք է ընեն նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարելու հայ դպրոցին, որուն կողքին պէտք է կենան եւ հաւատան անոր: Հայ ծնողները իրենց զաւակները յանձնելով հայ վարժարաններուն, հայ կրթօճախներուն ջատագով կը դառնան եւ ոչ թէ պարսաւող: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ մեր` լիբանանահայ գաղութին եւ ազգային կառոյցներուն գլխաւոր մտասեւեռումը պէտք է ըլլայ հայակերտումը, հայ մարդուն, հայ աշակերտին կազմաւորումը: Կառոյցները, գեղեցիկ շէնքերը անհրաժեշտ են, բայց մեր մտասեւեռումը պէտք է ըլլայ մարդակերտումը, որպէսզի հետագային կարենանք մեր աշխատանքին հունձքը քաղել:
Թ. Հ.- Որպէսզի հայ դպրոցը մնայ հայ մանուկին կրթօճախը, հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է ըլլայ մանուկին եւ դպրոցին առօրեան, եւ ոչ թէ սահմանափակուի հայոց պատմութեան եւ հայերէնի դասապահերով: Աշակերտը պէտք է սորվի հայերէնը իր առօրեային մէջ օգտագործել. օրինակ` եթէ ինք ուզէ մամուլ ստուգել, կարենայ նաեւ հայերէնով ընել կամ եթէ գիտական նիւթեր պիտի ուսումնասիրէ ու հետազօտէ, կարենայ հայերէնով կատարել: Այս մէկը մեծ մարտահրաւէր է մեզի համար: Մենք չենք կրցած հայերէնի օգտագործումը հասցնել այնպիսի մակարդակի, որ աշակերտը հայերէնով փնտռէ ու գտնէ իր ուզածը: Մեր պարտականութիւնն է հայեցի դաստիարակութիւնը քարոզի չվերածել, այլ առօրեայ կեանքի: Դպրոցը թէեւ կը ստեղծէ այդ միջավայրը, բայց պէտք է ձգտինք աւելիին: