Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սխալ Հարցադրումէ Մը Աւելին

September 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_9-14-15

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրեց. «Ապրահամ Լինքըն մեզ պատերազմէն հաշտութեան բերաւ` վեր բարձրանալով քաղաքականութենէն եւ նոր էջ բանալով մեր պատմութեան մէջ: Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի մէջ կա՞յ արդեօք խիզախ Ապրահամ Լինքըն մը, որ պատրաստ է խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն բերելու»:

Ղարաբաղեան հիմնախնդիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահի օրինակին օգտագործումը սխալ է, որովհետեւ Լինքընի ձեռքբերումը ներազգային է եւ ոչ թէ միջազգային: Ան վերջ տուաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ 12 ապրիլ 1861-էն 9 մայիս 1865 երկարած ամերիկեան քաղաքացիական պատերազմին եւ պահպանեց իր երկրին միութիւնը. պատմական փաստ մը, որ ընդգծուած է Ուաշինկթընի մէջ Լինքընի արձանին վերեւ փորագրուած գրութեան մէջ: Ան խաղաղութիւն հաստատեց եւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ «նոր էջ բացաւ» նախ եւ առաջ յաղթանակ արձանագրելով, ապա անջատողականներուն նկատմամբ վեհանձնութիւն ցուցաբերելով: Սթանֆըրտ, Ուատհամ Քոլեճ, Օքսֆըրտ եւ Թաֆց համալսարաններուն մէջ ուսանած ամերիկացի դիւանագէտը չի կրնար քաջածանօթ չըլլալ պատմութեան իր երկրին, ըստ մասնագէտներու եւ հասարակութեան, ամէնէն ազդեցիկ երեք նախագահներէն մէկը եղող Լինքընի, որուն դիմանկարը 3 այլ նախագահներու կողքին փորագրուած է երկրին խորհրդանիշներէն Ռաշմոր լերան վրայ: Պատմութիւն մը, որուն ծանօթ կրնայ դառնալ Ուաշինկթըն կամ Ռաշմոր լեռ այցելած հասարակ ոեւէ զբօսաշրջիկ:

Սեպտեմբեր 2013-էն ի վեր Մինսքի խմբակի համանախագահի պաշտօն վարող Ուորլիքի համար ենթադրաբար յստակ պէտք էր ըլլար ամերիկեան քաղաքացիական պատերազմին եւ ղարաբաղեան տագնապին տարբերութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու ամէնէն ազդեցիկ նախագահներէն Լինքընի կերպարի օգտագործումը սխալ հարցադրումէ մը աւելին է: Ազրպէյճանի մէջ Լինքըն մը փնտռելը կու գայ վկայելու, որ Ուորլիք այդ հարցին լուծումը կը դիտէ Ազրպէյճանի միութեան ու հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ: Իրողութիւն մը, որ կը փորձէ ծածկել Հայաստանի մէջ եւս Լինքըն մը փնտռելու անհեթեթութեան շղարշով: Աւելի՛ն, նկատի ունենալով, որ Լինքըն իր երկրին միութիւնը ապահովեց պատերազմին մէջ յաղթանակ արձանագրելով, Ուորլիքի գրառումը կը պարունակէ ռազմատենչ Ազրպէյճանին յղուած կամայ-ակամայ պատգամ մը, որ կը հակասէ տագնապի խաղաղ լուծման համար գործող միջնորդի մը առաքելութեան:

 

 

Նախորդը

Սլաք. Օպամայի Մազերը Ճերմկեր Են…

Յաջորդը

Քոնկրեսին Ներկայացուած Է Միջին Արեւելքի Փոքրամասնութիւններու Ճնշումը Ցեղասպանութիւն Նկատող Բանաձեւ Մը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը
Անդրադարձ

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.