Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՅԴ 127-ամեակի Նշում 25 դեկտեմբերին Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակի տօնակատարութիւնը: Օրուան հանդիսավարներ Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեանը եւ Խաչիկ Ղուկասեանը ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ եւ Հայաստանի նահատակներուն յիշատակը: Բացման խօսքով Խաչիկ Մելքոնեանը անդրադարձաւ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան` նկատել տալով, որ Դաշնակցութեան երկարակեցութեան գաղտնիքը իր գաղափարախօսութեան ու աշխարհայեացքին մէջ է: Անոնք յառաջացած են...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Յովհաննէս Եւ Հռիփսիմէ Ճիվելեկեան» Երիտասարդական Կեդրոնի Բացում Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէին, 13 յունուարին հանդիսաւոր արարողութեամբ մը Ֆութհիլի Հայ կեդրոնը անուանակոչուեցաւ «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելեկեան երիտասարդական կեդրոն»` շնորհիւ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին իշխանական նուիրատուութեան: Այս նպատակին համար «Լեռնավայր» կոմիտէին յառաջացուցած յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց ձեռնարկի հանդիսավար Մանուկ Ջուխաճեանը, որ ընդգծեց Մելքոնեան ամոլին ցուցաբերած նշանակալի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահ Տոքթ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան Այցելեց Առաջնորդարան 28 դեկտեմբերին Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ տոքթ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանը եւ նոյն համալսարանի զարգացման բաժանմունքի փոխնախագահ Փոլ Եղիայեանը եւ հանդիպում ունեցան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ: Տոքթ. Տէր Կիւրեղեանը ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթութիւններ տուաւ համալսարանի դասընթացքներուն եւ Հայաստանէն թէ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ս. Ծնունդին Առիթով Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Շնորհաւորեց Հայ Համայնքը Շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ այցելեց Դամասկոսի հայոց առաջնորդարան եւ հանդիպում ունենալով Դամասկոսի հայոց առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի հետ, շնորհաւորեց հայ համայնքը` Ս. Ծնունդին առիթով: Սապպաղ դիտել տուաւ, որ հայութիւնը Սուրիոյ ընկերային հիւսուածքին անբաժան մէկ մասնիկն է եւ կարեւոր ներդրում ունի սուրիական կեանքի...

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ  Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Տեղեկութիւններ Տուաւ Սուրիահայութեան Վերականգնումի Աշխատանքին Մասին Հովանաւորութեամբ Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ կազմակերպութեամբ Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին, 15 դեկտեմբերին, Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք` ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի  եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, որ ներկայացուց Սուրիոյ գաղութի վերականգնումի եւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան Միացեալ Նահանգներ Կ՛Այցելէ * 15 դեկտեմբերին Շահան արք. Սարգիսեանը, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանն ու Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Վարդան Տէրտէրեանը այցելեցին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի  գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանին եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Շահան արք....

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ ՀՅԴ-ի 127-ամեակի Նշում` Ռոտ Այլընտի Մէջ Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Փրովիտընսի «Քրիստափոր» կոմիտէին, 2 դեկտեմբերին «Քրանսթըն քաունթի քլապ»-ին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 127-ամեակը: Բացման խօսքը արտասանեց Լեւոն Աթթարեանը, որ բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին ներկայացուցիչ Յակոբ Տօնոյեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց ներկաները` յոտնկայս յարգելու մահացած ընկերներուն յիշատակը, որոնք տարիներ շարունակ իրենց կեանքը զոհած են Հայ դատին:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա 127 Տարի... Ու Կը Շարունակուի Նուիրումի Երթը Շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ փառաշուք տօնախմբութեամբ յիշատակուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 127-ամեակը: Հանդիսութիւնը բաց յայտարարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով: Արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ Գէորգ Շահինեան, որ ըսաւ, թէ ցեղասպան թուրք օսմանցին այսօր իր ծրագիրներով կը սպառնայ Սուրիոյ անվտանգութեան, սակայն չի հասնիր ու...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Թեհրան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակի Նշում 27 նոյեմբերին Հ. ուս. «Չհարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 127-ամեակը: Օրուան բանախօս, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Սուրիկ Աբնուսեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը ծնած է հայ ժողովուրդի ծոցէն եւ հասակ նետած է անոր ծառայելու համար` ի խնդիր անոր արդար Դատի լուծման ուղղութեամբ տարուող պայքարի, շեշտելով, որ Դաշնակցութիւնը իր կարելին պիտի ընէ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Գերմանիա ՀՅԴ 127-ամեակի Խանդավառ Տօնակատարութիւն` Միւնիխի Մէջ Շաբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոն վստահաբար երկար պիտի յիշուի միւնիխահայութեան կողմէ: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գերմանիոյ ընտանիքին, Միւնիխի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Դաշնակցութեան 127-ամեակը, որուն ներկայ գտնուելու համար Միւնիխ ժամանած էին նաեւ Վիեննայէն, Համպուրկէն, Ֆրանքֆորթէն եւ Գերմանիոյ այլ քաղաքներէ մեծաթիւ ազգայիններ, մանաւանդ` երիտասարդներ: 127-ամեակի տօնակատարութեան հանդիսավարութիւնը խնամքով եւ որակով կատարեց Մեղրիկ Սարգիսեանը: Գործադրուեցաւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Վարդգէս Նալպանտեան Կը Պարգեւատրուի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով 29 հոկտեմբերին Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի եւ Լոս Անճելըսի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ընկերակցութեան հիմնադրութեան 40-ամեակի զոյգ առիթներով կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեան ընթացքին, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի առաջարկով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Ճեմարանի շրջանաւարտներէն եւ ներկայիս...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Ասպարէզ»-ի 110-ամեակի Մեկնարկի Հաւաքոյթին Հանգանակուեցաւ Աւելի Քան 80 Հազար Տոլար Յաջորդ տարի յոբելենական է 109-ամեայ «Ասպարէզ»-ին համար: Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի ծառայութեան փառաւոր վաստակով սոյն օրաթերթը գալիք տարի կը դառնայ 110 տարեկան, եւ այս նշանակալի տարեդարձը նշելու կը պատրաստուի «Ասպարէզ»-ի ընտանիքը: Իբրեւ մեկնարկ 110-ամեակի ձեռնարկներուն` անցեալ 19 հոկտեմբերին «Ասպարէզ»-ը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը Կլենտէյլի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քուէյթ Գինեձօն-Շնորհահանդէս` «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» Հրատարակութեան Ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, կատարուեցաւ Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքին գինեձօնի արարողութիւնը, եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Այս հրատարակութիւնը իրականութիւն դարձուցած է Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութիւնը, որ կը գործէ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի տնօրինութեամբ: Բացման խօսքը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արտակ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա Շողիկ Թորոսեանին Համերգը Մոնրէալի Մէջ Հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ  Բաբգէն արք. Չարեանի, 30 սեպտեմբերին Լաւալի «Պոն Փասթէօր» եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, որ յատուկ հրաւէր ստացած էր Լաւալի Ս. Գէորգ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ` համերգ մը տալու Ս. Գէորգի տօնին առիթով: Բացման խօսքը արտասանեց Մեսրոպ Պերեճիքեանը, որ անդրադարձաւ Շողիկ Թորոսեանի  կենսագրական գիծերուն`...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Կիպրոս Դասախօսութիւն-Քննարկում` Տեղեկատուական Հարցերու Մասին Ուրբաթ, 13 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիպրոսի հայոց առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սարհին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-քննարկում` հայկական տեղեկատուական խնդիրներուն մասին: Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած էր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան: Դասախօսութեան ներկայ էին կիպրահայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, կիպրահայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանը, Նիկոսիոյ եւ Լառնաքայի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հայաստանի Դեսպան Դոկտ. Արշակ Փոլատեանի Հանդիպումը Հալէպահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ 5 հոկտեմբերին Հալէպ ժամանած Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հալէպահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Բացման խօսքով Մարինէ Տարագճեան լուսարձակի տակ առաւ Հալէպի ներկայ վիճակն ու վերականգնումի աշխատանքները, ապա ներկայացուց սուրիական ճգնաժամին տեւողութեան Հայաստանի մօտեցումներն ու Սուրիոյ ժողովուրդին ուղարկած մարդասիրական հանգրուանային...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ս. Գէորգ Զօրավարի Տօնին Յիշատակումը` Հալէպի Ս. Գէորգ Հրկիզուած Եկեղեցւոյ Մէջ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ  Շահան արք. Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, շաբաթ, 30 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին Նոր Գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Գէորգ զօրավարի տօնին յիշատակումը: Հակառակ պատերազմին պատճառած ահաւոր տագնապին եւ վնասներուն` հալէպահայը վերանորոգ թափով եկաւ Ս. Գէորգ եկեղեցի: Ուխտաւորներ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ ՀՅԴ Ներկայացուցիչը Կը Հանդիպի Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Շաբաթ, 23 սեպտեմբերին, Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանեան սփիւռքի կազմակերպման եւ անոր ուժականութիւնը յօգուտ Լիբանանի զօրաշարժի ենթարկելու նպատակով Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքային հաւաքը, որուն կը մասնակցէր Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ եւ Քանատայէն եկած լիբանանեան սփիւռքի անդամներու այս հաւաքին յատուկ հրաւէրով...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Ի Պատիւ Պաշտօնական Ընդունելութիւն 6 սեպտեմբերին յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան  պաշտօնապէս ընդունուեցաւ Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Եկեղեցւոյ մուտքին, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու յատուկ պատուոյ արարողակարգով, Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ թեմի կրօնական դասը ընդունեցին առաջնորդ սրբազան հայրը, որուն կ’ընկերակցէր Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանը: Աղուհացի օրհնութենէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը թափօրով մուտք գործեց Աթէնքի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Գումարուեցաւ Բերիոյ Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ թեմի երեսփոխաններուն, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան շրջանաւարտ կազմերուն, 25 օգոստոսին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ գումարուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 163-րդ նիստը: Նիստը յատկացուած էր թեմի շրջանաւարտ գործադիր իշխանութեան զոյգ կազմերու գործունէութեան երկամեայ (2015-2017) տեղեկագիրներու քննարկման, արժեւորման եւ...

Page 35 of 43 1 34 35 36 43

Արխիւներ