Տոմինկօ Հինտոյեան Պիտի Ստանձնէ Լիվըրփուլի Ֆիլհարմոնիքին Ղեկը
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Խմբավար Տոմինկօ Հինտոյեան Սեպտեմբեր 2021ին պիտի ստանձնէ Լիվըրփուլի Արքունի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ղեկը։ «Հիանալի հաւաքական ուժ է այս նուագախումբը, որ կազմուած է փայլուն անհատներէ։ Խանդավառուեցայ ոչ միայն նուագախումբով, այլ նաեւ Լիվըրփուլ քաղաքի աշխուժութեամբ եւ երաժշտութեան ու մարզանքին հետ անոր պատմական կապով: Նուագախումբը արուեստի հիմնական դեսպանն է եւ մեր առաջնահերթ մտահոգութիւններէն պիտի ըլլայ մեր կատարած երաժշտութեան՝ մեծ ժառանգութիւնը պահպանելը,...



















