Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 30, 2019
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Այվազովսկիի Նկարներ` 100 Տարի Առաջ Ղրիմի Ափերուն Խորտակուած Նաւու Մը Մէջ

Վերջերս «Նեփթուն» արշաւախումբի ղեկավար Ռոման Տունայեւը յայտնեց, որ Այվազովսկիի վրձինին պատկանող նկարներ յայտնաբերուած են 100 տարի առաջ Ղրիմի ափերուն մօտ խորտակուած «Ժեներալ Քոցեպի» նաւուն մէջ:

Ներկայիս աշխատանքները դադրեցուած են, որովհետեւ կտաւները վնասելու վտանգը մեծ է:

Որոնումները կատարուած են 40 մեթր խորութեամբ, Ղրիմի թերակղզիի Թարխանքութ հրուանդանէն 12 մղոն հեռաւորութեամբ: Արշաւախումբի անդամները յայտնաբերած են առաւել քան տասը նկարներու մասեր, որոնց կարգին, ենթադրաբար, Այվազովսկիի վրձինին պատկանողներ:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը Ցաւակցութիւն Յայտնեց Պատրիարք Սֆէյրի Վախճանման Առթիւ

16 մայիսին տեղի ունեցաւ մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի եւ զանազան երկիրներէ ժամանած հոգեւոր եւ քաղաքական առաջնորդներու ու հազարաւոր հաւատացեալներու:

Յանուն Արեւմտեան թեմի մեծ ընտանիքին` առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ցաւակցագիր մը յղեց Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մարոնի առաջնորդ Ապտալլա Իլիաս եպս. Զէյտանին` յիշելով վախճանեալ կարտինալը որպէս նուիրեալ, խոնարհ եւ հաւատարիմ ծառայ Աստուծոյ, անզուգական առաջնորդ մը, որ ծառայեց ամբողջական հաւատքով, նուիրումով եւ յանդգնութեամբ` Լիբանանի արդի պատմութեան տագնապալից տարիներուն, եւ` իբրեւ անկախութեան, խաղաղութեան եւ գոյակցութեան խորհրդանիշ:

Քանատա

Զեկուցական Հաւաք

17 մայիսին Մոնրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական հաւաք մը, որուն ընթացքին հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ ընդհանուր ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն, 2018-ի ժողովրդական շարժումէն սկսեալ եւ անկէ ետք իւրաքանչիւր փուլի Դաշնակցութեան որդեգրած քաղաքականութեան ու կեցուածքներուն: Ան բացատրութիւն տուաւ անցուդարձերուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին, ՀՅԴ-Հայաստանի իշխանութիւն յարաբերութիւններուն, ժողովուրդին եւ երիտասարդութեան իրավիճակին, Հայաստանի իշխանութեան վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ անոնց հանդէպ Դաշնակցութեան դիրքորոշումներուն մասին:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ի վեր անցուդարձերուն, Ազրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան եւ յայտարարութիւններուն ու անոնց հակադարձութիւններուն` Հայաստանի իշխանութեան, Արցախի կառավարութեան եւ Դաշնակցութեան կողմէ: Ան խօսեցաւ Դաշնակցութեան կողմէ Ջաւախքի մէջ տարուած աշխատանքին, Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ իրականացած ծրագիրներուն` ի խնդիր հայրենի ժողովուրդի բարգաւաճման եւ նոր սերունդի դաստիարակման: Ան զեկուցեց նաեւ սփիւռքի կարգ մը գաղթօճախներու մասին, կարգ մը գաղութներու նօսրացման, ուրիշներու աշխուժացման եւ նոր համայնքներու կազմակերպման եւ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր գաղթօճախի իրավիճակին համաձայն, նոր ծրագիրներ կը մշակուին` նոր սերունդի հայապահպանման, երիտասարդութեան քաղաքականացման եւ ազգային կեանքին մէջ ներգրաւման նպատակով:

Րաֆֆի Տօնապետեանը, իր կարգին, անդրադարձաւ անցնող շրջանի իրադարձութիւններու արժեւորման եւ անոնցմէ քաղուելիք դասերուն անհրաժեշտութեան, ապա յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց սփիւռքի կազմակերպական կեանքին մասին, հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներուն վստահուած դերակատարութեանց, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մարդուժը լաւագոյնս օգտագործելով` ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ: Տօնապետեանը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ քարոզչական ոլորտին մասին` յայտնելով, որ մարտահրաւէրները շատ են, սակայն հարկ է մամուլով, ընկերային ցանցերով եւ այլ միջոցներով նպատակաուղղուած աշխատանք տանիլ, որպէսզի մեր հայրենի ժողովուրդը տեղեակ պահուի Դաշնակցութեան ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան մասին:

ՀՕՄ-ի Օրուան Տօնակատարութիւն

Հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Մոնրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, 5 մայիսին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի օրուան տօնակատարութիւն:

Օրուան հանդիսավար Բալիկ Լատոյեանը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան նախագահ Աննա Պուլկարեանին կենսագրականը, որմէ ետք հրաւիրեց զայն արտասանելու իր սրտի խօսքը:

Ա. Պուլկարեանը շնորհակալութիւն յայտնեց զոյգ մասնաճիւղերուն` օրուան նախագահութիւնը իրեն վստահուած ըլլալուն համար, ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն` գուրգուրալու ՀՕՄ-ի վրայ եւ կրկնապատկելու մեր ջանքերը` առաւել եւս արդիւնաւէտ դարձնելու համար անոր գործունէութիւնը:

Ապա սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցան «Սօսէ» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերու տարեկան տեղեկագիրները, որուն յաջորդեց զարդասեղներու եւ վկայագիրներու տուչութիւն:

Օրուան բանախօս, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ՀՕՄ-ի պատմագրութեան մէջ յատկանշական կը հանդիսանայ 20-րդ եւ 21-րդ դարերու հատման ժամանակահատուածը, երբ ՀՕՄ-ի բարեսիրական գործադաշտը տարածուեցաւ չորս տարբեր բեւեռներու վրայ` Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ սփիւռք, աւելցնելով, որ իր ծանրաբեռնուած օրակարգերով հանդերձ, ՀՕՄ-ը չվարանեցաւ հայութեան դիմագրաւած իրերայաջորդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ զօրաշարժի ենթարկելով իր շարքերը, նետուեցաւ գործի դաշտ` ձեռք երկարելու 1988-ին Հայաստանը հարուածած երկրաշարժի աղէտեալներուն, մայրութիւն ու տիրութիւն կատարելով որբացած երեխաներուն, կողք-կողքի կանգնելով Արցախի ազատամարտիկներուն հետ, զօրակցելով Հայաստանի հիւսիսային դարպաս Ջաւախքի հայրենակիցներուն ու, վերջապէս, յենասիւն հանդիսանալով սփիւռքի գաղթօճախներու մէջ գործող կրթական հաստատութիւններուն:

Աւարտին, առաջնորդին ողջոյնի խօսքը արտասանեց Վարդան վրդ. Թաշճեանը, որ «Պահպանիչ»-ով փակեց ձեռնարկը:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Նշենք, որ նուիրատուութիւններու ընդհանուր գումարը հասաւ 21.425 ամերիկեան տոլարի:

Բացում` Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ Եւ Անի Պասմաճեան» Վերանորոգուած Դահլիճին

3 մայիսին թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի ձեռամբ Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» վերանորոգուած դահլիճին բացում:

Արդարեւ, ամիսներ առաջ Ազգային առաջնորդարանի ներքնայարկը հիմնովին վերանորոգուեցաւ` յարմարեցուելով անոր առաքելութեան աճող կարիքներուն ու պահանջներուն` բարերարութեամբ Անի Պասմաճեանի, ի յիշատակ իր ողբացեալ բարերար ամուսնոյն` Երուանդ Պասմաճեանի: Դահլիճը կ՛ընդգրկէ պաշտօնական դահլիճ` ընդունելութեանց համար նախատեսուած, լսատեսողական արդիական սարքաւորումներով օժտուած ժողովասրահ եւ բազմաբովանդակ նիւթերով յագեցած գրադարան:

Բարի գալուստի ու բացման խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեանը, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը իր ելոյթին մէջ գնահատեց Պասմաճեան բարերար ընտանիքը, ի մասնաւորի` Անի Պասմաճեանը, աւելցնելով, որ դահլիճի վերանորոգումը կ’ենթադրէ համայնական ճիգերու վերանորոգում` ի խնդիր թեմին, գաղութին ու եկեղեցւոյ բարգաւաճման ու ծաղկման:

Աւարտին, Անի Պասմաճեանը պարգեւատրուեցաւ գնահատագրով ու յուշամետալով մը:

Յունաստան

Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթով Ժապաւէն Մը

10 մայիսին «Միխալիս Քաքոյեանիս հաստատութիւն» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական միջազգային շարժապատկերի փառատօնի պարգեւատրումներու պաշտօնական ու աւարտական հանդիսութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Յունաստանէն ու Կիպրոսէն 300 վարժարաններ` 65 հազար աշակերտներով:

Նէա Զմիռնիի 7-րդ լիկիոնի աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած ու նկարահանուած «Հայերու նէոս քոզմոսը (Նոր աշխարհը)» ժապաւէնը, որ կը վերաբերէր 1922-ի Փոքր Ասիոյ գաղթականական ահաւոր ալիքի հետեւանքներուն ու մէկ միլիոն յոյն գաղթականութեան հետ մօտ հարիւր հազար տարագիր հայ գաղթականական վերապրած բեկորներու Աթէնքի թիթեղապատ գաղթակայաններէն մէկուն` Տուրղութիի անհիւրընկալ պայմաններու մէջ ապաստան գտնելու տխրայիշատակ պատմութեան, Յունաստանի մէջ իբրեւ լաւագոյն ժապաւէն արժանացաւ 20 անդամներէ բաղկացող դատական կազմի  առաջնութեան որոշումին ու գնահատանքին:

Պարգեւատրման օրը հատուածներ ցուցադրուեցան ու ներկայացուեցան զուտ հայկական ու պատմական բովանդակութեամբ այս ժապաւէնի հատուածներէն ու տեսարաններէն:

Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովսէփ Պարազեանը իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, Փոքր Ասիոյ աղէտին, հայ եւ յոյն գաղթականութեան պատմական թղթածրարի հետեւանքներուն եւ Թուրքիոյ ներկայ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ապառողջ քաղաքականութեան մասին:

 Նոր Ջուղա

Զաւախքին Նուիրուած Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Աշակերտական 4-րդ Փառատօնը

Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 10 մայիսին Հայ մշակութային միութեան «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ջաւախքին նուիրուած ազգային-յեղափոխական երգերու աշակերտական 4-րդ փառատօնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Նոր Ջուղայի հայոց ազգ. «Արմէն» տարրական եւ «Քանանեան-Կատարինեան» միջնակարգ ու Շահինշահրի հայոց ազգ. «Սրբոց Վարդանանց» տարրական դպրոցների աշակերտները:

Օրուան հանդիսավար Սօսէ Ասատուրեանը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, խօսք առաւ Մանիա Ղուկասեանը, որ անդրադառնալով Ջաւախքի պատմութեան 9-րդ դարէն սկսեալ` լուսարձակի տակ առաւ Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան ներկայ իրավիճակը, յատկապէս` դպրոցներու կացութիւնը: Ղուկասեան ընդգծեց, որ շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին նպատակն է Ջաւախքին նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպել` առաւել եւս ծանօթացնելու համար Ջաւախքը եւ ջաւախահայութիւնը մեր առօրեայ մտածումներու եւ գործունէութեան առանցքը դարձնելով Ջաւախքի հարցը: Ան նաեւ անդրադարձաւ Նոր Ջուղայի մէջ Ջաւախքին նուիրուած ձեռնարկներուն եւ առանձնաբար շեշտեց այն բոլոր աշխատանքները, որոնք իրականացուած են Ջաւախքի մէջ այդ ձեռնարկներուն զուգահեռ կազմակերպուած նուիրահաւաքներէն գոյացած գումարներով:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք գնահատագիրներ յանձնուեցան բոլոր կատարողներուն եւ երգուսոյցներուն:

Թեհրան

Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Նախաձեռնութեամբ ՀՄՄ «Նայիրի» միութեան, 16 մայիսին միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտաս վարդապետի 150-ամեակին նուիրուած «Նոր գարուն» խորագիրը կրող երկօրեայ ցուցահանդէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին արուեստագէտներ` Նատիա Այվազեանը, Ռեբեկա Մահմուտեանը եւ Շարիս Մելքոմ-Աբգարը:

Բացման եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Զօրիկ Շահպազեանը, որմէ ետք օրուան բանախօս Արտոյտ Զոհրապեանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի կենսագրական տուեալները, անդրադարձաւ Կոմիտասի մասին հայ գրականութեան էջերուն մէջ տեղ գտած նիւթերուն` վեր առնելով Կոմիտասի անհատականութիւնը եւ հայկական երաժշտութեան մատուցած անոր անզուգական ծառայութիւնը:

Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատեց մնայուն արժէքներու անհրաժեշտութիւնը, որոնք կը լուսաւորեն մարդու միտքն ու հոգին, ընդգծելով, որ Կոմիտասի մշակումները բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր տարիքի հայ մարդու ներշնչման աղբիւր են եւ հայ մարդուն հայրենի հողին կապող օղակ:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը` Շարիս Մելքոմ-Աբգարի արտասանութեամբ:

Պուլկարիա

Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» Պոէմի Ռուսերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 22 մայիսին Սոֆիայի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջնադարեան հայ գրող եւ փիլիսոփայ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» պոէմի ռուսերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը:

Տպագրութեան նախաձեռնող եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ Սոնա Մինասեանը ներկայացուց Նարեկացին եւ անոր գրական ժառանգութեան գլուխ գործոց «Մատեան ողբերգութեան» պոէմը:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Մարի Պասմաճեանը, որ մեկնաբանեց  Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը` ընկերակցութեամբ ջութակահար Նարինէ Վարդանեանի:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Հայաստանը Հայութեան Գոյատեւման Հիմնաքարն Է

Յաջորդը

Ընկերական Զրոյց.- Հակադաշնակցականութիւնը Ընդդիմախօսութիւն Չէ, Այլ` Մոլուցք

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?