Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 13, 2019
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հալէպահայութիւնը Հրաժեշտի Հանդիպում Ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Հետ

Հրամանով Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան,  ուրբաթ, 24 մայիսի երեկոյեան «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Անի» ճաշասրահին մէջ հրաժեշտի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի:

Ի յարգանս սրբազան հօր տասնհինգ տարիներու նուիրեալ, բեղուն աշխատանքին` հրաժեշտի հանդիպումին ներկայ էին` Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Հայաստանի մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեանը, Հայ աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեանը, Բերիոյ հայոց թեմի ազգային մարմինները, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու, հայրենակցական միութիւններու, բարեսիրական հիմնարկներու ներկայացուցիչները եւ հոգեւորականաց դասը:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենադպիր Սիլվա Ճապաղջուրեանը լուսարձակի տակ առաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին վաստակն ու ծառայութիւնը` բարի երթ մաղթելով առաջնորդ սրբազանին իր նուիրեալ առաքելութեան մէջ:

Հայ կաթողիկէ համայնքին եւ Պետրոս արք. Միրիաթեանին կողմէ ողջոյնի խօսք արտասանեց Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեանը, որ Հայ կաթողիկէ համայնքին անունով յուշանուէր մը` ս. պատարագի արծաթեայ սկիհ մը յանձնեց առաջնորդ հօր:

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը, որ դիտել տուաւ, թէ Շահան սրբազանին 15 տարիներուն մատուցած ծառայութիւնը իր դրոշմը թողուց ոչ միայն Բերիոյ հայոց թեմի ազգային շրջագիծին մէջ, այլեւ` հալէպահայութեան համընդհանուր կեանքին մէջ: «Սրբազան հայրը իր տիպարով ու կենցաղով օրինակ ծառայեց բոլոր եկեղեցականներուն, եւ այսօր կարելի է ըսել, որ բնական տարիներ չէին անցնող յատկապէս վերջին եօթը-ութ տարիները: Այդ տարիներուն սրբազան հօր հետ մենք բաժնեկցեցանք մեր ուրախութիւնն ու տագնապը, բաժնեկցեցանք մեր մարտահրաւէրները, միասնաբար կրեցինք ամէն ցաւ, կսկիծ, երբեմն` այն դժբախտութիւնները, որոնք, մեր կամքէն անկախ, մեր առօրեան ներխուժեցին: Այս բոլորին հետ մէկտեղ, սրբազան հայրը իր հաւատքը պահեց, բոլորանուէր ծառայութիւնը շարունակեց` դառնալով հեզահամբոյր ներկայութիւն, եւ իր ողջմիտ, մշակութասէր, ազգասէր, բարեգութ սիրտին ու միտքին թելադրութեամբ դրական ներդրում ունեցաւ մեր ազգային կեանքին եւ տոկունութեան օրինակ ծառայեց տագնապահար ժողովուրդին»:

Ապա վերապատուելին համայնքին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց առաջնորդ սրբազան հօր:

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան խօսքը արտասանեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ դոկտ. Հուրի Ազէզեանը. «Յանուն սուրիահայութեան` մեր որդիական շնորհակալութիւնը եւ անվերապահ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք թեմի Գաւազանագիրքին 61-րդ առաջնորդին`  Շահան  արք. Սարգիսեանին, որ անցնող տասնհինգ տարիներուն ամբողջական նուիրումով, յառաջահայեաց մօտեցումով, օրինակելի յանձնառութեամբ եւ որակական նպատակասլաց ըմբռնումով հովուեց իր հօտը:

«Այսօր, հրաժեշտի այս ոգեխանձ պահուն, մեզի կը մնայ ըսել` վարձքդ կատա՛ր, վաստակդ արդա՛ր, սիրելի՛ Շահան սրբազան, վստահաբար յառաջիկայի ձեր գործունէութիւնները պիտի իրագործէք ձեզի վայել նոյն պիրկ կամքով եւ անխախտ հաւատքով»:

Ապա Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Տարօն Մակարեանը Ազգային իշխանութեան յուշանուէրը յանձնեց առաջնորդ սրբազան հօր:

Հանդիպումին աւարտին Շահան արք. Սարգիսեանը իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղելով հրաւիրեալներուն եւ հանդիպումը կազմակերպող Ազգային իշխանութեան` ըսաւ. «Այս պահը իմ կեանքին մէջ հանգրուան մը բոլորած ըլլալու ուրախութեան պահն է: Ընդհանրապէս ընկերային կեանքին մէջ մեկնում նաեւ կը նշանակէ կատարուած ծառայութեան մը աւարտ, որ նաեւ տխուր երանգ մը կ՛ունենայ իր մէջ: Ամենակալին փառք եւ գոհութիւն կը յայտնեմ, որ զիս արժանի դարձուց իր եկեղեցւոյ սպասաւորը ըլլալու եւ իմ ծառայութեան բաժինս բերելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով Բերիոյ հայոց պատմական թեմէն ներս, ուր իմ ծննդավայրիս յիշատակները, իմ հարազատներս, բարեկամներս եւ ննջեցեալ սիրելիներս միասնաբար կը տողանցեն այս պահուն իմ աչքերուս առջեւ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի, որ ներկայ էիք մեր կեանքին մէջ, եւ վստահ եմ, որ ներկայ պիտի ըլլաք նաեւ յառաջիկայ տարիներուն»:

Ապա առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց` Արամ Ա. վեհափառին, Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին, Սուրիոյ մէջ գործող պետական եւ բոլոր պատասխանատուներուն, քրիստոնէական համայնքներուն եւ համայնքապետներուն, իսլամ հոգեւոր առաջնորդներուն եւ պատասխանատուներուն, սուրիացի քաղաքացիներուն, մասնաւորաբար` սուրիահայ համայնքի զաւակներուն:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գերապայծառին եւ վերապատուելիին` յուշանուէրներուն համար, ինչպէս նաեւ Ազգային իշխանութեան` այս երեկոն կազմակերպելուն համար:

 «Ամբողջական Սիրով Ու Հաւատքով». Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ Նուիրուած Համերգ

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, կիրակի, 2 յունիսին Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր երաժշտութեան նուիրուած երեկոյ, որ նուիրուած էր Սուրիոյ Առաջին տիկնոջ` Ասմա Ասատին:

Երեկոյին ընթացքին հանդէս եկաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Երեկոյին ներկայ էին` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Յովակիմ աբղ. Բանճարճեանը, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանը, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Ռէյիսեանը, համայնքներու, տեղական եւ հայկական կառոյցներու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով Ճեմմա Տաուլէն դիտել տուաւ, որ համերգը շնորհակալութեան արտայայտութիւնն է Սուրիոյ նախագահին եւ Առաջին տիկնոջ եւ կը կրէ «Ամբողջական սիրով ու հաւատքով» խորագիրը, որովհետեւ Աստուծոյ հաւատքը սիրոյ եւ համերաշխութեան իրենց ուղին կը նկատեն: «Ընտրեցինք սէր խորհրդանշող վերնագիր, որովհետեւ համերգը նուիրուած է Սուրիոյ Առաջին տիկնոջ, որուն սիրոյ ապրումները բալասան հանդիսացան նահատակ զաւակ նուիրաբերող իւրաքանչիւր մօր, ինչպէս նաեւ` իւրաքանչիւր վիրաւորի, որուն արիւնը շաղախուեցաւ սուրիական հայրենիքի հողին», յայտնեց ան:

Ապա երգչախումբը յաջորդաբար մեկնաբանեց Կոմիտասի, Մակար Եկմալեանի, Խորէն Մէյխանաճեանի, Չայքովսկիի, Վիվալտիի, Հենտըլի մշակած հոգեւոր երգերէն ընտրանի մը եւ արաբերէն հոգեւոր երգ մը:

Հոգեպարար այս համերգին աւարտին իր պատգամը յղեց Յովակիմ աբղ. Բանճարճեանը, որ դիտել տուաւ, թէ սիրոյ եւ հաւատքի արտայայտութիւն հանդիսացող այս համերգը երկու խորհուրդ կը մարմնաւորէ` մեր հաւատարմութիւնը եւ երախտագիտութիւնը Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին: Յատկապէս` այն իրականութեան համար, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները ոչ միայն ապաստան գտան սուրիական հողերուն վրայ, այլեւ արժանացան Սուրիոյ ժողովուրդին սիրոյն եւ վստահութեան ու ծառայեցին այս երկրին, սատարեցին անոր վերելքին:

Հայր սուրբը իր խօսքը եզրափակելով` շնորհակալութիւն յայտնեց «Զուարթնոց» երգչախումբին, անոր ղեկավարին ու դաշնակահարին` դիտել տալով, որ «Զուարթնոց»-ը պատերազմի տարիներուն կանգուն մնաց ու շարունակեց ծաղկեցնել սուրիահայութեան մշակութային կեանքը:

Ապա հայր սուրբը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` Առաջին տիկնոջ առողջութեան եւ Սուրիոյ խաղաղութեան համար:

Կիպրոս

* Ուրբաթ, 7  յունիս 2019-ի Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, ընդառաջելով Կիպրոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպան  Սթանիսլաւ Օսատչիեւի պաշտօնական հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Ռուսիոյ ազգային տօնին առիթով դեսպանատան մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան, որուն ներկայ էին` Կիպրոսի նախագահ Նիկոս  Անասթասիատիսը, նախկին նախագահ Եորկիոս Վասիլլիու, խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիս, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Նիկոս Խրիստոտուլիտիսը, յոյն ուղղափառ, մարոնի եւ լատին կրօնապետներ ու հոգեւորականներ, պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, դեսպաններ, քաղաքական եւ զինուորական անձնաւորութիւններ, եւրոպացի, արաբ եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:

Ռուսիոյ եւ Կիպրոսի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսք առին դեսպանն ու Կիպրոսի նախագահը, որոնք երկուքն ալ խօսեցան Կիպրոսի եւ Ռուսիոյ աւելի քան 60 տարիներու բարեկամութեան,  սերտ կապերուն եւ գործակցութեանց մասին, անդրադարձան կղզիին տնտեսական տագնապի տարիներուն կատարուած ներդրումներուն, աջակցութեան եւ խաղաղութեան եւ հաշտութեան հաստատման դէմ Թուրքիոյ յառաջացուցած խոչընդոտներուն ու դժուարութեանց:

Հանդիսութեան ընթացքին եւ աւարտին  սրբազան հայրը անձնապէս եւ կիպրահայ գաղութին անունով շնորհաւորեց ու բարեմաղթութիւնները կատարեց Ռուսիոյ դեսպանին, ազգային մեծ տօնին առիթով եւ բարի շարունակութիւն ու քաջառողջութիւն մաղթեց անոր եւ դեսպանատան լրիւ կազմին, ինչպէս նաեւ  պատեհութիւնը ունեցաւ մտերմօրէն զրուցելու հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն,  նախարարին, կրօնապետներու, ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Էլիզապէթ Սպեհարի, տարբեր երկիրներու դեսպաններու, զինուորականներու, պաշտօնական անձերու եւ հրաւիրեալներու հետ:

* 26 մայիսին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ  մէջ տեղի ունեցաւ Գոհաբանական աղօթք եւ մաղթանք` Հայաստանի Ա. անկախութեան հռչակման առիթով:

Պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն իրենց կեանքը  զոհաբերած ու նահատակուած քաջարի մարտիկներու հոգիներուն համար:

 Եգիպտոս

Եգիպտացի Անձնաւորութիւններու Էմիրեթեան Մեծարում

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահերէց շէյխ Խալիֆա պըն Զայետ էլ Նահիան պետութեան սահմաններէն ներս 2019 թուականը յայտարարեց Հանդուրժողականութեան տարի` նպատակ ունենալով իր պետութիւնը հանդուրժողականութեան համաշխարհային մայրաքաղաք դարձնել, հաւաստելով անոր արժէքը` իբրեւ հաստատութենական յարատեւ գործողութիւն, որ հիմնուած է օրէնսդրական եւ քաղաքական նպատակասլաց գործողութիւններու վրայ, նպատակադրելով խորացնել հանդուրժողականութեան, երկխօսութեան, դիմացինը ընդունելու եւ տարբեր մշակոյթներու բացուելու արժէքը, յատկապէս` նոր սերունդներուն մէջ, անոր դրական ազդեցութիւնը ընդհանրապէս արտացոլացնելով հասարակութեան վրայ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները վերածելով յարգանքի, ծայրայեղութիւնը մերժող եւ դիմացինի տարբերութիւնը ընդունող լայնախոհ միջավայրի մէջ աշխարհի ժողովուրդներու եւ անոնց մշակոյթներու շփման եւ հանդիպման կամուրջի:

Այս առթիւ, ռամատանեան երեկոյթի մը ընթացքին Մոհամետ Խալիֆա Մաթար   Մազրուհի` ԱՄԷ-ի Հանդուրժողականութեան միջազգային հիմնարկի առաջին շրջանաւարտներէն, մեծարեց խումբ մը եգիպտացիներ` դիւանագիտական, լրագրական, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցութեան, բարեգործութեան եւ ակադեմական աշխատանքին ընդմէջէն իրենց ճիգին համար: Ան յայտնեց, որ արաբական աշխարհի սիրտը` Եգիպտոսը ընտրած է իր նախագիծի բացման համար:

Մեծարուեցան` Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախկին նախարար դեսպան Մոհամետ Օրապի, Էլ Օրման ընկերակցութեան նախագահ ճարտ. Հոսամ Ապանի, պատմաբան դրգ փրոֆ. Մոհամետ Ռիֆհաթ Իմամ, լրագրող Մակտի Կալլատ եւ Եգիպտոսի Հայ դատի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան:

Ձեռնարկին ընթացքին տոքթ. Ա. Մազլումեան` իբրեւ հանդուրժողականութեան կենդանի օրինակ, բերաւ Շարժայի կառավարիչ շէյխ Սուլթան պըն Մոհամետ Քասեմիի նուիրատուութիւնը Հաղարծինի վանական համալիրի նորոգութեան համար եւ վկայակոչած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը, որ մարտ ամսուան ընթացքին ընդունելով ԱՄԷ-ի դեսպանը, դրուատած էր կրօնական լայնախոհութիւնը այդ երկրէն ներս:

Վրաստան

Հայաստանի Անկախութեան Օրուան Նշում

28 մայիսին Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան օրը:

Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի տնօրէն Կարինէ Թադէոսեանը շնորհաւորելէ ետք ներկաները շեշտեց, որ անկախութեան ձեռքբերումը հայերուն  համար շատ դժուար ճանապարհներով տեղի ունեցած է, մեծ կորուստներով եւ արիւնով, աւելցնելով, որ հարկ  է պահպանել այս յաղթանակը եւ փոխանցել մեր ապագայ սերունդներուն:

Աւարտին Նարեկ քահանայ  շնորհակալութիւն յայտնեց Երիտասարդական կեդրոնի սաներուն եւ  ուսուցիչներուն` ձեռնարկի պատրաստութեան համար եւ նկատել տուաւ, որ մենք մեծ ջանքերով ձեռք բերած ենք մեր անկախութիւնը, եւ անհրաժեշտ է պահպանել զայն եւ թոյլ չտալ, որ հայ ժողովուրդը կորսնցնէ իր ազատութիւնը:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Միացեալ Նահանգներ

Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ Նստաշրջան

Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, 17 եւ 18 մայիսին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 47-րդ նստաշրջանը:

Առաջնորդ սրբազանի ժողովի պաշտօնական բացումը յայտարարելէն ետք առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ ժողովին ուղղուած օրհնութեան խօսքն ու պատգամը:

Իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը կը յորդորէր ժողովականները, որ կեդրոնանան վերակազմակերպման եւ վերանորոգման գործընթացին վրայ, որուն սկիզբը դրած էր ան երկու տարի առաջ, շեշտելով համայնքի կեանքին վերակառուցման վերակենսաւորման եւ վերաշխուժացման անհրաժեշտութիւնը: Ան կոչ ուղղած էր, որ զարկ տրուի երիտասարդ քահանաներու պատրաստութեան, առաւել, իգական սեռի ներկայացուցիչները թեմական կեանքէն ներս ներգրաւուին` ի խնդիր եկեղեցւոյ վերանորոգման:

Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեանը իր խօսքին մէջ վեր առաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովին դերը եւ վեհափառ հայրապետին կողմէ թելադրուած վերակազմաւորման յոյժ կարեւորութիւնը` յոյս յայտնելով, որ ժողովը լրջօրէն կը քննարկէ հարցերը եւ գործնական ու շինիչ ծրագիրներ ու որոշումներ կ՛որդեգրէ:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանը շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Ազգային վարչութեան վստահուած էին անցեալ տարիներու աշխատանքները, ու մաղթեց, որ Ս. Աթոռոյս ու թեմի վերելքը եւ մեր ժողովուրդին ծառայութիւնը շարունակուի արդիւնաւոր կերպով:

Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին, որ իր պատգամներով ու թելադրանքներով ուղեցոյց կը հանդիսանայ թեմի աշխատանքներուն: Ան շնորհաւորեց ժողովին առաջին անգամ մասնակցող Լաս Վեկասի նորընտիր երկու երեսփոխանները` մաղթելով, որ բոլորը ծառայեն` հաւատքով, նուիրումով, պատասխանատուութեան զգացումով, եղբայրական սիրով, փոխադարձ յարգանքով եւ հասկացողութեամբ:

Առաջնորդը նշեց, որ վերջին քառորդ դարու ընթացքին արձանագրուած են յիշատակելի նուաճումներ, շեշտելով, որ տակաւին կայ աւելի՛ն, որ պէտք է իրագործուի, ապա յիշեցուց, որ երկու տարի առաջ վեհափառ հայրապետը վերանորոգման եւ վերակազմաւորման կոչ ուղղած էր բոլոր թեմերուն, նաեւ իր պատգամին մէջ եւս շեշտը դրած` վերակենսաւորման եւ վերակառուցման վրայ, եւ իրենք օրին գործնական քայլերու դիմած են եւ ցարդ կը գործեն այդ ուղղութեամբ: Սրբազանը շեշտեց, որ կրկին պէտք է վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը այս կարեւոր ծրագիրին եւ միասին գործենք այն տեսլականով, որ մեր եկեղեցիները դառնան մեր համայնքներուն սիրտերն ու մեր ժողովուրդին հաւատքի փարոսները:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի օրակարգի յատկանշական կէտերէն մէկն է ծխական շրջաններու զեկուցումները, որուն ընդմէջէն հոգաբարձութիւններ հակիրճ տեղեկութիւններ տուին իւրաքանչիւր շրջանի կարեւոր իրագործումներուն, շինարարական աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

Տարիներու աւանդութիւն է Ազգային երեսփոխանական ժողովի գումարման առթիւ գնահատել եւ յատուկ պատիւի արժանացնել թեմին ու հասարակական կեանքին մէջ անսակարկ ու նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող ազգայիններ:

Այս տարի առաջնորդ սրբազանը եւ Ազգային վարչութիւնը գնահատանքի արժանի գտած էին Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը, որ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ իր հոգեւոր հովուութեան կողքին, հետեւած էր բարձրագոյն ուսման եւ երկու շաբաթ առաջ տիրացած էր մագիստրոսի տիտղոսին Աստուածաբանութեան մէջ, եւ` Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ երկար տարիներու նուիրեալներէն Կարպիս Գարամարտեանը, որ ներկայիս Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան փոխատենապետն է եւ, երկար տարիներ իր նիւթաբարոյական զօրակցութեան կողքին, անձնուիրաբար ու անսակարկ ծառայած է թեմին եւ Օրենճ Քաունթիի ծխական համայնքին:

Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց հայր սուրբը` անոր նուիրելով յուշատախտակ մը: Գարամարտեան կամքէ անկախ պատճառներով չէր կրցած ներկայ գտնուիլ` ստանձնելու համար իր գնահատանքի յուշատախտակը:

Յաջորդական նիստերու ընթացքին, ժողովը լսեց Կրօնական ժողովի ու Ազգային վարչութեան եւ ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին հակիրճ զեկուցումները, նաեւ` յառաջիկայ տարուան ծրագիրի մշակման համար ժողովականներուն առաջարկներն ու քննարկումները: Քննուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի յառաջիկայ տարուան պիւտճէն:

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Հայաստանի Անկախութեան 101-ամեակին Առիթով

26 մայիսին, Հայաստանի անկախութեան 101-ամեակին առիթով թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ս. պատարագին եւ Հանրապետական մաղթանքի արարողութեան հանդիսապետեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ կատարեց եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ ուղղեց իր պատգամը: Ան աղօթեց Հայաստանի անկախութեան կերտիչներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ` հիւրընկալ երկրի անկախութեան, ազատ եւ բարգաւաճ կեանքի համար զոհուած բոլոր զինուորներուն յիշատակին, խնդրելով Տիրոջմէ, որ մեր հայրենիքի պետութեան եւ սոյն երկրի ղեկավարներուն խոհեմութիւն եւ իմաստութիւն պարգեւէ, որպէսզի իրենց պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ յանուն արդարութեան, յանուն ժողովրդավարութեան, արդար ճանապարհով ընթանան եւ իրենց առաքելութեան ուղին իր հովանիին ներքեւ պահէ:

Ան ըսաւ, որ մեր պատմութիւնը անցեալին ու այսօր եղած է անհաւասար ճակատումներէ յաղթական ելլելու դիւցազնավէպ մը, որովհետեւ բոլոր դարերուն եւ այսօ՛ր ալ ունինք հերոսներ, որոնք իրենց էութեան միաձուլած են «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» պատգամը, աւելցնելով, որ մեր ինքնապաշտպանութեան ու արդարութեան ձգտող ճակատումները վերջ չեն գտած, այլ կը շարունակուին Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն վրայ եւ սփիւռքի տարածքին: Սրբազանը մաղթեց, որ ազգովին թիկունք կանգնինք բարեշրջական այն երթին, որ բացուեցաւ աւելի քան տարի մը առաջ, զոր պէտք է  պահել արդարութեան, անաչառութեան, մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան ճիշդ ուղիին մէջ, եւ խնդրեց Աստուծմէ, որ մեզ հաստատ պահէ մեր երթին մէջ եւ դարձնէ արժանաւոր ուխտապահները մեր անկատար տենչերուն ու ազգային հանգանակներուն իրականացման:

Ս. պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ այլ ճակատամարտերուն ինկած հերոսներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Գերմանիա

Մեկնարկեց Պերլինի «Գերմանա-Հայկական Մշակութային Օրեր»-ը

Հովանաւորութեամբ Պերլինի Լիխտենպերկ շրջանի Պիւրկերմայսթեր Միխայիլ Կրունսթի եւ Պունտեսթակի նախկին պատգամաւոր (2012-2017) փրոֆ. դոկտ. Մարթին Պեթցոլտի եւ կազմակերպութեամբ «Հայ եւ եւրոպացի մասնագէտներու ընկերակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան, 18 մայիսին Պերլինի Քարլսհորստթ շրջանի մշակոյթի տան սրահին մէջ մեկնարկեց Պերլինի «Գերմանա-հայկական մշակութային օրեր»-ը` «Հայերու երկրին մէջէն» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումով:

Ձեռնարկին գունաւոր լուսանկարներ տրամադրելով աջակցած է նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը` համագործակցելով Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ: Ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցած է նաեւ Պերլինի Քարլսհորստթ շրջանի մշակոյթի տունը:

Պերլինի Լիխտենպերկ շրջանի քաղաքապետի ներկայացուցիչ Քաթրին Ֆրամքէն իր ելոյթին մէջ յայտնեց, թէ ամէն անգամ, երբ Հայաստանի մասին խօսուի, կը յիշէ վաղամեռիկ Ալինա Պեթցոլտ-Մարտիրոսեանը, որ իր կատարած աշխատանքներով զգալիօրէն հարստացուցած է Պերլինի Լիխթենպերկ շրջանի մշակութային կեանքը եւ` իր հայկական հետքը ձգած այնտեղ:

Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանը շնորհակալութիւն յայտնեց գերմանացիներուն` հինգ տարի շարունակ մշակութային օրերու կազմակերպման նպատակով նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելնուն համար: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեանը եւ արուեստաբան, արուեստագիտութեան թեկնածու, լրագրող Գայեանէ Առաքելեանը:

Ցուցահանդէսի գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան դաշնակահար Կարինէ Գիլանեանը եւ ջութակահար Լիլիթ Ռոստոմեանը:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մտաւորականութեան Խօսքը

Յաջորդը

Համահայկական Խաղերու Ջահը Վառած Է Մուսա Լերան Գագաթին

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?