Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Իրան
Հայրապետական Մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 24-րդ Տարեդարձի Առիթով
Թեհրան
30 յունիսին Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձի առիթով:
Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութեան նախագահեց եւ իր պատգամը յղեց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ Պօղոս առաքեալի նամակներէն մէկուն օրինակով, ուր առաքեալը կարեւորութեամբ կը շեշտէ եւ կը յիշեցնէ իր աշակերտներուն ու եկեղեցւոյ անդամներուն, որ աղօթեն իրարու եւ իրեն համար` աւելցնելով, որ մեր եկեղեցին տարուան ընթացքին յատուկ առիթներով կ՛աղօթէ եւ յատուկ շարականներով կը հայցէ Աստուծմէ` առաջնորդութիւն եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն եւ սպասաւորներուն համար: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այդ պատճառով աղօթած են վեհափառ հայրապետի կեանքի արեւշատութեան համար, որովհետեւ 24 տարիներ առաջ ան ընտրուեցաւ եւ օծուեցաւ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Սրբազան հայրը խօսելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի անցնող 24 տարուան աշխատանքներուն մասին` հաստատեց, որ վեհափառը իր ունեցած գիտութեամբ, հմտութեամբ, քրիստոնէական եկեղեցիներուն մատուցած ծառայութեամբ, այսօր ոչ միայն մեր եկեղեցւոյ կեանքին, այլ համաշխարհային եկեղեցիներու կեանքին մէջ ունի իր ինքնուրոյն տեղն ու դերը, աւելցնելով, որ վեհափառ հայրապետը այսօր եւս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ իր ներդրումը կը բերէ ոչ միայն միջեկեղեցական, այլ միջքաղաքակրթական բնագաւառներուն եւ աշխարհի քաղաքակրթութեան ու ծառայութեան գանձանակին մէջ, որ մեր եկեղեցւոյ համար պատիւ ու փառք է:
Ատրպատական
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձին առիթով 30 յունիսին Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք:
Թաւրիզի Լիլաւա թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական արարողութեան նախագահեց եւ իր պատգամը յղեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանը, իսկ Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Ներսէս քհնյ. Պասիլեանը:
Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ մեկնաբանեց Հայրապետական մաղթանքի բնագիրին մէջ տեղադրուած աւետարանական հատուածի քաջ հովիւին պատկերը` ցոյց տալով, որ հովիւին նուիրաբերումը սովորական պարտականութիւն չէ, այլ` անձնազոհութիւն, աւելցնելով, որ վեհափառ հայրապետը ընտրութեան եւ օծման օրէն մեր ժողովուրդի զաւակները կը հաւաքէ Քրիստոսի հօտին մէջ: Ան ըսաւ, որ Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ գտնուող հայերը անոր ուշադրութենէն չեն վրիպիր, շեշտելով, որ Արամ Ա. կաթողիկոս իր ժողովուրդի արժանաւոր ներկայացուցիչը եղաւ ու կը շարունակէ մնալ միջազգային բեմերուն եւ համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ դարձաւ մեր ազգի Դատի նուիրեալ խօսնակը ամէն տեղ պետական ու քաղաքական բարձրագոյն ամպիոններէն բարձրաձայնելով անիրաւուած մեր ժողովուրդի արդար Դատի լուծման տենչը:
Սրբազանը հաստատեց, որ վեհափառը նաեւ եղաւ շինարար հայրապետ, որ կաթողիկոսարանը վերածեց հոգեւոր ու վարչական շքեղ կեդրոնի, սփիւռքահայութեան սրտին վայել, աւելցնելով, որ ան ուժեղ նկարագրի տէր մարդ է, որ կրնայ իրմով հմայել հոգեւորականները, պետական, քաղաքական ու հասարակական գործիչները, որոնք կը պատրաստուին իրենց ծառայութեան համապատասխան կեանքին ու ասպարէզին: Մեր բոլոր թեմերու հոգեւորականութեան համար տիպար օրինակն է վեհափառը, իսկ աշխարհական ղեկավարութիւնը միշտ հետամուտ է անոր ցուցմունքներուն եւ հայրական թելադրանքներուն:
Յունաստան
Պօղոս Սնապեանի «Ես Այդ Շունն Եմ» Գիրքի Յունարէն Թարգմանութիւնը
Յունիս ամսուան ընթացքին Աթէնքի մէջ լոյս տեսաւ Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գիրքի յունարէն թարգմանութիւնը, որ կատարուեցաւ Սերգօ Աղապատեանի աշխատանքով` հրատարակութեամբ «Արմենիքա» պարբերաթերթին:
«Ես այդ շունն եմ» գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսաւ 1963-ին, Փարիզի մէջ, Պաղ պատերազմի օրերուն եւ մեծ ընդունելութիւն գտաւ ամբողջ հայաշխարհի մէջ:
Հեղինակը իր աշխատութիւնը գրած է մէկ շունչով, որուն գլխաւոր հերոսն է Ալպեան լեռներուն մէջ ապրող շունը:
Սնապեան, իր կուռ ու կենդանի գրութեամբ, բանաստեղծական իւրայատուկ ոճով եւ լեզուի ճարտար գործածութեամբ, կը խօսի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթական հայու մասին, հայրենիքէն զրկուած հայորդիներուն համար: Ան կը դրուատէ հայ ժողովուրդի դիւցազնական սխրանքները, փառապանծ պատմութիւնն ու հրաշագործ նուաճումները:
Խորհրդային տարիներուն գրուած գիրքը կը պախարակէ խորհրդային տիրապետութեան չարիքները Հայաստանի մէջ եւ իր հերոսի` շան միջոցով կը պոռթկայ այլասերումի եւ ապահայացման ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն դէմ:
Գիրքին թարգմանութիւնը բծախնդրօրէն կատարուեցաւ Սերգօ Աղապատեանին կողմէ, որ կարողացաւ հարազատ կերպով թուղթին յանձնել Սնապեանին բարդ ու երկար միտքերը` առանց անոնց խոր իմաստէն շեղելու:
Հակառակ խորհրդային ժամանակներու վերացման եւ Հայաստանի վերանկախացման` գիրքը այսօր եւս կը կարդացուի մեծ հետաքրքրութեամբ:
Նորօրեայ պայմաններու լոյսին տակ զայն վերծանելով եւ մանաւանդ Հայաստանէն արտագաղթի ազգակործան երեւոյթին ու հայկական սփիւռքի աննախատեսելի ուռճացման կործանիչ ալիքին ահազանգը հնչեցնելով` գիրքը կու գայ յիշեցնելու ազգային ինքնութեան կորուստի վտանգները եւ անոր դիմաց` հոսանքն ի վեր նաւարկելու պայքարի ազդանշանը կու տայ:
Գիրքը ուղղուած է ո՛չ միայն երիտասարդ սերունդին, այլ նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին մեր ժողովուրդի տագնապներով:
Գիրքը զօրաւոր պատգամի մը հնչեղութիւն ունի, ազգի ինքնութիւնը ամուր պահելու թելադրականութեամբ, սփիւռքի այլասերող պայմաններուն մէջ:
Կիպրոս
Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահին Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
5 յուլիսին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը եւ իր պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ Կիպրոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի: Անոնք ուղղուեցան եկեղեցի, «Նարեկ» վարժարան, ապրիլեան յուշակոթող, ապա` առաջնորդարանի դահլիճ, ուր ներկայ էին գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորհրդարանական համակարգ որդեգրելէն ետք խորհրդարանին նշանակութիւնը աւելի եւս իր կարեւոր դերը ունեցաւ, եւ երբ իրադարձութիւնները ժողովուրդի որոշումով կ՛ընթանան, առաւել եւս կը կարեւորուի Ազգային ժողովը` իբրեւ ուղղակի ներկայացուցչութիւնը ժողովուրդին:
Ան վստահեցուց, որ Կիպրոսի խորհրդարանին հետ իրենց սերտ համագործակցութիւնը հիմնովին կը սատարէ երկու բարեկամ պետութիւններու եւ երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ յաւելալ կապերու հաստատման: Սրբազան հայրը ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ կիպրահայ պատմական գաղութին մասին եւ ապա անդրադառնալով Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն ներս քանի մը օրեր առաջ կայացած Հայ մամուլի համահայկական համագումարին եւ անոր ընթացքին արտասանուած ելոյթներուն` սրբազանը յայտնեց, որ անիկա արտայայտեց ժողովուրդին կամքը աւելի լաւ ու իտէալական Հայաստան մը եւ հայրենիք մը ունենալու փափաքներուն եւ ակնկալութիւններուն: Սրբազանը հաստատեց, որ միասնական գործակցութեամբ պիտի շարունակենք մեր նպաստը բերել ի շահ մեր ազգին եւ հայրենիքին` աղօթելով Աստուծոյ, որ Ազգային ժողովի նախագահին ուժ, կորով եւ առողջութիւն պարգեւէ, որպէսզի կարենայ լաւագոյն ձեւով կատարել իրեն վստահուած դժուարին, բայց նուիրական առաքելութիւնը:
Արարատ Միրզոյեան իր կարգին խօսք առնելով` նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն հայրենիքի հանդէպ իրենց ցուցաբերած հոգածութեան ու կապուածութեան եւ շեշտեց Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան կարեւորութիւնը` հայրենիքի բարգաւաճման, զարգացման եւ հզօրացման ոլորտներէն ներս:
Աւարտին, ան յիշատակի նուէր մը` «Նարեկ»-ը յանձնեց սրբազան հօր:
Հայ Շրջանաւարտ Ուսանողներու Հիւրասիրութիւն
1 յուլիսին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, Մաշտոց Ա. քհնյ. Աշգարեանը եւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանը ներկայ գտնուեցան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի նախաձեռնութեամբ, իր բնակարանի շրջափակին մէջ, 2018-2019 «Նարեկ» վարժարաններու եւ այլ տեղական կամ օտար վարժարաններէ հայ շրջանաւարտ ուսանողներու շրջանաւարտ դառնալու առիթով կազմակերպուած եւ տարիներու սովորութիւն դարձած հիւրասիրութեան:
Վ. Մահտեսեան եւ սրբազան հայրը իրենց խրատական, սրտի ու քաջալերանքի խօսքերով շրջանաւարտներուն թելադրեցին զգուշ ըլլալ այլասերումէ, շրջահայեաց ըլլալ, բայց հաւատարիմ մնալ հայկական աւանդութեանց, արմատներուն եւ սրբութեանց` միշտ բարձր պահելով հայու անունն ու պատիւը:
Միացեալ Նահանգներ
Արա Օշական Կը Մասնակցի «Յաւիտենականութեան Շուքին Տակ» Խմբային Ցուցահանդէսին
Արուեստագէտ Արա Օշականի «որսացած» լուսանկարները մաս կազմեցին 6 եւ 7 յուլիսին Սանթա Մոնիքայի «Պրուըրի»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցող «Յաւիտենականութեան շուքին տակ» խորագիրը կրող երկօրեայ խմբային իւրայատուկ ցուցահանդէսին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լոս Անճելըսի Արուեստի միութեան անդամակցող 8 արուեստագէտներ:
Քանատա
Լաւալի Քաղաքապետ Տեմերս Եւ Պաշտօնական Հիւրեր Այցելեցին Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Փառատօն
22 յունիսին Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տօնավաճառ-քերմես այցելեցին դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակի զանազան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին` Լաւալի քաղաքապետ Մարք Տեմերս, դաշնակցային երեսփոխաններ Ֆայսալ Խուրի, Եւա Նասիֆ եւ Իվ Ռոպիյար, նահանգային երեսփոխան Կի Ուելեթ, նահանգային երեսփոխան Մոնիք Սովէի ներկայացուցիչ Ռարես Պուրլաքու, Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ` Արամ Էլակէօզ, Ալին Տիպ, Ժոսլին Ֆրետերիք Կոթիէ, Սանտրա Հըլու, Նիքոլա Պորն, Վիրժինի Տիւֆուր եւ Ուրուկուէյի ընդհանուր հիւպատոս հայազգի Փետրօ Էտուարտօ Քէօրօղլեան:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յովիկ Թիւֆենքճեանը, որ բարձր գնահատեց ներկայ պաշտօնատարներուն քաջալերանքը` հայկական նախաձեռնութիւններուն, որմէ ետք քաղաքապետ Մարք Տեմերս խօսք առնելով` շեշտեց լաւալահայութեան ներդրումը Լաւալի բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան գործընթացին մէջ:
Ընթացքին հիւրերը այցելեցին տաղաւարները:
Ճափոն
Արա Կիւլերի Լուսանկարներու Ցուցահանդէս
30 յունիսին Ճափոնի Քիոթօ քաղաքի 800-ամեայ պատմական Թոֆուքու-ճի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ 2018-ին մահացած պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումը:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ Ճափոնի մէջ տեղի ունենալիք մեծ քսանեակի վեհաժողովի օրերուն:
Քիոթօ քաղաքէն ետք ցուցահանդէսը սեպտեմբերի վերջաւորութեան պիտի ներկայացուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ:
Յունուար 2020-ին Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի նաեւ Հռոմի` Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ:
Յայտնենք, որ հայ լուսանկարիչին ցուցահանդէսը արդէն ներկայացուեցաւ Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ: