Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան
104-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Քուէյթ
104-ամեայ Ուխտի Վերանորոգում
Չորեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ի երեկոյեան Քուէյթի Ազգային վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին, որուն յաջորդեց հոգեպարար ձեռնարկ մը` կազմակերպութեամբ Քուէյթի մէջ ՀՅԴ «Քրիստափոր» երիտասարդական եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւններու:
Պատարագը մատուցեց ու ձեռնարկը հովանաւորեց Քուէյթի թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպույեանը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Քրիստափոր» երիտասարդական միութեան ատենապետ Կարօ Նարեկ Կարապետեանը, որ արտասանեց վարչութեան խօսքը: Ան ըսաւ. «104 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, սակայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հաւատարիմ մնաց իր ուխտին, լեզուին եւ ինքնութեան` շնորհիւ իր թափած ջանքերուն եւ նուիրուածութեան սփիւռքի տարբեր հողաշերտերուն վրայ»:
Երաժշտական յատուկ կատարումով ելոյթ ունեցան` ջութակահար Թամար Թեմամեանը, դաշնակահար Հայկուհի Բազեանը եւ կիթառահար Աւետիս Սոլաքեանը: Անոնք յաջորդաբար ներկայացուցին «Տըլէ եաման», «Ողբ Ատանայի» եւ «Տունն իմ հայրենի» կտորները, ապա ընկերակցեցան Կասիա Աբիկեանին, որ ներկայացուց ասմունքի գեղեցիկ համադրում մը:
Օրուան բանախօսն էր Քուէյթի Ազգային վարժարանի հայրենաւանդ ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեանը: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ ոգեկոչելով մեր սուրբ նահատակները ու յիշելով անոնց դժոխային տառապանքները` կու գանք հպարտօրէն նշելու, որ մեր ազգը կ՛ապրի ու արժանապէս կը գոյատեւէ` ի հեճուկս ամէն տեսակ բռնակալի, արդէն` ազատ ու անկախ պետականութեամբ:
Ան ըսաւ, որ 104 տարի առաջ ա՛յս օրն էր, երբ իրենց տուներէն մէկ առ մէկ ձերբակալուեցան ու սպանդանոց ուղղուեցան հայ ժողովուրդի միտքի ու քանքարի հիմնասիւները` հայոց հողի մեծագոյն երգիչը` Դանիէլ Վարուժանը, նորավէպի իշխանն ու մեծ իրաւաբանը` Գրիգոր Զոհրապ, ռազմական բժիշկ ու բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակը: Ապա շարունակեց. «Տարբեր առիթներով ու ելոյթներով պոռթկացինք եւ մեր ձայնը բարձրացուցինք` մեր Դատը հասցնելով միջազգային բարձրագոյն ատեաններ: Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ` Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունեցին ու դատապարտեցին շատ մը երկիրներ: Այո՛, շատեր ընդունած ու դատապարտած են Ցեղասպանութիւնը: Սակայն այսօր կարեւոր է, որ մե՛նք զայն յիշենք ու ըստ արժանւոյն յիշատակենք: Ցեղասպանութիւնը յիշատակել` կը նշանակէ սիրել զիրար, օգնութեան ձեռք մեկնել իրարու, ուրախութիւն թէ տխրութիւն` կիսել իրարու հետ ու դառնալ առաւել հանդուժող: Ցեղասպանութիւնը յիշատակել` կը նշանակէ անշահախնդրօրէն սիրել հայրենիքը, «ես»-ի փոխարէն` «մենք»-ով առաջնորդուելու գիտակցութիւնը եւ անձնականը ընդհանուրին զոհելու պատրաստակամութիւնը ունենալ»:
Խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Մենք եթէ իսկապէս նահատակ սերունդին զաւակներն ենք, պարտաւոր ենք հա՛յ ապրիլ, որովհետեւ միայն ա՛յդ յոյսով ջարդի ու աքսորի օրերուն մեզ ապրեցուցին մեր մայրերը: Հայ ապրիլ` կը նշանակէ պահպանել մեր լեզուն, ո՛չ միայն լեզուն, այլեւ` մշակոյթը, աւանդոյթները, մեր հոգեւոր արժէքները, որոնք հազարամեակներ շարունակ որպէս կենդանի յիշատակարան փոխանցուած են մեզի»:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ թատերական ներկայացումով, զոր պատրաստած ու բեմադրած էր Հուրի Պէրպէրեանը:
Խումբ մը երիտասարդներ ու պատանիներ ներկայացուցին Հայկական հարցին փուլերը` աւելի քան 350 հայորդիներու ներկայութեամբ: Աւարտին հարիւրէ աւելի երիտասարդներ ու պատանիներ յաղթական քայլով բեմ բարձրացան ու վերանորոգեցին իրենց ուխտը:
Իր հայրական պատգամով հուսկ բանքը կատարեց առաջնորդը եւ ըսաւ. «Օսմանեան պետութեան որոշումով հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ծրագիրը չյաջողեցաւ, որովհետեւ մահասփիւռ աւերակներուն մէջէն յայտնուեցաւ ապրելու տենչն ու գոյատեւելու կամքը, եւ հայ ժողովուրդը շարունակեց ապրիլ ու կերտել իր սեփական ինքնութիւնը», ապա շարունակեց ու շեշտեց. «Մենք բարձրաձայն եւ ճակատաբաց կը յայտարարենք, որ հայ ժողովուրդի համընդհանուր շահերուն տէր կանգնելու համար մենք դարձեալ ու միշտ պիտի վերցնենք գերագոյն զոհաբերութիւն: Մեր բոլոր տարակարծութիւնները պիտի փշրուին գործելու համար միակամ»:
Միացեալ Նահանգներ
* Ռոտ Այլընտի մէջ շարք մը ձեռնարկներով նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը:
17 ապրիլին տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն` Քրանսթըն Սրթի քաղաքապետարանին մէջ, որուն ընթացքին քաղաքապետ Ալըն Ֆանկ մեծարեց գաղութին մէջ տարիներ շարունակ ծառայած Արա Նալպանտեանը: Խօսք առին շրջանի քաղաքապետարանի խորհուրդի նախկին անդամներէն Արամ Կարապետեանը եւ ներկայացուցիչ Քաթըրին Նազարեանը, նաեւ` Տէյվիտ Ալտըն Սիրզը (Սուրբ Սահակ եւ Մեսրոպ եկեղեցի) եւ Արթըր Արսլանեանը (ՀՄԸՄ եւ ՀԵԴ): Շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին պատգամը յղեց Սեւան Զօպեանը:
22 ապրիլին տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն Փրովիտենսի արեւելեան շրջանի քաղաքապետարանի սրահին մէջ: Խօսք առաւ շրջանի քաղաքապետ Ռոպերթօ տա Սիլվան, որ յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց շրջանի բնակիչներէն Մայքըլ Թովմասեանը:
Նշենք, որ Ռոտ Այլընտի ծերակուտականն ու Ներկայացուցչական տունը անգամ մը եւս յատուկ բանաձեւով մը պատշաճօրէն ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը:
* Նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան Սան Ֆրանսիսքոյի Համագաղութային ոգեկոչական յանձնախումբին, 24 ապրիլին հայկական Մաունթ Տէյվիտսըն բլուրի խաչ-յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ 104-ամեակի ոգեկոչական յուշահանդէս:
Ցեղասպանութեան յանձնախումբի անդամ իրաւաբան Ալեքս Հրակ Պասթեանը իր հպարտանքը յայտնեց հայ ըլլալուն համար եւ յորդորեց ներկաները իրենք եւս հպարտ զգալու իրենց հայութեամբ, որովհետեւ որքան ալ փորձեցին մեր ազգը ոչնչացնել, մենք տակաւին հոս ենք, բայց դեռ շատ գործ ունինք ընելու:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Երիտասարդական մարմիններուն կողմէ ելոյթ ունեցան` Նաթալի Հինտոյեանը, Արման Վարդանեանը եւ Շանթ Քիլիճեանը, որ իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ դիւրին չէ հայ ըլլալը, ապրելու ոչ միայն քու կեանքդ, այլ նաեւ` ապրելու,յարգելու նախահայրերուդ յիշատակը ու արդարութեան բերելու անոնց: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն` վերահաստատելու իրենց ազգային պարտականութիւնը, իրենց հայկական ինքնութիւնը պահելու խոստումը` տարուան իւրաքանչիւր օրը, կամաւորաբար օգտակար դառնալու, ուր որ կարելի է, նաեւ` մեր դպրոցներուն: Ան կոչ ուղղեց ըլլալու հայկական արժէքներուն լաւագոյն ներկայացուցիչները, նաեւ` փոխանցելու ազգին ջահը սերունդէ սերունդ:

Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Լանտըն Պրիտը իր սրտի խօսքին մէջ մեծ պատիւ համարեց իր ներկայութիւնը սոյն նախաձեռնութեան` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը յարգելու համար: ան յայտնեց, որ իրենք ալ կը յիշեն 104 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը եւ կը միանան աշխարհի հայ համայնքներուն` յարգելու հայ զոհերուն յիշատակը: Ան հաստատեց, որ տակաւին շատ ընելիք ունինք քաղաքական աշխարհին մէջ: Օրուան գլխաւոր բանախօս դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանը անգլերէնով եւ հայերէնով հարազատօրէն ներկայացուց հայ ժողովուրդին սրտառուչ պատմութիւնը` սկսեալ ջարդերէն մինչեւ այս օրերու պատահարները եւ յորդորեց ներկաները յիշելու եւ պահանջելու, չմոռնալու ու չներելու: Ան ըսաւ, որ վերապրած ենք Ցեղասպանութիւնը, բայց աղէտը բոյն դրած է մեր հոգիներուն մէջ. մեր ծնողներէն մեզի փոխանցուած է ցաւը, եւ վէրքը չի գոցուիր, որովհետեւ արդարութիւնը չէ հաստատուած: Ցաւը չ՛ամոքուիր, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, եւ մենք անոր ուրացման փուլը կ՛ապրինք: Ցեղասպանութեան տարիներուն յստակ էր, որ նպատակը ամբողջ ազգի մը բնաջնջումն էր: Ցեղասպան եւ անպատիժ մնացած թուրքը կ՛ուրանայ ոճիրը եւ նպատակին հասնելու համար քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական միջոցներով կը կաշառէ պետութիւններ, անհատ դիւանագէտներ, պատմագէտներ եւ հաստատութիւններ: Այսուհանդերձ, 29 երկիրներ եւ Ամերիկայի 49 նահանգներ եւ մեծ թիւով համաշխարհային կազմակերպութիւններ ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ այս բոլորը կատարուած են հայ քաղաքական ուժին յարատեւ աշխատանքով: Ռ. Փիրումեանը կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` անտարբեր չմնալու, լծուելու Հայ դատի աշխատանքներուն եւ սատարելու պահանջատիրութեան մեր պայքարին:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
* Կազմակերպութեամբ Շիքակոյի ՀԵԴ-ի «Արարատ» ուխտին, 24 ապրիլին Շիքակոյի թրքական հիւպատոսարանին մօտ տեղի ունեցաւ խաղաղ բողոքի ցոյց: Ներկաները յայտնեցին, որ հաւաքուած են պահանջելու մեր հողերը: Թուրքիա պէտք է որ ընդհատէ ուրացման իր քաղաքականութիւնը, եւ այնքան ատեն որ արդարութիւն չէ կատարուած, մենք միշտ ալ պիտի պայքարինք:
Այս ցուցարարներուն դէմ տասնեակ մը թուրքեր եւ ազերիներ միասնաբար ցոյց կատարեցին` փորձելով ձախողցնել օրուան հաւաքը, սակայն, ընդհակառակը, երիտասարդները աւելի խանդով շարունակեցին օրուան բողոքի եւ արդարութեան հաստատման համար իրենց ցոյցերը:
Երիտասարդականի պատասխանատուներէն Դաւիթ Հարտին նկատել տուաւ, որ իրենք յղեցին իրենց պատգամը, եւ Շիքակոյի բնակչութիւնը աւելի ծանօթացաւ ու տեղեկացաւ 104 տարի առաջ գործադրուած ցեղասպանութեան մասին:
Աւարտին շրջանի հովիւ Ղեւոնդ ծ. վրդ. Փենտեզեանը կատարեց աղօթք, եւ օրուան հաւաքը աւարտեցաւ «Յառա՛ջ նահատակ»-ով:
28 ապրիլին Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք: Ղեւոնդ ծ. վրդ. Փենտեզեանի մատուցած պատարագէն ետք, աւելի քան երկու հարիւր հայորդիներ հաւաքուեցան «Շահնազարեան» սրահ, ուր տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Մարալ Աբրահամեանը: Երիտասարդականին անունով խօսք առաւ Արենի Արթինեանը, որ կոչ ուղղեց նոր սերունդին` շարունակելու պայքարը արդարութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման համար: Հայաստանի հիւպատոսարանին անունով խօսք առաւ Պարոյր Սարգիսեանը, որ շեշտեց Պարոյր Սեւակի այն հաստատումը, որ «Մենք քիչ ենք, սակայն հայ ենք»: Օրուան հաւաքը աւարտեցաւ Ղեւոնդ ծ. վրդ. Փենթէզեանի աղօթքով:
* Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցան ոգեկոչման ձեռնարկներ, որոնց մասնակցեցան 1000-է աւելի հայորդիներ:
Ձեռնարկները ընթացք առին քայլարշաւով` դէպի «Սանսեթ» զբօսայգի, Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մոմավառութեամբ հսկում` ի յիշատակ Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերուն:
Նաեւ, Լաս Վեկասի հետզհետէ աճող հայութեան ջանքերով, Նեւատայի նահանգապետ Սթիւ Սիսոլաքը հայոց ցեղասպանութեան առիթով դիպուկ յայտարարութիւն մը հրապարակեց` քաջալերելով անոր իրազեկման ջանքերը:
* 28 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը նշուեցաւ «Թայմզ» հրապարակին վրայ` ներկայութեամբ քաղաքէն եւ մօտակայ շրջաններէն ժամանած հայորդիներու, նաեւ քոնկրեսականներ` Ճեք Շումըրի, Պապ Մենենտեզի եւ Ֆրանք Փալոնի:
Ելոյթ ունեցան` Հայ դատի յանձնախումբի նախկին նախագահ Քեն Խաչիկեանը, Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի առաջնորդներ Դանիէլ եպս. Ֆընտըքեանը եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը:
Քանատա
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան, Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ համատեղ ջանքերով, 28 ապրիլին Համիլթընի մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները:
Առաւօտուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ յատուկ պատարագ ի յիշատակ մեր նահատակներուն: Այնուհետեւ Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ:
Օրուան բանախօսն էր Յակոբ Ճանպազեանը, որ ամփոփ կէտերու մէջ յղեց օրուան պատգամը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համիլթընի քաղաքապետ Ֆրետ Այզընպերկըրին:
Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան` Գոհար Վարդանեանը, Ռուզան Աբգարեանը եւ Արթիւր Աւետիսեանը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Ճուլիա Աբգարեանին պատրաստած տեսերիզը:
Ոգեկոչումը աւարտեցաւ Հրանդ քհնյ. Մանուկեանի փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով:
* 28 ապրիլին Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմնին կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչումը: Բացման խօսքով (հայերէն) հանդէս եկաւ Ցոլիկ Մուղալեանը, որ նշեց, թէ նախապէս ապրիլ 24-ը սգատօն էր, այժմ յուշատօն է, իսկ ապագային պիտի ըլլայ մեր արդար Դատին յաղթանակի օր եւ փառատօն:
Հրակ Չինչինեանը ֆրանսերէնով ուղղուած իր խօսքին մէջ նշեց, որ Քեպեքը Քանատայի առաջին նահանգն էր, որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը 1980-ին: Ան անդրադարձաւ ուսումնական ծրագիրներուն մէջ ցեղասպանութեանց, որոնց կարգին` Հայոց ցեղասպանութեան ներառումին, մատնանշելով Արցախի մէջ առ այսօր ազրպէյճանական յարձակումները` խախտելով 1994-ին յայտարարուած զինադադարը, եւ կոչ ուղղեց Քանատայի կառավարութեան` շարունակելու իր դերակատարութիւնը յանուն խաղաղութեան եւ արդարութեան ամրապնդման` աշխարհի չորս ծագերուն:
Հայաստանի հիւպատոս Արա Մկրտչեանը ֆրանսերէնով, անգլերէնով եւ հայերէնով արտասանած իր խօսքերուն մէջ շեշտեց հայ ժողովուրդին ապրելու եւ գոյատեւելու վճռակամութիւնը ու պատրաստակամութիւնը` դիմագրաւելու բոլոր խոչընդոտները եւ մարտահրաւէրները:
Յաջորդաբար խօսք առին` Լաւալի քաղաքապետական ներկայացուցիչ Սթեֆան Պուայէն, Մոնրէալի քաղաքապետական ներկայացուցիչներ Էմիլի Թուիյէն, որ հանդէս եկաւ Մոնրէալի քաղաքապետ Վալերի Պլանթի անունով, Մարի Տերոսը, Քեպեքի նահանգային ներկայացուցիչներ Քրիսթոֆըր Սքիթը եւ Մարուա Ռըզքին, որոնք յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդի արդար Դատին, ինչպէս նաեւ գնահատեցին հայ համայնքին մասնակցութիւնը Քանատայի ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական կեանքին: Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրիւ Շիրի խօսքը կարդաց Հրակ Չինչինեանը:
Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ Ազատական կուսակցութեան անունով հանդէս եկաւ դաշնակցային երեսփոխան Ֆայսալ Խուրին, որ կոչ ուղղեց ներկաներուն` հպարտանալու հայկական ինքնութեամբ, պատմութեամբ եւ մշակոյթով եւ հաստատակամութեամբ շարունակելու Հայ դատի հետապնդումը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւստրալիա
28 ապրիլին Սիտնիի մէջ շուրջ 1000 ցուցարարներ Աւստրալիոյ կառավարութիւնէն պահանջեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Ցուցարարները իրենց պահանջը ուղղեցին վարչապետ Սքաթ Մորիսոնին, որ նախապէս զանգուածային սպանութեան տուած էր «ցեղասպանութիւն» անուանումը, բայց այժմ կը խուսափի այդ եզրը գործածելէ:
Յայտնենք, որ վերջերս Մորիսոն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը չ՛օգտագործեր, որովհետեւ ինք կը յայտնէ պետական կարծիք, իսկ նախապէս այդ նիւթին մասին խօսած է իբրեւ անհատ: