Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Խորհրդականին Հետ

Ապրիլ 4, 2019
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները ուրբաթ, 29 մարտին հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յատուկ խորհրդական Արտակ Բշտիկեանին հետ, որուն կ՛ընկերանար հիւպատոսի խորհրդական Ռազմիկ Ստեփանեանը:

ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեանը, Կեդրոնական կոմիտէի համատենապետներ Աւետիք Իզմիրլեանը եւ Քարմեն Օհանեանը, ինչպէս նաեւ` «Ասպարէզ»-ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան:

Բշտիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան երախտագիտութիւնը յայտնեց կուսակցութեան եւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին կողմէ Հայաստանի զինուած ուժերուն ցուցաբերուած աջակցութեան համար` շեշտելով, որ այդ աջակցութիւնը կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան ջանքերուն մէջ:

Խորհրդականը աւելցուց, որ խաղաղ իշխանափոխութեան առաջնորդած անցեալ տարուան ժողովրդային շարժումէն ետք, պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ յատկանշական բարեփոխումներ տեղի ունեցած են, շեշտելով, որ գլխաւոր բարեփոխումը կը նկատէ նախարարութեան սկզբունքային այն կեցուածքը, թէ Հայաստանի զինուորական ուժերուն գերագոյն նպատակը դարձած է պաշտպանել Հայաստանի ազգային շահերը` բարելաւելով զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն պայմանները:

Բշտիկեան շեշտեց, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի վերջին յայտարարութիւնը եւ կարգ մը ծրագիրներու բացայայտումը ցոյց կու տան, որ Երեւան լրջութեամբ կը մօտենայ երկրին պաշտպանութեան կարելիութիւնները ամրապնդելու առաջնահերթութեան:

Ան տեղեկացուց, որ նախարարութեան կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկն է զինուորական արդիական հիւանդանոցի մը կառուցումը` նշելով, որ 24 միլիոն տոլար արժող այս ծրագիրին ամբողջացման շնորհիւ` հիւանդանոցէն պիտի կարենան օգտուիլ ոչ միայն զինուորները, այլ նաեւ` անոնց ընտանեկան պարագաները: Ան նաեւ կոչ ըրաւ սփիւռքահայութեան, որ գործնական ներդրում ունենան Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ ծառայողներուն ապրուստի եւ ընկերային պայմաններու բարելաւման ջանքերուն մէջ, բացատրելով, որ նման աջակցութիւններ դիւրացնելու համակարգը արդէն իսկ սկսած է գործելու:

Իրենց կարգին, ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները խոստացան աջակցիլ պաշտպանութեան նախարարութեան գործունէութեան` շեշտելով, որ կուսակցութիւնը միշտ առաջին ճակատի վրայ եղած է հայրենիքի պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի ապահովութիւնը եւ գերիշխանութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն մէջ:

 

Նախորդը

Կ՚ապրինք Պատերազմական Պայմաններու Մէջ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեսթպրուք` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?