Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 27, 2019
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Սան Տիէկոյի Հայութիւնը Կը Ծանօթանայ «Փրոճեքթ Սէյվ»-ին

Միացեալ Նահանգներու մէջ հայութեան վերաբերեալ պատմական լուսանկարներու  կարեւորագոյն շտեմարան հանդիսացող «Փրոճեքթ Սէյվ»-ի մասին երկու ներկայացումներ տեղի ունեցան Սան Տիէկոյի հայութեան համար:

Անոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ 24 ապրիլին, Ռենչօ Սանթա Ֆէի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ, իսկ երկրորդը` 28 ապրիլին, Ս. Յովհաննու Կարապետ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան համագաղութային ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին:

Ներկայացումները տեղի ունեցան առաջնորդութեամբ ծրագիրի հիմնադիր Ռութ Թոմասեանի, որ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց այդ կազմակերպութեան տարած աշխատանքին մասին:

Թոմասեանի ջանքերով 1975-ին հիմնուած ծրագիրին հաւաքածոյին մէջ սփիւռքի տարածքէն եւ հայրենիքէն կան աւելի քան 45 հազար պատմական լուսանկարներ, որոնք նկարուած են 1860-էն 1980-ականներու միջեւ:

Անոնք, որոնք կը փափաքին լուսանկարներ տրամադրել ծրագիրին կամ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ կրնան այցելել www.projectsave.org կայքը:

Սուրիա

Մասիս Եպս. Զօպուեանի Այցելութիւնները Եւ Հանդիպումները

18 յունիսին Բերիոյ հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, նախքան Լաթաքիոյ հայ համայնքին տրուած հովուապետական այցելութիւնը, այցելեցին Լաթաքիոյ նահանգապետ Իպրահիմ Խտըր Սալեմին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լաթաքիոյ նահանգի հասարակական կապերու պատասխանատու Անաս Ղանամը:

Հանդիպումին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը Սուրիան կը համարէ յարութեան հայրենիք, որ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութենէն ետք շատ բան տուաւ հայ ժողովուրդին ու սատար կանգնեցաւ անոր զարթօնքին: Սրբազանը յայտնեց, որ սուրիահայութեան բարոյական եւ կրօնական պարտաւորութիւնն է պաշտպանել Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու կայունութիւնը, աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ թէ դուրսը ապրող հայերը հաւատարմօրէն պիտի մասնակցին Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն:

Իր կարգին նահանգապետը յայտնեց, որ սուրիահայութիւնը անքակտելի մէկ մասնիկն է սուրիական ընկերութեան խճանկարին: Այն մասնիկը, որ հաւատարիմ մնալով սուրիական հայրենիքին` մասնակցեցաւ Սուրիոյ պաշտպանութեան, վերականգնումի եւ վերածաղկումի աշխատանքներուն: Նահանգապետը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց սատար կանգնելու համայնքի տարբեր աշխատանքներուն:

Աւելի Քան 100 Սուրիացի Կարիքաւոր Ընտանիքներու Հայաստանէն  Հասած Նուէրներ Բաշխուեցան

Հալէպ քաղաքի մշակոյթի տան մէջ, 17 յունիսին, հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ, սուրիացի երեխաներու համար ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ: Անոր աւարտին աւելի քան 100 սուրիացի կարիքաւոր ընտանիքներէն Հայաստանէն տրամադրուած նուէրներ յանձնուեցան:

«Գանձասար» կը տեղեկացնէ, թէ ձեռնարկին ներկայ եղան Հալէպի փոխնահանգապետ Քումիտ Աասի, Հալէպի քաղաքապետ Մաատ Մատլաճի, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ հայկական մարդասիրական խումբի պատասխանատու Արկատի Տօնոյեան, «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»-ի հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլպակեան եւ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչները` ականազերծողները եւ բժիշկները:

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը Եւ SARF-ը Կը Հաստատեն Սուրիահայութեան Յատուկ Վկայագիրներու Ծրագիր Մը

Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինը (SARF), համագործակցելով Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին հետ, հաստատած է Հայաստան ապաստանած սուրիահայ ուսանողներու յատուկ վկայագիրներու անվճար ծրագիր մը, որ ընթացք պիտի առնէ այս տարուան սեպտեմբերին:

Ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի մէջ գործառնութեանց նախաձեռնելու պատրաստ կամ իրենց ասպարէզի ոլորտը ընդարձակել փափաքող հայորդիներուն:

Գործարարութեան, զբօսաշրջութեան, հաշուապահութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ ռուսերէնի եւ անգլերէնի դասընթացքներ պարունակող կրթական յատուկ ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողներ արձանագրութեան գումարը (10,000 դրամ) պիտի վճարեն, իսկ արձանագրութիւնները պիտի սկսին 1 յուլիսին:

12-ամսեայ ծրագիրին հետեւողները առիթը պիտի ունենան հետեւելու զիրենք հետաքրքրող տարբեր դասընթացքներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կարելի պիտի ըլլայ ամբողջացնել 34-էն մինչեւ 87 ժամեայ դասաւանդումներով, որոնց գլխաւոր լեզուն հայերէնը պիտի ըլլայ:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար` դիմել extension@aua.am հասցէին, իսկ Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինի գործունէութեան ծանօթանալու համար` այցելել www.syrianarmenianrelieffund.org կայքը:

Կիպրոս

«Ռիլիճըս Թրեք»-ի Ամրան Հանդիպում

20 յունիսին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, ընկերակցութեամբ Նիկոսիոյ հովիւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանի, Կիպրոսի բոլոր կրօնապետներուն հետ, Շուէտի դեսպանատան մէջ ներկայ գտնուեցաւ  «Ռիլիճըս թրեք»-ի ամրան հանդիպումին եւ ի պատիւ Կիպրոսի մէջ Շուէտի դեսպան Աննա Օլսընի Կիպրոսէն մեկնումին առիթով կազմակերպուած պաշտօնական ճաշին:

Բացման խօսքը կատարեց դեսպան Օլսըն: Ժողովը վարեցին «Ռիլիճըս թրեք»-ի գրասենեակի կողմէ` Սալբի Էսքիճեանը եւ Փիթըր Ուիտերուտը, որ նաեւ  կատարեց եզրափակիչ խօսքը:  Ելոյթ ունեցան կրօնապետները, որոնք իրենց մտահոգութիւնները, առաջարկները, ինչպէս նաեւ` իրենց սրտի խօսքեր ուղղեցին դեսպանին: Քննարկուեցան օրակարգի վրայ եղած հարցերը, նաեւ` գրասենեակի հաստատման 10-ամեակի առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկները:

Պաշտօնական ճաշէն առաջ իւրաքանչիւրը իր նուէրը յանձնեց դեսպանին: Ճաշի ընթացքին դարձեալ սրտի խօսքեր արտասանուեցան: Սրբազան հայրը կրօնական դասուն եւ կիպրահայութեան անունով բարեմաղթութիւններ ըրաւ դեսպանին նոր ստանձնելիք առաքելութեան համար:

Փորթուգալի Ազգային Օրուան Եւ Ս. Անթոնիոյի Տօնին Նշում

Ընդառաջելով Կիպրոսի, մէջ Փորթուգալի դեսպան Մանուէլա Պայրոսի հրաւէրին, 11  յունիսին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, ընկերակցութեամբ  Նիկոսիոյ  հովիւ  Մոմիկ  քհնյ. Հապէշեանի,  ներկայ գտնուեցաւ  «Սեւերիս»  հիմնարկիշրջափակէն ներս տեղի ունեցած ընդունելութիւն – հիւրասիրութեան, Փորթուգալի ազգային օրուան եւ երկրի մեծագոյն սուրբին` Ս. Անթոնիոյի տօնին առիթով:

Հիմնարկի շէնքի մուտքին Պայրոս դեսպանատան անձնակազմին հետ  ընդունեց շնորհաւորութիւններ: Ապա, Փորթուգալի  եւ  Կիպրոսի  քայլերգերու ունկնդրութենէն ետք,  խօսք առին Կիպրոսի դեսպան` Մանուէլա Պայրոս  եւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Սաւաս Անկելիտիս, որոնք անդրադարձան Կիպրոսի եւ Փորթուգալի սերտ կապերուն եւ գործակցութեանց, ինչպէս նաեւ` Ս. Անթոնիոյի աւանդութեան եւ տօնակատարութեան:

Քանատա

ՀՅԴ Քանատայի Շրջանի «Լոռի-Ջաւախք» Յանձնախումբին Ջանքերով Անցեալ Երկամեակին Հանգանակուած Է Աւելի Քան 100 Հազար Տոլար

14 յունիսին  տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Քանատայի շրջանի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին զեկուցական եւ հանգանակային հաւաքը` ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն:

Յանձնախումբի անդամ Վիգէն Աբրահամեանը ներկայացուց յանձնախումբին երկամեայ գործունէութիւնը` նկատել տալով, որ փոքրիկ յանձնախումբով յաջողած են բաւական մեծ աշխատանքներ իրագործել` ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն:

Մոնրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի սաները, հայոց պատմութեան դասերէն սորվելով Լոռիի եւ Ջաւախքի պատմութիւնը, տեղեկացած էին ձեռնարկի մասին եւ մեծ փափաք յայտնած` իրենց լուման բերելու այս աշխատանքներուն: Անոնք ինքնաբուխ նուիրահաւաք կազմակերպած էին` ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի: Աշակերտները յայտնեցին, որ իրենք տան եւ դպրոցին մէջ սորված են միշտ պատրաստ ըլլալ ժողովուրդին համար  եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցիչին` Մհեր Գարագաշեանին, որ ընդառաջած էր իրենց փափաքին եւ օգնած` կազմակերպելու այն: Աշակերտներուն հանգանակութեամբ գոյացած 6555 տոլարը յանձնուեցաւ յանձնախումբին:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան գնահատեց կատարուած աշխատանքները` նշելով, որ այս տեսակ աշխատանքները կ՛իրականանան ներշնչումով, հաւատքով ու նաեւ պարտականութեան ու պատասխանատուութեան բարձր զգացումով: Ան շեշտեց, որ կառոյցին ջանքերով վերանորոգուած եւ կահաւորուած են Ալավերդիի, Ստեփանաւանի, Վանաձորի կեդրոնները եւ Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնը, նպատակ ունենալով ստեղծել միջավայր, ուր հայ ժողովուրդին ամենակարեւոր հատուածը` երիտասարդութիւնը, հնարաւորութիւն ունենայ, հիմնուելով ազգային արժէքներու եւ հայեցի դաստիարակութեան վրայ, կազմակերպուիլ եւ իրենց նորարարական գաղափարներով ու ծրագիրներով ներգրաւուիլ երկրի զարգացման ու հզօրացման գործին: Րաֆֆի Տօնապետեանը կարեւոր նկատեց կառոյցին միջոցով Լոռիի մարզին եւ Ջաւախքի մէջ ճամբարներու կազմակերպումը, որ հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ կապ հաստատելու սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ապրող երիտասարդներուն միջեւ, առիթ, որպէսզի սփիւռքահայ երիտասարդները աւելի մօտէն ծանօթանան հայրենիքին:

ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբի ատենապետ Գաբրիէլ Սոմունճեանը յայտնեց, որ յանձնախումբին երկամեայ գործունէութեան ընթացքին կատարած տարբեր ձեռնարկներով հանգանակուած է առաւել քան 100 հազար տոլար գումար մը, որուն 22 հազար տոլարը` սոյն ձեռնարկին ընթացքին:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Մայրը Երէկ… Իսկ Այսօ՞ր…

Յաջորդը

Հարցազրոյց Պարուսոյց Եւ Գեղարուեստական Ղեկավարներ Կարէն Եւ Ժաքլին Մակինեաններուն, Ինչպէս Նաեւ Հայրենի Արուեստագէտ Աննա Ամասին Հետ

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?