Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 20, 2019
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հայաստանի Անկախութեան 101-ամեակի Նշում

2 յունիսին Գամիշլիի մէջ ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան նուիրուած տօնակատարութիւնը: Օրուան հանդիսավար տոքթ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեանը հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու ազատութեան ճանապարհին զոհուած անմահ հերոսներուն յիշատակը, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գրիգոր Թովմասեանը: Ան լուսարձակի տակ առաւ հայու մարտական ոգին ու յաղթական ուժը,  հաստատելով, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստանի պատմութեան էջերը լի են պատերազմներով, կորուստներով, դժուարութիւններով, որոնց վրայ դրոշմուած են Ցեղասպանութիւնը, երկրաշարժի ու տառապալից օրերը, սակայն այդ նոյն պատմութեան էջերը մեզի կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդը, որ դարեր շարունակ աշխատանք տարաւ, գոյատեւման պայքար մղեց յանուն իր երկրի արժէքներու պահպանման: Ան ըսաւ, որ հայուն ճանապարհը դժուար եղած է, եւ թշնամին ջանք չէ խնայած` ոչնչացնելու մեր երկիրը, սակայն այսօր մենք կանք ու կը շարունակենք հաստատել մեր ինքնութիւնը: Ան շեշտեց, որ մայիսեան հերոսամարտերով ծնունդ առաւ Հայաստանի Ա. անկախութիւնը, որ մեզ վերածեց միջազգայնօրէն ճանչցուած, պետականութեան տէր ժողովուրդի: Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Նուշիկ Տիգրանեան`  ասմունք եւ երգիչ Ճորճ Գալայճեան: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր հայութեան ծագումը եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները` մինչեւ մայիսեան յաղթանակ:

Միացեալ Նահանգներ

Հոգեւոր Համերգ` Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան, 31 մայիսին եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր համերգով մը նշուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը: Ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը` խմբավարութեամբ դպրապետ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի:

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետին կենսագրականը եւ անոր երաժշտական անմահական ժառանգութիւնը:

Ապա երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի ամէնէն հանրայայտ հոգեւոր եւ ժողովրդային երաժշտական մշակումներէն երգերու ընտրանի մը` մերթ ընդ մերթ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն հատուածներու ընթերցումով:

Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը ուղղեց իր պատգամը` համերգը համարելով ոգեկոչական երեկոյ մը: Ան վկայութիւններ բերաւ աշխարհահռչակ երգահաններէ` Կոմիտասի երաժշտութեան եւ մշակած պատարագին մասին,  շեշտելով, որ Կոմիտաս վարդապետ եղաւ ու կը մնայ հայ երգի եւ երաժշտութեան լուսաւորիչը: Սրբազանը գնահատեց հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը եւ դրուատեց յատկապէս դպրապետն ու դպրաց դասի բոլոր անդամները:

Երեկոն վերջ գտաւ «Պահպանիչ»-ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Ամերիկեան Դրոշմաթուղթի Հրապարակում` Ի Պատիւ Էլլատա Չախոյեանի 45-ամեայ Երաժշտական Վաստակին

Կազմակերպութեամբ «Վահան Միրաքեան» եւ «Արփա» ընկերակցութիւններուն, 28 մայիսին Կլենտէյլի «Ալեկրօ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագիտուհի, միջազգային հանրային սոփրանօ եւ բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր Էլլատա Չախոյեանի 45-ամեայ գործունէութեան ի պատիւ դրոշմաթուղթի հրապարակման առթիւ:

Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ Էլլատա Չախոյեանին յանձնեց գնահատագիր մը, որուն մէջ առաջնորդը կը շնորհաւորէր մեծարեալը, որ արժանաւորապէս կը գնահատուէր ամբողջ կեանք մը երաժշտական աշխարհէն ներս իր ունեցած ներդրումին համար: Առաջնորդը կը մաղթէր առողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ, որպէսզի երգչուհին իր աստուածատուր տաղանդով շարունակէ դիւթել արուեստասէրներու սրտերն ու հոգիները:

Յայտնենք, որ 24 մայիսին Է. Չախոյեանը այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ սրբազան հօր հետ հանդիպման ընթացքին անոր յանձնեց դրոշմաթուղթէն օրինակ մը:

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի Այցը Լոս Անճելըսի Հայ Աւետարանական Քոլեճի Շրջանաւարտներուն Եւ Նախկին Աշակերտներուն

Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի պատուակալ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը,  ընդառաջելով Միացեալ Նահանգների Արեւմտեան ափի շրջանաւարտներու եւ նախկին աշակերտներու հրաւէրին, 22 մայիսին մեկնեցաւ Լոս Անճելըս եւ ներկայ գտնուեցաւ անոնց կազմակերպած հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ 25 մայիսին, Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» հայկական ճաշարանին մէջ: Կազմակերպիչ միութեան անունով ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Ժիրայր Ֆրունճեանը, որմէ ետք խօսք առաւ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, որ անդրադարձաւ  Հայ աւետարանական քոլեճին եւ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին եւ հրաւիրեց զայն արտասանելու իր սրտի խօսքը: Դոկտ. Զ. Մսըրլեան լուսարձակի տակ առաւ դպրոցին անցեալն ու ներկան` շեշտելով, որ շրջանաւարտներն ու նախկին աշակերտները իրենց ներդրումով նպաստած են ու կը նպաստեն դպրոցի գոյատեւումին ու առաքելութեան շարունակութեան: Ան հաստատեց, որ դպրոցը հպարտ է իր շրջանաւարտներով եւ նախկին աշակերտներով, որոնք կեանքի այլազան բնագաւառներու մէջ յաջողութիւն արձանագրած են եւ անոնք  Հայ աւետարանական քոլեճի գանձերն են:

Ձեռնարկին ընթացքին եղան նուիրատուութիւններ:

Յայտնենք, որ դոկտ. Զ. Մսըրլեանը Պէյրութ վերադարձաւ 5 յունիսին:

Քանատա

Քանատայի Մէջ Հայաստանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանը Հիւրընկալեց Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները

Յունիս 14-ին Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանը Օթթաուայի մէջ ընդունեց Քանատայի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները:

Դեսպանատան մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին, հիւպատոս Արա Մկրտչեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի հայութեան եւ իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Դուք միշտ եղել էք դեսպանութեան կողքին, դեսպանատան կազմաւորման առաջին իսկ օրից: Ես իմ կողմից վստահեցնում եմ, որ այդ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի: Կրկնակի մեծ պարտաւորութիւններ ունեմ որպէս առաջին կին դեսպան Քանատայում եւ յուսով եմ, որ պատուով կը կատարեմ իմ առջեւ դրուած առաքելութիւնը: Ես ձեզ իւրաքանչիւրիդ համարում եմ դեսպանութեան մի փոքրիկ օղակը»:

Ընդունելութեան ընթացքին դեսպանը ծանօթացաւ քանատահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանը եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Շամլեանը դեսպանին հետ առանձնազրոյցի ընթացքին յայտնեցին, որ դեսպանատան հիմնադրութենէն ի վեր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը սերտօրէն համագործակցած է դեսպանատան հետ, եւ խոստացան յառաջիկային յատուկ հանդիպման մը ընթացքին իրազեկ պահել դեսպանը` քանատական քաղաքական գետնի վրայ Հայ դատի յանձնախումբին ծաւալած քաղաքական բազմաշերտ գործունէութեան մասին:

Ընդունելութեան ներկայ էին` ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ Մոնրէալի, Լաւալի, Օթթաուայի եւ Քեմպրիճի կոմիտէներու ներկայացուցիչները, Օթթաուայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը, ՀՕՄ-ի Լաւալի, Մոնրէալի եւ Օթթաուայի ներկայացուցիչները, ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութիւնը եւ համայնքի անհատ ներկայացուցիչներ:

 Յունաստան

Հայաստանի Անկախութեան Եւ Արամ Մանուկեանի Նուիրուած Ելոյթը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբին, 2 յունիսին Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 101-ամեակին եւ Արամ Մանուկեանի մահուան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Ձեռնարկի նախագահ Նանոր Էրջենեան իր բացման խօսքին մէջ վեր առաւ մայիս 28-ի անկախութեան խորհուրդը, յատկապէս` Արամ Մանուկեանի ներդրումը հայոց պետականութեան հաստատման մէջ, շեշտելով, որ այսօր եւս հայ երիտասարդութիւնը կը ներշնչուի Արամ Մանուկեանի աւանդով:

Օրուան պատգամը յղեց Քերոբ Էքիզեանը, որ շեշտեց, թէ երկու թուականներն ալ այսօր հայ ժողովուրդի ակնածանքին ու հպարտութեան աղբիւրը կը հանդիսանան: Էքիզեանը իր խօսքին մէջ ներկայացուց Արամ Մանուկեանի յեղափոխական կեանքին երեք կարեւոր փուլերը, որոնք առաջնորդեցին ազատ եւ անկախ Հայաստանի նշանակալից եւ պատմականօրէն անգերազանցելի իրականութեան: Ան հաստատեց, որ Արամ գիտցաւ իր վրայ առած իշխանութիւնը վերածել հաւաքական կամքի, իր մէջ ամբարուած կիրքը փոխանցել ամէն մէկ հայու, մանաւանդ` իր վարչական ու պետական ամբողջ հմտութիւնը տարածել իր շուրջիններուն վրայ: Վերջապէս, պատմական այդ տարիներուն, ան գիտցաւ հայ ժողովուրդի միասնութեան եւ կենսունակութեան շաղախը դառնալ, աւելցնելով, որ այս կը սպասուի նորօրեայ ղեկավարներէն անխտիր:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ֆրանսա

107,790 Եւրօ Հանգանակուեցաւ Վալանսի Ֆրանքեւհայկական Դպրոցին Համար

18 մայիսին Վալանսի ցուցահանդէսներու կեդրոնի «Վերքոր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ներկայութեամբ աւելի քան 550 անձերու:

Երեկոյթին ընթացքին Վալանսի Ֆրանքեւհայկական դպրոցի շինարարութեան համար հանգանակուեցաւ 107.790 եւրօ: Այս գումարը կը ցոլացնէ ոգեւորութիւնը ծրագիրին նկատմամբ, որ ծնունդ առած է 2015-ին, քաղաքի խումբ մը երիտասարդներուն կողմէ: Ծրագիրը կը վայելէ Վալանսի քաղաքապետին զօրակցութիւնը:

Երեկոյթին ելոյթ ունեցաւ Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոն, որ վերահաստատեց իր եւ Օվերնիը Ռոն-Ալփ շրջանի ամբողջական աջակցութիւնը` հաստատութեան կառուցման, որ նաեւ պիտի ընդգրկէ մշակութային կեդրոն մը,  շեշտելով, որ Ֆրանքեւհայկական դպրոցը պիտի ջամբէ եռալեզու կրթութիւն (ֆրանսերէն, անգլերէն, հայերէն) եւ քաղաքի ճառագայթման պիտի բերէ իր նպաստը: Պուր-լէ-Վալանսի քաղաքապետուհի եւ Վալանս-Ռոման քաղաքապետական աւագանիի փոխնախագահ Մարլեն Մուրիէ իր կարգին յայտնեց իր շահագրգռութիւնը ծրագիրին նկատմամբ եւ իր աջակցութիւնը:

Հաստատութիւնը, որուն կառուցումը սկսաւ 9 յունուար 2019-ին, կը հետապնդէ մշակութային եւ կրթական գերազանց կեդրոն մը դառնալու նպատակը: Հակառակ կառոյցի շինարարութեան համար նիւթական անհրաժեշտութեան` թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան նշեց, որ այս նախագիծը կը գերազանցէ զուտ նիւթականի սահմանները:

Հաստատութեան բարերար Գէորգ Արապեանին նուիրած 700 հազար եւրոյով կարելի եղած է սկսիլ շէնքի կառուցման աշխատանքները: Կամքէ անկախ պատճառներով ան չէր կրցած ներկայ ըլլալ ընդունելութեան, սակայն կատարած է 50 հազար եւրոյի իշխանական նոր նուիրատուութիւն մը:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ  մը, որուն մէջ Մաթիէօ Մատենեան, Անտրէ Մանուկեան, Սերժ Աւետիքեան եւ Վահէ Պէրպէրեան յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը սոյն ծրագիրին:

 

 

 

Նախորդը

«Հորիզոն»-Ի Խմբագրական. ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Հայրենի Ճամբարները Նպատակաուղղուած Առաքելութիւններ Են

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Տնօրէնը Եւ Հաւատացեալներ Ֆրանսայէն

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?