Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Շրջանային Վարչութիւններու ԺԱ. Եռակողմանի Ժողովի

April 4, 2019
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 2015-էն ի վեր սկիզբ առած են Քանատայի, Արեւելեան Ամերիկայի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւններու պարբերական հանդիպումները, որոնց 11-րդը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 եւ կիրակի, 17 մարտ 2019-ի շաբաթավերջին, Լոս Անճելըսի մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Կլենտէյլի նստավայրին մէջ: Ներկայ էին Կեդրոնական վարչութեան անդամներ` Վիգէն Թիւֆենքճեանը, Հրայր Պարոնեանը, Մանուկ Չուխաճեանը, երեք շրջանային վարչութիւնները` իրենց լրիւ կազմերով եւ հիւրեր:

Ժողովին հեռախօսային կապով նաեւ միացաւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց վերջին քանի մը տարիներուն Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին Համազգայինի կառոյցներուն ցուցաբերած աշխուժացման, շրջաններու համագործակցական ոգիին եւ միատեղ ծրագիրներ իրականացնելու առաջադրութեան համար:

Շուրջ քսան համազգայնականներ ի մի բերող այս հանդիպումին, երկու օրուան վրայ տարածուող երեք նիստերու ընթացքին, զեկոյցներ կարդացուեցան իրենց նոր նախաձեռնութիւններուն, Արթլինքսի, Երիտասարդական ֆորումի եւ ցարդ եղած փորձարկումներու եւ յաւելեալ բարելաւման միջոցներ ստեղծելու մասին:

Քննարկուեցան նաեւ վարչութիւններուն միջեւ ձեռնարկներու փոխանակման հնարաւորութիւնները, նիւթական նոր միջոցներու հայթայթման ձեւերը, պետական նպաստներ ձեռք բերելու կարելիութիւնները, երիտասարդութեան ներգրաւումը եւ դէպի հարիւրամեակ ընթացող Համազգայինի յառաջիկայ տասը տարուան գործունէութեան պատկերացումները:

Եռակողմանի ժողովը ընթացաւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Բոլոր մասնակիցներն ալ իրենց օգտակար ներդրումներով նպաստեցին ձեռք ձգուած յաջողութեան: Համազգայինի յառաջիկայ մարտահրաւէրներուն գլխաւորները մշակութային գործունէութեան յաւելեալ հզօրացման եւ երիտասարդներու աւելի եւս ներգրաւման հրամայականներն են, որոնց համար ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի երեք շրջաններուն մէջ:

«Բագին»-ին բաժանորդագրութիւններուն անդրադառնալով` ժողովը կարեւորութեամբ շեշտեց առցանց PayPal վճարումներու դրութեան ընծայած դիւրութենէն օգտուելու անհրաժեշտութիւնը:

Շաբաթ, 16 մարտի երեկոյեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու երեք Շրջանային վարչութիւններու ատենապետները այցելեցին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի առաջնորդարան, ուր զիրենք ընդունեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը: Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը ծանօթացաւ Կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններու գործունէութեան եւ ծրագիրներուն, եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց այդ ծրագիրներու իրականացման ճիգերուն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ, ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ
ԵՒ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

19 մարտ 2019

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Դարձ Ի Շրջանս Իւր

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.