Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 3, 2019
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան
104-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Վրաստան

23 ապրիլին Ախալքալաքի երիտասարդութիւնը կազմակերպեց ջահերով երթ, որ մեկնարկեց Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնէն դէպի նախկին զինուորական աւան, որմէ ետք երթին մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Ախալքալաքի բերդ, ուր 300-400 մասնակիցներ վառեցին իրենց ջահերը եւ քալեցին Ազատութեան կեդրոնական փողոցով: Այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի Ս. Խաչ եկեղեցի, ուր աղօթեցին Ցեղասպանութեան զոհերուն համար:

Քանատա

* Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Բեկոր Աշոտ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերուն, 23 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Լաւալի յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ հսկում:

Հայ դատի յանձնախումբի Լաւալի ներկայացուցիչ Յովիկ Թիւֆենքճեանը ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն իր խօսքերուն մէջ շեշտեց մեր վճռակամութիւնը` շարունակելու պայքարը, ինչպէս նաեւ դատապարտեց Թուրքիոյ ժխտումի քաղաքականութիւնը, ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն` շարունակելու մեր պայքարը մինչեւ ամբողջական եւ արդար հատուցման տիրանալը:

ՔԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Վազգէն Գարագաշեանը, որ անդրադարձաւ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութեանց օսմանեան կառավարութեան իրաւայաջորդը ըլլալուն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու արդար հատուցման միակ պատասխանատուն ըլլալուն: Ան շեշտեց, որ իբրեւ 20-րդ դարու նոր սերունդ` վճռած են ջահակիրները դառնալ «Ճանաչումէն հատուցում» կարգախօսին եւ մեր արդար Դատի լուծման համար անշահախնդրօրէն նուիրուիլ Հայ դատին:

Հսկումի արարողութիւնը վերջ գտաւ Վարդան վրդ. Թաշճեանի աղօթքով:

* Կազմակերպութեամբ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին, 24 ապրիլին Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք եւ քայլարշաւ` մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն եւ այլ վայրերէ աւելի քան 1000 հայորդիներու: Քանատայի խորհրդարանին դիմաց հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին յոյն, հրեայ, ասորի եւ ռուանտացի համայնքներու պատուիրակութիւններու անդամներ, որոնք եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Հայ դատին:

Օրուան հանդիսավար, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գործավար Սեւակ Պէլեանը ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն: Հայ դատի յանձնախումբի խօսքը անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով արտասանեց Լոռի Զաքարեանը, որ դատապարտելէ ետք Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը, անդրադարձաւ Քանատայի կառավարութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին եւ յայտնեց, որ Քանատան պէտք է օրինակ դառնայ այլ պետութիւններու, որոնք տակաւին կեցուածք չեն որդեգրած Հայ դատին հանդէպ, յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան:

Յաջորդաբար խօսք առին` Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան ատենապետ, երեսփոխան Պրայըն Մէյ, դաշնակցային երեսփոխաններ Ֆայսալ Խուրի, Պապ Սարոյա, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրու Շիր, Ալեքսանտր Պուլերիս, հրէական համայնքի ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Մարսօ, Քանատական հելլենիստական քոնկրեսի նախագահ դոկտ. Թէոտոր Հալացիս, ռուանտական համայնքի ներկայացուցիչ Ղիսլեն Շեմ եւ Հայաստանի հիւպատոս Արա Մկրտչեան, որոնք նախ բարձր գնահատեցին հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին վճռակամութիւնը` պահանջատիրութեան ամբողջ 104 տարիներուն ընթացքին, ապա` վերածնունդն ու Քանատայի ընկերային ու քաղաքական կեանքին մէջ իրենց ներդրումը, նաեւ խստօրէն դատապարտեցին թրքական կառավարութիւնը եւ հրաւիրեցին զայն` առերեսուելու իր անցեալին հետ, արդարութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր:

Հաւաքը վերջ գտաւ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի «Պահպանիչ»-ով, որմէ ետք, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտական կազմին առաջնորդութեամբ, հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր խօսք առաւ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մանուկ Ալէմեանը: Ան իր խօսքին մէջ վերանորոգեց հայ նոր սերունդին ուխտը` շարունակելու հայ ժողովուրդի պայքարն ու պահանջատիրութիւնը, մինչեւ մեր գերագոյն նպատակի իրականացումը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը:

Խօսք առաւ նաեւ Քանատայի խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տէյվիտ Ուորնըրը: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Նշենք, որ նոյն օրը, առաւօտուն, Հայաստանի դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ Պատանեկան միութեան անդամները եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք առաջնորդ սրբազանին եւ հիւպատոս Արա Մկրտչեանին հետ դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:

Թեհրան

* 23 ապրիլին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ  զետեղուած յուշահամալիրին մօտ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան մատուցեց աղօթք, ապա տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում, որուն յաջորդեց երիտասարդական համահաւաք` գեղարուեստական յայտագիրով եւ ժապաւէնի ցուցադրութեամբ:

* 24 ապրիլին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն յաջորդեց ծաղիկներու  զետեղում` եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ  զետեղուած յուշարձանին մօտ: Ելոյթ ունեցան ԹՀԹ Թեմական խորհուրդին ատենապետը, Իսլ. խորհրդարանի պատգամաւորը եւ սրբազան հայրը: Աւարտին կարդացուեցաւ 9 կէտերէ բաղկացած բանաձեւը, որուն ամբողջութիւնը հաստատուած էր ժողովուրդի կողմէ: Համահաւաքը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» երգով:

* Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբին, 24 ապրիլին «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Խօսք առին` օրուան բանախօս «Ալիք» կայքէջի պատասխանատու Արամ Շահնազարեանը, Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեանը, թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Նոյն օրը մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռարուեստի ցուցահանդէս:

 Նոր Ջուղա

* 23 ապրիլին Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ աղօթք, որուն յաջորդեց մոմերով երթը դէպի Ս. Ամենափրկիչ վանք, ուր տեղի ունեցաւ բողոքի համահաւաք: Ելոյթ ունեցան Թեմական խորհուրդի անդամ Սոնիկ Բաղումեանը եւ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քեչեճեանը:

* 24 ապրիլին Ս. Յովսէփ Արիմաթացի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Սիփան եպս. Քեչեճեանի ձեռամբ, ապա վանքի շրջափակին մէջ կայացաւ ծաղիկներու զետեղում: Նոյն օրը երեկոյեան ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական-գեղարուեստական երեկոյ: Օրուան բանախօսն էր Հայաստանէն ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի Արեւմտահայոց հարցերու գիտահետազօտական կեդրոնի ղեկավար Հայկազուն Ալվրցեանը:

* 23 ապրիլին Շահինշահրի մէջ տեղի ունեցան սրբոց նահատակաց նուիրուած աղօթք եւ բողոքի համահաւաք:

Յունաստան

* Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետարանի եւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 21 ապրիլին «Վելիտիս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Յունաստանի վարչապետին եւ կառավարութեան կողմէ ներկայ եղաւ ներքին գործոց փոխնախարարուհի Էլէֆթէրիա Խածիեորղիու, իսկ Յունաստանի խորհրդարանը ներկայացուց Նիքոլաոս Փարասքէվոփուլոս:

Պահանջատիրական պատգամներով լեցուն էին յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններուն ելոյթները, որոնք, յոյն ժողովուրդին եւ պետութեան զօրակցութիւնը յայտնելով` հայութեան արդար դատին, միաժամանակ դատապարտեցին Թուրքիոյ մերժողական կեցուածքը:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Յունաստանի ներքին գործոց նախարարութեան (Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ) փոխնախարար Էլէֆթէրիա Խածիեորղիու, Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետ Ափոսթոլոս Ծիծիգոսթաս, Թեսաղոնիկէի մարզային շրջանի փոխմարզպետ Փարասքեւի Փաթուլիտուն, Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Եանիս Պութարիսը, ինչպէս նաեւ` Թեսաղոնիկէի մէջ Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոս Ֆելիփէ Ռէն եւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Փաւլինա Չեմինեանը:

Բացման խօսքը կատարեց Հայ դատի ներկայացուցիչ Տարօն Տէրէեանը, որ նշեց, թէ անգամ մը եւս համախմբուած ենք` յարգանքի տուրք մատուցելու հայ ազգի նահատակներու յիշատակին:

Յատկանշական էր Թեսաղոնիկէի մէջ Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոս Ֆելիփէ Ռէյի ողջոյնի խօսքը, որ մեծապէս գնահատելով ֆրանսահայութեան աշխուժ ներկայութիւնը երկրին մէջ` կարեւոր նկատեց ֆրանսական մշակոյթի եւ ընկերութեան մէջ հայութեան ներդրումը` որպէս թանկագին ու նշանակալից ներկայութիւն: Ան մէջբերեց նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնը, ուր կ’ըսուէր, որ Ֆրանսա այն երկիրն է, որ դէմ յանդիման կը յանդգնի նայիլ իր պատմութեան, եւ առաջինը եղած է միշտ, որ դատապարտած է հայ ազգի դէմ գործուած ցեղասպանութեան ոճիրը: Ան ըսաւ, որ Ֆրանսան առաջին իսկ պահէն որպէս ցեղասպանութիւն բնորոշեց հայութեան դէմ զանգուածային ջարդը եւ 2001-ին պաշտօնապէս ճանչցաւ ատիկա: Ներկայ հրամանագիրով նաեւ ապրիլ 24-ի օրը որպէս պետական օրէնք ամրագրեց:

Բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ Փանտիօ համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց հիմնարկի տնօրէն Քոնսթանտինոս Ֆիլիսը, «Թուրքիա, յո՞ երթաս. արտաքին քաղաքականութիւն եւ ներքին յարաբերակցութիւններ` Էրտողանի օրով» նիւթով:

Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց քայլարշաւ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում` տեղւոյն զօրամասի յուշարձանին առջեւ:

* Աթէնքի ու Թեսաղոնիկէի մէջ հայութիւնը համախմբուեցաւ ու վճռական իր ներկայութիւնը պարտադրեց` ցոյցեր կատարելով Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց:

Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի պահանջատիրական ցոյց` դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն:

* 24 ապրիլին Նէա Զմիռնիի յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում, որմէ ետք ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Աթէնքի Սինտաղմա հրապարակ. ցուցարարները քալեցին  դէպի Ռիղիլիս հրապարակ, սակայն կանգ առին թրքական դեսպանատան ճամբան փակած ոստիկանութեան ուժերուն առջեւ, որոնք չարտօնեցին, որ ցուցարարները յառաջանան ու հասնին դեսպանատան դրան առջեւ:

ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անունով Լոռի Գույումճեանը խօսեցաւ հայ երիտասարդի հոգեկան ապրումներուն եւ վճռական կեցուածքին մասին` յայտնելով, որ ամբողջական եւ արդարացի հատուցում կը պահանջէ հայ երիտասարդութիւնը, որ` իր պահանջը ուժգին կը բացագանչէ` անգամ մը եւս գտնուելով թրքական դեսպանատան առջեւ:

ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամները բարձրախօսով կարդացին Թուրքիոյ դեսպանութեան ուղղուած յուշագիրին բովանդակութիւնը, որմէ պատճէններ յանձնուեցան յունական թերթերուն եւ լրատուամիջոցներու թղթակիցներուն:

* 24 ապրիլին Թեսաղոնիկէի մէջ կազմակերպուեցաւ բողոքի պահանջատիրական ցոյց: Ցուցարարները համախմբուեցան Սպիտակ աշտարակին առջեւ, ապա ճամբայ ելան դէպի Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարան: Ոստիկանութեան ապահովական ուժերը խիստ էին ու չարտօնեցին, որ ցուցարարները մօտենան հիւպատոսութեան շէնքին, մինչ ցուցարարները վճռակամօրէն արտայայտեցին հայութեան պահանջատիրական կեցուածքները` իրենց բարձրաձայն լոզունգներով եւ պաստառներով: Ոստիկանական ուժերը փորձեցին ետ մղել ցուցարարներու հաւաքը, մեծ քանակութեամբ քիմիական կազեր արձակելով եւ ժողովուրդը ցրուել ուզելով: Ցուցարարները խստօրէն դատապարտեցին  խաղաղ ցոյցի մը դէմ գործադրուած այսքան բիրտ վերաբերումը, որ որեւէ ձեւով պատճառաբանելի չէ, պատանիներ, երիտասարդներ ու տարեցներ համախմբած հաւաքին համար:

Երիտասարդները մեծ օղակ մը կազմելով` բոլորին յիշեցուցին, որ հայութեան պահանջատիրութիւնը կենդանի է այնքան ժամանակ, քանի դեռ Թուրքիա չի յանդգնիր առերեսուիլ իր պատմութեան հետ, քանի դեռ մարդկութեան դէմ ծանր ոճրագործութիւն կատարած պետութիւնը ամբողջովին չի դատապարտուիր քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, քանի դեռ մերժումն ու ժխտողականութիւնը կը փորձեն պարտադրուիլ մարդկութեան:

* Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ անցեալ շաբաթ արդէն սկսած էին գործել ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան քարոզչական տաղաւարները, որոնք յոյն հասարակութեան եւ օտար զբօսաշրջիկներու շատ մեծ թիւի մը ներկայութիւնը ապահովեցին` Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակին եւ Թեսաղոնիկէի Սպիտակ աշտարակին առջեւ: Անցնող բոլոր այդ օրերուն անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին անցորդներուն եւ թռուցիկներ բաժնեցին:

* 24 ապրիլին Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն:

Օրուան նախագահ Սեդրակ Այվազեանը ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը, որուն յաջորդեց եկեղեցական արարողութիւնը:

Սեդրակ Այվազեանը հայերէն եւ յունարէն բացման իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ 104 տարիներ ետք կը պահանջենք պատմութեան մեծագոյն ցեղասպան թուրք դահիճէն` ճանչնալ իր կատարած սոսկալի ոճիրը ու սրբագրել անոր հետեւանքները` միջազգային ու քաղաքակրթուած աշխարհի օրէնքներուն համաձայն: Ան ըսաւ, որ մեր այսօրուան հաւաքը հետեւեալ պահանջները կը դնէ Թուրքիոյ առջեւ.

ա) Ճանչնալ ու դատապարտել 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը` միաժամանակ ստանձնելով իր պարտաւորութիւնները հայ ժողովուրդին հանդէպ,
բ) Վերադարձնել հայկական պատմական հողերը իր տիրոջ` հայութեան,
գ) Հատուցել բռնագրաւուած սեփական եւ եկեղեցական կալուածները,
դ) Վերացնել Հայաստանի սահմաններու շրջափակումը,
ե) Դադրեցնել Ազրպէյճանի զինուորական օժանդակութիւնը, որ այլ բան չէ, եթէ ոչ ուղիղ սպառնալիք` Արցախի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին հանդէպ:

Յաջորդաբար խօսք առին մարզպետարանի ներկայացուցիչ Անկելիքի Լեւենտին, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիսը եւ թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը:

Ոգեկոչման արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանին առջեւ դափնեպսակներու զետեղումով:

Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակը, ուրկէ ճամբայ ելաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցը` դէպի թրքական դեսպանատուն:

 

Նախորդը

Ահաբեկչութեամբ Տարուած Կիներու Վերադարձը Կարելի՞ Է

Յաջորդը

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?