Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Ապրիլ 4, 2019
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Զրոյց Համազգայինի Կառոյցին Եւ Կազմակերպական Օրէնքներուն Շուրջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Կարօ Ալեքսանեանի եւ հին ու նոր համազգայնականներու, շաբաթ, 16 մարտի երեկոյեան «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի կառոյցին եւ կանոնագիրին շուրջ բացատրողական զրոյց մը: Օրուան զրուցավարն էր Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ, համազգայնական Գրիգոր Տունկեանը:

Յայտագիրը սկսաւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ռոզեթ Ապէճեան-Ջուլհայեանի բացման խօսքով:

Ան ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն եւ զրոյցին նպատակին անդրադառնալով` ըսաւ. «Այսօր կազմակերպեցինք շատ կարեւոր եւ իւրայատուկ հաւաք մը, որուն ծրագիրը նախորդ տարիներէն արդէն դրուած էր, սակայն այսօր իրականացաւ: Ծրագիրին նպատակն է ծանօթացնել Համազգայինի կառոյցն ու կանոնագրային օրէնքները, որպէսզի ճշգրտօրէն գործադրենք զանոնք»:

Ապա ատենապետը զրուցավարին ակնարկելով` ըսաւ. «Գրիգոր Տունկեանը սովորական հրաւիրեալէ մը աւելին է, ան տանտէր է: Եղած է Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն մէկը եւ ծրագիրն ու կանոնագիրը կազմակերպող խմբակին մաս կազմելով` մեծ ներդրում բերած է այս կառոյցին»:

Այնուհետեւ զրուցավարը հմտօրէն եւ յստակ օրինակներ մէջբերելով` ներկայացուց նիւթը:

Ան նախ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի պատմականը, կանոնագրութիւնը եւ մարմիններուն կարգն ու պաշտօնը: Ապա  ըսաւ. «Համազգայինը դարձաւ սփիւռքի մէջ ապրող հայուն հայրենիքը: Համազգային բառը եթէ այսպէս վերլուծենք, կը դառնայ համազգային, այսինքն` ազգին համը: Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի պահպանումն ու տարածումը Համազգայինի առաքելութեան մաս կը կազմեն: Այս կառոյցը, հակառակ բազում դժուարութիւններու, մինչեւ օրս պատուով կը շարունակէ իր գործը: Կանոնագիրին մէջ տեղ գտած օրէնքները ոչ թէ գոց սորվելով կ՛իւրացուին, այլ` կեանքի կոչելով, աշխատանքով: Օրէնքը դրուած է ոչ թէ գործ մը դժուարացնելու, այլ գործը դիւրացնելու համար»:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած զրոյցին ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան լուսաբանական զանազան հարցումներ ուղղելու զրուցավարին եւ ըստ այնմ թարմացուցին իրենց գիտելիքները:

Յունաստան

 «Մեր Արցախը. Միջազգային Ճանաչման Ճամբուն Վրայ» Բնաբանով Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, 20  մարտին Յունաստանի Լրագրողներու միութեան տան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր Արցախը. միջազգային ճանաչման ճամբուն վրայ» բնաբանով ձեռնարկ, որուն ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Փանտիօ համալսարանի միջազգային գիտութեանց արեւելեան բաժանմունքի ծանօթ դասախօսներ Աֆենտուլիս Լանկիտիսը եւ Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիսը: Ձեռնարկի համադրումը եւ թարգմանութիւնը կատարեց Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեանը:

Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան ցուցադրուեցաւ «Արցախ-հիսթըրի էնտ քոնֆլիքթ» տեսերիզը, որ կ՛անդրադառնար Արցախի հարցին մասին պատմական տուեալներուն եւ ներկայ իրավիճակին:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեանը անդրադարձաւ ձեռնարկի կազմակերպումին ու Արցախի նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի Յունաստան այցելութեան մանրամասնութիւններուն: Ան շեշտեց, որ Արցախը հայութեան համար կարեւոր հիմնահարց ու համահայկական առաջնահերթութիւն է` անդրադառնալով Արցախի իրողական անկախութեան միջազգային օրինականութեան ապահովման անհրաժեշտութեան եւ Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքորոշման իրաւունքին մասին:

Այնուհետեւ Աֆենտուլիս Լանկիտիսը եւ Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիսը ելոյթ ունենալով` անդրադարձան Արցախի ժողովուրդի արդար պայքարին, զէնքի ուժով իրաւունք պարտադրելու Ազրպէյճանի թիւր ճիգերուն, մանրամասնօրէն քննարկելով Թուրքիոյ դերակատարութիւնը տարածաշրջանէն ներս եւ խօսելով Ռուսիոյ ու Արեւմուտքի ուժերու յարաբերակցութեանց մասին:

Նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը խօսեցաւ Արցախի Հանրապետութեան մշակութային, զբօսաշրջութեան բնագաւառներու զարգացման ու երկրի միջազգային ճանաչման հեռանկարներուն մասին: Ան ընդգծեց Հայաստանի ու Արցախի մէջ ապրող յունական ծագումով քաղաքացիներու հարցը` յայտնելով, որ Արցախի մէջ 19-րդ դարու 1840-ական թուականներէն արդէն ձեւաւորուած էր յունական փոքրիկ համայնք, որ ապրած է ու կը շարունակէ ապրիլ իր հետաքրքրական առօրեայով` մասնակից մնալով Արցախի հասարակական կեանքին: Ան խօսեցաւ Արցախի Մեհմանա գիւղին մէջ բնակող յոյներուն մասին, ինչպէս եւ` լրագրական ու այլ աշխատանքներով զբաղող յոյներուն մասին, որոնք նոյնպէս ենթարկուած են Ազրպէյճանի բռնաճնշումներուն ու հալածանքներուն: Յովհաննիսեան անդրադարձաւ Արցախ-Յունաստան յարաբերութիւններուն, զորս կարելի է աւելի ամրապնդել` կրթութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան բնագաւառներէն ներս արդիւնաւէտ գործակցութեամբ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց փոխգործակցութեան, կառուցողական առաջարկներու քննարկման ու նախագիծներու իրականացման համար:

Իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով` ան նշեց Արցախի անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման եւ անոր ժողովրդային ու տարածքային միասնութեան անվտանգութեան հարցին կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը լրացուցիչ խթան պիտի հանդիսանայ Արցախի պետականութեան եւ, մասնաւորապէս, երկրի ժողովրդավարական կառոյցներու հետագայ զարգացման ու ամրապնդման` դրական իր ազդեցութիւնը բերելով Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման վրայ:

Յովհաննիսեան անդրադարձաւ տարածաշրջանային երկիրներուն միջեւ պահպանուած հաւասարակշռութիւններուն, Ազրպէյճանի անկանխատեսելիութեան, որ հետզհետէ աւելի կը բարձրաձայնէ հարցը պատերազմական ճամբով լուծելու իր մտադրութիւնները, որոնց ապացոյց էր նաեւ 2016-ի ապրիլին Արցախի դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակումը:

Միացեալ Նահանգներ

«Թուղթ Առ Երեւան»-ի Գինեձօն` Պոսթընի Մէջ

Հինգշաբթի, 21 մարտին Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ անգլերէնի թարգմանուած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» գործին գինեձօնը: Ներկայ էին 150 հայորդիներ:

Օրուան հանդիսավարն էր Վերժինի Թուլումեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, որ «Թուղթ առ Երեւան»-ի նման կոթողական եւ պատմութիւն կերտած գործի մը թարգմանութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ, որ թէ՛ հայերէն չկարդացող հայորդին եւ թէ՛ օտարը մօտէն քայլ պահեն եւ տեղեկանան, թէ Անդրանիկ Ծառուկեան ի՛նչ պայմաններու տակ գրած է այս գործը:

Ռուբէն Ճանպազեանը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-ը մեծ տպաւորութիւն ձգած է իր վրայ: Յատկապէս ՀՕՄ-ի վարժարաններուն մէջ, երբ իր հայերէնի ուսուցիչը` Մուշեղ Գարագաշեանը արտասանած է այս էջերը, առանց որեւէ սխալի եւ պապանձումի:

«Թաթուլ Սոնենցի թարգմանութիւնները կարդացած էի անշուշտ. մէկ կամ երկու անգամ նոյնիսկ զայն տեսած էի եւ ծանօթացած էինք: Սակայն ասկէ չորս տարիներ առաջ, երբ առիթը ունեցայ ծառայելու «Արմինիըն Ուիքլի» թերթի խմբագրական կազմին մէջ, այս գաղութի նշանաւոր «Հայրենիք» շէնքին մէջ, բախտաւորութիւնը ունեցայ ընկեր Թաթուլին հետ մտերմանալու եւ ընկերանալու: Անոր գետնայարկ գրասենեակը դարձաւ նոր դասարանս, ուր շատ բան սորվեցայ մեր ժողովուրդի պատմութեան, գրականութեան եւ, մանաւանդ, թարգմանութեան արուեստին մասին: Իր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մեր երկա՜ր զրոյցներէն մէկուն ընթացքին հարց տուինք մենք մեզի` ինչո՞ւ «Թուղթ առ Երեւան»-ի նման գրութիւն մը, որուն հրատարակութեան տարիներուն «տաք հացի» պէս կը սպառէր եւ կը համարուի որպէս սփիւռքահայ գրականութեան գլուխ-գործոցներէն, այսօր գրեթէ մոռցուած է մանաւանդ` նոր սերունդին կողմէ», ըսաւ Ճանպազեան:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք միասնաբար այս ձեռնարկը իրականացուցած են:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Պոսթընի մասնաճիւղին, Հայկական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին, ՀՅԴ Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէին, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Մեծն Պոսթընի «Նժդեհ» ուխտին եւ «Հայրենիք»-ին: Անշուշտ յատուկ կերպով Ճանպազեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի գեղանկարիչ Մերուժան Խաչատրեանին, նաեւ` Յովիկ Աֆարեանին ու Վարագ Գարագաշեանին, որոնք մեծապէս օգտակար եղան կողքի ձեւաւորման աշխատանքին:

Թաթուլ Սոնենց Փափազեանը շեշտեց, որ Անդրանիկ Ծառուկեան ապրեցաւ 76 տարի: Ճիշդ է, որ մանկութիւն չունեցաւ, բայց գրագէտի ու հրապարակագիրի իր կեանքը եղաւ հարուստ եւ ամբողջական: Ան անգամ մը եւս շեշտեց, որ Ծառուկեան իր բանաստեղծութիւններով եւ արձակ գրութիւններով հարազատօրէն կը ներկայացնէ աշխարհասփիւռ հայութեան յոյզերն ու ձգտումները, որբացած սերունդի կեանքը, հայութեան եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած խոր կապն ու հաւատքը:

Նշենք, որ նախքան երկու թարգմանողներուն խօսք առնելը` Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան, Մեծն Պոսթընի «Նժդեհ» ուխտի ատենապետ Այտա Պարսումեանը եւ փոխատենապետ Սարօ Սագայեանը յաջորդաբար հայերէնով ու անգլերէնով ներկայացուցին «Թուղթ առ Երեւան» գիրքէն հատուածներ: Իսկ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանը աղօթքէն ետք կատարեց գիրքին գինեձօնը:

ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեանը, իր կարգին, բեմ հրաւիրուելով` նշեց, որ այս գործին մասին արդէն իսկ գիրքի յառաջաբանին մէջ Վահէ Հապէշեանը մանրամասնօրէն կ՛արժեւորէ Ծառուկեանին գործը եւ կը բնութագրէ անոր կարեւորութիւնն ու գրական եւ պատմական արժէքները:

«Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր Զաւէն Թորիկեանը, տեղեկացնելէ ետք, որ այս տարի հրատարակչատան 120-ամեակն է, իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս պատմական գործին պատճառ հանդիսացած` Գէորգ Աբովի այդ օրերու խորհրդային քարոզչական մեքենայի հերթական մէկ դրսեւորումն էր «Մենք չենք մոռացել» գործը, եւ Ծառուկեան կրցած էր ծուղակին մէջ չիյնալ` իր ապրումներն ու պոռթկումները արտայայտելով, սակայն նաեւ երբեք գռեհկութեան սահմանը չհասնելով:

Ան աւելցուց, որ գործածուած լեզուն հետաքրքրական է: Արեւմտահայերէն գրող Ծառուկեանը դիւրացնելու համար Աբովի եւ իրեն նման խորհրդայիններու հլու կամակատարներու պարտականութիւնը, այս գործը գրած է արեւելահայերէն եւ անշուշտ` ճիշդ ուղղագրութեամբ:

«Հաւանաբար Գէորգ Աբովը մոռցաւ իր գրած քանի մը տողը` «Մենք չենք մոռացել»-ը, սակայն մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը ան չմոռցաւ «Թուղթ առ Երեւան»-ը` ենթագիտակցելով, որ ստացած պատասխանն ու ապտակը այնքան ծանր էր, նոյնիսկ մահացու», ըսաւ ան, որ քանի մը տպաւորիչ տողեր կարդալէ ետք յայտնեց, որ աւելի ամբողջական ըլլալու համար տեղին է նաեւ թարգմանել այս առթիւ գրուած Ծառուկեանի դասընկեր Մուշեղ Իշխանի «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը, նաեւ` Յակոբ Օշականի «Վկայութիւն մը» գործը:

Հայ Դատի Հանդիպումները Վերահսկիչ Թըմընտի Եւ Նահանգային Ծերակուտական Տուրազոյի Հետ

Վերջերս Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի ներկայացուցիչները տեսակցութիւններ ունեցան Քալիֆորնիոյ հանրային կրթութեան վերահսկիչ Թոնի Թըմընտին եւ նահանգային ծերակոյտի անդամ Մարիա Էլենա Տուրազոյին հետ:

Վերահսկիչ Թըմընտին հետ տեսակցութեան ընթացքին, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կրթական մարմինի ատենապետ Ալիս Պետրոսեանը, շեշտուեցաւ նահանգի հանրային վարժարաններուն մէջ ցեղասպանութեանց նիւթի դասաւանդութեան կարեւորութիւնը եւ անոր կենսական դերակատարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման դէմ դնելու պայքարին մէջ:

Թըմընտ իր կարգին շեշտեց ցեղասպանութեանց նիւթի դասաւանդման կարեւորութիւնը` միաժամանակ խոստանալով նեցուկ կանգնիլ քալիֆորնիահայութեան, զօրակցելով յատկապէս կրթական մարզին մէջ անոր կարիքները բաւարարելու ջանքերուն:

Տուրազոյի հետ տեսակցութեան ընթացքին քննուեցան յատկապէս Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր եւ անոր ներկայացուեցան Հայ դատի գլխաւոր առաջնահերթութիւնները:

Յայտնենք, որ նոյն օրերուն նահանգին մայրաքաղաքը կ՛այցելէին նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց կողմէ Թուրքիոյ մէջ կատարուած ներդրումները դադրեցնելու համար Սաքրամենթոյի մէջ նահանգային պաշտօնատարներու հետ տեսակցութիւններ ունենալու նպատակով:

 Վրաստան

«Եւ Կանգնած Էր Տաճարը Սեւ Ծովի Ափին» Վաւերագրական Ժապաւէնի Շնորհահանդէս

24 մարտին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վիքթորիա Մաքսոյեւայի եւ Գարիկ Աբէլեանի հեղինակած «Եւ կանգնած էր տաճարը Սեւ ծովի ափին» վաւերագրական ժապաւէնին շնորհահանդէսը, որ նուիրուած է Պաթումի հայոց պատմական Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ: Ժապաւէնը նկարահանուած է «Ակորա-Ժորժիա-Վիքթորիա Մաքսոյեւա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ վիրահայոց թեմի եւ Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հովիւին:

Ժապաւէնը կը պատմէ խորհրդային տարիներուն բռնագրաւուած վիրահայոց թեմին պատկանող բազում հայոց եկեղեցիներէն` Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մասին, որ տասնեակ տարիներ զրկուելով իր առաքելութեան ծառայութենէն` վերածուած է պահեստի, աստղադիտարանի եւ տեսագրութիւններու վայրի:

Աւարտին Հաւլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հովիւի օգնական Վիրապ քհնյ. Ղազարեանը բարձր գնահատեց նկարահանող խումբին աշխատանքները` նշելով, որ սոյն ժապաւէնը լուսարձակի տակ առաւ Պաթումի մէջ փառաւորապէս գործող Աստուծոյ տաճարի գոյութեան պատմութիւնը եւ պաթումահայութեան մեծ նուիրումը` իրենց հաւատքի տան պահպանութեան, նաեւ արժեւորեց աշխարհասփիւռ հայութեան ակնածանքն ու սէրը իրենց եկեղեցիներուն նկատմամբ եւ յորդորեց բոլորը` իրենց ուշադրութիւնը եւ նուիրուածութիւնը չնուազեցնելու տաճարներուն հանդէպ:

Ելոյթ ունեցան նաեւ կարգ մը անձնաւորութիւններ, որոնք կարեւոր նկատեցին երկու քրիստոնեայ ազգերը իրարու մօտեցնելու, աւանդոյթները եւ ազգային արժէքները պահպանելու եւ սերունդներուն փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը:

 

 

 

 

Նախորդը

Անլռելի Ապրիլեան Քառօրեան

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Շրջանային Վարչութիւններու ԺԱ. Եռակողմանի Ժողովի

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?