Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 28, 2019
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յունաստան

Լեռնիկ Յովհաննիսեանին Հանդիպումները

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով, Արցախին նուիրուած ելոյթներուն մասնակցԵլու նպատակով, Յունաստան իր այցելութեան ծիրէն ներս, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը 18 մարտին այցելեց ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակը:

ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեանը իր խօսքին մէջ շեշտեց Արցախի ժողովուրդին մղած պայքարին կարեւորութիւնն ու դերը ոչ միայն Արցախի ապահովութեան ու գոյատեւման ճիգերուն մէջ, այլ նաեւ` Հայաստանի անվտանգութեան ուղղութեամբ: Ան անդրադարձաւ վերջին տարիներուն Յունաստանի քաղաքականտնտեսական շրջանակներու նկատելի մէկ հատուածին ժխտական ընթացքին, որ կը հետապնդէ որդեգրել մերժողական կեցուածք եւ կը ցուցաբերէ չկամութիւն` սատարելու Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գործընթացին` Ազրպէյճանի հետ Յունաստանի տնտեսական գործակցութեան պատճառով, ինչ որ կը հանդիպի մեր կողմի հակազդեցութեան:

Իր կարգին, Լեռնիկ Յովհաննիսեանը կարեւոր նկատեց սփիւռքին տարած աշխատանքը` ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերուն միջոցով ի նպաստ Արցախի ժողովուրդին ու հանրապետութեան օրինական ճանաչումին: Ան շեշտեց Արցախի ժողովուրդին ու պետութեան բարձր տրամադրութիւնը` պայքարելու ու չզիջելու իր ձեռք բերած յաջողութիւններէն, նշելով, որ Արցախի Հանրապետութիւնը հաստատ քայլերով կը զարգանայ տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային բնագաւառներէն ներս: Նախարարը շնորհակալական խօսք ուղղեց ՀՅԴ Յունաստանի կառոյցին` իրեն ուղղած հրաւէրին համար, շեշտելով, որ նման այցելութիւններով օտար քաղաքական շրջանակներուն առիթը կը տրուի ծանօթանալու Արցախի Հանրապետութեան եւ իր բանակցային պահանջներուն` սանձելու համար ազերիներու պետական հակաքարոզչութիւնը ու ստեղծելու նախադրեալները` Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումին:

Զրոյցի աւարտին զոյգ կողմերուն համոզումը եղաւ այն, որ թէկուզ դժուար կրնայ թուիլ, բայց Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը ու ճանաչումը կը հանդիսանան միակ այլընտրանքը` ապագայի ապահով ու բարօր Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատման:

* 19 մարտին Լեռնիկ Յովհաննիսեանը հանդիպում ունեցաւ «Փլեֆսի Էլեֆթերիաս» կուսակցութեան նախագահ Զոյի Քոնսթանտոփուլուի հետ:

Նախարարը Քոնսթանտոփուլուին ուշադրութեան յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի յարձակումները, անընդհատ հնչող ուժի կիրարկման սպառնալիքները եւ հրադադարի յաճախակի խախտումները, ինչպէս նաեւ ռազմական այս յարձակողապաշտութեան դէմ` սեփական ժողովուրդի անվտանգութիւնը պաշտպանելու պարտականութիւնը:

Երկու կողմերը շեշտեցին միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնը ապահովելու վերաբերեալ:

Քոնսթանտոփուլու, իր կարգին, իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց Արցախի հերոսական պայքարին, հաստատեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` գնահատելով արցախահայութեան վճռակամութիւնը եւ արժանապատուութեամբ ապրելու վեհ կեցուածքը: Ան նկատել տուաւ, որ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչական նշումներուն առիթով Հայաստան այցելած էր` իբրեւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ եւ մասնակից եղած էր Ցեղասպանութեանց կանխարգիլման միջազգային վեհաժողովին` յատուկ նախաձեռնութեան դիմելով հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց միջազգային ճանաչման համար:

* 19 մարտին Լեռնիկ Յովհաննիսեանը հանդիպում ունեցաւ Աթէնքի արուարձաններէն Վիրոնայի քաղաքապետ Ղրիղորիս Քաթոփոտիսի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քաղաքապետը ընդգծեց շրջանի մէջ հայութեան երկար տարիներու աշխուժ ներկայութիւնը ու կարեւոր նկատեց համագործակցութիւնը` հասարակաց հարցերու լուծման մէջ:

Նախարարը, իր կարգին, ծանօթացուց Արցախի Հանրապետութեան վերաբերեալ վերջին զարգացումներու հարցերը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վիրոնայի քաղաքապետարանին եւ անձնապէս քաղաքապետին աջակցութեան` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պայքարին:

Կիպրոս

* Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, ընդառաջելով Կիպրոսի մէջ Իրլանտայի  դեսպան Տիերտրէ Նի Ֆալլուինի եւ Փոլ Պրանտոնի պաշտօնական հրաւէրին, 18 մարտին «Հիլթըն Սայփրըս» պանդոկին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Իրլանտայի «Ս. Փաթրիք՛ս» օրուան առիթով կազմակերպուած ընդունելութիւն – հիւրասիրութեան:

Դեսպանը  իր խօսքը արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ու հրաւիրեց հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ` նախարար Սաւաս Անկելիտիսը, որ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն:

Հանդիսութեան ընթացքին սրբազան հայրը կիպրահայ գաղութին անունով բարեմաղթութիւններ կատարեց  դեսպանին եւ անոր ընդմէջէն` պետութեան: Ան պատեհութիւնը ունեցաւ նաեւ զրուցելու Կիպրոսի նախկին` 3-րդ նախագահ Եորկիոս Վասիլիուին, խորհրդարանի նախագահին, նախարարին, Մալթայի, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ, Օմանի, Իտալիոյ, Փորթուգալի, Սպանիոյ, Պրազիլի, Սլովաքիոյ, Եգիպտոսի, Լիբանանի, Աւստրիոյ, Յորդանանի, Քուէյթի, Մեծն Բրիտանիոյ բարձրագոյն յանձնակատարին եւ այլ երկիրներու դեսպաններուն, զինուորականներու, պաշտօնական անձերու եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներու հետ:

* 19 մարտին թեմի  կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն  արք.  Տողրամաճեան, Կիպրոսի արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ` Փորֆիրիոս եպիսկոպոս, միւֆթի Թալիպ Աթալա, մարոնիներու Եուսեֆ Սուէյֆ արք., լատին եկեղեցւոյ պետ` հայր Ճորճ Քրայ, իմամ Շաքիր եւ Տ. Իպրահիմ քհնյ., ներկայ գտնուեցան «Ռիլիճըս թրեք»-ի 2019 տարուան առաջին ժողովին, որ գումարուեցաւ Շուէտի դեսպան Աննա Օլսըն Վրանկի տան մէջ:

Հանդիպումի սկզբնաւորութեան ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին 15 մարտին Նոր Զելանտայի երկու մզկիթներու մէջ սպաննուած անմեղ զոհերուն յիշատակը, որմէ ետք իւրաքանչիւր կրօնապետ զեկուցեց իր եկեղեցւոյ կամ համայնքէն ներս տեղի ունեցած գործունէութիւններուն մասին: Արծարծուեցան նաեւ զանազան հարցեր` երկխօսութեան եւ բանակցութեանց շարունակութեան, միասնական կեցուածքի եւ այս տարուան օրակարգերուն  սահմանումի վերաբերեալ:

Յայտնենք, որ ժողովէն առաջ բոլորը այցելեցին սահմանին վրայ անցեալ ամսուն` 8 փետրուարին փուլ եկած յունական Ս. Յակոբ եւ Ս. Գէորգ պատմական եկեղեցիները:

  Միացեալ Նահանգներ

Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի Հովուական Եւ Հանրային Ծառայութեան 60-րդ Տարեդարձի Նշում

17 մարտին Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ «Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ճաշկերոյթ` նուիրուած վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանի հովուական եւ հանրային ծառայութեան 60-րդ տարեդարձին:

Ճաշկերոյթի յանձնախումբի ատենապետ եւ հիւրընկալ եկեղեցիի աւագ հովիւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը իր խօսքին մէջ վեր առաւ վեր. Թութիկեանին կենսագրականը եւ անոր ծառայութեան կարեւորութիւնը :

Աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը անդրադարձաւ վեր. Թութիկեանի անձին, կեանքին եւ հոգեմտաւոր վաստակին` շեշտելով, որ Թութիկեանը իր կեանքով, կենցաղով եւ արդիւնաւէտութեամբ կատարելապէս կը մարմնացնէ յիշեալ երեք ձիրքերը:

Շնորհաւորական եւ սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան կարգ մը անձնաւորութիւններ:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ վեր. Թութիկեանը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Աստուծոյ` 60 տարիներու իր ծառայութեան մեծ շնորհքին համար:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ռուսիա

Վոլոկտայի Մարզին Մէջ Հայկական Խաչքարի Տեղադրում

Ապրիլին Վոլոկտայի մարզի Շեկսնի քաղաքատիպ աւանի Կազանեան տիրամայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշարձանի տեղադրում:

Խաչքարը պատրաստուած է Հայաստանի մէջ` նախաձեռնութեամբ Յարութիւն եւ Եուրա Ադամեան եղբայրներուն, որոնք նախաձեռնողներէն եղած են նաեւ Կազանեան եկեղեցւոյ վերածնման եւ հոգացած են եկեղեցւոյ կառուցման ծախսերէն  մաս մը:

Ատրպատական

Կիարտապատ Գիւղի
Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Զանգի Օծում

16 մարտին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանը  ժամանեց Կիարտապատ գիւղ, ուր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Մեծ պահոց քառասնորդացի երեկոյեան ժամերգութեան:

Ժամերգութեան աւարտին, եկեղեցւոյ դրան մուտքին տեղի ունեցաւ օծումը եկեղեցւոյ նոր զանգին, որ սիրայօժար տրամադրուած էր Սպահանի հայոց թեմին կողմէ:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդը շեշտեց եկեղեցւոյ կոչնակի հնագոյն աւանդութեան կարեւորութիւնը, որ հրաւէր տուած է հաւատացեալներուն` եկեղեցի յաճախելու եւ ապրելով իր քրիստոնէական կեանքը այս աշխարհի մէջ` օր մը արժանի ըլլալու երկինքի արքայութեան:

Ապա ան իր եղբայրական շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քեչեճեանին եւ Կրօնական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մովսէսեանին, որոնք սիրայօժար կերպով ընդառաջած էին իր խնդրանքին եւ սոյն զանգը Սպահանէն ուղարկած էին Թաւրիզ` իբրեւ նուէր Կիարտապատի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, երբ վերջինիս զանգը անյայտ ձեռքեր գողցեր էին` վար բերելով զայն եկեղեցւոյ զանգակատունէն:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք գիւղին հոգաբարձութիւնը բոլոր ներկայ հաւատացեալները պատուեց թէյասեղանով, որուն ընթացքին հոգաբարձութեան ատենապետ Արբակ Արշակեանը գիւղի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդին եւ թէ՛ Սպահանի հայոց թեմին:

Նախորդը

Հայաստանի Ժողովրդագրական Վիճակի Հիմնահարցը

Յաջորդը

Լուծման Ճամբու Քարտէս` Միայն Հայկական Ուղիով

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?