Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԳաղութէԳաղութ

Օգոստոս 1, 2019
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Բազմավաստակ Կրթական Մշակ Եւ Ազգային Գործիչ  Կարօ Պետրոսեան Ոչ Եւս Է

Երկուշաբթի, 22 յուլիս 2019-ին վաստակաշատ կրթական մշակ ու ազգային գործիչ Կարօ Պետրոսեան կնքեց իր մահկանացուն:

Կարօ Պետրոսեան շրջանաւարտ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն: Իր սերնդակերտ ծառայութիւնը սկսած է 1950-էն` իբրեւ ուսուցիչ, փոխտնօրէն եւ տնօրէն Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի ազգային վարժարանին, ապա` Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ: 1964-էն սկսեալ  շուրջ 15 տարիներ  վարած է տնօրէնութիւնը նորահաստատ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին: Այնուհետեւ, 1978-էն սկսեալ, շուրջ երեք տասնամեակներ իր ծառայութիւնը շարունակած է թեմի Ազգային Ֆերահեան վարժարանին մէջ` իբրեւ  հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցիչ եւ հայկական բաժանմունքի պատասխանատու:

Կարօ Պետրոսեան, իր կրթական ասպարէզի կողքին, ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն: Հեղինակ է կրօնական եւ պատմական  հատորներու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ յօդուածներու ու հրապարակախօսութիւններու` հայ պարբերական մամուլին մէջ: Կրթական համակարգի տասնամեակներու իր նուիրեալ ծառայութեանց համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Սփիւռքահայութեան հետ կապերու կոմիտէի կողմէ Մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք պատուոյ գիրին, սփիւռքի  նախարարութեան կողմէ Պատուոյ գիրի, Ազգային առաջնորդարանի կողմէ Օրհնութեան գիրի եւ այլ մեծաթիւ գնահատանքներու` զանազան կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու կողմէ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին

7 յուլիսին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ ս. պատարագին եւ ժողովուրդին ուղղեց իր պատգամը: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նախորդ օր նշուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Գիւտ նշխարաց տօնը եւ վեր առաւ մեր հաւատքի հօր քրիստոսատիպ կեանքն ու առաքելութիւնը: Սրբազանը շեշտեց հաւատքի կարեւորութիւնը եւ առկայութիւնը` նկատել տալով, որ մեր հաւատքը պէտք չէ խարսխել միայն հրաշքներու ակնկալութեան վրայ:

Պատարագին ներկայ էին նաեւ թեմը ներկայացնող երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած 5-18 օգոստոսին տեղի ունենալիք «Երիտասարդներու ամառնային դասընթացք»-ին: Մասնակիցներն են` Շահան Աթմաճեան, Գարին Այվազեան, Լարա Տեմիրճեան, Վանայ Տեմիրճեան, Յովիկ Ջաղացպանեան եւ Փառէն Տէր Պետրոսեան:

Ս. պատարագի աւարտին սրբազանը, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեանի, հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ, խրախուսեց զանոնք` ընդգծելով, որ նմանատիպ դասընթացքներ կենսական են մեր երիտասարդները քրիստոնէական ուսուցումներով զինելու եւ զանոնք աւելի հաղորդակից դարձնելու մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, որպէսզի իրենք եւս մասնակցութիւն բերեն թեմի ծառայական կեանքին: Առաջնորդ սրբազանը երիտասարդներուն ներկայացուց դասընթացքի օրակարգը` Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, Սուրբգրային սերտողութիւն, պատարագի մեկնութիւն, ծէս, միջեկեղեցական շարժում եւ միջկրօնական երկխօսութիւն եւ այլն: Երիտասարդ-երիտասարդուհիները դասընթացքին նախապատրաստելու նպատակով Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեանին կողմէ պատրաստուած թղթածրար մը տրուեցաւ անոնց, ուր ներկայացուած են աստուածաշնչական ու եկեղեցաբանական գիտելիքներ:

Տոքթ. Սեդա Փանոսեանի Ընտանիքը «Մամլոյ Տարուան» Առիթով 2500 Տոլար Կը Նուիրէ «Ասպարէզ»-ին

Մեծի Տանն Կիլիլկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2019 տարին «Մամուլի տարի» հռչակելուն առիթով տոքթ. Սեդա Փանոսեան եւ ընտանիքը 2500 ամերիկեան տոլար նուիրեցին «Ասպարէզ» օրաթերթին»:

Տոքթ. Սեդա Փանոսեան նկատել տուաւ, որ եկեղեցին, դպրոցը եւ մամուլը հայապահպանման հիմերը կը հանդիսանան: Ան յայտնեց, որ իր հանգուցեալ ամուսինը` աւագ սարկաւագ Յակոբ Թիւթիւնճեան, որ տասնամեակներ անհուն սիրով ծառայած է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ, «Ասպարէզ» օրաթերթը կը սիրէր եւ կը հովանաւորէր, աւելցնելով, որ միշտ ուրախութեամբ եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդար զայն եւ կը խրախուսէր նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ` պահպանելու համար մամուլը, յատկապէս` սփիւռքի տարածքին:

Ռուսիա

Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի Այցելութիւնները

20 յուլիսին սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ բնակող հայ արուեստագետներու եւ մշակոյթի գործիչներու հետ: Ան բարձր գնահատեց անոնց ներդրումը հայ-ռուսական մշակութային կապերու զարգացման գործին մէջ: Սինանեան առիթ ընծայեց անոնց, որպէսզի ներկայացնեն իրենց առաջարկները, նաեւ կարծիքները` Հայաստանի հետ արդիւնաւէտ աշխատանք տանելու համար:

Ներկաները պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց ուժերը, գիտելիքներն ու փորձը ներդրելու հայկական մշակոյթը աշխարհին բարձր մակարդակով ներկայացնելու համար: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան` Հայաստանի մշակութային կեանքին սփիւռքի արուեստագէտներու գործօն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, հայաստանաբնակ արուեստագէտներու հետ համագործակցութիւնը, սփիւռքի թանգարանի ու համահայկական հեռատեսիլի գաղափարը, կրթութեան եւ մշակոյթի կապին, հայկական ճարտարապետութեան պահպանումը եւ զարգացումը:

Այնուհետեւ Զարեհ Սինանեան հանդիպում ունեցաւ Եարոսլաւլի, Տվերի եւ մերձմոսկովեան քաղաքներու հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Խօսուեցաւ հայ երիտասարդները Հայաստանի կեանքին մէջ ներգրաւելու ծրագիրներու մասին: Քննարկուեցան նաեւ հայապահպանութեան, սփիւռքի մէջ կրթական գործի կազմակերպման, հայկական ներուժի համախմբման վերաբերեալ հարցեր:

21 յուլիսին Սինանեան այցելեց Մոսկուայի հայկական եկեղեցական համալիր, ապա` Ս. Գրիգոր Նարեկացի վարժարան, որ իր գործունէութիւնը պիտի սկսի սեպտեմբերին: Սինանեան` ծանօթացաւ նաեւ եկեղեցւոյ «Տապան» թանգարանի ցուցանմուշներուն եւ «Գաւիթ» թատրոնի գործունէութեան:

Այնուհետեւ ան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն, Ս. Գրիգոր Նարեկացի վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին, «Հայորդեաց» տան աշխատակազմին, Հայագիտական բաժինի եւ «Տապան» թանգարանի աշխատակիցներուն, «Նուռ» եկեղեցասէր երիտասարդութեան անդամներուն, թեմի մշակութային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, «Հայաստանեայց Եկեղեցի» թերթի լրագրողներուն, գրադարանի տնօրէնութեան ու շարք մը հաւատացեալներու հետ եւ պատասխանեց զանոնք յուզող բազմաթիւ հարցերուն:

Զարեհ Սինանեանը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ հայ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Խօսելով հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու մասին` Սինանեանը նշեց, որ այս գործակցութեան մէջ առաջնահերթութիւն է համայնքներու ամրապնդումը, եւ եզակի հնարաւորութիւն մը ստեղծուած է կերտելու այնպիսի Հայաստան մը, որ բոլորին ապագայի հանգրուանը դառնայ:

Այնուհետեւ ներկաները հարցումներ ուղղեցին Սինանեանին, որոնք կը վերաբերէին սփիւռքի կազմակերպման գործընթացին, սփիւռքի ճանաչողութեան, հայրենադարձութեան, համահայկական երիտասարդական հարթակներու ստեղծման: Զարեհ Սինանեանը կարեւոր նկատեց Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ սփիւռքահայ երիտասարդներու ներգրաւումը եւ հրաւիրեց ներկաները համատեղ աշխատանքի` սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մէջ:

Լոնտոն

Հայկական Ամառնային Տարեկան Փառատօն

14 յուլիսին Լոնտոնի Իլինկ թաղամասին մէջ, 8-րդ անգամն ըլլալով, տեղի ունեցաւ ամէնամեայ հայկական ամառնային փառատօնը, որ կը կազմակերպուի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան թեմի հովանաւորութեամբ:

Փառատօնը սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ` ի յիշատակ վերջերս մահացած Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արման Կիրակոսեանի:

Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցան` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանը, Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Արամ Արարատեանը, Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու պալատի անդամներ Սթիւըն Փաունտն ու Ռուպա Հաքը եւ Իլինկի քաղաքապետ Ապտուլա Կուլէյտը:

Փառատօնի հարիւրաւոր մասնակցողները վայելեցին հայկական արուեստը` երաժշտութիւնն ու պարերը եւ համտեսեցին հայկական ճաշատեսակներ:

Առանձին տաղաւարներով ներկայացուեցան շարք մը բրիտանահայ համայնքային կազմակերպութիւններ, հայկական արտադրութիւններ, ինչպէս նաեւ` հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, աւանդոյթներն ու պատմութիւնը:

Լեհաստան

Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Լեհ-հայկական հիմնադրամին, 11 յուլիսին Վարշավայի մէջ տեղի  ունեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ հայ մեծանուն բանաստեղծի ստեղծագործական եւ հասարակական գործունէութեան, անոր համամարդկային խոհափիլիսոփայութեան: Ան նշեց, որ Թումանեանի ստեղծագործական ոճը` ձեւով պարզ, սակայն բովանդակութեամբ եւ իմաստով խոր, միշտ առինքնող է նախորդ եւ ներկայ սերունդներուն:

Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ թարգմանիչ Կալինա Իզապելլա Զիոլայի կողմէ կատարուած «Թմկաբերդի առումը» պոէմի լեհերէն թարգմանութիւնը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ փաստավաւերագրական ժապաւէն մը` նուիրուած Թումանեանին:

Ջաւախք

«Ջիւանական Եւ Տէրեանական Օրեր»

Կազմակերպութեամբ «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամին, աջակցութեամբ Հայաստանի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ տեղական իշխանութիւններուն 20-21 յուլիսին Ջաւախքի Կարզախ եւ Գանձա գիւղերուն մէջ տեղի ունեցան  «Ջիւանական եւ տէրեանական օրեր» տօնակատարութիւնները: «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի հոգաբարձութեան նախագահ Սօս Սահակեանը իր ելոյթին մէջ նշեց, որ այս տարի կ՛աւարտի Ջիւանիի տուն-թանգարանի հիմնադիր «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամին 5-ամեակը, աւելցնելով, որ Ջիւանիի տուն-թանգարանը կը դառնայ ազգային-կրթամշակութային կազմակերպութիւն, որուն շուրջ կը նախատեսուի ստեղծել նաեւ «Արմաթ» գիտաշխատանոց:

20 յուլիսին Կարզախի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ գոհաբանական աղօթք, որուն յաջորդեց յարգանքի տուրքի մատուցում եւ ծաղիկներու զետեղում Ջիւանիի կիսանդրիին մօտ, ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի աշուղ Ջիւանիի տուն-թանգարանը, ուր ծանօթացան Ջիւանիի թողած ժառանգութեան:

Տեղի ունեցաւ նաեւ Ջիւանիի մեծարման նուիրուած աշուղական մրցոյթ` մասնակցութեամբ Աշուղ Լէյլիի եւ Աստղանուշի: Մրցոյթին նպատակն էր վերականգնել հայկական մշակոյթին բնորոշ այս աւանդոյթը` նպաստելով աշուղական արուեստի արժեւորման: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Նախորդը

«Մէկ Օր Հայրենիքի Հետ» (Լիբանանեան Բանակի Տօնին Առիթով)

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Զոհրապ Մնացականեանի Այցելութիւնը Ս. Էջմիածին Եկեղեցի

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?