Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Նոր Ջուղա Լիզպոնի Հինգ Անձնազոհ Մարտիկներու Յիշատակին Նուիրուած Ֆութպոլի Խաղեր Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Սկաուտական միաւորի Գերագոյն մարմինին եւ կազմակերպութեամբ սկաուտներէ կազմուած գործադիր յանձնախումբին,  5 օգոստոսին միութեան մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգ մարտիկներուն նուիրուած ֆութպոլի մրցաշարքի բացման հանդիսութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ սկաուտ Վանիա Պետրոսեանը, որմէ ետք Գերագոյն մարմինի խօսքը կարդաց Թանգիկ Միրզախանեանը: Այնուհետեւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Լեհաստան Հայաստանին Եւ Լեհաստանի Հայ Համայնքին Նուիրուած Փառատօն Հովանաւորութեամբ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Սլուպսկի քաղաքապետարանին, կազմակերպութեամբ  «Ադամանդէ ձայն» հիմնարկին, 6-8 օգոստոսին Լեհաստանի Ռովի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային երաժշտական մրցոյթ-փառատօն: Փառատօնին մէկ օրը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հայաստանին եւ Լեհաստանի հայ համայնքին: Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Էդգար Ղազարեանը ելոյթ ունենալով` շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչներուն`  Լեհաստանի հայ համայնքին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝  ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ  Մարտիկ Մատենճեանին Անգլերէն Նոր Հատորը` Մրցանակակիր Հոլիվուտի Գիրքերու 2017-ի փառատօնը երեք մրցանակներու արժանի գտած է Մարտիկ Մատենճեանին «Ռիքլէյմինկ ռեւիշտ փարատայզ» խորագիրը կրող անգլերէն նոր հատորը, որ թարգմանութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին նուիրուած անոր` «Մեր հողերը, մեր հողերը» հայերէն հատորին, եւ շարունակութիւնը` «Ռեւիշտ փարատայզ» հատորին, որ նուիրուած էր Ցեղասպանութեան ժամանակահատուածին: «Ռիքլէյմինկ ռեւիշտ փարատայզ» գիրքը շահած...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Լիզ­պո­նի Գոր­ծո­ղու­թեան 34-ամ­եա­կին Նուիր­ուած Ձեռ­նարկ­ներ Աւստ­րալ­իա Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՀՅԴ Արեւմտ­եան Սիտնիի ՀՅԴ «Քե­ռի» խում­բին, 30 յու­լի­սին Սիտնիի Հայ առա­քե­լա­կան Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ Ս. պա­տա­րա­գի, մա­տուց­ուե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն` նուիր­ուած Լիզ­պո­նի հինգ նա­հա­տակ­նե­րուն: Աւար­տին եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ կանգ­նեց­ուած խաչ­քա­րին մօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում: Այ­նու­հե­տեւ Սմիթ­ֆիլ­տի սկաու­տա­կան սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նարկ, որուն բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Կի­կօ Կի­րա­կոս­եան:...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Շուէտ Լիզպոնի 5-ի Մարտիկներու Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ Սուտերթէլիոյ Քաղաքին Մէջ Կիրակի, 30 յուլիսին, Շուէտի Սուտերթէլիոյ հայահոծ քաղաքի Ս.Մարիամ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ յիշատակը Լիզպոնի 5-ի մարտիկներու, որոնք 34 տարի առաջ մեկնելով Լիզպոն նահատակուեցան վասն Հայ դատի արդարութեան ու հայութեան անզիջելի իրաւունքներու պահանջատիրութեան` ապացուցելով գերագոյն զոհաբերութեամբ նուիրուելու կամքը: Ձեռնարկը կազմակերպած էր Շուէտի ՀՅԴ կառոյցը, օժանդակութեամբ` ՀՅԴ Շուէտի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՄԸՄ-Ի Քեսապի Մասնաճիւղի Սկաուտական Երկրորդ Խորհրդաժողովը 29 յունիսին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղի սկաուտական երկրորդ խորհրդաժողովը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկերեանի, Շրջանային սկաուտ խորհուրդի անդամներ Յարութ Ղազարեանի եւ Ճորճ Գալայճեանի, Քեսապի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ խորհուրդին: Մանուկ Քէօշկերեան խօսք առնելով, գնահատեց մասնաճիւղի ութամսեայ ձեռնարկներն ու աշխատանքները` մաղթելով յաջողութիւն յառաջիկայ ծրագիրներուն, ապա ներկայացուց մասնաճիւղի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպի «Դալար» Այգեստանը Կրկին Վերածուեցաւ Ընտանեկան Ջերմ Միջավայրի Հալէպի ԱՄԺ տան խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան ջանքերով «Դալար» այգեստանը կրկին վերածուեցաւ ընտանեկան ջերմ միջավայրի Յետպատերազմին, բարեկարգման աշխատանքներու աւարտէն ետք, 21 յունիսին այգեստանը ընդունեց հալէպահայ ընտանիքներ եւ վերագտաւ իր երբեմնի կենսունակութիւնը: Թեհրան Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին Հանդիպումները * 5 յուլիսին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք....

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Եւրոպա  Նոր Նշանակումներ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակին Մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան ընտանիքով Լիբանան տեղափոխուելու պատճառով, 30 յունիս 2017-էն սկսեալ պիտի դադրի զբաղեցնել այս պաշտօնը: Պ. Տեմիրճեան գրասենեակի աշխատակազմի մշտական անդամ դարձաւ հոկտեմբեր 2010-ին եւ այս ընթացքին ան նուիրումով եւ ձեռնհասութեամբ կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնները: 1...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ատրպատական  Հայ Համալսարանականներու Միութեան Այցելութիւնը Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Վանք 2 յունիսին, Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ, միութեան անդամներէն խումբ մը այցելեց Ջուլֆա: Անոնք ուղղուեցան դէպի Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը: Ուսանողները հետաքրքրուեցան վանքի դարաւոր անցեալով եւ ուսումնասիրեցին անոր ներքին եւ արտաքին պատերուն վրայ գրուած արձանագրութիւնները: Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան այցելեց վայրը եւ աղօթքէ...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յորդանան Գագիկ Գինոսեան Ամմանի Մէջ 16-23 մայիսին Ամման (Յորդանան) այցելեց  «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիր-գեղարուեստական ղեկավար, Գագիկ Գինոսեանը, որ ունեցաւ հանդիպումներ հայ համայնքին հետ ինչպէս նաեւ պաշտօնական հանդիպումներւ: Հայաստանի մշակոյթի նախարար Ա. Ամիրեանի յանձնարարութեամբ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի միջնորդութեամբ կազմակերպուեցան 2 հանդիպումներ` Յորդանանի մշակոյթի նախարար Նեպիհ Շուքոմի հետ: Ան հանդիպում ունեցաւ Ճարաշ փառատօնի տնօրէնութեան հետ, որոնք նկատի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հայաստանի Անկախութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ Քեսապ 27 մայիսին Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան եւ հանրապետութեան 99-րդ տարեդարձը: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանի նախակրթարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մարիա Ղազարեանը, որ արժեւորումը կատարեց մայիս 28-ին` ընդգծելով անոր դերը հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան մէջ: Օրուան բանախօսն էր Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանի միջնակարգի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Սեւան Պետուրեան-Աշըգեանը: Ան ընդգծեց մայիս 28-ի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայաստանի Անկախութեան 99-ամեակի Նշում Սուրիա * Կազմակերպութեամբ Համազգային «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 26 մայիսին Դամասկոսի «Ամինեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մարալ Գաթըքլեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Հայաստանի եւ Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը: Վարչութեան խօսքը արտասանեց Շողիկ Սարգիսեան, որ  անդրադարձաւ մայիսեան պատգամներուն: Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան իր ելոյթին մէջ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քուէյթ Ազգայիններու Պարգեւատրումներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին Քուէյթ տուած այցելութեան ծիրին մէջ կատարուեցան հետեւեալ պարգեւատրումները: Անուշաւան Նազարեան ստացաւ «Իշխան»¬ի շքանշան, Ֆիլիփ Փաթաթանեան,  Գրիգոր Սուագճեան, տոքթ. Ժանօ Պէպէճեան, Յակոբ Պետիրեան,  Մունիր Դարբինեան եւ Կոստանդին Մոմճեան` «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշաններ, իսկ Եղիա Կարպուշեան` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշան: Կիպրոս Հանդիպում Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ Երկուշաբթի, 29 մայիս 2017-ի առաւօտեան...

Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 99-ամեակի Տօնակատարութիւնը Հալէպի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 99-ամեակի Տօնակատարութիւնը Հալէպի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 99-ամեակի տօնակատարութիւնը մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ` մասնակցութեամբ հայրենի երգիչներ Արսէն Գրիգորեանի եւ Մկրտիչ Մկրտիչեանի` խուռներամ բազմութեան ներկայութեամբ:

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Նոր Ջուղա Ս. Ամենափրկիչ Վանքի Շրջափակին Մէջ Խաչքարի Բացում 14 մայիսին Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ խաչքարի բացում` պատմական Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն բնօրինակին համաձայն, որ իրականացուեցաւ Յարութիւն, Շողեր, Արշալոյս եւ Ծաղկուշ Խուտավերդեաններու նիւթական աջակցութեամբ: Խաչքարը աշխատանքն է հայաստանաբնակ քանդակագործ Արտակ Համբարձումեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թովմա Գալստանեան, որ անդրադարձաւ պատմական Ջուղայի խաչքարերու առանձնայատկութիւններուն եւ ազրպէյճանցիներու...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Նոր Ջուղա Գէորգ Ստեփանեանի «Համազասպ» Գիրքին Շնորհահանդէսը Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, վերջերս Նոր Ջուղայի հայոց ազգային կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայ գաղթօճախներու եւ սփիւռքի պատմութեան բաժնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեանի «Համազասպ» գիրքին շնորհահանդէսը: Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Թորոսեան դրուատեց հեղինակին կատարած լայնածաւալ աշխատանքը` շեշտելով,...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քուէյթ «Ազդակ»-ի 90-ամեակի Նշում Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քուէյթի պատասխանատու կազմին, 25 ապրիլ 2017-ին, Քուէյթի ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի 90-ամեակին նուիրուած երեկոյ: Ցուցադրուեցաւ «Ազդակ»-ի 90-ամեակի բացառիկին նուիրուած Լիբանանի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական բաժանմունքին պատրաստած տեսանիւթը, ուր բացառիկի խմբագրական կազմի անդամները լայնօրէն ներկայացուցին  յօդուածներու հաւաքման, յօդուածագիրներու ապահովման,  յուշագրութիւններու գրառման աշխատանքներն ու վերլուծումներու եւ հարցազրոյցներու արծարծած...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՛ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Պոլիս Թուրք Արուեստագէտի Ցուցահանդէսը` Նուիրուած 1915-Էն Մինչեւ Այսօր Տեղի Ունեցած Բռնագաղթերուն Վերջերս տեղի ունեցաւ թուրք արուեստագէտ Արզու Բաշարանի «Թերեւս այնտեղ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը, որուն միջոցով ան ուզած է ժողովուրդին ուշադրութիւնը հրաւիրել երեւոյթի մը, որ սկսած  է Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակներէն եւ ներկայիս ալ տարածուած է Սուրիոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ: Բաշարան իր ներկայացուցած  պաստառներուն ընդմէջէն փորձած է արծարծել...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄՄՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա Ծաղկամատոյց Եւ Արեան Տուչութիւն 24 ապրիլի առաւօտեան հալէպահայութիւնը խիտ շարքերով, շքերթով Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տունէն ուղղուեցաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած ծաղկեմատոյցին: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարումներով սկսած շքերթին կը մասնակցէին հալէպահայ ազգային մարմիններն ու միութիւններու ներկայացուցիչները, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, պատկան մարմինի ներկայացուցիչներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ,ՍՕԽ-ի...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Եգիպտոս Ռիթա Գէորգեան` Եգիպտոսի Մէջ Անհատական Ցուցահանդէս Ունեցող Առաջին Փոքրիկը Վերջերս 12-ամեայ Ռիթա Գէորգեանը Եգիպտոսի մէջ ունեցաւ իր առաջին ցուցահանդէսը, որ կը կրէր «Եգիպտահայ դէմքեր» անունը: Ան նաեւ Եգիպտոսի առաջին փոքրիկն է, որ կ՛ունենայ իր անհատական ցուցահանդէսը: Ռ. Գէորգեան 30 պաստառներու վրայ նկարած է յայտնի քաղաքական եւ այլ բնագաւառներու գործիչներ, ինչպէս նաեւ` եգիպտացի յայտնի հայերու դիմապատկերները, ինչպէս`...

Page 36 of 43 1 35 36 37 43

Արխիւներ