Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Կիպրոսի համալսարանի աստուածաբանական բաժնի տնօրէն բրօֆէսոր՝ Պրն. Խրիսթոս Իքոնոմուն եւ ընդհանուր քարտուղար՝ Պրն. Լուքաս Բանայօթիսը ու պաշտօնական հանդիպում մը ունեցան Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ:
Աւելի քան մէկ ժամ հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան համալսարանի գործունէութեան, ուսման ծրագիրներուն, ուսանողներուն եւ կրթաթոշակներուն մասին, որոնցմէ կրնան նաեւ օգտուիլ Կիպրահայ գաղութի զաւակները, ինչպէս այլ փոքրամասնութեանց կամ օտարներու պարագային:
Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հանդիպման համար եւ մասնաւոր գնահատանքն ու քաջալերանքը փոխանցեց Պրն. Իքոնոմուին կատարած բոլոր տեսակի աշխատանքներուն եւ ի մասնաւորի կիպրահայութեան տածած սիրոյն եւ հետաքրքրութեան նկատմամբ: Յայտնենք, որ Սրբազանը Պրն. Իքոնոմուին հանդիպած էր «Փարալիմնի»ի Ս. Խաչի մասին համագումար – գիտաժողովին, ուր դասախօսը մեծապէս տպաւորուած Կաթողիկոսական Փոխանորդի դասախօսութենէն, փափաք յայտնած էր անձամբ տեսնուիլ եւ խօսիլ համալսարանի ծրագիրներուն մասին:
Խրիսթոս Իքոնոմուն կրօններու եւ մշակոյթներու համաշխարհային խորհուրդի առաջին փոխնախագահն է: Ծնած է Կիպրոս բռնագրաւեալ Կայրինեայի մէջ: Աստուածաբանութիւն ուսանած է Աթէնքի համալսարանի աստուածաբանական դպրոցին մէջ եւ շարունակաբար Մագիստրոսի եւ (PhD ) Տօքթորայի վկայականները ստացած է Լոնտոնի (King) եւ Թեսաղոնիկէի Արիստոտէլեան համալսարաններէն: Ընտրուած է տեսուչ Արիստոտէլեան համալսարանի հոգեւոր դպրոցի բաժնին եւ երկու անգամ աստուածաբանական համալսարանի նախագահ: Ան նաեւ Ուղղափառ աստուածաբանական դպրոցներու համաշխարհային դաշնաւորութեան նախագահն է, Աստուածաշունչի Միացեալ ընկերութիւններու ընդհանուր խորհուրդի անդամ եւ Կրօններու համաշխարհային խորհուրդի փոխնախագահը: Հիմնած եւ հինգ անգամ ղեկավարած է Ուղղափառ Մեկնողական Աստուածաբանութեան համագումարները, ուր դասախօսած են Եւրոպայի եւ Ամերիկայի անուանի բրօֆեսորներ։ Եղած է Պաֆոսի պարսպի Սուրբ Նեոֆիտոսի գիրքերու հրատարակութեան վեցհատորեայ գրախօսականի գլխաւոր համակարգողը, որ արժանացած է Աթէնքի ակադեմիայի մրցանակին: Աւելի քան 45 տարուան դասախօս, որուն աշակերտած են հարիւրաւոր աշխարհականներ եւ կրօնականներ: Հեղինակ է գիրքերու եւ հարիւրաւոր յօդուածներու:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
4 Մայիս 2022