Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ
Ամեակի Ոգեկոչումը Օթթաուայի Մէջ
Կիրակի, 24 ապրիլ 2022-ին քանատահայութիւնը պահանջատիրութեան իր ձայնը անգամ մը եւս բարձրացուց Օթթաուայի մէջ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Քէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանած հայորդիներու:
Ոգեկոչման եւ պահանջատիրութեան հանդիսութիւնը կազմակերպած էր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, ընկերակցութեամբ Քանատայի Երիտասարդական միութեան. անիկա այս տարի բացառաբար տեղի ունեցաւ Օթթաուայի թրքական դեսպանատան դիմաց` իբրեւ ցասման ու պոռթկումի խորհրդանիշ: Ցոյցի ընթացքին` ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան, Պատանեկան միութեան եւ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդներն ու պատանիները անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ յանձնառու են պահանջատիրական երթը շարունակելու իրենց կոչումին, տէր կանգնելու Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան եւ «Զարթի՛ր լաօ» նշանաբանով ընդդիմանալու Հայաստանի գործող իշխանութեանց ձախաւեր քաղաքականութեան: Միւս կողմէ, սակաւաթիւ թուրք եւ ազերի ցուցարարներ հակահայ պաստառներով նախաձեռնած էին հակացոյցի եւ կը վանկարկէին հակահայ լոզունգներ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Քանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:
Յանուն ՀՅԴ Բիւրոյին, խօսք առաւ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Ան նշեց, որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ու պահանջատիրութեան այս ցոյցը վստահաբար մեզի մտածել կու տայ մեր հողային, մտաւորական, մշակութային եւ մարդկային ահաւոր կորուստներու մասին, միաժամանակ` մոխիրներէն յառնող հայ ժողովուրդի ապրելու կամքին, ստեղծագործելու եւ նահատակաց ուղիով անվհատ աշխատելու, պահանջելու եւ պայքարելու մարտունակութեան մասին: Ան բուռն կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ յայտնեց, թէ նման ուրացումներ կրնան առաջնորդել այլ ցեղասպանութիւններու գործադրութեան ու անպատժելիութեան: Ապա նշեց, որ հայ ժողովուրդը ամէնուր ոտքի է այսօր, ի հեճուկս տառապանքներու, խարդաւանանքներու ու դաւերու: Մեր պատմութեան մէջ բազում պարտութիւններ ունեցած ենք, բայց իւրաքանչիւր պարտութիւն մղած է մեզ միանալու ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ եւ նոր զարթօնքով կերտելու նոր յաղթանակներ: Աւարտին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին` արթննալու իր թմբիրէն, մէկդի նետելու յուսահատութեան ու բարոյալքման ալիքները եւ լծուելու հայրենիքի փրկութեան գործին:
Խօսք առաւ Քանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, որ նշեց, թէ այդ ցոյցը երկու նպատակ կը հետապնդէ. առաջին` ոգեկոչում մեր մէկուկէս միլիոն զոհերուն, եւ երկրորդը` հայրենիքի փրկութեան ուխտի վերանորոգում: «Այսօր ճակատագրական փուլի առջեւ կանգնած ենք, բոլորիս համբերութիւնը հատած է եւ կը սպասենք բեկումնային պահուան: Ճակատագրական պահ է, որովհետեւ ցեղասպանութեան հեղինակները 107 տարիներ ետք անգամ մը եւս կազմակերպեցին ցեղասպանութիւն եւ այսօր պաշտօնական Երեւանն ու Անգարան իրար կ’արձագանգեն խաղաղութեան դարաշրջանի փուճ ու սին խոստումներով», շեշտեց Գարագաշեան` կոչ ուղղելով աշխարհասփիւռ հայութեան` թեւ-թիկունք կանգնելու Հայաստանին ու Արցախին, դառնալու մեր նորօրեայ ազատագրական պայքարի արտաքին պարիսպները եւ կերտելու նոր ժամանակներու անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը թոյլ պիտի չտայ «նշաձողերու իջեցման», ոչ ալ «խաղաղութեան դարաշրջան»-ի սնաբարոյ քաղաքականութեան կիրառման ջանքերուն, այլ` միահամուռ ջանքերով սատար պիտի հանդիսանանք Արցախի ու Հայաստանի մեր ազատատենչ հայրենակիցներուն եւ միասնական ոգիով պիտի աշխատինք` ի խնդիր հայութեան գերագոյն շահերուն:
Այնուհետեւ, հերթականութեամբ խօսք առին ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Մարինա Քասիսն ու Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Ռիթա Մուրատեանը, որոնք յանուն հայ երիտասարդութեան վերանորոգեցին իրենց յանձնառութիւնը` նոր աւիւնով ու ուժով շարունակելու պահանջատիրական արդար դատի պայքարն ու Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման ու հզօրացման ուղղուած աշխատանքները:
Եզրափակիչ պատգամով հանդէս եկաւ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան: Ան նշեց, որ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուինք` պէտք է յիշատակենք, վերակոչենք եւ վերանորոգենք Ապրիլեան նահատակաց հաւատարմութեան մեր ուխտը, այսօ՛ր եւ ամէն օր, հաւաքաբար եւ ազգովին, առաւել քան մէկուկէս միլիոն անշիրիմ մեր սրբադասեալ նահատակներու յիշատակին առջեւ, հայութեան եւ հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեան մեր վճռակամութիւնը վերամկրտենք ու վերահաստատենք, մինչեւ արդարութեան վերադարձը` արդարութեան պահանջատէրերուն: Նահատակներու ժառանգորդներուս պարտքն է` ըսաւ սրբազանը, անոնց յիշատակը, հաւատքի խայծը անմար պահել մեր եւ նոր սերունդներու սրտին ու կեանքին մէջ: Անոնց նահատակութիւնը եւ կտակը արժեցուցած եւ իրականացուցած կ’ըլլանք, երբ նահատակներու հոգին մեր մէջ ապրեցնենք եւ միասնական ճիգերով անոնց անաւարտ երազները իրականացնենք:
Ուրուկուէյ
Ուրուկուէյի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում`
Նախագահ Լուիս Լաքաժէ Փօուի Ներկայութեան
26 ապրիլին Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան խորհրդարանի նախագահ, պատգամաւոր Օփէ Պասքէթ, որ` անդրադառնալով օրեր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի կողմէ հայերուն ուղղուած Գորշ գայլերու նշանը ցոյց տալուն, խստօրէն դատապարտեց արարքը, Ուրուկուէյի փոխնախագահ Պէաթրիս Արխիմօ անգամ մը եւս վերահաստատեց երկրի հաւատարմութիւնը Հայ դատին նկատմամբ: Քաղաքագէտ, լրագրող Քլաուտիօ Ֆանտինի իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ ժխտողականութեան մասին:
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Ուրուկուէյ-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան տեսերիզով փոխանցեց իր խօսքը: Ան` բարձր գնահատելով Ուրուկուէյի պատմական կեցուածքը, նկատել տուաւ, որ ներկայիս երբ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը արդէն իսկ իրողութիւն է, առանձնակի ակնածանքով կը յիշենք Ուրուկուէյի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը 1965 թուականին, երբ Ուրուկուէյը դարձաւ աշխարհի առաջին պետութիւնը, որ արդարութեան ձայն հնչեցուց եւ սկիզբը դրաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին:
Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբի անունով Կապրիէլա Մուժուքեան քննադատեց երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ նոյն օրը ընդունած էր թուրք արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուին եւ բարձր գնահատեց Ուրուկուէյի նախագահին արագ արձագանգը այս դէպքին:
Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի
Ոգեկոչման Ձեռնարկներ Գաղութներուն Մէջ
Սուրիա
* 22 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով, տեղի ունեցաւ ժողովրդային ջահերթ «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տունէն դէպի ազգային գերեզմանատուն` օրուան կարգախօսը պարզող եւ Թուրքիան դատապարտող պաստառներով ու ցուցատախտակներով:
Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշաքարին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ապա հայ հոգեւոր պետերը` միացնելով իրենց ջահերը, վառեցին յուշաքարին մօտ գտնուող ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը խորհրդանշող ջահը:
ՍԵՄ-ականները հանդէս եկան Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը դատապարտող, հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները ուրուագծող եւ մեր գոյերթին մէջ երիտասարդութեան դերը շեշտադրող հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով: ՍԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Թինա Գասպարեան, որմէ ետք իր պատգամը ուղղեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան:
* 23 ապրիլին Ս. Երրորդութիւն Զուարթնոց եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջհամայնքային հանդիսութիւն, որ կը կրէր «Պիտի յիշենք եւ պահանջենք» խորագիրը: Օրուան պատգամը ուղղեց Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սէլիմեան, որ թուեց դարերու ընթացքին թուրքին գործած ոճիրներն ու հայաջինջ քաղաքականութիւնը, որ հասաւ մինչեւ սուրիական հողեր, եւ դատապարտեց Թուրքիան, որ մեզմէ խլեց մեր ժառանգութիւնը, մեր ժողովուրդին մեծ տոկոսը ցեղասպանութեան ենթարկեց: Ան շեշտեց, որ դատապարտելու կողքին մենք պիտի պահանջենք, որովհետեւ մեր Դատը արդար է եւ ուշ կամ կանուխ անիկա պիտի ունենայ իր արդար լուծումը:
Օրուան բանախօս` քաղաքական վերլուծաբան դոկտ. Սարգիս Պուրունսուզեան պատմական փաստերով նախ ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայութեան տնտեսական կարողութիւնները ու ցեղասպանութեան դրդապատճառները` ոչնչացնելու հայ ազգն ու կողոպտելու անոր իրաւունքները:
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը չի նմանիր այլ ազգերու ցեղասպանութիւններուն, որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան, հետագային նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ղեկավար տարրը ոչ միայն ծրագրեց սպաննել մեր ազգը, կողոպտել անոր եկեղեցական, մշակութային, սեփական կալուածները, ինչքերը, մեր թագաւորութիւններու օրերէն հաստատուած ամրոցները, գանձերը, պատմական մեր հողերը, այլ նաեւ հայրենազուրկ դարձուց մեր ազգը` զայն բռնագաղթի ենթարկելով: Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ մշակութային ցեղասպանութեան եւ` մարդկային ու նիւթական կորուստներուն կողքին, հայ ժողովուրդին ոչ նիւթական հարստութեան կորուստին` շեշտելով, որ Թուրքիոյ անպատիժ մնալը հետագային հիմնական խթանը եղաւ այլ ցեղասպանութիւններու կազմակերպման:
Ան կոչ ուղղեց` չբաւարարուելու յիշելով եւ պահանջելով, այլ դիմադրելով եւ մերժելով պարտութիւնը ու կերտելով նոր յաղթանակներ:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը իր պատգամով շեշտեց այն միտքը, որ, թէեւ մեր ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, սակայն վերապրողները ո՛ւր որ գացին, յարգանքի արժանացան, կառուցեցին ու ծաղկեցուցին իրենց ապրած վայրերը, յատկապէս յիշեց Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի արաբ ժողովուրդին հիւրընկալ նկարագիրն ու հայութեան յարութեան նպաստելու քաջ ընտրութիւնը:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը յղեց Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, որ շեշտեց, թէ այն ժողովուրդը, որ կը մոռնայ իր անցեալը, ապագայ չունի եւ այն ժողովուրդը, որ չի յիշեր իր պատմութիւնը, դատապարտուած է ձուլումի: «Հայութեան յառաջընթացի հիմնական գրաւականը միասնակամութիւնն է, հարկ է սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ըլլալ մէկ ձեռք, մէկ բռունցք, որովհետեւ դժուար աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ կ՛ապրինք», շեշտեց ան:
* 24 ապրիլին, Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Մասիս եպս. Զօպուեանի ձեռամբ: Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին պաշտպանեց իր հայրենիքը, կրեց մահը եւ արժանի դարձաւ կեանքի պսակին: 21-րդ դարուն մեր դարաւոր թշնամիին` թուրքին կողմէ, հայ ժողովուրդը դարձեալ կ՛ենթարկուի հալածանքի եւ փորձութեան, որպէսզի հայը հրաժարի իր արդար Դատէն, սակայն ժողովուրդի զաւակները, տարբեր մակարդակներու վրայ առաւել կազմակերպուած կը շարունակեն պայքարիլ, մինչեւ վերատիրանանք մեր արդար իրաւունքներուն, նշեց ան:
Աւարտին Հայ երիտասարդաց միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց` Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յուշակոթողին դիմաց, ուր կայացաւ յիշատակի ձեռնարկ:
Բացման խօսք արտասանեց Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեան` հաստատելով, որ մենք խաղաղասէր ազգ ենք: Ան դիտել տուաւ, որ այսօրուան իշխանութիւնները կոչ կ՛ուղղեն խաղաղութեան, յարաբերութիւններ հաստատելով մեր վաղեմի թշնամիին հետ` բայց ասիկա ընդունելի չէ, ապրինք խաղաղ, սակայն նախ վերատիրանանք բռնագրաւուած մեր իրաւունքներուն:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց` Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յուշակոթողին դիմաց:
* Գործակցութեամբ Հալէպի արեան տուչութեան պետական կեդրոնին, Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով ՀԵՄ-ի կազմակերպած արեան տուչութիւնը տեղի ունեցաւ 24 ապրիլին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ: Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով արտասանած իրենց բացման խօսքին մէջ Գարոլին Քիւրքլեան եւ Լուսին Կրպոյեան հաստատեցին, որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարի ուխտը մինչեւ վերատիրանայ իր իրաւունքներուն եւ հասնի արդար դատին լուծման:
Անոնք երախտագիտութիւն յայտնեցին սուրիացիներուն` արեան տուչութեան տարեկան այս ձեռնարկով: Նշենք, որ 180 հայորդիներ իրենց արիւնը նուիրաբերեցին Սուրիոյ ժողովուրդին` առ ի երախտագիտութիւն արաբ ժողովուրդին եւ յարգանք հայ եւ սուրիացի նահատակներուն:
* 24 ապրիլին, Դամասկոսի «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչում: Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Յակոբ Շիրինեան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան պայքարի գործընթացին: Վարչութեան խօսքը ուղղեց Միսաք Թէմիզճեան, որ անգամ մը եւս հաստատեց պահանջատիրական մեր երթին մէջ սուրիահայ երիտասարդին վճռակամութիւնը` շարունակելու պայքարի երթը մինչեւ յաղթանակ: Օրուան պատգամը ուղղեց Հալէպէն ժամանած փաստաբանուհի Մարիա Գաբրիէլեան, որ համապարփակ գիծերու մէջ նախ պատմական ակնարկ մը կատարեց ցեղասպանութեան անհերքելի իրողութեան, ապա լուսարձակի տակ առաւ Հայ դատի իրաւական թղթածրարի պատրաստման աշխատանքներուն համահայկական մասնակցութեան հրամայականը եւ կարեւոր նկատեց Արցախի հարցին արդարացի լուծումը:
Կիպրոս
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման
Ձեռնարկներ Կիպրոսի Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Կիպրոսի յանձնախումբը, որ կը բաղկանայ Ազգային իշխանութենէն, պետական ներկայացուցիչէն, ինչպէս նաեւ` կիպրահայ համայնքին մէջ գործող կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներէ, այս տարի կազմակերպեց հետեւեալ ձեռնարկները: Կիրակի, 24 ապրիլին Սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ: Այս տարի, յանձնախումբը կազմակերպեց նաեւ երեք ձեռնարկներ կղզիի մայրաքաղաքէն զատ այլ քաղաքներու մէջ:
Շաբաթ, ապրիլ 23-ին, երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնող խաչքարին առջեւ:
Կիրակի, ապրիլ 24-ին երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Լառնաքայի ծովեզերքը գտնուող` Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին առջեւ: Նոյն օրը, Պաֆոսի մէջ, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, «Ցեղասպանութեան այգի»-ին մէջ կանգնող խաչքարին առջեւ:
Յունաստան
* 16 ապրիլին, Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն եւ գոհաբանական մաղթանք` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն:
Հոգեւոր արարողութենէն ետք խօսք առաւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սերգօ Գափլանեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան անպատժելիութեան եւ խօսեցաւ Արցախի վրայ կատարուած 44-օրեայ պատերազմին մասին:
Նէա Զմիռնիի հայազգի փոխքաղաքապետ Վանկելիս Խաչատուրեան խօսեցաւ իր ունեցած ապրումներուն մասին Հայաստան եւ Արցախ այցելած ըլլալով, ապա բուռն կերպով դատապարտեց թուրքեւազրպէյճանական յարձակումը Արցախի վրայ, որ խլեց հազարաւոր հայորդիներու կեանքը: Փոխքաղաքապետը շեշտեց, որ թրքական պետութիւնը պարտի առերեսուիլ իր պատմութեան հետ ու ճանչնալ մարդկութեան դէմ գործած ոճիրները:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ դափնեպսակներու զետեղում, որմէ ետք` բողոքի քայլարշաւ եւ ցոյց դէպի թրքական դեսպանատուն: Երիտասարդական միութեան եռանդամ պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ դեսպանատուն` ժողովուրդի անունով յուշագիր մը յանձնելու դեսպանատան պատասխանատուներուն:
Դժբախտաբար, նախորդ տարիներուն նման, թրքական դեսպանատան դռները անգամ մը եւս փակ մնացին երիտասարդներուն առջեւ` ցոյց տալով թուրք պետութեան կողմէ շարունակուող լռութեան պատի կանգնումը Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութեան դիմաց:
Ոստիկանական ուժերու ցուցմունքը` յուշագիրը դեսպանատան դիմաց գտնուող ծառի մը վրայ զետեղելու` կտրականապէս մերժուեցաւ երիտասարդներու պատուիրակութեան կողմէ, որոնք վերադարձան հաւաքուած ժողովուրդին մօտ առանց գիրը յանձնած ըլլալու: Տեղւոյն վրայ, երիտասարդականի կողմէ Լոռի Գույումճեան բարձրախօսէն արտայայտուեցաւ կատարուած դէպքին մասին դեսպանատան առջեւ եւ բուռն արտայայտութիւններով դատապարտեց թրքական մերժումը: Ան շեշտեց, որ հայ երիտասարդութիւնը պիտի շարունակէ իր անդուլ պայքարը` ընդդէմ թրքական ժխտողականութեան, մինչ ներկայ ժողովուրդը բարձրագոչ արտայայտութիւններով իր ընդվզումը յայտնեց կատարուած իրողութեան համար:
Միաժամանակ, յունական քաղաքական կուսակցութիւններու եւ պոնտական միութեան ներկայացուցիչները խօսք առին եւ բուռն կերպով դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալու իրողութիւնը, Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը, Յունաստանի դէմ Թուրքիոյ յարձակողականութիւնը եւ ռազմաշունչ գրգռութիւնները, թրքական քաղաքականութիւնը եւ մեծապետական շահագործումները:
ՀՅԴ Պատանեկան միութեան անդամներ Նաթալի Էքիզեան եւ Մարիա Մարտիկեան կարդացին ուղերձներ իրենց միութեան անունով, իսկ Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով Վազգէն Սավուլեան ներկայացուց հայ երիտասարդութեան խօսքը եւ Հայ դատի իրագործման համար պայքարելու խոստումը` յունահայ երիտասարդութեան զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախի մարտնչող երիտասարդութեան եւ ժողովուրդին:
* 15 ապրիլին, Գաւալայի «Մեծ ակումբ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ եւ համերգ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:
Բացման խօսքը կատարեց Խրիսթինա Մաթեւոսեան, որ շեշտեց, թէ հայութեան պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական հատուցում: Օրուան բանախօս Մարի Գալայճեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւնը եւ այլ ոճիրները` մարդկութեան հանդէպ գործուած, չեն կրնար մոռացութեան տրուիլ` ո՛չ մարդկային յիշողութեան մէջ, ոչ ալ ժողովուրդներու դատաստանին առջեւ` նկատել տալով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պատմական արդարութեան վերականգնումէն անդին, նախապայման կը հանդիսանայ կանխելու համար նման ոճիրներու կրկնութիւնը: Յաջորդաբար, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Գաւալայի փոխմարզպետ Ալեքսիս Փոլիթիս եւ Գաւալայի քաղաքապետ Թէոտորոս Մուրիատիս, որոնք դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ դրուատեցին Գաւալայի հայութեան ներդրումը քաղաքի կեանքի ծաղկումին մէջ:
* 17 ապրիլին, Քսանթիի մէջ գործող «Թրակիոյ արուեստի եւ աւանդութեան» հաստատութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական ոգեկոչման ձեռնարկ, որուն նախորդեց գոհաբանական աղօթք` Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեանի կողմէ, եւ դափնեպսակներու զետեղում քաղաքի յուշակոթողին առջեւ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարիա Պարոնեան, որ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան շրջանէն մինչեւ 44-օրեայ արցախեան պատերազմի ժամանակաշրջանը տիրող կացութեան` շեշտելով, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ իր խաղաղ պայքարը ճանչցան ու արդարութեան հատուցման համար:
Այնուհետեւ ընթերցուեցաւ Հայաստանի դեսպանութեան ուղարկած ողջոյնի խօսքը, որմէ ետք ելոյթ ունեցան հելլէն խորհրդարանի կողմէ Գաւալայի երեսփոխան Մաքարիոս Լազարիտիս, Քսանթիի փոխմարզպետ Քոնստանտինոս Քուրթիտիս եւ Քսանթիի քաղաքապետ Մանոլիս Ցելեփիս:
Օրուան բանախօս, համալսարանի հանրածանօթ դասախօս եւ աշխարհաքաղաքական հարցերու հմուտ վերլուծաբան Իոաննիս Մազիս իր ներածականին մէջ խօսեցաւ տարածաշրջանային ու աշխարհագրական մեթոտաբանութեան մասին, քարտէսներով ցոյց տուաւ տիրող հին եւ նոր կացութիւնները, որոնք ստեղծուած են աշխարհի մէջ, եւ մանաւանդ հիմա` Ուքրանիոյ պատերազմի մեկնարկէն ետք, ապա յայտնեց, թէ այս պատերազմը շատ լուրջ եւ ճգնաժամային է եւ պիտի փոխակերպէ ամբողջ աշխարհը:
Հասնելով Հայկական հարցին` ան ըսաւ, թէ Հարաւային Կովկասը կարեւոր մաս մը կը կազմէ աշխարհաքաղաքական դաշտին վրայ, ուր դժբախտաբար Հայաստանը եւ ալ աւելի դժբախտ Արցախը մասնիկն են այդ շրջանին: Ան հարց տուաւ, թէ ներկայիս Հայաստանը ի՞նչ պէտք է ընէ` շարունակելով, որ Հայաստանի գոյութիւնը դժուար հարց մըն է, լուծումը` ալ աւելի: Հայաստան կը նայի դէպի Արեւմուտք, բայց Արեւմուտքը չի կրնար զայն պաշտպանել:
* 17 ապրիլին, Աթէնքի պատերազմական թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կեդրոնական քաղաքական ելոյթը: Յարութիւն Սպարթալեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ-յունական պատմական կապերուն եւ երկու ժողովուրդներուն վրայ գործուած անմարդկային ոճիրներուն` նոյն ցեղասպանի ձեռքով, շեշտելով, որ պիտի պայքարինք արդարութեան հատուցման համար մեր ժողովուրդներուն:
Յունաստանի կառավարութեան ու վարչապետին անունով խօսք առաւ արտաքին գործոց փոխնախարար Քոսթաս Ֆրակոեաննիս: Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը եղաւ մարդկութեան հանդէպ ամէնէն քստմնելի ոճիրներէն մէկը, զոր պէտք չէ մոռնալ` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը երկար եւ դժուար եղած է հայերուն համար, սակայն, այսօր պէտք է հպարտ ըլլաք, որ աւելի քան 30 երկիրներ, 17 միջազգային կազմակերպութիւններ եւ այլ բազմաթիւ կառոյցներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելիութիւնը:
Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Ք. Թասուլասի անունով ուղերձ կարդաց երեսփոխան Ե. Քումուցաքոս եւ յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան դահիճները մինչեւ այսօր սարսափահար կը խուսափին, նոյնիսկ ծածուկ, ներողութիւն խնդրել է` իրենց գործած ոճիրին համար: Ան շեշտը դնելով երկու ժողովուրդներու պատմական կապերուն վրայ` յայտնեց, թէ կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկը յիշեցնել կու տայ գերագոյն պարտականութիւնը` երբեք չմոռնալ հայերուն վրայ գործուած Եղեռնը եւ պահանջել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ցեղասպանութեան կազմակերպիչ մարդատեացները մինչեւ օրս ոչ միայն չեն ստացած իրենց արժանի դատավճիռը, այլեւ` նոյնիսկ «մարդասէր» հռչակուած 21-րդ դարուն կ՛ոգեկոչուին, կը փառաբանուին, իսկ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի ժխտուիլ Թուրքիոյ կողմէ: Ան նշեց, որ այդ ժխտողականութիւնը կը ստիպէ այսօր հայուն Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհի չորս անկիւններուն մէջ պայքարիլ յանուն պատմական արդարութեան, յանուն ցեղասպանութեան մաս հանդիսացող ժխտողականութեան պարտութեան ու յանուն ցեղասպանութեան նման սարսափելի եւ համամարդկային ողբերգութիւններու կրկնութեան բացառման:
ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական միութեան անունով Սամուէլ Սամուէլեան շեշտեց, թէ պարտաւոր ենք յիշեցնել ամբողջ մարդկութեան, թէ պարտք ունի կանխելու եւ արդար հատուցում պահանջելու այն բոլոր երկիրներէն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան նման ոճիրներ կը գործեն, ընդունիլ իրենց ոճրագործութիւնները եւ կատարած անմարդկային արարքները: Ան շեշտեց, որ պիտի պայքարինք, որպէսզի հայութեան վերադարձուին ոչ միայն Ազրպէյճանին կողմէ Արցախէն պոկուած հողերը, այլ նաեւ այն բոլոր տարածքները, որոնք այսօր կը գտնուին թրքական բռնի տիրապետութեան տակ: Օրուան բանախօս` Յունաստանի մէջ Կիպրոսի դեսպան եւ դիւանագիտական կազմի աւագ Քիրիաքոս Քենեվեզոս, իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ամէն ցեղասպանութիւն, միայն հայ ժողովուրդին յատուկ չէ, այլ կը վերաբերի բոլոր ժողովուրդներուն, ամէն երկիրի, իւրաքանչիւր ազատ մտածող եւ գործող քաղաքացիի, վերջապէս` ամբողջ մարդկութեան: Ցեղասպանութիւնը համայն մարդկութեան ուղղուած ոճիր է, եւ մենք պարտաւոր ենք թոյլ չտալ անոր կրկնութիւնը: Ան կոչ ուղղեց` միասին, համախոհութեամբ խորանալու այն կապերուն մէջ, որոնք կը յատկանշեն հասարակաց տառապանքներ կրած ժողովուրդները, յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան եւ թրքական բարբարոսութեան հետեւանքով զոհերու յիշատակը, շարունակելու աննկուն կամքով պայքարիլ արդարութեան վերականգնումին համար, որպէսզի մարդկութեան գիտակցութեան մէջ դատապարտուի Թուրքիան, որպէս պատասխանատուն 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան:
Քաղաքական ելոյթի աւարտին, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Սիղտաղմա կեդրոնական հրապարակը գտնուող Անծանօթ զինուորի յուշադամբանը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Պահրէյն
* 22 ապրիլին Պահրէյնի «Պափքօ քլապ»-ի սրահին մէջ, Ս. Յարութեան տօնի Ս. պատարագէն ետք, նախագահութեամբ Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեանի, Պահրէյնի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Ապրիլեան ոգեկոչում` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:
Այս առիթով Պահրէյնի հայութիւնը անգամ մը եւս վերանորոգեց իր ուխտը եւ հաւատարմութիւնը մեր 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներու կտակին` խոստանալով շարունակել հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը, եւ ապրելով Պահրէյնի մէջ` իսլամական աշխարհին միշտ յիշեցնել Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Թեհրան
* 23 ապրիլի երեկոյեան, Թեհրանի Ս. Սարգիս, Ս. Թարգմանչաց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, խնկարկում եւ ծաղիկներու մատուցում:
* 24 ապրիլին, Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ պատարագ, եւ ոգեկոչման բարեխօսական արարողակարգ, որուն յաջորդեց ծաղիկներու մատուցում Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին առջեւ:
* 24 ապրիլին Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան «Սասունցի Դաւիթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը:
Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման Կեդրոնական յանձնախումբի անունով Սարինէ Թորոսեան նշեց, որ հայութիւնը ներկայիս կ՛ապրի իր պատմութեան ամենաբարդ ժամանակաշրջանը եւ մեր առջեւ կան մեծ մարտահրաւէրներ:
Օրուան բանախօս, Հայաստանի ազգային ակադեմիայի Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն` դոկտ. փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան անդրադարձաւ հայութեան եւ հայոց պետականութեան սպառնացող վտանգներուն, արցախեան վերջին պատերազմի հետեւանքներուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումներուն, Հայ դատի պահանջատիրութեան, Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին` կարեւոր նկատելով Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դատապարտումը, պահանջատիրութեան գործընթացի ապահովումը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Աւագեան, որ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան հարցին եւ սփիւռքի բարձր դերակատարութեան` համայն աշխարհին Հայ դատի հարցը ներկայացնելու վերաբերեալ:
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատեց հայութեան պահանջատիրական ոգիի ամրապնդման շարունակականութեան ապահովումը, ապազգային քաղաքականութիւններէն հրաժարելու անհրաժեշտութիւնը եւ Հայ դատի պաշտպանութեան ի նպաստ քայլերը:
Նոր Ջուղա
* 23 ապրիլին, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկման արարողութիւն, իսկ աւելի ուշ Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի համահաւաք, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեան, Իսլամական խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան եւ ոգեկոչման յանձնախումբի անունով` Սեդա Բարղեան:
Նոյն օրը երեկոյեան Շահինշահրի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի առջեւ մէջ եւս տեղի ունեցաւ բողոքի համահաւաք:
* 24 ապրիլին Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ Արիմաթացի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ պատարագ, ապա շրջափակին մէջ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի մօտ տեղադրուեցաւ ծաղկեպսակ:
Երուսաղէմ
* 20 ապրիլին Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ բողոք-երթ մը, որ ընթացք առաւ Ս. Յակոբեանց մայր տաճարէն դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսութեան կարգ: Այնուհետեւ երթին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, ուր կատարուեցաւ մոմավառութիւն:
* 24 ապրիլին Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց, իսկ տեղւոյն Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ` յիշատակի ձեռնարկ: