25 ապրիլին կեանքին հրաժեշտ տուաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ մեթր Վարդգէս Շամլեանը:
Ան ծնած է 1928 թուականին, Կիլիկիոյ Ալեքսանտրեթ քաղաքին մօտակայ Պէյլան բնակավայրին մէջ:
Տասնմէկ տարեկանին ընտանիքին հետ հարկադրաբար կը փոխադրուի եւ կը հաստատուի Լիբանան:
Կ՛աւարտէ Պէյրութի Համազգայինին Նշան Փալանճեան Ճեմարանը:
Կ՛աւարտէ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Իրաւաբանութեան բաժանմունքը: Այս ուսումնական հաստատութիւնը, հանդիսանալով Ֆրանսայի պետական Լիոնի ակադեմիային մասնաճիւղը, ան կը ստանայ իրաւաբանութեան Ֆրանսական պետական վկայականը:
Ապա ան կ՛արժանանայ ֆրանսական իրաւաբանական եւ լիբանանեան իրաւաբանական լիսանսներուն: Իսկ այդ բոլորէն քառասուներկու տարիներ ետք, Քանատայի մէջ, ինքզինք երեք տարիներու համալսարանական ուսումի ենթարկելով, կ՛աւարտէ Մոնրէալի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքը ու այդտեղ կը ստանայ իրաւաբանութեան վկայական մը եւս:
1952-էն մինչեւ 2018 թուականը կը գործէ իբրեւ իրաւաբան նախ Պէյրութի, ապա Քանատայի մէջ:
1960-էն 1964 կ՛ընտրուի եւ կը պաշտօնավարէ իբրեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ: Թէ՛ այդ պաշտօնին ընդմէջէն, եւ թէ՛ իբրեւ իրաւաբան, ան տեւաբար ծառայած է հայ համայնքին:
Եղած է դասատու եւ դասախօս Հայոց հին օրէնքի, Պէյրութի Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ:
Եղած է անդամ Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան` Սիմոն Վրացեանի ատենապետութեամբ:
Եղած է անդամ եւ ատենապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան:
Քսան տարիներ շարունակ եղած է փաստաբանը եւ իրաւաբանական խորհրդատուն Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին եւ անոր կապուած Լիբանանի հայ համայնքի բազմաթիւ հիմնարկներու եւ վարչական մարմիններու:
Եղած է անդամը եւ բանբերը` Լիբանանի Հոգեւոր համայնքներու վարչական համալիբանանեան խորհուրդին:
Լիբանանի հայ համայնքին անունով պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններու հետ, որոնց կարգին կարելի է նշել Եգիպտոսի նախագահ Ժամալ Ապտել Նասերը, Լիբանանի նախագահներ Քամիլ Շամունը, Պեշիր Ժեմայելը, Ամին Ժեմայելը, Էմիլ Լահուտը… Նոյնպէս պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է Փիեռ Ժեմայելի եւ Եասեր Արաֆաթի հետ:
1984ին Լիբանանի պետութիւնը զինք կը նշանակէ անդամ Սահմանադրական յանձնախումբին, որուն վստահուած էր Լիբանանի նոր Սահմանադրութեան մը խմբագրումը:
Լիբանանի եւ Քանատայի մէջ, 1994-էն 2007, եղած է անդամ Ազգային երեսփոխանական ժողովներու:
2001-2002 թուականերուն եղած է առաջին ատենապետը Քանատայի Առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան Գործադիր մարմինին:
Մասնակցած է Հայոց հին օրէնքի մասին դասագիրքի մը պատրաստութեան` Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին համար:
Հեղինակն է հրատարակուած հինգ գիրքերու` իրաւաբանական, քաղաքական, ազգային, իմաստասիրական եւ ինքնակենսագրական բովանդակութիւններով`
- «Իրաւաբանին խղճմտանքը»
- «Ծեր կաղնիներու շուքին»
- «Ուխտագնացութիւն դէպի Պերլին»
- Այլազան գրութիւններու ժողովածոյ
- Յուշագրական ալպոմ
Քաղաքական եւ ազգային նիւթերու առնչութեամբ մեթր Վարդգէս Շամլեան հրատարակած է իր լայնածաւալ յուշերուն եւ վկայութիւններուն մէկ փոքրիկ մասը միայն:
Իբրեւ կուսակցական անդամ, ան տեւաբար եւ մշտապէս ծառայած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: