Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Թաներ Աքչամ Ներկայացուց Իր Վերջին Գիրքը «Սպանութեան Հրահանգներ» Խորագիրով
Երկուշաբթի, 21 մարտ 2022-ի երեկոյեան Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը եւ «Փափազիսիս» հրատարակչատունը միասնաբար կազմակերպեցին թուրք հանրածանօթ փրոֆեսէօր եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող Թաներ Աքչամի «Սպանութեան հրահանգներ» գիրքի յունարէն հրատարակութեան ներկայացումը, որ կատարեց այս առիթով Աթէնք ժամանած նոյնինքն հեղինակը: Ելոյթին յատուկ ներկայութիւն եւ մասնակցութիւն ունեցաւ նաեւ Յունաստանի կրթութեան փոխնախարար եւ համալսարանի դասախօս Ակելոս Սիրիղոս:
Պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու կողքին, ներկայ էին` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Յունաստանի պոնտական միութիւններու ուսուցչական կազմակերպութեան նախագահ Եորղոս Փաւլիտիս, Յունաստանի մէջ ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս եւ այլ հիւրեր:
Երեկոյին բացումը կատարեց եւ ներկայացումը վարեց Արշալոյս Սափրիչեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ ներկայացման նպատակին ու յատկապէս ներկայացուած գիրքի պարունակութեան: Յատուկ նշում ըրաւ օրուան հիւրին` փրոֆ. Թաներ Աքչամի ակադեմական գործունէութեան ու մասնաւորապէս անոր կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մասին:
Յաջորդաբար անդրադարձ կատարեց առաջին խօսողի` կրթութեան փոխնախարար Ակելոս Սիրիղոսի ակադեմական եւ համալսարանական գործունէութեան` յունական եւ օտար համալսարաններու մէջ, ինչպէս նաեւ թուեց այն ակադեմական աշխատանքները, որ նախարարը հրատարակած է յատկապէս տարածաշրջանային պատմութեան ոլորտին մէջ:
Ակելոս Սիրիղոս բեմ բարձրանալով` իր գոհունակութիւնը յայտնեց Թաներ Աքչամի ներկայութեան համար եւ ընդգծեց, որ պատմական ճշմարտութեան ուղղութեամբ պայքարող բոլոր մտաւորականներուն համար յատուկ նշանակութիւն ունի անհերքելի տուեալներու եւ փաստերու ճշգրիտ բացայայտումն ու ներկայացումը հանրութեան:
Յաջորդաբար փոխնախարարը խօսեցաւ գիրքին մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերուն եւ իթթիհատական պարագլուխներուն կողմէ հրատարակուած գրաւոր հրահանգներուն մասին, որոնք բացայայտ կերպով կ՛ապացուցեն Հայոց ցեղապանութեան անժխտելիութիւնը եւ փաստացի իրողութիւնը: Նախարարը ողջունեց սրահէն ներս պոնտական եւ ասորական միութիւններու ներկայացուցիչները` նշելով, որ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնները քրիստոնեայ տարրի ամբողջական վերացումը հետապնդող ծրագրուած ոճիրներ էին. Հայոց ցեղասպանութեան կողքին, նոյնքան կարեւոր եւ հրամայական է ասորական, յունական եւ պոնտական ժողովուրդներու սպանդներու միջազգային ճանաչումը: Ան յատկապէս անդրադարձաւ հայոց «Նեմեսիս»-ին` նշելով, որ հայերը արդարահատոյց եղան այդ մեծ ոճիրին համար, ապա խօսեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ու անոր ազատ արձակման մասին` որպէս մարդկային արդարութեան բարձր օրինակ: Ակելոս Սիրիղոս յայտնեց, որ Թաներ Աքչամի աշխատանքը եւ գիրքի հրատարակութիւնը յատուկ տեղ կը գրաւէ ցեղասպանութիւններու բացայայտման եւ կանխարգիլման գործին մէջ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ փրոֆ. Թաներ Աքչամը, որ սահիկներու օգնութեամբ իր ներկայացումը ծաւալեց անգլերէն լեզուով, որուն թարգմանութիւնը կատարեց Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան: Թաներ Աքչամ անդրադարձաւ գիրքին մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերուն, որուն հիմքը կազմած է Արամ Անտոնեանի ծանօթ հրատարակութիւնը 1922-ին, ուր ան կարողացած էր ձեռք ձգել թուրք պաշտօնատար Նայիմ Էֆենտիի յուշագրութիւնը եւ անոր մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերու շարք մը, ինչպէս նաեւ յատուկ նշումներ կատարեց հայ կաթողիկէ վարդապետ Գրիգոր Կէրկէրեանին մասին, որ կարողացաւ իր մօտ հաւաքել նման փաստաթուղթերու եւ հրահանգներու պատճէնները, որոնց կ՛անդրադառնայ Աքչամ իր գիրքին մէջ:
Յաջորդաբար ան ներկայացուց թրքական ժխտողականութեան եւ փաստագրութեան խեղաթիւրման քաղաքականութիւնը, որ օսմանեան պետութիւնը յղացած էր այն օրերէն, երբ կը ծրագրէր ի գործ դնել հայոց եւ արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնները: Աւելի մանրամասնելով` գիրքին հեղինակը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս պետութիւնը այն ժամանակներէն ստեղծած էր շինծու եւ ստաբարոյ փաստաթուղթեր, միաժամանակ փորձած է անհետացնել իրական փաստաթուղթերը, որոնք Ցեղասպանութիւնը յղացողներու, ինչպիսիք են Թալէաթ, Շաքիր եւ այլ պետական այրեր, հրահանգներն են հայ ժողովուրդի ամբողջական բնաջնջման համար: Ան նաեւ յատուկ օրինակ բերաւ Գրիգոր Զօհրապի մահը ժխտող կեղծ փաստաթուղթերու առկայութիւնը, որոնք կը փորձեն հաստատել, թէ Զօհրապ մահացաւ սիրտի կաթուածէ:
Թաներ Աքչամ յայտնեց, որ իր աշխատութիւնը կու գայ ամբողջութեամբ լրացնելու Արամ Անտոնեանի աշխատանքը եւ Կէրկէրեանի հաւաքածոն` խորազնին ուսումնասիրելով արխիւներ եւ արձանագրութիւններ, վերծանելով թրքական գաղտնածածուկ հեռագիրներու պարունակութիւնը եւ մէկ առ մէկ տապալելով թրքական վարկածները. իսկ իր աշխատանքը յենած է իրական փաստերու եւ յուշագրութեան մէջ տեղ գտած փաստագրութեանց եւ պաշտօնական գրառումներու վրայ: Ան նաեւ ըսաւ, որ թրքական կողմը նոյնիսկ փորձած է հերքել Նայիմ Էֆենտիի գոյութիւնը` ըսելով, թէ ան ու իր յուշերը կեղծ են, սակայն նոյնինքն Թուրքիոյ պետական արխիւները ցոյց կու տան Նայիմի` որպէս օսմանեան բարձրաստիճան պաշտօնեայի գործելու ու անոր ունեցած բոլոր փաստերու ճշմարտացի ըլլալու իրողութիւնը:
Յաջորդեցին հարցումներ ներկաներուն կողմէ, որոնց փրոֆ. Աքչամ պատասխանեց հանգամանալից եւ սպառիչ բացատրութիւններով:
Փակելով գիրքի ներկայացման երեկոն` Արշալոյս Սափրիչեան մէջբերում մը կատարեց Աքչամի գիրքէն, որ ճշմարտութիւնները միշտ կը բացայայտուին եւ լոյս կը սփռուի անոնց վրայ: Շեշտեց, թէ ամէն անգամ, որ մանրակրկիտ եւ անաչառ փաստագրական որոնումներ տեղի կ՛ունենան, ինչպիսին է Թաներ Աքչամի պարագան, ճշմարտութիւնը միշտ իր փայլուն երեսը ցոյց կու տայ: Ան յոյս յայտնեց, որ Աքչամի աշխատանքը պիտի խթանէ նաեւ այլ մտաւորականներ` ուսումնասիրելու թրքական պետութեան արխիւները, եւ նշեց, որ պէտք է պահանջենք այս երկրի պետական արխիւներու բացայայտումը եւ արդարութեան վերականգնումը:
Աւարտին, փրոֆ. Թաներ Աքչամ մակագրեց իր գիրքին օրինակները:
Սուրիա
«Արդարացի Լուծում. Հատուցումներ Հայոց Ցեղասպանութեան» Գիտաիրաւական Հրատարակութեան Հալէպի Մէջ Տպուած Արաբերէն Թարգմանութեան Ներկայացում
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին, հինգշաբթի, 24 մարտ 2022-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արդարացի լուծում.- հատուցումներ Հայոց ցեղասպանութեան» գիտաիրաւական հրատարակութեան Հալէպի մէջ պատրաստուած եւ տպուած արաբերէն թարգմանութեան ներկայացումը:
Ձեռնարկին ներկայ էին` Հալէպի միւֆթին, Կրօնական կալուածներու տնօրէնը, հայ, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնապետներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Սուրիոյ Պաաս, ազգային եւ Համայնավար կուսակցութեանց, ինչպէս նաեւ Ալեքսանտրեթի միութեան եւ այլ հասարակական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հալէպահայ միութիւններու եւ տեղական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, Հալէպի համալսարանի դասախօսներ, տնօրէններ, Սուրիոյ Ազգային լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանի տնօրէնը, իրաւաբաններ եւ արհմիութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով փաստաբան Պայքար Թովմասեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցումի իրաւական հետապնդման կարեւորութիւնը:
Ապա «Արդարացի լուծում. հատուցումներ Հայոց ցեղասպանութեան» գիտաիրաւական հրատարակութեան արաբերէն թարգմանութիւնը ներկայացուց թարգմանիչը` իրաւաբան, Հալէպի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. Սպհի Ճորճ Տիպօ:
Ան ներկայացնելով հրատարակութեան բոլոր բաժինները` յայտնեց, որ թարգմանութիւնը առիթ հանդիսացաւ հայոց պահանջատիրութեան, Հայ դատի իրաւական հիմքերուն ծանօթանալու, եւ շեշտեց, որ զեկոյցը պատրաստուած է չէզոք, օտար ակադեմականներու կողմէ, յստակօրէն կը մատնանշէ միջազգային օրէնքի հիման վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ոչ թէ ճանաչման տուեալները, այլ արդէն իսկ ճանչցուած ու ՄԱԿ-ի 1948-ի հռչակագիրի սկզբունքներուն հիման վրայ հաստատուած իրողութիւն ըլլալուն շնորհիւ հայ ժողովուրդի հատուցման իրաւական հիմքերն ու միջոցները:
Իրաւաբանը փափաք յայտնեց գործակցելու Հայ դատին նուիրուած իրաւական տարբեր աշխատանքներու պարագային, ծանօթացնելու հայոց պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը հանրութեան եւ իրաւական շրջանակներու:
Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Մասիս եպս. Զօպուեան: Սրբազան հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք ճանչցան ու դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը, յատկապէս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ խորհրդարանին, որ երկու տարի առաջ ճանչցաւ ու դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ապա բարձր գնահատեց գիրքի արաբերէն թարգմանութիւնը իրականացնող դոկտ. Սպհի Սալեհը:
Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած, Սուրիա հաստատուած ու աշխարհով մէկ տարածուած հայ ժողովուրդը, ուր որ գնաց, պատմեց իր ապրած ողբերգութիւնը` տարբեր ազգերու եւ ժողովուրդներու, տարբեր լեզուներով: Ընտելացաւ նոր կեանքին հետ, սակայն չմոռցաւ իր ցաւը եւ մեր մեծ մայրերն ու հայրերը մեզի պատմեցին կորուսեալ մեր հայրենիքին եւ Ցեղասպանութեան սարսափին մասին: Հազարաւոր գիրքեր գրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Իսկ մենք աշխարհի տարածքին հետապնդեցինք մեր Դատը, պահանջեցինք մեր իրաւունքները ու պիտի շարունակենք պահանջել, նոյնիսկ եթէ Թուրքիան փորձէ կաշառել մեզ, խաբել` տարբեր լուծումներ առաջարկելով: Մեր իրաւունքները անկորնչելի են, ու մենք տէրն ենք մեր ժառանգութեան, ժամանակն ու փոխուող քաղաքական պայմանները չեն կրնար վերացնել մեր յիշողութիւնն ու պահանջատիրութեան կամքը:
Ապա ըսաւ, որ այս գիրքը ոչ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքները կ՛արտացոլացնէ, այլ ընդհանրապէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական միջոցները կը ներկայացնէ:
Առաջնորդ Սրբազանը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ «Եկեղեցին Սիրոյ Տուն» Խորագիրը Կրող Եկեղեցական–Միջազգային Ժողովին
15 մարտին Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ «Եկեղեցին սիրոյ տուն» խորագիրը կրող եկեղեցական-միջազգային ժողովին բացումը, որ իր տարողութեամբ առաջինն է Սուրիոյ մէջ: Սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան:
Ժողովը կազմակերպուած էր Կաթողիկէ եկեղեցիներու խորհուրդին եւ անոր նախագահ, Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եուսեֆ Ապսի պատրիարքին կողմէ:
Համագումարը, որ տեղի ունեցաւ երեք օրերու տեւողութեամբ, կը ձգտի միասնական ճիգով տկարներուն օգտակար դառնալ` առանց կրօնի, համայնքի եւ դաւանանքի խտրութեան, տնտեսական ներկայ շրջափակումէն դուրս գալ, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ տարրին ներկայութիւնը ամրագրել:
Սրբազան հայրը առիթ ունեցաւ տեսակցելու կարտինալներուն, պատրիարքներուն, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած հոգեւոր պետերուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ:
ՀՀ Դեսպանին Հանդիպումը Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ
17 մարտին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Գէորգեան այցելեց Սուրիոյ խորհրդարան եւ հանդիպում ունեցաւ ՍԱՀ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղի հետ: Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը ընդգծեցին խորհրդարանական դիւանագիտութեան ունեցած դերը եւ նշանակութիւնը երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններու առաւել խորացման ու զարգացման մէջ: Հայաստանի դեսպանը ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստան շատ կարեւոր կը համարէ Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումն ու դատապարտումը, որոնք դարձան հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու համերաշխութեան մէկ այլ վկայութիւն: Այս առիթով դեսպան Գէորգեան փոխանցեց Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Սուրիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեանի սոյն թուականի 24 ապրիլին Հայաստան այցելելու մասին նամակ-հրաւէրը: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցեր: Դեսպան Գէորգեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ ազրպէյճանական կողմի պարբերական բնոյթ կրող սադրանքներուն եւ մասնաւորապէս Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ հրահրելու վերջինին քայլերուն: Դեսպանը խորհրդարանի նախագահին տեղեկացուց նաեւ հայ-թրքական երկխօսութեան վերջին զարգացումներուն մասին: Համուտա Սապպաղ սիրով ընդունեց հրաւէրը եւ խոստացաւ ամենակարճ ժամանակամիջոցին տեղեկացնել` Հայաստան պատուիրակութիւն գործուղելու որոշումը:
Եգիպտոս
Հայ-Եգիպտական Յարաբերութիւններու 30-ամեակը
Վերջերս, կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Եգիպտոսի օփերայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ` նուիրուած հայ-եգիպտական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին:
Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն երգի-պարի «Քատենս» պարախումբը, իսկ նուագախումբը մեկնաբանեց հայ, եգիպտացի եւ օտար երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Հրաչեայ Փոլատեան, որ կարեւոր նկատեց հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու պատմական ընթացքը եւ ներկայ սերտ կապերը:
Այնուհետեւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ եւ եւրոպական հարցերու փոխնախարարի օգնական, դեսպան Եասեր Հաշեմ կառավարութեան անունով ողջունեց ներկաները:
Խօսքերէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` հայ-եգիպտական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մասին:
Յայտնենք, որ համերգին մասնակիցները պարգեւատրուեցան շնորհակալագիրներով, իսկ հիւրերը եւ ներկաները ստացան յուշանուէրներ եւ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ հրատարակուած «Հայ-եգիպտական յարաբերութիւններ. անցեալ-ներկայ» խորագիրով գրքոյկներ:
Համերգէն ետք օփերայի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Հայկական Մշակոյթը Ներկայացուեցաւ «Շարժայի Ժառանգութեան Օրեր» Փառատօնին
10 մարտին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ մեկնարկեց «Շարժայի ժառանգութեան օրեր» ամէնամեայ փառատօնը, որուն պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանը առանձին տաղաւարով:
Հայկական տաղաւարի 12 սրահներուն մէջ ցուցադրուած էին հայկական մշակութային ժառանգութեան բազմաբնոյթ դրսեւորումները` սկսած հայ մշակոյթի պատմութենէն մինչեւ արդի շրջանի կենսունակ ժառանգութիւնը, ձեռարուեստ, մանրանկարչութիւն, երաժշտութիւն եւ ժողովրդական արհեստներ, այդ ծիրին մէջ` գորգագործութիւն, ասեղնագործութիւն, ժանեկագործութիւն, փայտագործութիւն, խաչքարագործութիւն, տիկնիկագործութիւն եւ հայկական տարազ:
Նշենք, որ Հայաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ «Շարժայի ժառանգութեան օրեր» նախաձեռնութեան մասնակցելու, կազմակերպական աշխատանքները իրականացնելու եւ փակման արարողութիւնը համակարգելու նպատակով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գործուղուած էր հայկական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանի:
Փառատօնին, որ տեւեց մինչեւ 28 մարտ, մշակութային օրերու ընթացքին հանդէս եկան հայկական երգի ու պարի, ինչպէս նաեւ նուագարանային համոյթներ` հնչեցնելով հայկական աւանդական մեղեդիներ եւ հանդէս գալով հայկական պարերու եւ երգերու կատարումներով:
Քանատա
Կեանքէն Հեռացաւ Հայ Երաժշտութեան Երախտաւոր Համբարձում Ճապուրեանը
12 մարտին Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց քանատահայութեան սիրելի տուտուկահար Համբարձում Ճապուրեանը: Ան ծնած էր Լիբանան, 1951 թուականին եւ հաստատուած էր Քանատա 1974-ին: Մքկիլլ համալսարանին մէջ կատարելագործած է քլարինեթի երաժշտական իր ուսումը: Ան ծանօթացուցած է հայկական երաժշտութիւնը Քեպեքի եւ Քանատայի տարբեր շրջաններու մէջ` Քանատայի մշակութասէր հասարակութեան: Հրապարակած է տարբեր խտասալիկներ, որոնցմէ` «Հայ գաւառական եւ ժողովրդային եղանակներ» խորագրով ձայնասկաւառակը: Քլարինեթի կողքին, նուագած է նաեւ հայկական այլ փողային գործիքներ, ինչպէս` տուտուկ, բլուլ, շվի:
Տուտուկի արուեստը կատարելագործելու համար յաճախակի մեկնած է Հայաստան եւ հետեւած` երաժշտական դասընթացքներու, խորհրդատու ունենալով տուտուկի համաշխարհային վարպետ Ջիւան Գասպարեանը: Խմբավար Իյեաթ Իշմուրատովի ղեկավարութեամբ տուտուկով ելոյթ ունեցած է Քեպեքի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ` նուագելով հայ հոգեւոր եւ ժողովրդային եղանակներ: Ճապուրեան իր նուագախումբին հետ մասնակցած է տարբեր համերգներու:
Աւստրալիա
ՀՕՄ-ի «Արաքս» Մասնաճիւղի Վարչութեան Եւ Երէցներու Օրուան Հաւաքոյթը
Վերջերս Հայ Մշակութային «Բանոյեան» Կեդրոնի Սրահին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան «Արաքս» Մասնաճիւղի Վարչութեան Եւ Երէցներու Օրուան Հաւաքոյթը:
Հայ Առաքելական Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հովիւ Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեան Իր Օրհնութիւնը Տուաւ Ներկաներուն Եւ Բարձր Գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան Տարած Բարոյական Եւ Նիւթական Գործունէութիւնները Աշխարհի Տարածքին:
Յանձնախումբի Անդամները Շնորհակալութիւն Յայտնեցին Քահանայ Հօր Իր Ներկայութեան Համար, Ինչպէս Նաեւ` Ներկաներուն, Որոնք Քաջալերեցին Յանձնախումբի Գործունէութիւնը Եւ Ներկայ Գտնուեցան:
Վրաստան
«Հայոց Մեծ Եղեռն Եւ Մշակութային Ցեղասպանութիւն» Թեմայով Ցուցահանդէսներու Շարք
Կազմակերպութեամբ Վրաստանի հայ համայնքին եւ աջակցութեամբ Վրաստանի Հայ ուսանողական միութեան ու Վրաստանի երիտասարդական միութեան, մեկնարկեց «Հայոց մեծ եղեռն եւ մշակութային ցեղասպանութիւն» թեմայով ցուցահանդէսներու շարքը:
21 մարտին Վրաստանի «Րաֆֆի» ուսանողական եւ Վրաստանի երիտասարդական միութիւններու անդամներուն աջակցութեամբ, Թիֆլիսի «Իլիա Ճավճավածէ»-ի պողոտայի վրայ, Ջաւախիշվիլիի պետական համալսարանին մօտ կայացաւ 24 ապրիլի նուիրուած ցուցահանդէսներու շարքին առաջինը:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսներու շարքը պիտի շարունակուի մինչեւ 24 ապրիլ, Թիֆլիսի տարբեր թաղամասերուն մէջ, ինչպէս` Հաւլաբարիի, Իսանիի, Սապուրթալոյի մէջ: