Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղտատի Մէջ. Ժորժ Քալլաս Եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Պարգեւատրուեցան Յուշանուէրներով

May 14, 2022
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս, ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէի եւ Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հապհապի, ուղղուեցան Իրաք` ստանձնելու համար «Պաղտատ` արաբական երիտասարդութեան մայրաքաղաք 2021»-ի դրօշը, որուն հետեւողականութիւնը պիտի արձանագրուի այս տարի Լիբանանի մէջ, իբրեւ «Պէյրութ` արաբական երիտասարդութեան մայրաքաղաք 2022»:

Նշենք, որ «Պէյրութ` արաբական երիտասարդութեան մայրաքաղաք 2020» համաձայնագիրը գոյացած էր այն ժամանակ, երբ Վ. Օհանեան¬Գէորգեան նախարար էրլ:

Հետեւաբար օրին յայտարարուած համաձայնութեան պաշտօնական հանդիսութիւնը կատարուեցաւ Պաղտատի մէջ` հովանաւորութեամբ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի, որ ներկայացուած էր Իրաքի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ատնան Տարժալի անձով:

Տարժալ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ իրաքեան փորձառութեան ու արձանագրուած նուաճումներուն եւ խոստացաւ Լիբանանին նեցուկ կանգնիլ:

Այս առիթով Քալլաս իր կարգին կոչ ուղղեց Արաբական երկիրներու երիտասարդութեան նախարարներու խորհուրդին Լիբանանին տրամադրելու դիւրութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ «Պէյրութ` արաբական երիտասարդութեան մայրաքաղաք 2022»-ն իրականացնել:

Հանդիսութեան աւարտին Տարժալ Քալլասն ու Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը պարգեւատրեց յուշանուէրներով, ինչպէս նաեւ Պաղտատի բանալին յանձնեց Քալլասի:

Այս առիթով կազմակերպուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, նուիրուած` արաբ բանաստեղծներու փառատօնին յաջողութիւն արձանագրած բանաստեղծներուն, որոնց մէջ երրորդ հանդիսացած էր լիբանանցի Ասիլ Սաքլաուի:

Իր կարգին, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շնորհաւորեց Իրաքը` «Պաղտատ` արաբական երիտասարդութեան մայրաքաղաք 2021»-ը կազմակերպելու առիթով, ինչպէս նաեւ Տարժալն ու Իրաքի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը պէտք է ճշդէ «Պէյրութ` արաբական երիտասարդութեան մայրաքաղաք 2022»-ի բացումին թուականը եւ Արաբական երկիրներու երիտասարդութեան նախարարներու խորհուրդը յանձնառու պէտք է մնայ 100 հազար տոլար տրամադրելու իր խոստումին, որպէսզի կարելի ըլլայ ֆինանսաւորել այդ ծրագիրին գործադրութիւնը:

Միւս կողմէ, Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհաւորեց Ասիլ Սաքլաուին` անոր ստացած մրցանակին առիթով:

Նախորդը

Նախընտրական Հաւաք` Հայաշէնի ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Դեսպանները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.